Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուշացած Պատասխան (Սեւան Ալեքսանդրեանի Յիշատակին)

March 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. Պ.

Լիբանանի յետպատերազմեան շրջաններէն` ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբը, տեսակ մը ժամադրավայր դարձած էր այն բոլոր ծնողներուն, որոնք իւրաքանչիւր շաբաթ օր, իրենց զաւակներուն հետ միասին, ձեւով մը մասնակից կը դառնային այս մեծ միութեան աշխատանքներուն:

Տարբեր տարիքի սկաուտներ կը ժամանէին ու կը լծուէին իրենց ընթացիկ գործունէութեան, իսկ որոշ ծնողներ կը հաւաքուէին ակումբին սրահը, զրուցելու եւ ժամանակ անցընելու` մինչեւ սկաուտական աշխատանքի աւարտը:

Ահա այս օրերուն էր, աւելի քան քսան տարի առաջ, երբ պատեհ առիթներ կը ստեղծուէին ծնողներու` իրար ճանչնալու կամ աւելի բարեկամանալու:

Ճիշդ է, որ ակումբին շուրջ կամ մօտակայքը կ՛ապրէին հայ ընտանիքներ, սակայն անոնց թիւը տակաւ նօսրացած էր` թէժ պատերազմին պատճառով:

Ու ահա, ակումբ ժամանողներու շարքին էր Սեւան Ալեքսանդրեանը, որ, ժպիտը դէմքին եւ հեզահամբոյր բարեւ մը տալով, զաւակներուն հետ միասին ակումբ կը մտնէր ու կը հեռանար անմիջապէս: Ան կը բնակէր ճիշդ ակումբի կից գտնուող շէնքը. քիչ կը պատահէր, որ ան մնար ակումբը: Լուռ, ինքնամփոփ մարդու տպաւորութիւնը ձգած էր, գէթ ինծի համար:

Ժամանակ անց, որոշակի ծանօթութիւն մը ստեղծուած էր Սեւանին հետ: Թէեւ հազուադէպ էին մեր զրոյցները կամ խօսակցութիւնը, սակայն դաշնակցական մեր ընկերոջ հետ զրուցելը հաճելի էր: Մեր նիւթերը ընդհանրապէս ունէին ազգային եւ կուսակցական բնոյթ:

Ատենին իմացանք, որ Սեւան արդէն ունի վաճառատուն մը Տորայի շրջանին մէջ: Ան հոն կը մնար եւ լծուած էր աշխատանքի` ընտանիքին ապրուստը հոգալու: Այդ օրերուն ալ, ինչպէս այսօր ընկերային ու տնտեսական պայմանները այդքան ալ բարենպաստ չէին, ու երկիրը հազիւ թէ կրցած էր թօթափել պատերազմի հետեւանքները:

Հարկ է նշել, որ Սեւան պատերազմի թոհուբոհէն անցած տղայ մըն էր: Ունէր կուսակցական կեանքի փորձառութիւն, կը վայելէր իր շրջապատին վստահութիւնը եւ այս առումով ալ ստանձնած էր կուսակցական տարբեր պարտականութիւններ:

Մեր առաջին ծանօթութենէն տարիներ ետք Սեւանի հետ ընկերական  յարաբերութիւնը կը խորանայ, եւ վաճառատուն մեր այցելութիւնները  յաճախակի կը դառնան: Ան, ինչպէս միշտ, նստած կ՛ըլլար անկիւն մը, սապէս խոր մտածումի յանձնուած: Մեր անմիջական բարեւին` Սեւան ոտքի կ՛ելլէր եւ իր մօրուսին տակ թաքնուած ժպիտով մը մեզ կ՛առաջնորդէր ներս: Հարկ է նշել, որ զովացուցիչի կամ սուրճի սպասարկութիւնը չէիր կրնար մերժել, երբե՛ք:

Փաստօրէն, այս այցելութիւնները պատեհ առիթներ էին, որ մօտէն ճանչնանք Սեւանը: Իրեն համար կուսակցական պարտաւորութիւն ունենալը տեսակ մը սրբութիւն էր: Կը զգայիր, զրոյցին ընթացքին, որ Սեւանի միտքը անհանդարտ վիճակ կը պարզէր. ան միշտ մտահոգութեան մէջ էր: Ճիշդ է, որ օրին ստանձնած էր կուսակցական ծանր պարտականութիւն եւ ճիգ կը թափէր առաւելագոյն նուիրումով կատարել իրեն վստահուածը, այդուամենայնիւ, անոր մտածումներուն առանցքը քննական միտքով առաջնորդուիլն էր: Այլ խօսքով, Սեւանի համար ազգային թէ կուսակցական որեւէ աշխատանք կամ պարտականութիւն յագեցած պէտք է ըլլար ողջմտութեամբ, ազնուութեամբ, գաղափարայնութեամբ, իսկ ամէնէն էականը` անշահախնդրօրէն եւ անսակարկ նուիրուելու պատրաստակամութեամբ:

Այո՛, ձեւով մը մեր ընկերոջ համար իտէալական էր ամէն ինչ հակառակ այն իրողութեան որ Սեւան շատ լաւ ճանչցած էր իր շրջապատը, գաղութահայ կեանքը, պարզուած դժուարութիւններն ու հաւաքական կեանք վարելու մարտահրաւէրները: Սեւան Ալեքսանդրեան ծանօթ էր իր ազգին ու պատկանած կուսակցութեան ողջ պատմութեան եւ հպարտութեամբ կը շեշտէր անոնց արժէքը:

Սեւանին համար հրամայական էր կուսակցական կեանքի բնականոն ընթացքն ու կազմակերպական առողջ միջավայրի ձեւաւորումը: Ան յաճախ կը նեղանար, երբ ականատես կը դառնար անհասկացողութիւններու, թերացումներու, բացթողումներու եւ անհանդուրժող մօտեցումներու: Հակառակ անոր որ ան լայնամտօրէն կը հետեւէր ու շատ անգամ իր ներդրումը կը բերէր այլազան աշխատանքներու, այդուհանդերձ, Սեւանին մէջ, ըստ երեւոյթին, տակաւ փուլ կու գար տոկալու, առաւել  դիմանալու կամքը, այլ խօսքով` հոսանքն ի վեր թիավարելու հաստատ համոզումը:  Միւս կողմէ, հարկ է ընդգծել, որ ընկեր Սեւան թուլասիրտ տղայ մը չէր, ընդհակառակն, ան ունակ էր տէր կանգնելու իր մտածումներուն եւ պայքարելու անոնց իրականացման համար:

Վերոնշեալ միտքերը զգալի կը դառնային տարբեր զրոյցներու ընթացքին: Մեր պնդումներուն թէ առհասարակ մօտեցումներուն «դէմ», Սեւան ցոյց կու տար որոշակի համոզումներ եւ, այսպէս ըսած, տարբեր ձեւով մտածելու եղանակ:

Ու այդ «տարբեր ձեւով մտածելու եղանակ»-ին ընդառաջ թէեւ պարտաւոր ենք պահ մը կանգնելու եւ խոր մտածելու, լոյսին բերելով անոր դրդապատճառներն ու դառն հետեւանքները, այդուամենայնիւ, անվարան կրնանք ընդգծել, որ նմանատիպ վիճայարոյց կացութիւններ (անհատական թէ հաւաքական), առկայ են եղած մեր կուսակցութեան 130-ամեայ ողջ կենսագրութեան մէջ:

Ու ժամանակ մը ետք, Սեւան հեռացուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերէն:

Ճիշդ է, որ Սեւան գործեց իր պաշտած կուսակցութենէն հեռու, սակայն մնաց հարազատ ՏՂԱՆ իր ընկերական շրջապատին: Ան շարունակեց յաճախել ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբը, թէեւ հազուադէպ, ու փորձեց դաշնակցականի իր ապրումները պահել ու պահպանել, մե՛րթ մասնակից դառնալով ձեռնարկներու, մե՛րթ «բարեւ»-ներ փոխանակելով որեւէ հանդիպումի ատեն:

Սակայն, մեզի համար, անկեղծ ըսած, «կոտրած էր» ամէն բան: Զինք մօտէն ճանչցող ընկերները, որոնք թիւով շատ էին, իրենց կարգին, ապրեցան հոգեբեկումի եւ յուսալքումի պահեր` ի տես Սեւանի գործելակերպին ու տարօրինակ մտածումներուն:

Վստահ էինք, որ իրեն համար ալ ճնշիչ էր, կարգ մը ընկերներու, որոնց շարքին տողերուս հեղինակը, այն խիստ վերաբերումը, երբ անոնք չուզեցին «բարեւ» մը իսկ փոխանակել, երբ գտնուէին դէմ յանդիման տարբեր վայրերու մէջ: Պատճա՞ռը, յստակ ու մեկին. մենք վշտացած էինք մեր ընկերոջ ցոյց տուած մօտեցումէն, որովհետեւ մեր ընկերական արժանապատուութիւնն էր խոցուած, դաշնակցականի մեր հոգին էր վիրաւորուած,  շրջապատ մը ամբողջ խռոված եւ մասամբ նորին:

Փաստօրէն, ինչպէ՛ս կարելի էր ըմբռնել պատահածը, երբ Սեւան ծնած ու հասակ առած էր Ալեքսանդրեաններու հայաբոյր ու ձեւով մը նահապետական  մթնոլորտի մէջ, ուր դաշնակցական արժէքներու հանդէպ կար խոր յարգանք ու բորբ երախտագիտական զգացողութիւն:

Աւելի՛ն. ինչպիսին ալ ըլլային դաշնակցականի երդումէն կամ սուրբ շապիկէն հեռանալու պատճառները, որոնց քաջածանօթ ենք առհասարակ, Սեւաններ չէին կրնար, պէտք չէ գտնուէին նմանօրինակ վիճակներու մէջ: Այո՛, մենք դառնութեամբ լեցուած էինք, նոյնիսկ «բարեւ» մը կը զլանայինք, որովհետեւ մեզի համար անակնկալ էր Սեւանի այդ օրերու պահուածքը: Սեւան շարքերէն հեռացաւ, բայց մնաց մեր մտքին մէջ, սրտի մօտիկ:

Ու թաւալեցան տարիները:

Օր մըն ալ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի ակումբի աստիճաններուն վրայ դէմ յանդիման եկած` իրարու խոր նայուածք մը ուղղեցինք: Ան տխուր ձայնով մը ըսաւ. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ չես բարեւեր, ինչո՞ւ այսքան նեղուած ես ինձմէ». ակնթարթային էր եղածը: Իմ կարգիս, այո՛, թէեւ անակնկալ էր Սեւանի այս յուզիչ եւ ընկերական ոգիով լիացած հարցադրումը, այլապէս ալ խոր նայուածք մը ուղղելով իրեն, կրկին չփոխանակեցի բարեւը ու հեռացայ:

Կ՛ըսեն, որ ժամանակի թաւալքին հետ կը բարեփոխուին, կը պայծառանան նաեւ անհատներու մտքերը: Ու ահա, մենք, տարիներ ետք, լուռ եւ առանց աղմուկի իմացանք Սեւանի վերամիացումը ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը. ատով մենք ուրախ էինք ու ոգեւորուած:

Սիրելի՛ Սեւան,

Այս տողերը գրուեցան երկար խոկումէ ետք: Գրուեցան, որպէսզի նորահաս սերունդը, իր կարգին, տեղեկանայ, թէ կեանքը ունի դառն պարտադրանքներ ու դաժան վերաբերում, ուրեմն, տոկալ ու դիմակայել է պէտք:

Միւս կողմէ, այս խօսքերը, այսպէս ըսած, ինքնարդարացման խօսքեր չեն, այլ ներքին ուրախութեան լո՜ւռ ձայներ, համոզումի վկայութիւն, թէ ինչ ալ ըլլայ կեանքի դառնութիւնը, կուսակցական շարքերէ հեռացման պատճառներն ու պայմանները, ուխտի ու երդումի ՏՂԱՆ պարտաւոր է հաւատաւոր մնալու, կառչած իր երբեմնի դաստիարակութեան ու կանգուն` գիտակցական իր միջնաբերդին մէջ:

Սիրելի՛ ընկեր, հիւանդութեանդ լուրերուն լուռ հետեւեցայ: Բոլորս ալ յոյսով էինք, որ կը յաղթես «փոքր» ժահրին եւ կը շարունակես ուրախ ապրիլ մեծ ընտանիքիդ հետ: Սակայն, ճակատագիրը եղաւ անողոք, եւ մենք կորսնցուցինք դաշնակցական ընկեր մը եւս, ընտանիքը` հայրենասէր ու ազնիւ կողակից մը, գուրգուրոտ հայր ու բարեսիրտ մեծ հայր մը:

Իսկ մխիթարանքը մեր, որ Սեւան մեզմէ հեռացաւ դաշնակցականի երդումին վերատիրացած ու անով յանձնուած անդենականի կեանքին:

Սիրելի՛ ընկեր, իմ կողմէս, թէեւ ուշացած, բայց անկեղծ «բարեւ»-ով կը փակեմ յիշողութեան փոքր արկղը` ապագային թողնելով մանրամասնութիւններու հսկայ պաստառը:

Բարի ճանապարհ:

6-3-2021                           

Նախորդը

Մեծ Հօրս Յիշատակին (Յովսէփ Գարամանուկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Իւրայատուկ Ընկերս` Սեւան Ալեքսանդրեանը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.