Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցանկապատէն Անդին… Սեւանին Հետ

March 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Թ.

Է՜հ, եղա՞ւ մը ըրածդ, ԸՆԿԵ՛Ր:

Կ՛ըլլա՞յ մը ասի, Սեւա՛ն:

Այսպէս, առանց պատրաստուելու, եւ առանց մեզ ալ պատրաստելու, թաշխալայով մը… ափալ-թափալ:

Էճելեթ ի՞նչ էր: Oլուխ… չօճուխ, թոռնիկ… Այսինքն մեծ պապա` տէտէ՞  եղած էիր ըսելով…

Հաճի՛ս, երկու բառով, կարճ ու կտրուկ` մուխթասար մուֆիտ (նախասիրած բառամթերքէդ, այս բառերը արտասանելու պահուդ, աջ ցուցամատդ դիմացինիդ կ՛ուղղէիր), պատասխանէ՛, թէ ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս հեռացար այսպէս:

Եթէ մեր այս զրոյցը այս ձեւով շարունակեմ, պիտի նեղուին մեսրոպաշունչ լեզուի եւ պատմութեան դասատուներդ, ցանկապատէն  ասդին (Յարութիւն Քիւրքճեան), թէ՛ անդին (Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Բանեան եւ Գրիգոր Շահինեան): Հիմա հասկցա՞ր, թէ ո՛ր ցանկապատին մասին կը խօսիմ: Շատ պիտի գործածեմ ցանկապատ բառը եւ դիտմամբ` առանց չակերտի, եւ նկատի պիտի ունենամ փոխաբերական տարբեր իմաստները:

***

1967-1968, յաղթանդամ բայց նուրբ դիմագծով պատանի մը մուտք գործեց Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երդիքին տակ: Անունն էր Սեւան, մականունը` Ալեքսանդրեան: Պաղտատէն նոր ժամանած պատանին շուտով ընտելացաւ շրջապատին հետ: Մայրը նոր կորսնցուցած էր, երիտասարդ տարիքին, իսկ հայրը` ընկեր Նիկողոսը հետագային եղաւ ակումբի մեր հաւատաւոր եւ գաղափարակից ընկերը… Կարճ ատեն մը ետք Սեւանը արդէն անբաժանելի դասընկերներու` Արամիկին, Վանիկին, Պենճոյին, Հրայրներուն եւ ուրիշներու փնտռուած` «շաապիէ» (ժողովրդականութիւն… հեռու ամբոխավարութէնէ կամ ամբոխահաճութէնէ) ունեցող տղան էր. թէեւ ժամանակները սահած-գացած են, սակայն ընկերներուն յիշողութեան մէջ ցայսօր, մղոններով հեռու, անմոռանալի յիշատակներ կառչած կը մնան:

Նոյն տպաւորութիւնը ձգած էր աւելի լայն շրջապատէն ներս ալ: Այդ օրերուն, հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք դպրոց չկար: Սովորաբար ընդհանուր հսկիչ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանն ալ շուտ կը մեկնէր տուն: Այդ ժամանակ, Ճեմարանին դրկից բնակիչներս, դպրոցին պասքեթպոլի դաշտին վրայ, գնդակին հետ, ձեռքի փոխարէն, ոտք կը գործածէինք: Պասքեթպոլի փոխարէն, ֆութպոլ կը խաղայինք` մենք մեզ խաբելով, թէ «Ուեմպլի» կամ «Մարաքանա» դաշտերուն վրայ կը մրցէինք:

Քանի մը մրցում ետք ի յայտ եկած էր, թէ այն խումբը, որուն մաս կը կազմէր Սեւանը, շարունակ յաղթական դուրս կու գար: Վարպետ միջնապահ էր, հեռուէն հուժկու եւ «մահացու» հարուածներ կու տար, իսկ եթէ հարուածները վրիպէին, մօտակայ դասարաններու ապակիները փշուր-փշուր կ՛ըլլային:

Այնքա՛ն սիրուած եւ վստահելի էր Սեւանը. զբօսանքի պահուն, երբ «Պաշ»-ին` պարոն Սերոբին քաֆեթերիան խճողուած ըլլար, ան շուտով գործի կը լծուէր` օգնելու այդ համակրելի «հայրիկ»-ին, սիրողաբար եւ… անվճար:

«Խալիս-խուլիս» ՀՄԸՄ-ական էր ան: Շաբթուան ընթացքին, այդ օրերուն պասքեթպոլի երիտասարդական «Կամք»-ի անդամ, իսկ շաբաթավերջին, տարիներ շարունակ` փողկապաւոր սկաուտ:

Շքանշանը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունէր իրեն համար:

Նկարուող եւ նկատուող տեսակէն չէր, այլ շարունակ լուսարձակներէ հեռու` չնկարուող եւ նկատուելէ խուսափող տիպար մը: Միութենէն ստացած` «Բարիք մը գործել ամէն օր» տրամադրութեամբ, շարունակեց գործել ան նաեւ մատղաշ տարիքէն մաս կազմելով իր պաշտած ՀՅ Դաշնակցութեան: Դրուագները շատ են:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերուն, երբ յայտնի չէր, թէ ի՛նչ կը կատարուէր յատկապէս Քանթարիի շրջանին մէջ, ան շարունակ գործի վրայ էր` շրջանի հայահոծ թաղերու ընտանիքներուն օգնութեան փութալու, եւ` անաչառօրէն, առանց խտրութեան: Այդ օրերուն այս կամ այն գաղափարի, կուսակցութեան պատկանիլը, պաշտօնի տէր ըլլալը երկրորդական էր Սեւանին համար: Օրուան կարգախօսն էր` «Օգնութեան հասնիլ… եւ վերջ»:

Այդպէս ալ շարունակեց գործել ան կեանքի մնացեալ փուլերուն: Շրջանի բնակիչ տարեցներ, շտապ օգնութեան կարիք ունեցողներ… մինչեւ իսկ ծննդաբերելու սեմին հասած մայրերու մետասաներորդ պահուն  հիւանդանոց փոխադրութիւն: Այս բոլորն ալ անցած էին Սեւանին փորձառութենէն:

Իւրայատուկ դրուագ մը` աւելի գունագեղ կերպով ներկայացնելու համար Սեւանին տիպարը: Օր մը որոշած էինք Համրա շրջանը սինեմա երթալ: Գրեթէ սրահին մօտերը հասած էինք (այդ օրերուն Ամերիկեան հիւանդանոցին մօտ «Քոլիզէ» սրահը կար), երբ շուարած ու մոլորած, նիհարակազմ եւ բաւական առողջ մամիկ մը մեզի մօտենալով` հայերէնատիպ առոգանութեամբ մը ըսաւ. «Եա՜ խայի, վէ՞յն Ֆոնթանա» (Եղբա՛յրս, Ֆոնթանան ո՞ւր է. Ֆոնթանան տնային ապրանքներ վաճառող գերվաճառատուն մըն էր, որ հիմա «կար ու չկար Պէյրութ»-ին կը պատկանի, իսկ մենք ալ, այդ տարիքին, եղբօրմէ աւելի թոռնիկ կրնայինք ըլլալ):

Առանց ակնթարթ մը իսկ կորսնցնելու` Սեւան հայերէնով պատասխանեց. «Տիկի՛ն, դէպի վար կը շարունակէ՛ք, ապա ձախ…»: Ապշահար` կինը նոյնիսկ չկրցաւ իր զարմանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնել, մանաւանդ որ «Մենք հիմա կ՛ընկերակցինք ձեզի` մինչեւ Ֆոնթանայի մուտքը», եղաւ Սեւանին պատասխանին շարունակութիւնը: Է՜հ, այդ օրը հազիւ կրցանք հասնիլ ցուցադրուելիք ժապաւէնին եւ իրար հրմշտկելով` նստանք մեր աթոռներուն վրայ, մինչ ժապաւէնին մեկնարկը նշող առիւծը արդէն իսկ մռնչած էր:

