ԶԱՒԷՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ճորճ Գալօղլեանի մահէն 40 օրեր անցած է: Ան իր դաստիարակութեան ու աշխատանքներուն շնորհիւ տէր կանգնած է իր ընտանիքին` պահպանելով մարդկային եւ հայկական արժէքները:
Իսկ Գալօղլեանի հասարակական-ծառայողական աշխատանքները ունեցած են երկու ուղի. մէկը` արմատներու պահպանում, իսկ երկրորդը` սերունդներու դաստիարակութիւն:
Քիլիսցի հայրենակիցը աւելի քան յիսուն տարիներ մաս կազմած է քիլիսցիներու հայրենակցական միութեան, որուն ատենապետի պաշտօնը ստանձնած է վերջին քսան տարիներուն:
1980-ականներու սկզբնաւորութեան մաս կազմած է Ազգային Մարտիկեան վարժարանին, ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խնամակալութիւններուն: Այս առիթով ան գործակցած է քոլեճի չորս տնօրէններու հետ` Սարգիս Չոլոյեանին, Մանուշակ Պոյաճեանին, Բաբգէն Փափազեանին եւ Սեդա Պոյաճեանին:
Ճորճ Գալօղլեանը ժողովական էր, եւ երբեք չէր բացակայեր հաւաքներէն: Ճշդապահութիւնը սկզբունքի վերածած էր, եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հետեւողական կերպով աշխատանքները կը հետապնդէր: Ան հաւաքական աշխատանքի կը հաւատար, պատրաստ էր բոլորին տեսակէտները մտիկ ընել եւ աշխատանքները համակարգել:
Լուրջ էր ժողովներուն ընթացքին, սակայն նեղ շրջանակի մէջ կատակասէր էր, եւ միայն մտերմութեան մէջ կարելի էր գիտնալ Գալօղլեանի հոգին, ընկերական ջերմութիւնը եւ հարազատութիւնը:
Ծառայասիրութեան ոգին կ՛արտայայտուէր իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ, երբ բծախնդրութեամբ կը կատարէր իրեն վստահուածը: Ան հայ աշակերտին նկատմամբ ունէր յատուկ սէր մը, որ կարելի չէր բառերով արտայայտել, եւ հայ դպրոցի պահպանման համար իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէր, որպէսզի հայ աշակերտը հայ դպրոց յաճախէր, հայկականութիւնը պահպանուէր, արմատները ամուր մնան…
Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց նուիրեալ մը, որ մեզմէ հեռացաւ` իր ետին ձգելով յիշատակներ եւ բարի վաստակ…
Յիշատակը անթառամ մնայ: