Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ` Ժաք Պոյաճեանը, Քոչը

March 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պատանեկան օրերէս կը ճանչնամ ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ժաքը, երբ արդէն ինք երիտասարդ էր, իսկ ո՛վ չէր ճանչնար զինք: Մեր մտերմութիւնը, սակայն, սկսաւ Յորդանանի մէջ, ուր 1973-էն սկսեալ շուրջ 7 տարի պաշտօնավարեցի: Իր միութենական հարուստ վաստակին` կենսագրութեան չէ, որ պիտի անդրադառնամ, այլ` իր գործունէութեան որոշ փուլերուն, մասնակի վկայութիւններ:

Յակոբ Պոյաճեան

1975-ին սկսած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով կարգ մը ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ ժամանակաւոր կերպով Ամման փոխադրուեցան, որոնց հայ պաշտօնեաներէն էր պասքեթպոլի յայտնի մարզիչ քոչ Ժաք Պոյաճեանը, որուն պատահմամբ տեղ մը հանդիպեցայ: ՀՄԸՄ-ի ակումբ հրաւիրեցի զինք, պասքեթպոլի փորձի օրը` կարծիք յայտնելու մեր կողովագնդակի խումբին մասին:

Տեղացի մարզիչին հսկողութեամբ տղոց «թոյլ» փորձը դիտելով` եղբ. Ժաքին «արիւնը եռաց» եւ ինքզինք միջամտելէ հազիւ զսպեց` բերնին տակէն ինծի լսելի տղոց հրահանգներ արձակելով: Ապա, վերջապէս առաջարկս ընդունեց` պատրաստակամութիւն յայտնելով մեր խումբին սիրայօժար օժանդակել:

Երեւութապէս մեղմ ու ժպտուն եղբ. Ժաքը, երբ դաշտին վրայ իբրեւ մարզիչ կ՛աշխատի, բոլորովին կ՛այլակերպուի ու «առիւծ» կը դառնայ: Անդադար տղոց գոռալով, որոտալով, ազդու ցուցմունքներ տալով, երբեմն իրեն յայտնի «ք..իս տղայ» կէս փաղաքշական ածականը գործածելով:

Եղբ. Ժաքը սորվեցուց, որ մի՛շտ յաղթելու մտային ու ֆիզիքական պատրաստութեամբ պէտք է նետուիլ դաշտ` անվախ ու համարձակ: «Դող դիմացի՛նդ վախնայ քեզմէ», «Պտոյտի չենք եկած», «Սալոնին մէջ չենք հոս» եւ այլ խրախուսիչ, մերթ «վիրաւորական» ասոյթներով տղոց մէջ պայքարի ոգին բարձրացնելու կարողութիւնը ունէր ան: Կարճ ժամանակ ետք տեղացի մարզիչը չէր հաւատար, որ ասոնք իր երբեմնի մարզած, սակայն այժմ կրակ ու բոց դարձած նոյն տղաքն էին:

Եղբ. Ժաքին ազդեցիկ, խիստ, սակայն ոգեւորիչ ու հոգատար ղեկավարութեամբ` 1976-ին խումբը դարձաւ Բ. դասակարգի ախոյեան, իսկ յաջորդ տարի` 1977-ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Յորդանանի առաջին դասակարգի ախոյեան` նոր աւիշ ու եռանդ պարգեւելով գաղութին: Այս էր նուիրեալ ու մասնագէտ ՀՄԸՄ-ական մարզիչ եղբ. Ժաքը, որուն շնորհիւ այն նոյն ատաղձը, որ Բ. դասակարգին մէջ կը պայքարէր, Յորդանանի ախոյեանութեան տիրացաւ` փաստելով, որ ատակ ու հարազատ մարզիչին դերակատարութիւնը շատ բան կը փոխէ:

Մեր գործակցութեան յաջորդ փուլը սկսաւ, երբ 1980-ին վերջնականապէս Պէյրութ վերադարձայ, ու այս անգամ ի՛նք իբրեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի վարչութեան ատենապետ` զիս գործի հրաւիրեց, ու քանի մը տարի այդպէս միասնաբար աշխատեցանք: Վարչութեան մէջ միայն երկուքս «արեւելեան» Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանէն էինք ու ժողովներէն ետք, գիշերով, մեր ինքնաշարժներով,  իր առաջնորդութեամբ, «Պարպիր»-ի ճամբով մեր տուները կը վերադառնայինք: Միայն մէկ անգամ արձակազէնին փամփուշտը ինքնաշարժիս մետաղը ծակեց: Ինք գործին բերումով «արեւմտեան» Պէյրութ կ՛աշխատէր, օրակա՛ն վտանգի ենթակայ էր, երբ երթուդարձով կ՛անցնէր պատերազմին պարտադրած սահմանագիծները` միեւնոյն ատեն լիուլի կատարելով միութենական պարտականութիւնները:

Քանի մը տարի ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէջ միասին էինք, ուր նկատելի էր իր ժողովականի արհեստավարժ մօտեցումը: Ընդհանրապէս իր մասնագիտութենէն դուրս նիւթերուն չէր միջամտեր եւ կարծիք կը յայտնէր, երբ որ հարցուէր: Սակայն իր մասնագիտութեան` պասքեթպոլի եւ պետական, մարզական համադաշնակցութիւններու խնդիրներուն մէջ անպայման իր փորձառու ըսելիքը ունէր: Բացառիկ կարողութիւն ունէր եւ քանիցս մարզական-պետական անկարելի մեքենականութիւններ կարելի դարձուց` շնորհիւ իր «լիբանանեան» ոճին տիրապետելուն եւ յարաբերական լայն շրջանակին: Իր բոլոր ստանձնած պարտականութիւնները լիուլի, ճշդապահութեամբ ու աւելիով կը կատարէր:

Վերջապէս, Ժաք Պոյաճեանը ճանչցայ իբրեւ Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ: Վարժարանի պատմութեան դժուար փուլի մը, 1996-ին սիրայօժար կերպով ստանձնեց խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնը եւ հօր մը նման հոգաց վարժարանին պէտքերը: Շնորհիւ լիբանանեան եւ հայկական իր լայն շրջանակին եւ ծանօթութիւններուն, բնա՛ւ պարապ ձեռքով դպրոց չէ այցելած` բերելով գրենական պիտոյքներէն մինչեւ վարժարանին նոր շարժակառքը` օթօքարը, որ իր միջոցով մի ոմնի մը կողմէ նուիրուեցաւ վարժարանին:

Այստեղ նոյնպէս, իբրեւ խնամակալութեան ատենապետ, միջամուխ չէր ըլլար կրթական հարցերուն, եւ իր ու յարակից մարմիններուն ճիգերուն շնորհիւ` դպրոցը դարձաւ տնտեսապէս ինքնաբաւ: Խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն, քահանայ` տէր Մեսրոպ Քէրքէզեան, թաղականութիւն` ատենապետ ՀՄԸՄ-ական եղբ. Վարդգէս Հայրապետեան եւ շրջանաւարտից միութիւն հեզասահ ու սերտ գործակցութիւնը դրական կերպով կերպարանափոխեց վարժարանը իր կրթական մակարդակով, աշակերտութեան թիւով ու տնտեսութեամբ:

Եղբ. Ժաք, քանիցս աշխատանքովդ փաստեցիր «ճիշդ անձը ճիշդ գործին վրայ» սկզբունքը: Վա՛րձքդ կատար:

12 մարտ 2021

haroutchekijian.wordpress.com    

Նախորդը

Ցանկապատէն Անդին… Սեւանին Հետ

Յաջորդը

Առաջին Դրական Նշաններէն Ետք. Պայտըն Պիտի Յաջողի՞ Արդարացնել Իսկական Բարեփոխման (Նաեւ Մեր) Ակնկալութիւնները

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.