Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիչ Մը Գիտակցութիւն Եւ Քիչ Մը Պատասխանատուութիւն…

Մարտ 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ

21 փետրուար 2020, սկիզբ` նոր կեանքի, նոր «բնական»-ին…

Հազիւ քանի մը ամիս անցած` ծայր առաւ Լիբանանի ժողովրդային շարժումը, արձանագրուեցան լիբանանեան թղթոսկիի անկումին եւ ընկերային ու քաղաքական բազում հարցեր, որոնց կողքին ի յայտ եկաւ նաեւ «Քորոնա»-ն:

Դեռ ժողովուրդը պատահածը չըմբռնած` Լիբանան մտաւ երկու շաբթուան ընդհանուր փակման մէջ:

Հասանք մարտ, եւ վարակուածներուն թիւը անցաւ 400-ը, իսկ երկիրը մտաւ յաւելեալ երկու շաբաթուան փակման մէջ: Ստեղծուեցաւ իրավիճակ մը, որ երկու շաբաթական փակումները վերածուեցան ամիսներու:

Փակուեցան խանութները, նաւահանգիստը, օդակայանը, պետական գրասենեակները, կրթական հաստատութիւնները, դրամատուները եւ բոլոր գործարաններն ու աշխատատեղերը:  Կեանքը դադրեցաւ…

Հասաւ մայիս, ճշգրիտ ըլլալու համար` մայիս 5, եւ վարակուածներուն թիւը արդէն հասաւ 741-ի, իսկ լիբանանցին դեռ յամառ կերպով շարունակեց ուրացման մէջ մնալ, մայիս 13-ին, միայն ութ օր ետք, թիւը հասաւ 870-ի, թիւ մը, որ իւրաքանչիւր օրուան թաւալումին հետ աւելցաւ ու աւելցաւ, բարձրացաւ աներեւակայելի կերպով, խլեց կեանքեր, պատճառեց վիշտեր, իսկ այսօր ոչ ոք գիտէ, թէ վաղը ի՛նչ կրնայ պատահիլ:

«Քորոնա»-ն ԿԱՏԱԿ ՉԷ՛:

Սթափեցէ՛ք ալ, արթնցէ՛ք, այլեւս հակաճառելու ժամանակ չկայ, թօթափեցէք ձեր վրայէն այդ անմիտ դաւադրութիւնները, խեղկատակները, նայեցէ՛ք ձեր շուրջը, տեսէք` ի՛նչ կը պատահի աշխարհի չորս ծայրը, իրապա՛շտ եղէք ալ եւ լծուեցէք ապահովական միջոցառումներուն, բա՛ւ է ալ թեթեւի առնէք եւ հեգնէք իրողութիւնը:

Նախորդ տարուան աւարտին եւ այս տարուան սկիզբը, երբ մարդիկ առանց դիմակներու եւ առանց հեռաւորութիւն պահելու ճաշարանները կը խուժէին եւ իրարու հետ կլկլակ կը բաժնեկցէին, այդ ժահրը, այդ մահաբեր ախտը ի՜նչ ծուղակներ կը լարէր… Երբ մարդիկ իրենց հազարաւոր «անգին» բարեկամներուն կ՛այցելէին, անդին` սպանութեան ռահվիրան նոր-նոր հոգիներ կ՛որսար:

Ոչ ոք գիտէր այս ժահրին ունեցած վտանգին տարողութիւնը, եւ ոչ ոք գիտէր անոր մահաբերութեան նժարը, բայց զգուշացուցինք, պատմեցինք, բացատրեցինք, իւրաքանչիւր լրատուական միջոց գործածեցինք` թերթ, ընկերային ցանցեր, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններ, իսկ այս բոլորին արդիւնքը… անհոգութիւն, անպատասխանատուութիւն եւ սանձարձակութիւն…

Մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժենք այս, մինչեւ ե՞րբ անտարբեր պիտի ըլլանք եւ ժխտենք այս վտանգին իրականութիւնը, մինչեւ ե՞րբ պիտի ըսենք` «Ես «Քորոնա» չեմ ըլլար» կամ` «է՜հ,  պարապ-պարապ բաներ են ասոնք»…

Մինչեւ ե՞րբ այս ապառողջ եւ անտրամաբանական մտածելակերպով պիտի շարունակենք ապրիլ, մինչ իրականութիւնը շատ դաժան է, որովհետեւ հիւանդանոցներու դռներուն առջեւ ժահրով ծանրացած մարմիններ չեն կրնար տոկալ այլեւս, եւ հիւանդանոցի սենեակներուն մէջ կեանքեր կ՛աւարտին… Մինչեւ ե՞րբ…

