Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէն Ինչ Կորսնցուցի՞նք

Մարտ 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Հայաստան կը մեռնի, բայց պիտի շարունակէ ապրիլ: Այն քիչ արիւնը, որ ունի, շատ արժէքաւոր է, եւ որ ծնունդ պիտի տայ հերոսական նոր սերունդի մը: Ազգ մը, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, պիտի չմեռնի»:

ԱՆԱԹՈԼ ՖՐԱՆՍ
Գրող-հրապարակագիր, Նոպէլեան
գրականութեան մրցանակիր, 1916:

Դիմատետրի էջ-հաշիւ չունիմ, բայց կը հետեւիմ անոր բովանդակութեան` տիկնոջս անձնական էջին միջոցով: Յատկապէս արցախեան քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք, Դիմատետրի էջերու վրայ կը հեղեղին յօդուածներ, վերլուծումներ, անձնական տպաւորութիւններ, յուզումնախառն տրամադրութիւններ, պոռթկումներ եւ անմակարդակ ու գռեհիկ արտայայտութիւններ: Այս արտայայտութիւնները որեւէ ձեւով  չեն օգներ մեր ներկայ օրերու դժբախտ իրավիճակներուն պատշաճ լուծում եւ սփոփանք շնորհելու:

Ասկէ առաջ արդէն յիշեցի: Արցախեան պատերազմը եւ անոր յաջորդած նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ համաձայնագիրը մեծ աղէտ են: Մեր ազգային ապահովութիւնը խախտած է, իսկ Հայաստան-Արցախ հայրենիքներու գոյավիճակները դրուած են բախտորոշ կացութեան դէմ յանդիման: Պատերազմը պարտուած ենք` ունենալով մարդկային եւ հողային մեծ կորուստներ, ու տակաւին կայ   ժողովուրդին` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, կրած հոգեբանական մեծ ճնշուածութիւնը: Եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք Դիմատետրի էջերու վրայ արտայայտուած պոռթկում-տխրութիւն-յուսահատութիւն եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններն ու զիրար մասնատելու միտումները, երեւի բոլորս պիտի ըսենք. «Ամէն ինչ կորսնցուցած ենք»:

Ճիշդ է, որ ներկայի իրավիճակը դժուար է ու մտահոգիչ, բայց կայ կարեւոր հարցում մը, զոր պէտք է ինքնիրեն ուղղէ իւրաքանչիւրս, ընկալէ ու տակաւին պատասխաններ որոնէ. «Արդեօք ամէն ինչ կորսնցուցի՞նք»:

Արցախը այսօր վիրաւոր է, եւ անոր հողատարածքներուն մէկ կարեւոր մասը` բռնագրաւուած: Բայց կայ տակաւին մօտաւորապէս երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր հողատարածք, որ կը գտնուի Արցախի  տիրապետութեան տակ:

Պահրէյնի թագաւորութիւնը, Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին մէջ, ունի իր ներքին քաղաքացիական ու միջհամայնքային հարցերը եւ անհամաձայնութիւնները: Բայց ան կրցած է իր ներքին տարակարծութիւնները հակակշռել եւ կազմակերպել իր երկիրը այնպիսի ռազմավարութեամբ մը, ուր տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ յարատեւ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Ան այսօր դարձած է շրջանի դրամատնային կարեւոր կեդրոն մը: Իւրաքանչիւր այցելութեանս աւելիով կը տեսնեմ, թէ ինչքան կը կազմակերպուի այս երկիրը, եւ պետականութիւնը կը գօտեպնդուի: Պահրէյնի տարածութի՞ւնը` եօթը հարիւր ութսուն քառակուսի քիլոմեթր, ուր կ՛ապրի աւելի քան մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար բնակչութիւն:

Մալթա նոյնքան խօսեցնել կու տայ իր մասին: Եւրոպական այս կղզին ունի երեք հարիւր տասնվեց քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ աւելի քան հինգ հարիւր հազար բնակչութիւն:

Նոյնն է պարագան Լիւքսամպուրկի: Վերջինս ունի երկու հազար հինգ հարիւր ութսուն քառակուսի քիլոմեթր հողատարածք եւ վեց հարիւր հազար բնակիչ: Լիւքսամպուրկ ոչ միայն Եւրոպական միութեան անդամ է, այլ նաեւ դրամատնային ու զբօսաշրջութեան մարզերու մէջ մեծապէս զարգացած երկիր:

