Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Հօրս Յիշատակին (Յովսէփ Գարամանուկեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

March 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անմոռանալի յիշատակներ…

Չեմ մոռնար ներկայութեանդ կարեւորութիւնը այն օրէն, երբ արդէն սկսած էի ճանչնալ քեզ:

Չեմ մոռնար սէրդ եւ հոգատարութիւնդ, զորս կը տածէիր անդրանիկ թոռնիկիդ նկատմամբ:

Չեմ մոռնար այն պահերը, երբ հետս կը խաղայիր` զիս գիրկդ առած:

Չեմ մոռնար ուրախութիւնս, երբ կ՛այցելէի գործատեղիդ եւ պզտիկ թուղթերու վրայ ժամերով կը գծէի ու կը ներկէի:

Չեմ մոռնար մեր իւրաքանչիւր հանդիպումին արտասանած նախադասութիւնդ. «Ո՞ւր է պապուկին պաչիկը»: Վերջինը` երկու ամիս առաջ` մեր վերջին հանդիպումին:

Չեմ մոռնար այդ շաբաթ կէսօրները, երբ կը նստէի կողքդ եւ կը դիտէի աշխատիլդ` մինչեւ հօրս հասնիլը:

Չեմ մոռնար ընտանեկան հաւաքոյթներն ու տարեդարձները, երբ անպայման միասին կը պարէինք:

Այս բոլորը չեմ մոռնար, նաեւ չեմ կրնար մոռնալ շատ արագ կորուստդ, որուն արժանի չէիր:

Անակնկալօրէն գացիր` ետիդ ձգելով բարի անուն մը,  եղար տիպար դաշնակցական եւ համազգայնական: Բարեսիրտ, հոգատար, մեր ուրախութեան, յաջողութեան, նաեւ նեղութեան մնայուն մասնակից մեծ հայր մը: Որքա՛ն ուրախ կը փորձէիր ձեւացնել դուն քեզ, բայց սիրտդ միշտ տխուր էր, որովհետեւ ինը տարի առաջ կորսնցուցինք մեծ մաման: Այն ատեն շատ փոքր էի, հիմա կը ցաւիմ ու կը զգամ երկուքիդ կորուստին ծանրութիւնը: Սակայն բախտաւոր եմ, որ ունեցած եմ ձեզի նման երկրորդ ծնողք: Նոյն ճակատագիրով հեռացար եւ միացար իրեն: Շատ ցաւ պատճառեց բացակայութիւնդ ամբողջ ընտանիքին համար, բայց քու հոգիդ հանգստացաւ` միանալով կողակիցիդ:

Մեծ մամա եւ պապո՛ւկ, դուք մեր մնայուն հրեշտակներն էք: Ինծի համար ձեր հոգիները միշտ ներկայութիւն պիտի ըլլան, եւ վստահ եմ, որ պիտի հետեւիք ինծի եւ ընտանիքիս, յատկապէս զարմիկներուս, պիտի լուսաւորէք մեր ճամբան եւ պիտի օրհնէք մեր կեանքը:

Դուք միշտ պիտի մնաք սրտիս մէջ:

Ննջէ՛ խաղաղութեան եւ լոյսերու մէջ, սիրելի՛ պապուկ:

ԹՈՌՆԻԿԴ` ՆԱՐԷ

 

 

Նախորդը

Հարցարան

Յաջորդը

Ուշացած Պատասխան (Սեւան Ալեքսանդրեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.