Երբեմնի Գրատուները
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանահայութեան կեանքի մէկ կարեւոր մասնիկը եղած է գրատուներու գոյութիւնը: Ինչպէս` դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, թատրոնն ու միութիւնները, գրատուները օրին կամ ժամանակին մեծ դեր ունեցած էին սերունդներու դաստիարակութեան մէջ: Փաստօրէն գաղութին մէջ կը գործէին տասնեակ մը գրատուներ, ուր արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն գիրքերու մեծ հաւաքածոներ կը գտնէին: Շատ յաճախ գրատուները վերածուած էին մտաւորականներու հանդիպման վայրերու: Կը յիշեմ, որ գրատուն «Պերճ»-ը, գրատուն...




