Ե՞րբ մարդկային զգացումը պիտի արթննայ…

Չէ՞ք կարծեր, թոր արդէն ուշացած էք, բայց պէտք է գիտակցիք, որ ձեր անտարբերութեամբ ձեր սիրելիներուն կը վնասէք, մահը ձեր ընտանիքներուն կը մօտեցնէք, խօսքի եւ անիմաստ պատրուակներու վարպետ ըլլալու փոխարէն` այս բոլորին մասին լաւապէս մտածեցէք:

Չէ՞ք կարծեր, որ ա՛լ այս նիւթը անհամ դարձաւ եւ զայն շարունակաբար անտեսելով` անմահացուց մեր կեանքերը…

Բա՛ւ է, ո՛վ ժողովուրդ, մենք մեր ձեռքերով մեր մեռելները թաղենք, դեռ քանի՞ հոգի պէտք է մահանայ, տառապի կամ հեռանայ մեզմէ, որպէսզի մենք ալ լրջանանք…

Կարելի՞ է մոռնալ ընկեր Գառնիկը, կարելի՞ է չյիշել սրբազան Մեղրիկը, կարելի՞ է անտեսել մօտակայ դրացիի, հարազատ բարեկամի կամ ազգականի շտապ օգնութեան ինքնաշարժ բարձրանալը, զայն անմիջական հսկողութեան սենեակը փոխադրելը, անոր շնչառական գործիքին յանձնելը եւ կամ ալ, հեռու բոլոր տուներէն, անոր առյաւէտ բաժանման լուրը ստանալը… Պիտի կարենայի՞ր հանդուրժել, Աստուած մի՜ արասցէ, մեր ծնողներուն կամ հարազատներուն այս ահաբեկիչ լուրը … Պիտի կարենայի՞ր… Վայրկեանուան մը համար մտածենք եւ պիտի տեսնենք, որ շատ մեծ տարբերութիւն կայ, երբ այդպէս մտածենք…

Սիրելինե՛ր, ԿԱՏԱԿ ՉԷ՛…

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք մեծ երկիրներ լծուեցան սպառազինման եւ զինամթերքի նոր աշխատանքի. բոլորն ալ կը պատրաստուէին եւ կը սպասէին գալիք երրորդ համաշխարհային պատերազմին` ըլլար շուտ, ըլլար տասնեակ տարիներ յետոյ. բոլորն ալ կորիզային զէնքեր կը գնէին կամ կը պատրաստէին, ռումբեր, արկեր, հրասայլեր, պատերազմական օդանաւեր եւ այլն. բայց ո՛չ ոք կը սպասէր, որ այդ համաշխարհային երրորդ պատերազմը այս ձեւի տակ ըլլար, այս տեսակի ընթացք առնէր` համաճարակ… հիւանդութիւն… «Քորոնա»…

Պիտի չմտնեմ երեւակայական մեքենայութեան լոզունգին մէջ, թէ` այս ծրագրուած էր եւ այլն, բայց պէտք է ա՛լ գիտնանք, որ այս պատերազմի տեսակ մըն է, եւ մենք ամէն օր պայքարի մէջ ենք, աւելի՛ն` գոյամարտի մէջ…

Երբ անհատ մը բանակ մտնէ եւ միանայ առաջին կարգի պահպանութեան շարքերուն, ինքնիրեն հրաման չի տար որեւէ մէկ քայլ առնելու` յարձակելու կամ ետ քաշուելու, մինչեւ որ իրեն եւ բոլորին հրաման չտրուի հրամանատարէն եւ խմբապետէն, այլապէս ան կը հեռացուի բանակէն եւ կամ մահուան պատճառ դառնայ իր զինակիցին կամ աւելի գէշ` իր անձին…

Նոյնն է այս, սիրելինե՛ր, կատակ չէ, բոլորս  պատերազմի մէջ ենք, որեւէ մէկ տեսակի սխալ քայլ, որեւէ մէկ տեսակի ինքնագլուխ աշխատանք կրնայ կեանք մը ընդհատել եւ կամ ալ կրնայ մեզ «բանակ»-էն դուրս հանել, եւ այն ատեն մենք մեր ձեռքով մեր մահուան դուռը թակած կ՛ըլլանք…

Նպատակս վախցնել չէ, սիրելինե՛ր, վախ ու սարսափ զարգացնել չէ, զգուշացնելն է եւ կոչ` ձեռք երկարելու եւ միասնաբար գործակցութեան: Մինակ չենք, բոլորս նոյն նաւուն մէջ ենք, բոլորս իրարու կողքին ենք եւ բոլորս ալ նոյն դժուարութեան ու նոյն մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման ենք:

Բայց յոյս կայ, այո՛, կայ… Լիբանանը եւ յատկապէս մենք` որպէս հայեր, նոյնանման եւ յաճախ ալ ասկէ շատ աւելի մեծ դժուարութիւններու, չարչարանքներու, տաժանքներու եւ «սադայէլ»-ներու առջեւ կանգնած ենք, պայքարած ենք, եւ թէկուզ կեանք տուած, բայց ի վերջոյ յաղթած ենք:

Չմոռնանք համաշխարհային պատերազմները, չմոռնանք քոլերան, թիֆոյիտը եւ մալարիան, այս բոլորէն անցանք, թէկուզ մենք կամ մեր ծնողները չկային այն ժամանակ, բայց ժողովուրդը, որ պայքարեցաւ, դիմացաւ եւ ապրեցաւ այսօր մեծ-մեծ հայր ու մայր եղան մեզի ու մեր ծնողներուն:

Ինչպէ՞ս…

Հետեւեցան իրենց տրուած ուղղութիւններուն, իրենց ներկայացուած հնարքներուն. Ո՛չ առարկեցին եւ ո՛չ ալ փիլիսոփայութիւն ծախեցին, այլ յարմարեցան այդ ատեններու «նոր բնականին» եւ գոյատեւեցին:

Նոյն հրաւէրը այսօր եւս մեր առջեւ կը պարզուի եւ մեզ կը կանչէ դիմադրելու այս հարուածին եւ անգամ մը եւս յաղթական դուրս ելլելու. մեզի կը մնայ հետեւիլ ապահովութեան եւ նախազգուշութեան միջոցառումներուն եւ ըլլալ տիպար քաղաքացի:

Կրեցէ՛ք դիմակները, այդքան տաժանելի չէ, մնացէք իրարմէ հեռու, այդքան դժուար չէ, բարեկամը բարեկամ կը մնայ, նոյնիսկ եթէ մօտիկ չէ, զոյգի մը սիրոյ կապը կը մնայ, նոյնիսկ եթէ անմիջականօրէն ձեռք-ձեռքի չեն բռնած, ճաշարանները պիտի չոչնչանան, դեռ կը տեսնէք` նորեր պիտի բացուին, ժամանակ մըն է, որ կ՛անցնի: Մէկը ձեզ պիտի չայպանէ իրեն չայցելելու կամ դիմակով իրարու հետ խօսելու համար, որովհետեւ այս բոլորը  իրենց մասին մտածելով կը կատարուի, որովհետեւ այս  վիճակին մէջ ատիկա անհրաժեշտ է սիրելու եւ պաշտպանելու մեր հարազատները: Ոչ ոք ձեզ պիտի քննադատէ այս բոլորին համար, ընդհակառակն, պիտի գովեն եւ ձեզմով ուրախանան:

Շատ աւելի լաւ է ապահովական ընկերային հեռաւորութիւնը, քան թէ` անապահով հիւանդութեան մօտիկութիւնը, շատ աւելի հաճելի է այդ «աւելորդ» դիմակը կրելը, քան` քու կամ հարազատի աւելորդ դագաղը կրելը:

Բա՛ւ է ալ, երիտասարդնե՛ր, կը բաւէ սիրելիներ գերեզմանին յանձնենք, ա՛լ չենք ուզեր մահ, չենք ուզեր կորուստ եւ չենք ուզեր ահ ու ցաւ: Կ՛ուզենք ապրիլ, պտտիլ, վայելել, սիրել, բայց այս բոլորին համար նախ պէտք է աշխատինք, ապա ցանկանք այս բոլորը, իսկ այս աշխատանքը կը սկսի այսօր, երբ դո՛ւն որոշես յարգել կանխարգիլման օրէնքները, օրինակ դառնաս ուրիշին եւ ուրիշը ուղղես դէպի ճիշդը եւ ոչ թէ ուրիշը քեզ ուղղէ սխալին եւ մանաւանդ ալ պիտի չըսես` «ինքը չըրաւ, ես ինչո՞ւ ընեմ» կամ  «գուցէ միայն ե՞ս եմ, որ չի հետեւիր այս կէտերուն»:

Շատ դիւրին է, շատ պարզ բաներ են, բայց իրենց ազդեցութիւնը շատ մեծ է. կրնանք անվնաս անցընել այս փուլը եւ միասնաբար կրնանք ետ դառնալ մեր գիտցած եւ կարօտցած բնականին:

Առո՛ղջ մնացէք, ապահո՛վ մնացէք, զգո՛ւշ եղէք եւ յատկապէս` ՏՈ՛ՒՆը մնացէք:

Բարի՛ ապաքինում մեր բոլորին…

 

 

Նախորդը

Թուրքեւազրպէյճանական «Մշակութային» Գործակցութիւն` Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Երբեմնի Գրատուները

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?