Անբացատրելի էր Սեւանին սէրը` մշակոյթին եւ արուեստին հանդէպ: Հայրենի տոհմիկ տարազներ, երգ, շուրջպար, մենապար… Այդ ճամբուն վրայ ալ գտաւ իր հոգիին երկրորդ կէսը` կողակիցը` Գարինան, յետոյ շարունակեց «կեանքը ինչպէս որ է»… Զաւակներ, թոռնիկներ, միշտ ու միշտ չմոռնալով հարազատները (յատկապէս եղբայրները` Մասիսը, Վարանդն ու Շանթը) եւ ընկերները:

Հարազատներու հանդէպ սէրը միակ յատկանիշը չէր Սեւանին, այլ նաեւ սկսած էր հետզհետէ աւելի գերզգայուն դառնալ: Երբեք չէր կրնար ցանկապատին միւս կողմը անցած մօտիկ ոեւէ ընկերոջ մասին որեւէ գրութիւն կարդալ: Դեռ աւելի՛ն. մինչեւ վերջերս անհանգիստ կը զգար, որովհետեւ իր մօտիկ մէկ դասընկերուհիին չէր կրցած ցաւակցութիւն յայտնել` անարգ ոճիրի զոհ գացած անոր հօրը մահէն ետք, 31 յունուար 1986-էն ի վեր…

***

… 11-12 փետրուար 2021: Շաբաթներէ ի վեր գրեթէ օրը օրին տեղեկութիւններ կը ստանայի Սեւանին մասին` եղբայրներէն: Իրօք, տրամադրութիւնները քանդուած էին: Ետեւ-ետեւի ցանկապատին միւս կողմը անցնողներու մասին տխուր լուրեր, որոնց կարգին, մեր ազգային բնագաւառէն բոլորովին հեռու, մշակոյթի աշխարհի եւ ճազ երաժշտութեան չաստուածներէն` դաշնակահար Չիք Քորէայի (Chick Corea) հրաժեշտը: Մօտիկ բարեկամներուս հաղորդած էի այդ կորուստը, անոր անմոռանալի կարգ մը գլուխ-գործոցները կցելով` «Ուաթսափ»-ի ճամբով կը ղրկէի անոնց: Ակնթարթ մը տատամսեցայ, թէ արդեօք Սեւանին ալ ղրկե՞մ: Կը վարանէի, որովհետեւ իր եղբայրներէն Շանթը քանի մը ժամ առաջ յայտնած էր, որ իր կրտսեր եղբօր առողջական վիճակը վատթարացած էր: Վարանքս չէր փարատած, երբ այլ տեսակի Return to Forever մը (Քորէայի հռչակաւոր խումբին անունը)  պատահած էր… Սեւանը անցած էր ցանկապատին միւս կողմը:

«Տօ՛, լաճ տնաւե՛ր» Սեւան, ի՞նչ ըրիր: Այսպէս հապճեպ, կեանքիդ երթը կիսատ-պռատ ձգելով` անցար ցանկապատին միւս կողմը: Շարունակե՞նք քու  այնքա՜ն սիրած` Ռուբէն Տէր Մինասեանիդ խօսքով` «Չստիկը քեզ պզտի՞կ դարձուց», այլ խօսքով` այդ անտեսանելի, անշօշափելի, անհոտոտելի «Քովիտ»-ը քե՞զ ալ հալածեց ու բռնեց: Դուն, որ տարիներ առաջ պսակուած էիր, չկրցա՞ր այս կամ այլ ձեւով խօսք հասկցնել Պսակաձեւ ժահրին…

