Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» Եւ Քարոզչական Յանձնախումբերուն Կազմակերպութեամբ. Աշակերտական Առցանց Շարադրական Մրցում

Մարտ 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Ռազմիկ» եւ քարոզչական յանձնախումբերուն, շաբաթ, 6 փետրուար 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ միջդպրոցական շարադրութեան առցանց մրցում:

Մրցումը կը միտէր քաջալերել հայ աշակերտութեան ստեղծագործ ու հանճարեղ միտքը` յանուն մեր ազգի յառաջդիմութեան, ազգային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Մրցումին մասնակցեցան 9 դպրոցներէ 18 աշակերտներ, որոնք ընտրեցին հետեւեալ նիւթերէն մէկը.

1) Լիբանանահայութիւնը ժամանակաւոր եւ ինքնանպատակ գաղո՞ւթ է, թէ՞ հայրենի պետութեան յարատեւ նեցուկ հանդիսացող ուժ:

2) Ըստ քեզի, ի՞նչ ձեւերով կարելի է մեր հայրենիքը եւ համայն հայութիւնը վերականգնել եւ հզօրացնել (կրնաս նկատի ունենալ քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ կամ, օրինակ, գիտական բնագաւառները եւ այլն…):

3) 2020 տարին աղէտալի տարի մըն էր ամբողջ աշխարհին, յատկապէս` լիբանանահայուն համար: Այս տարին ու անոր իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս ազդեցին նկարագիրիդ վրան, ինչպէ՞ս դիմագրաւեցիր այդ դժուարութիւնները եւ ի՞նչ սորվեցար:

Մրցումը տեւեց երկու ժամ:

Աշակերտներուն նկատմամբ անաչառ ըլլալու նպատակով, անոնց անուններն ու յաճախած դպրոցները յայտնի չեղան դատական կազմի անդամներուն, այլ իւրաքանչիւր աշակերտի տրուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններէ անուն մը:

Դատական կազմին հաստատումով, առցանց շարադրութեան մրցումի մասնակիցներուն գրութիւնները ընդհանրապէս բաւական լաւ էին, կային ոմանք, որոնք լայն երեւակայութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ գրուած էին, ուրիշներ պարզ տեղեկութիւն փոխանցելու ձեւով: Դատական կազմը շեշտը դրաւ ստեղծագործական շունչին, երեւակայութեան, պատկերաւոր ոճին ու արտայայտուած գաղափարներուն վրայ, անշուշտ նկատի առնելով նաեւ ուղղագրութիւնն ու լեզուն, եւ հասաւ հետեւեալ եզրակացութեան:  Նկատի ունենալով, որ կային բաւական լաւ երկու գրութիւններ, որոնք միեւնոյն նիշին արժանացան, երրորդ դիրքը բաժնեկցեցան երկու մրցանակակիր:

1.- Նարեկ Քէշիշեան (Բերձոր), Հռիփսիմեանց վարժարան:
2.- Սիլվի Թաթոյեան (Խաչէն), Ազգային Միացեալ վարժարան:
3.- Լոռի Կիրկէրեան (Կիւլիստան), Ազգային Միացեալ վարժարան:

– Դուին Հերկելեան (Մարտունի), Ազգային Յառաջ վարժարան:

Մրցանակակիրները պիտի ստանան գրենական պիտոյքի յատուկ գնումի կտրօններ:

«Ազդակ»-ի էջերով կը հրատարակենք մրցանակակիրներուն շարադրութիւնները` խմբագրական եւ սրբագրութեան նուազագոյն միջամտութեամբ, իսկ «Ռազմիկ»-ի յառաջիկայ թիւերով լոյս պիտի ընծայուին առցանց մրցումին մասնակից բոլոր աշակերտներուն շարադրութիւնները:

«Յառա՜ջ, Յառա՜ջ Գոռալով,
Ետ, Ետ Չերթա՛նք»

«Եւ ի՞նչ էինք մենք եւ երկիրը մեր, եթէ ծուռ նստինք, բայց խօսինք շիտակ»: Գէորգ Էմինի հռչակաւոր բանաստեղծութեան` «Մենք»-ին բացման այս հարցին շուրջ զանազան կարծիքներ դէմ առ դէմ կը յայտնուին:

Սակայն այսօր մեզ մտահոգողը հիմնականօրէն անցեալը չէ, այլ գալիքն ու ապագան, նամանաւանդ համայն հայութեան կրած վերջին ծանր հարուածէն ետք: «Յառա՜ջ, յառա՜ջ» կը գոռանք, ինչպէս միշտ, բայց ինչպէ՞ս գործել իսկապէ՛ս յառաջ երթալու նպատակով` նկատի ունենալով բոլորիս ծանօթ մերօրեայ դժուար պայմանները:

Արցախեան այս վերջին ճակատամարտէն շատ դասեր կարելի է քաղել, ինչպէս նաեւ մեր կողմէն շատ մըն ալ թերութիւններ մատնանշել: Եկէ՛ք ամփոփենք զանոնք` հետեւեալ հարցերը դնելով:

Որպէս պետութիւն ի՞նչ ունինք տալիք աշխարհին` անոր տեւական նեցուկին համազօր: Եթէ չունինք, ապա ինչպէ՞ս ունենալ: Ինչո՞ւ զանազան փոքր երկիրներ, որոնք քարիւղ եւ այլ հարստութիւններ չեն արտադրեր, ունին իրենց տնտեսական եւ քաղաքական կշիռը միջազգային հանրութեան մէջ:

Հասնելու համար այս մէկուն, նախ պէտք է արձանագրենք տնտեսական մնայուն աճ: Ձեւերը շատ են, որոնցմէ է պետական պիւտճէի ելքերը պակսեցնելն ու մուտքերը աւելցնելը: Օրինակ` նուազեցնելով, նոյնիսկ չեղեալ համարելով պետական յաւելումները, փոխարէն ուժեղացնելով տեղական արտադրութիւններն ու գիւղատնտեսութիւնը` պատուականը տարածելու համար աշխարհի չորս ծագերը, մանաւանդ սփիւռքի հայաշատ շրջաններուն մէջ:

Այսպիսով կարելի է նաեւ պակսեցնել օտար երկիրներու արտադրութիւններու գործածութիւնը, մասնաւորաբար թրքականը, որ, ցաւօք սրտի, մուտք գործած է Հայաստան իբրեւ լաւորակ ապրանք:

Երկրորդ հերթին` հզօրացնել բանակը: Անընդունելի կը համարուի ոեւէ երկրի մը կառավարութեան կողմէ բանակին հանդէպ անտեսումը, մանաւանդ երբ ան շրջապատուած է թշնամիներով եւ ժխտական կեցուածք որդեգրած դրացիներով: Թուրք-ազերիական կառավարութիւնները հսկայական գումարներ կը յատկացնեն բանակին ու անոր մարզումին, իսկ մենք «նախընտրաբար» կը յատկացնենք գումարներ անպէտք եւ սնամէջ «փրոփականտա»-ին:

Այս կէտերուն կու գան միանալու հայրենիք-սփիւռք կապերն ու հայեցի դաստիարակութիւնը: Երբ ազգ մը չի կրնար հարիւր տոկոսով օգտուիլ 8 միլիոն հաշուող կայացած ուժեղ սփիւռքէ, այդ կը նշանակէ, թէ լուրջ խնդիր մը կայ լուծուելիք, եւ երկկողմանի վստահութեան պակաս կայ:

Տարիներէ ի վեր սփիւռքը միշտ նեցուկ կանգնած է հայրենիքին, վկայ մինչեւ օրս անոր աշխատանքները` Արցախեան պատերազմին նուիրուած: Բայց Հայաստանի կառավարութիւնները մեզ օտար տեսնելով, միշտ հարկաւոր քայլերը չեն որդեգրած: Յաճախ անտեսում, ու կը շարունակեն մինչեւ օրս անտեսել այդ ութ միլիոնը, ինչ որ կը խզէ վստահութեան կապերը, օրինակ` համապատասխան նախարարութիւնը փակելով:

Իսկ գալով հայեցի դաստիարակութեան` օրէ օր թուլութիւն կը յառաջանայ նոր սերունդին մէջ` լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ` նկատի ունենալով սփիւռքի եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ զանազան դժուարութիւնները, որոնցմէ է օտարամոլութիւնը:

Արդեօք կրթութեան նախարարին հայերէնի նկատմամբ ամօթալի որոշումը իր դերը չունէ՞ր այս երեւոյթին տարածման եւ ընդհանրացման մէջ: Արդեօք այս «համաճարակը» պիտի չսարքէ՞ ապագայի նոր դաւաճաններ, որոնք ամպիոններէն պիտի գոռան. «Մեզ ի՞նչ պէտք էր Շուշին»:

Լուծումը շատ դիւրին է: Պէտք է առաջին հերթին արդիականացնել հայերէնի դասաւանդութիւնը եւ դպրոցներուն մէջ այդ մէկը չսահմանել գրականութեամբ ու պատմութեամբ, այլ մէջբերելով նաեւ մեր պատուական մշակոյթը` երգն ու պարը, արժէքները, ինչու չէ նաեւ` ձեռագործ եւ խոհանոց…

Իսկ մենք, մեր կարգին, որպէս սփիւռքահայ երիտասարդներ, ի՞նչ է մեզմէ պահանջուածը: Մեզմէ պահանջուած է սորվիլ պատմութենէն մեր ազգային սխալները չկրկնելու համար:

Մեզմէ պահանջուած է տէր կանգնիլ մեր լեզուին, մշակոյթին ու արժէքներուն եւ քարոզչութիւն տանիլ անոնց նկատմամբ:

Եւ վերջապէս, մեզմէ պահանջուած է սորվիլ ազգային շահերը մեր անձնական շահերէն վեր դասել:

Եկէ՛ք փակենք յօդուածս հետեւեալ մտածումով.

Դէպ ո՞ւր կ՛երթանք մենք ու երկիրը մեր, եթէ ծուռ նստինք, բայց ԳՈՐԾԵՆՔ շիտակ:

Մեզի պէտք չէ յուսահատութիւնը:

Պիտի շարունակենք յառա՜ջ, յառա՜ջ գոռալ եւ մի՛շտ երթալ յառա՛ջ:

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ (ԲԵՐՁՈՐ)
Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան
Առաջին դիրք, 2-րդ նիւթ

Երնէկ Այն Օրերուն…

Երնէկ այն օրերուն…Քանի՞ անգամ հնչեցին այս տողերը մեր շրթներէն այս մէկ տարուան ընթացքին…Քանի՞ անգամ բաղձացինք վերապրիլ այն օրերը, երբ մեր պատանեկան վէճերն էին մեր քունը խլողները, եւ ոչ թէ հրէշային եւ անբացատրելի վախը, երբ մեր միակ հոգը վաղուան կանուխ արթննալն էր, եւ ոչ թէ բնաւ չարթննալը…

2020…Անկիւնադարձային տարի մը ողջ աշխարհիս համար: «Քորոնա» ժահրը ոտնակոխեց բոլորս` փոխելով մեր ապրելակերպն ու մտածումները, խլեց մեր ազատութիւնը եւ բանտարկեց մեզ մէկական աշխարհներու մէջ` մինակ ու անջատուած: Իսկ Լիբանանի համար 2020-ը դարձաւ մղձաւանջային դէպքերու շարք մը…Նախ սկսաւ յեղափոխութեամբ, հաւատացինք, թէ արժանավայել կեանք եւ արդարութիւն պիտի կերտէր այս յեղափոխութիւնը, բայց մեր երազները յօդս ցնդեցան, երբ մենք մեզ գտանք քաղաքական ի՛նչ-ի՛նչ հաշիւներու մէկական զոհ…Նո՛յն աղքատը, նո՛յն իրաւազրկուած լիբանանցին փողոց իջաւ անօթի չմեռնելու համար, սակայն փողոցն անգամ ապահով չէր Երեւանի փողոցներուն պէս…Այս բոլորին վրայ կոխեց  Պէյրութի ահաւոր պայթումը, որ ցնցեց Լիբանանն ու մեր հոգիները, քանդեց երբեմնի մեր հիւսած երազները, ժողովուրդը արիւն կու լայ, արիւնը քրտինքին կը խառնէ ապահովելու համար օրուան պատառ մը հացը:

Երնէկ ըսինք 1988-ի Արցախի յաղթանակի փառքը լսած, վայելած ըլլալուս համար, երբ ազերին ծունկին բերինք մեր դրախտավայր երկինքին տակ եւ արժանավայել կեանքի մը հիմը դրինք, երբ Ղազանչեցոցի երգերը յաղթանակի ու աղօթքի ղօղանջներով հնչեցին ու մեր հողը դղրդաց քաջ ազատամարտիկներու Եարխուշտա պարով: Պարեց հողն ալ, ու այսպէս թնդաց հայ ժողովուրդի սիրտը հպարտութեան թեւերուն:

Է՜հ, երնէկ այն օրերուն ալ ըսենք, երբ Արցախի 27 սեպտեմբերի պատերազմի ահազանգը հնչեց…Բոլոր «երնէկները» տանելի էին, հանդուրժելի էին, սակայն արժանապատուութեան վիրաւորանքը` անբուժելի, անդարմանելի վէրք մը, որ սպի դարձաւ իւրաքանչիւր հայու հոգիին համար, դարձանք յոռետես, «Յաղթելու ենք» խօսքը մէկ գիշերուան ընթացքին դարձաւ «պարտուեցանք», հոգեպէս, տնտեսապէս, քաղաքական առումով այս պարտութիւնը երբեք չէր նմաներ միւսներուն, այս պարտութիւնը մեզ ողջ-ողջ սպաննեց:

Սակայն ազգի մը համար, որ տեսած է թալէաթներ ու ստալիններ, տեսած է ջարդ ու մահ եւ այս բոլորէն ետք ոտքի կանգնած, բարգաւաճած է, երնէկ բառը բաւարար չէ՛, ոչ ալ օգուտ կը բերէ…Հասած է ըմբոստանալու պահը, հասած է վրէժխնդրութեան պահը, մեզի յուսահատիլ չի վայելեր` ո՛չ հիմա, ո՛չ ալ ապագային: Հայ ըլլալ կը նշանակէ ժայռը հողի վերածել, հողը` հացի, հացը` արեան, արիւնը` պայքարի, փառքի, յաղթանակի եւ յաւերժութեան:

Այո՛, դիւրին չէր այս բոլորէն դուրս գալը, այս տարին դիմադրելը, բայց եւ այնպէս մնացինք ողջ, սորվեցանք արժէքներ, մարդկայնութիւն, գոհունակութիւն, որ ո՛չ մէկ գիրք կամ դպրոց պիտի կարենար սորվեցնել, սորվեցանք ապրիլ, դիմադրել, հանդուրժել…Ի վերջոյ միայն ցաւն ու տառապանքն են, որ քեզի բան մը կը սորվեցնեն կեանքի մէջ…

ՍԻԼՎԻ ԹԱԹՈՅԵԱՆ (ԽԱՉԷՆ)
Ազգային Միացեալ վարժարան
2-րդ դիրք, 3-րդ նիւթ

Յանուն Հայրենիքի Վերականգնման

Հայ ազգը աննման ազգ է: Տարածուած է աշխարհի չորս կողմերը եւ պահած է իր ինքնութիւնը, շարունակած է հասնիլ իր հայրենիքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնել ահազանգի ժամանակ: Հայ ազգը փորձառու ազգ է: Մենք տեղահանուած, ջարդ տեսած ժողովուրդ ենք: Քալած ենք դժոխքի ճամբով եւ մնացած ենք կայուն եւ հզօր: Մեզի ոչ մէկ երկրաշարժ, ոչ մէկ փոթորիկ կրնայ արմատախիլ ընել: Այո՛, մենք ստիպողաբար տեղահանուած ենք, բայց տակաւին կը պահենք մեր հայրենիքը մեր սրտերուն մէջ: Կ՛ապրինք անոր շունչով, այն յոյսով, որ մենք մեր իրաւունքներուն պիտի հասնինք:

Հայը ուժեղ է եւ ուժեղ ալ պիտի մնայ: Բայց այսքան փորձութեան մէջէն անցնելէ ետք կարելի՞ է հզօր մնալ: Այդ իսկ պատճառով, մենք մեր խօսքը այսօր կ՛ուղղենք երիտասարդներուն:  Մենք` երիտասարդներ, իսկ մեր խօսքերը` հարցումներ: Ո՞վ ենք մենք, ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ՛երթանք: Այս հարցումներուն պատասխանները գտնելու համար պէտք է պայքար, իսկ հայը չի ճանչնար ընկրկում: Ան միշտ կանգնած է եւ շարունակած է իր պայքարը մինչեւ արեան վերջին կաթիլը: Հայը թագաւորներու ժառանգորդն է, Հայկ Նահապետին ազատասիրութեան ոգին կրողն է, Արամ Նահապետին ազնուականութիւնը կրողն է: Հայը տարբեր է:

Այս վերջին ժամանակաշրջանին հայը ենթարկուեցաւ շատ մը դժուարութիւններու: Թշնամին, իր որջին մէջ նստած, կը մտածէ ոչնչացման նոր միջոցներու մասին: Անոր սատանայութիւնը կը խեղդէ զինք եւ կը փորձէ հայութիւնը հալեցնելու մղձաւանջը իրականացնել: Իսկ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք: Հայ երիտասարդներն են մեր յոյսը: Անոնք են, որ այդ խանդը, եռանդը, յոյսն ու կամքը կը ներարկեն մեր մէջ: Այո՛, ճիշդ է, որ այս դարաշրջանին բոլորը կը ձգտին դիւրինին եւ արագին: Սակայն հայը կը մտածէ, թէ ան ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ իր ազգին, հայրենիքին, իր պատմութեան եւ Հայ դատին:

Պայքարը միայն ճակատի վրայ չէ, որ տեղի կ՛ունենայ: Իւրաքանչիւրս` զինուորներ, պէտք է լաւ ճանչնանք մեր պատմութիւնն ու լեզուն, որովհետեւ քանի հայոց այբուբենը կ՛ապրի, հայը չի մեռնիր: Պէտք է ըլլանք մէկական փաստաբան, ֆիզիքոս, բժիշկ, որպէսզի բուժենք թշնամիին զէնքով վնասուած հայ մարմինները, որպէսզի մեր խօսքը տեղ ունենայ եւ մեր հարցը լուսարձակի տակ առնուի:

Պէտք է զարգանանք, մասնագիտանանք, հայրենիքի արտադրութիւնները զարգացնենք, մատչելի եւ որակաւոր դարձնենք, աշխարհով մէկ տարածենք ու ծանօթացնենք` ընկերային ցանցերու օգնութեամբ: Հայաստանի դիրքը` կռուախնձոր ըլլալով եւ ծով չունենալով, կարելի է հայկական գործարաններու երկրորդ մասնաճիւղեր հիմնել, օրինակ` Միացեալ Նահանգներուն մէջ կամ ուրիշ տեղ, ուր հայկական գաղութին թիւը շատ մեծ է (եթէ Լիբանանի վիճակը լաւ ըլլար, Լիբանանի մէջ պիտի ըսէի), իսկ եկամուտը ուղարկել հայրենիք:

Զբօսաշրջութիւնը զարգացնել եւ դիւրին պայմաններ ստեղծել, որպէսզի մեր հայրենիքը զարգանայ եւ հարստանայ:

Այնպիսի ապահով պայմաններ ստեղծել, որ հայը չփախչի իր հայրենիքէն: Գործ եւ կեցութիւն ապահովել, որպէսզի հայ ընտանիքը աճի ու բազմանայ եւ արմատները խորացնէ իր հայրենի հողին մէջ:

Պէտք է նաեւ հայկական բանակը զօրացնել ու արդիական զինամթերքով ապահովել բանակը` պաշտպանելու համար մեր երկիրը եւ վերականգնելու համար այն հողերը, որոնք ոսկի ափսէով տրուեցանք թշնամիին: Բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ պէտք է խելացի, դիւանագէտ, հայրենասէր եւ ուղղամիտ մարդիկ ունենանք իբրեւ ղեկավարներ, որպէսզի կարենանք իրագործել այս բոլոր բարի նպատակները մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ գոյատեւման համար: Ինչպէս նաեւ յանուն հայրենիքին պէտք է հայը միշտ միասնական ըլլայ եւ նպատակասլաց, որպէսզի սաւառնի եւ իրականացնէ իր վերականգնման նպատակը:

ԼՈՌԻ ԿԻՐԿԷՐԵԱՆ (ԿԻՒԼԻՍՏԱՆ)
Ազգային Միացեալ վարժարան
2-րդ դիրք, ընտրած է 2-րդ նիւթը

Յիշատակը

Նամակ մը կը գրէի ամենասիրելի ու հաւատարիմ ընկերոջս.

Սիրելի՛ս,

Այս գիշեր միտքս ծանրացած է խոր մտածումներով եւ յիշատակներով, որոնք կը տանջեն զիս եւ թոյլ չեն տար, որ հանգիստ քնանամ: Արդէն ժամը առտուան չորսն է, եւ վաղը առաւօտ դպրոց ունիմ, սակայն պէտք է գրեմ քեզի այս նամակը քանի մը պատճառներով, որոնք կ՛ուզեմ յստակացնել այս թուղթերուն վրայ: Ինչպէ՛ս պիտի սկսիմ կամ վերջացնեմ` ես ալ չեմ գիտեր, բայց ահա սկսայ:

31 դեկտեմբեր 2019-ի գիշերը ճոխ ու եռանդոտ խնճոյք մը կազմակերպած էինք: Սեղանը` սենեակին մէկ ծայրէն միւսը, լեցուն էր ամենահամեղ ճաշերով ու խմիչքներով, որոնց համը մինչեւ այսօր բերնիս մէջ է, կ՛ուտէինք բոլորս միասին, կը պարէինք, կը պոռայինք ու կը կանչէինք, մինչեւ իսկ մեր կոկորդները սկսան ցաւիլ, կը խնդայինք անվերջ եւ կը սպասէինք` յոյսերով լեցուն նոր տարուան եւ նոր տարեշրջանին` 2020-ին: Կը յիշեմ ամէն փոքր տեղեկութիւն, կը յիշեմ նոյնիսկ ի՛նչ հագեր էի կամ ի՛նչ զարդարանք կար սենեակին մէջ:

Ժամը եղաւ տասներկու, եւ աշխարհը լռեց: Բոլոր տուներուն լոյսերը մարեցան, եւ ձայները` խնդուքի, պոռալու եւ ուրախանալու, կտրուեցան: Անտեսելով այս բոլորը, ըսելով, թէ` «ելեկտրականութիւնը գնաց», բաժնուեցանք` ամէն մէկս իր տունը: Կը յիշե՞ս, երբ տուն գացի, սկսայ խօսիլ բարեկամիս հետ` Աւստրալիոյ մէջ ապրող, եւ ինչպէս միասին խնդացինք, երկար-երկար   ժամերով: Կը յիշեցնեմ զայն` քեզի, որովհետեւ այդ մեր բարեկամը առաջին պատճառն էր, որ ես յոյսերով կրցայ շարունակել 2020-ը:

Քանի մը շաբաթ դպրոց յաճախելէ ետք, յանկարծ փակուեցան բոլոր դպրոցներուն դռները ամբողջ աշխարհին մէջ: Արդէն Լիբանան տագնապի մէջ էր, եւ օրեր կ՛ըլլային, որ դպրոց չէինք երթար` ճամբաներուն գոց ըլլալուն պատճառով: Այդ ժամանակաշրջանին Լիբանան պէտք եղած ուսումը չէր կրցած տալ աշակերտներուն: Կը հաւատա՞ս, որ չեմ յիշեր, թէ դպրոցին վերջին օրը ի՛նչ ըրինք: Արդեօք լա՞ւ էր, թէ՞ տխուր ու յուսահատ: Այդ երկուշաբթի առտուն, շատ յստակ կը յիշեմ, երբ մայրս վազելով եկաւ ննջարանս եւ յայտնեց, թէ դպրոցը գոց է: Ուրախ էինք, շատ- շատ ուրախ: Սակայն այդ ուրախութիւնը կամաց-կամաց պիտի անհետանար մեր դէմքերէն, երբ պիտի գիտնայինք «Քորոնա» հիւանդութեան եւ անոր ազդեցութիւններուն մասին: Մեր գիւղը ապահով էր, վախ չունէի, որ մեզի պիտի հասնի այդ համաճարակը: Բոլորս տունը նստեցանք: Այս ժամանակին էր, որ ես սկսայ ամենատխուր պահերս ապրիլ: Այդքան տխուր էի, կեանքիս իմաստը կորսուեցաւ, եւ չէի կրնար գտնել այլեւս: Անկողինիս մէջ էի միշտ` կարծես մեռնիլս կը սպասէի: Ա՜խ այդ օրերը` որքան կը կարօտնամ այսօր:

Չեմ յիշեր այդ օրը, երբ որոշեցի շարունակել ապրիլ: Օրերս նուիրեցի դասի, գիրքերու եւ ֆիլմերու: Դուն նաեւ քովս էիր, օրերը միասին կ՛անցընէինք:

Ամառ 2020: Ամենալաւ ամառը, որ ապրած ենք երկուքս միասին, սիրելի՛ս: Շատ մը մարդիկ օգնեցին ինծի, եւ շատ մարդոց հետ կապս խզեցի, որովհետեւ, ինչպէս որ գիտես, կը թունաւորէին իմ միտքս եւ չէին ձգեր ժպիտը երեւի երեսիս վրայ: Ամենալաւ որոշումներէն մէկը, եւ ահա մնացինք ես եւ դուն: Կեանքս սկսած էր փոխուիլ: Այս ժամանակ երկրին տնտեսական վիճակը տագնապի մէջ էր` ամէն ինչի գիները սուղ: Պիտի չանտեսենք նաեւ հազարաւոր կեանքերը, որոնք ձգեցին այս աշխարհը եւ գացին ուրիշ տեղ` Աստուծոյ քով: Վախը միշտ սրտիս մէջ էր, սակայն դուն կողքիս էիր եւ միշտ կը հանգստացնէիր զիս:

Սեպտեմբեր. արդէն այս մէկ բառը նշելով պէտք է մեր միտքը գայ Արցախի ահաւոր կռիւը, այդ կռիւը, որ վերջ պիտի չունենար եւ պիտի տանջէր մեր սրտերը:

Ամենասիրած օրերս եկան` 6, 7, 8 նոյեմբեր: Այդ շաբաթավերջը, իմ ընկե՛րս, գիտես ինչ մեծ իմաստ ունէր ինծի համար: Այս երեք օրերուն վերագտայ ուրախութիւնս, եւ հոգիս սկսաւ կրկին երգել եւ խնդալ: Կեանքը շատ խնդալիք ձեւով կը վարուի մարդոց հետ, չե՞ս կարծեր: Միշտ ուրախութիւնը գին մը ունի, զոր պէտք է վճարես, եւ ահա ես այդ սուղ գինը պիտի վճարէի: Առաջին անգամ ըլլալով գրաւորիս ձախող նիշ բերի, եւ առաւել, այդ իրիկուն լուր հասաւ, թէ… Արցախը ազերիին ձեռքն էր` յանձնուած անոր, կարծես կանուխէն տրուած Կաղանդի նուէր իբրեւ: Ինչպէ՞ս կը կարծես եղաւ բոլորիս վիճակը: Միայն տխո՞ւր էինք եւ յուսահա՞տ: Ո՛չ: Զայրացած էինք եւ վրէժ կ՛ուզէինք լուծել: Ես սկսայ կասկածիլ, թէ Աստուած մեր աղօթքները (այդ երկու ամսուան ընթացքին) իսկապէս կը լսէր եւ կ՛անտեսէր: Լացի՜նք. բոլոր հայերուն ձայները, լացն ու ցաւը լսեց ամբողջ աշխարհը եւ ի՞նչ ըրաւ: Ոչինչ: Մեր` հայերուս երգերը ոչինչի վերածուեցան, մեր յոյսերն ու երազները անհետացան: Ես այդ շրջանը կը նկատեմ իբրեւ իմ անկումս, որովհետեւ յոգնած էին ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս: Կը զգայի բոլորին ցաւը իմ հետս: Առտու-իրիկուն կը մտածէի այդ մայրերուն մասին, որոնք կորսնցուցին իրենց զաւակները ոչինչի համար, այդ տուներուն, որոնց տէրերը զանոնք լքեցին ու գացին այդ ցուրտ եղանակին: Կու լայի Աստուծոյ առջեւ եւ կը հարցնէի Անոր. «Ինչո՞ւ այդպէս ըրիր մեզի, Տէ՜ր իմ: Իրապէս հայերս քեզի որեւէ բան չենք ըրած»: Անտեսուած կը զգայի եւ լքուած:

Իրապէս ալ կը հաւատամ, թէ լիբանանահայերը ամէնէն աւելի տանջուեցան ու յոգնեցան այս տարի: Բաւարար չէր, թէ Լիբանան մութ օրերէ կ՛անցնէր, առաւել մեր հայրենիքէն հեռու, անօգուտ կը դիտէինք անոր անկումը:

Նոր տարուան գիշերը եկաւ կրկին: 31 դեկտեմբեր 2020: Բոլորս մեր բաժակները բարձրացուցինք եւ մաղթեցինք գալուստը աւելի լաւ տարուան մը` խմելով բացականերուն կենացը:

Ժամը եղաւ տասներկու, եւ բոլորը պոռացին եւ խնդացին: Սկսան զիրար համբուրել եւ շնորհաւորել Նոր տարին…Իսկ ես առանձնացայ եւ լացի: Յոգնած էի եւ տխուր, բայց միեւնոյն ատեն տաքուկ կարօտով մը կը յիշէի 2020-ը: Արդեօք գիտէի՞, թէ այս տարին ամենալաւ տարին պիտի ըլլայ ինծի համար: Ատիկա գուշակեցի քանի մը օր ետք:

Կեանքս ծիծաղելի է, իմ մօտիկ ընկե՛րս, չե՞ս կարծեր: Այդքան գրեցի քեզի տանջանքիս, տխրութեամբ լեցուն օրերուս մասին, յուսահատ վայրկեաններուն մասին, կը կարօտնամ այդ օրերը եւ այդ յիշատակները, որովհետեւ անոնք երբեք ետ պիտի չգան:

2020-ը եղաւ այն տարին, երբ գտայ ես ինծի` իմ բնաւորութիւնս, երազներս եւ ընդհանուր իմաստը կեանքին: Սորվեցայ կեանքի կարեւոր դասերը եւ ամենասիրածս է` ապրէ ներկայի մէջ եւ յիշատակներ շինէ: Գրէ՛ այդ յիշատակները թուղթի մը վրայ եւ թոյլ տուր, որ անոնք որեւէ վայրկեան այցելեն քեզ: Նաեւ յարգը գիտցիր մօտիկներուդ, որովհետեւ երբ կորսնցնես զանոնք, կրկին պիտի չվերադառնան:

Կեանքի ամէն մէկ վայրկեան ինծի կարեւոր դարձաւ` թէ գէշերը, եւ թէ լաւերը, որովհետեւ թէ՛ գէշերուն, եւ թէ լաւերուն ալ դուն կողքիս էիր` ամենասիրելի՛ս: Եւ ահա  2021-ի երկրորդ շաբաթէն դուն ալ դարձար յիշատակ` ամենասիրած յիշատակս: Շատ մը մարդիկ օգնեցին ինծի 2020-ին, սակայն անոնք քովս չէիր, բայց դուն կողքիս էիր միշտ: Ես որքան բախտաւոր եղած եմ քեզ գիտնալով, հետդ բաժնեկցելով ամէնէն յիշատակելի տարիս: Կեանքս փոխելէ ետք, միացար Աստուծոյ դրախտին: Երանի՜ աւելի մնայիր, որպէսզի կարենայի այս տարին ալ հետս անցընել: Պէտք է բոլորը գիտնան, թէ 2020-ը միայն տխուր չէր, որովհետեւ, թէեւ շատ մը կեանքեր կորսուեցան, տուներ ու երկիրներ քանդուեցան, սակայն լաւ յիշատակները անվերջ պիտի մնան մեզի հետ` մեզի յոյս տալով: Վստահ եղիր, որ երբեք չեմ մոռնար քեզ, իմ սիրելի՛ ընկերս, իմ ամէնէն արժէքաւոր յիշատակս, ո՛չ այդ Աւստրալիոյ բարեկամս, եւ ոչ ալ ուրիշը կրնայ քու տեղդ առնել սրտիս մէջ, ուր հետքդ յստակ ձգեցիր: Շնորհակալ եմ, որ ինծի ողջ պահեցիր: Քեզ շատ կը սիրեմ եւ կը կարօտնամ անդադար, եւ ահա մնացի ես եւ քու յիշատակդ, քու սիրելիդ»:

Նամակը մէկ կողմ դրի, նայեցայ ամենամօտիկ բարեկամիս նկարին, գրկեցի ուժով` յիշատակները ջրվէժի պէս միտքս բերելով, արցունքներս թափեցի եւ դէպի վեր նայելով, ցած ձայնով ըսի Աստուծոյ. «Պահէ անոր Քու կողքիդ, մինչեւ օր մը կրկին հանդիպինք»:

Յիշատակները ինծի համար ամենակարեւորը դարձան այս կեանքին մէջ: 2020-ը այդ սորվեցուց ինծի: Բոլորին ամենագէշ տարին դարձաւ իմ ամենալաւս: Կեանքը ծիծաղելի է, չէ՞:

ԴՈՒԻՆ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ (ՄԱՐՏՈՒՆԻ)
Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան
3-րդ դիրք, 3-րդ նիւթ

 

 

Նախորդը

Լսելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիր 100 – ամեակ Ժ. Դաշնագիրին Քիչ Լուսաբանուած Յօդուածները

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?