Վերադառնանք Արցախ եւ իր ներկայ վիրաւոր վիճակին:

Ի՞նչ կարելի է չընել երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ երկրի մը մէջ եւ հարիւր յիսուն հազար բնակչութեամբ: Ճիշդ է, թէ իւրաքանչիւր երկրի պայմանները իրենց իւրայատուկ ազդեցութիւնը ունին անոր կեանքի գործընթացին եւ ձեւաւորման մէջ, բայց կարելի է սորվիլ ուրիշներու փորձառութենէն:

Նախ յստակացնենք հետեւեալը. հող եւ հողատարածք կորսնցնելը շատ ցաւալի է, այս գծով ոչ մէկ տարակարծութիւն:  Յուզուած ենք, բարկացած ու ազգային մեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած, այս բոլորին մասին ոչ մէկ տարակուսանք: Հողը ինքնութիւն է եւ անոր վրայ ապրող ժողովուրդին համար հպարտութեան եւ ապահովութեան ներշնչում: Հողը մարդուն կու տայ կեանքի արժէք եւ այդ արժէքին հետ ապրելու գրաւական: Ասոր համար է, որ անհրաժեշտ է հողը պահել եւ անոր տիրութիւն ընել: Ասիկա ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի հայուն համար, այլ նաեւ աշխարհատարած սփիւռքահայուն: Իբրեւ հայ ժողովուրդ երբ այսօր կորսնցուցինք հող-հողատարածք, ասիկա կը նշանակէ, թէ կորսնցուցինք մեր կեանքին կարեւոր արժէքը: Բայց արդեօք ամէն ինչ կորսնցուցի՞նք:

Իւրաքանչիւր Հայաստան այցելութեանս միշտ ալ առիթը ունեցած եմ հարց տալու հայրենակիցներու Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին մասին: Ընդհանրապէս ստացած եմ հետեւեալ պատասխանները. «Սովետի օրերը ունէին իրենց բլուսները եւ մինուսները»:

Եթէ քննական եւ առարկայական մօտեցումով ուզենք վեր առնել ներկայի հանրապետութեան եւ անոր երեսուն տարիներու իրավիճակը, պէտք է հարց տալ. «Որքա՞ն կրցանք պահել եւ շինել պետականութիւնը, զոր ժառանգեցինք խորհրդային համակարգէն»: Երեւի շատ յաջողութիւններ չկրցանք ձեռք բերել պետականաշինութեան մէջ: Այս ունէր-ունի իր արտաքին, բայց նոյնքան ազդեցիկ կերպով ներքին տուեալներ:

Շահան Գանտահարեան` Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէն եւ խմբագիր, իր 18 դեկտեմբերի 2020-ի խմբագրականի մէջ կը գրէ. «Ստեփանակերտը ազդարարեց արմատական փոփոխութիւններու մեկնակէտերը»` շատ դիպուկ ակնարկութիւն մը յետպատերազմի Արցախի իրողական վիճակին մասին: «Հիմա արդէն ունինք այն, ինչ որ ունինք»:

«Այն, ինչ որ ունինք»:

Այս իրավիճակէն մեկնելով` արժէ ծրագրել եւ կազմակերպել մեր պետական ռազմավարութեան արտաքին եւ ներքին լծակները: Արցախի պարագային այդ պիտի նշանակէ երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր հողային տարածք` հարիւր յիսուն հազար բնակչութեամբ, Հայաստանի համար` մօտաւորապէս երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր հողային տարածք եւ շուրջ երեք միլիոն բնակչութիւն, տակաւին կայ սփիւռքը` իր եօթը միլիոն մարդկային ներուժով եւ պահանջատիրութեամբ:

Ամէն ինչ կորսնցուցի՞նք: Ո՛չ:

Այսօր ունինք Արցախի ներկայ տարածքը: Այս ունինք, որովհետեւ կայ հինգ հազար հայ նահատակ տղոց արիւնը: Այն արիւնը, որ պահեց հայուն այս հողը, որպէսզի հայը շարունակէ պահել իր արժէքը: Այսօր այս գերագոյն զոհողութիւնը չենք կորսնցուցած: Ու տակաւին երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւնը պէտք է պահել ու զայն ընդարձակել` հասնելու համար գէթ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տարածութեան եւ աւելին: Անկարելի չէ այսօր հարիւր յիսուն հազար Արցախի ներկայ բնակչութիւնը վերաբնակեցնելը երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մէջ: Պէտք է գիտակցիլ, թէ երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մէջ կրնանք հիմնել եւ ծաղկեցնել պետականութիւն, վերատիրանալ կորսնցուցած տարածքներուն, երաշխաւորել կեանքի ապահովութիւնը եւ ձգտիլ միջազգային ճանաչումի ու անկախութեան:

Հայաստանը պէտք է անդրադառնայ, թէ իր հանրապետութեան սահմանները «կարմիր գիծ» են, եւ թէ անհրաժեշտ գրաւական է զանոնք պահելը: Այս բոլորը պահելու համար պէտք է  գիտակցինք, թէ պէտք է վերաշինենք պետականութիւն` տարբեր ենթակառոյցներով: Պետականութիւնը եթէ բանակն է ու զինուորական ուժը` որպէս ազգային անվտանգութեան երաշխիք, բայց նաեւ դիւանագիտական կաճառ, տնտեսութիւն, ընկերային կեանք եւ աւելին: Հայաստանը կրնայ ամրապնդել իր երկրի ռազմական, դիւանագիտական եւ մնացեալ  կարողականութիւնները` պաշտպանելու համար իր զոյգ հայրենիքները եւ հայուն իրաւունքը:

Այս բոլորը յաջողցնելու համար հայը պէտք ունի համերաշխութեան:

Համերաշխութիւնը հիմքն է պետականաշինութեան: Համերաշխութիւնը կրնայ սկսիլ, երբ կը բարելաւենք մեր տեղեկատուութեան աշխարհի (ներառեալ Դիմատետրի) ու անոր տարբեր բնագաւառներու ոճը, լեզուն եւ հոգին: Համերաշխութիւնը պիտի սկսի ներքին կարգով` հասնելու համար արտաքինին: Արտաքին ճակատի վրայ պէտք է  զօրացնել մեր ռազմական ուժը` որպէս ազգային անվտանգութեան յենարան, բայց նաեւ պիտի զօրացնենք մեր դիւանագիտութիւնը: Մեր պահանջատիրութիւնը եւ իրաւունքներուն պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը մեր դիւանագիտական ռազմավարութեամբ պիտի ըլլայ:

Ֆրանսացի հեղինակը տեսաւ, թէ Հայաստան կը մեռնի: Բայց ան նոյնքան տեսաւ եւ հաւատաց, թէ հայը պիտի ապրի, որովհետեւ ան կը գիտակցի, թէ հայը ունի քիչ մը արիւն, որ արժէքաւոր է: Այս արիւնը պիտի ստեղծէ նոր հերոս սերունդներ, որոնք չեն ուզեր յուսահատիլ եւ չեն մեռնիր:

Հայը կորսնցուց հազարաւոր երիտասարդներ եւ հողատարածք, բայց ամէն ինչ չկորսնցուց: Եթէ ներկայիս ունինք հողատարածք մը, թէկուզ փոքր, բայց նաեւ` նահատակներուն արիւնը, որ արժէք է, եւ որ հայուն պիտի տայ հերոսական նոր կեանք: Այս արիւնը մեր հինգ հազար տղոցն է, որ խառնուած է իւրաքանչիւր հայու արեան հետ, եւ միասին պիտի կերտենք նոր կեանք:

Ուր կամք կայ, հոն կայ ելք: Հայուն կամքը ու անոր շնորհած ելքը կը կայանան, երբ պարտինք այսօրուան մեր ունեցածը խարսխել ամուր պետականութեամբ: Ամուր պետականութիւն մը, որ հայուն պիտի տայ նոր կեանք: Այս այն նոր կեանքն է, որ պէտք է պահենք, կերտենք, շինենք եւ վերաշինենք, եւ որ երբեք չկորսնցնենք:

Քուէյթ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Մարտ 2021)

Յաջորդը

Սննդագիտական. Ստեպղին Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?