Թրծուած դաշնակցական էր Սեւանը: Երբեք դիրք ու  հանգամանք չօգտագործեց, թերեւս օգտագործուեցաւ: Չշահագործեց, արդեօք շահագործուեցա՞ւ: Վերջին տարիներուն, պատմութիւն կերտած հարաւափրիկեցի ղեկավար Նելսըն Մանտելայի` ներման արժանանալու մարմաջը արմատ նետած էր իր մէջ եւ քանդած` իր դիմաց կանգնող   ցանկապատերը:

Ան գիտէր, թէ ի՛նչ ըսել է ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ, պատիժ, մէկ խօսքով` կարգ ու կանոն: Երեւոյթ մը, տիպա՛ր մը… ՈՒՂԻ մը, որ հիմա մեր գիտցածը-սորվածը չէ եւ հետզհետէ սկսած է հազուագիւտ պտուղ դառնալ: Դպրոց մը… հնոց մը, որուն բացակայութիւնը որքա՜ն կը զգացուի: Քրիստափոր Միքայէլեանի` «Այս դէպքից յետոյ, այս դէպքին պատճառով»-ն ալ երբեք չաղաւաղեց ու չշահագործեց Սեւանը: Նոյնիսկ դիմատետրեան այս անիշխանական օրերուն քաջատեղեակ էր, որ գոյութիւն ունի կարմիր գիծ մը, եւ թէ` ե՛րբ կարելի էր «կանաչ լոյս» ստանալ, ցանկապատէն ալ անդին` իր պաշտած կուսակցութենէն հեռացուելէ ետք:

Այդ ցանկապատէ՛ն ալ ասդին վերադարձաւ Սեւանը, միշտ ալ առողջ գործելաձեւով, հետեւելով օրէնքին` կարգ ու կանոնին: Աւա՜ղ, անկողինին մէջ, երբ մահուան դէմ կը պայքարէր, ան տեղեակ չէր, որ ցանկապատէն ասդին վերընդունուած էր:  Ափսո՛ս, ան անդենական ցանկապատի մը ուղղութիւնը բռնած էր` ինք շնչահեղձ ըլլալով, մեզ ալ շնչահեղձ ընելով:

Չէ՜… Խունկի, մոմի կամ թեթեւ հողի մասին կարելի չէ խօսիլ: Տրամաբանական չէ քլիշէներու վրայ մելան քսել: Իսկ` արցո՞ւնք: Երանի՜… Այս տարիքին այդ հեղուկն ալ Արալ ծովուն պէս ցամքած ու չքացած է:

Ներե՞նք այս ըրածդ…

Բայց մեր օձիքէն պիտի չազատիս, Սեւա՛ն: Այս խօսքերը փաղաքշական խօսքեր չեն, այլ իրապաշտ կեանքէ առնուած, Գրիգոր Զոհրապէն գողնալով` «Սեւանին կեանքը ինչպէս որ է» մը: Պիտի կարդա՛ս: Հրահանգ է, ընկե՛ր: Եթէ խոյս տաս, վստա՛հ եղիր, հոն մօտիկներէդ` Ճոնին (Հայտոսթեան, մահացած` նոյեմբեր 1985-ին, Պէյրութ), Վահէն (Յարութիւնեան, մահացած` յուլիս 2018-ին, Երեւան) եւ դեռ ուրիշներ պիտի կարդան:

Մինչ այդ կրկին ու կրկին` «Կ՛ըլլա՞յ մը ասի, ղուրպա՛ն»:

Սեւա՛ն… Է՛հ եղա՞ւ մը ըրածդ, ԸՆԿԵ՛Ր:

 

Պոսթըն – Մասաչուսէց

Նախորդը

Իւրայատուկ Ընկերս` Սեւան Ալեքսանդրեանը

Յաջորդը

Յակոբ` Ժաք Պոյաճեանը, Քոչը

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.