ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Վերջին տարիներուն այլեւս հազուադէպ էր, որ հայրս դասերուս տան պատրաստութեան իր բաժին պարտականութիւնը համարած` թուաբանութեան եւ հայոց պատմութեան ստուգումները կատարէր:
Հիւրասենեակէն դուրս ելլելու, ատրճանակը մէջքին դնելով տունէն մեկնելու եւ աստիճաններէն արագ իջնելու պատկերներն է, որոնք մնացեր են… Հետագային այդ պատկերները հետք ձգած դրուագներու կրկնուող ուրուականներով վերածուեցան իրողութեանց գիտակից դառնալու տարիքային իմ ոստումներուս հետ:
Ինչպէս բոլոր հերթապահներու պարագային, մեր տունն ալ յաճախ եւ ակամայ ակումբի կամ դատարանի վերածուած էր:
Դպրոցէն պատիժ ստացած աշակերտի մը գանգատող ծնողքէն, գիւղի կարգ-կանոնի առնչուած հարցերու դիմորդներէն, մինչեւ գիւղի գերխնդիրներու եւ կուսակցական տարբեր աշխատանքներու այցելուներ եռուզեռի մէջ պահած էին մեր տան «հիւրասենեակը» (բառը չակերտի մէջ կ՛առնեմ, որովհետեւ իսկական հիւրերը հարկադրաբար այլ սենեակ մը կ՛ընդունուէին):
Կը յիշեմ, որ ուղղակի կը դողայի, երբ «հիւրասենեակէն» իր ձայնը կը բարձրանար…
Քաղուածք մը` այդ մթնոլորտէն:
Գիւղը սուրիական բանակի` լիբանանեան ներկայութեան կեդրոնակայանի վերածուելու ընթացքին, բանակի բարձրաստիճան սպաներու ախորժակները գիւղի առժամաբար անբնակ մնացած (տանտէրներու պէյրութաբնակ կամ արտագաղթած ըլլալուն պատճառով) տուներուն տիրելու եւ զանոնք իրենց գրասենեակներուն կամ ընտանեկան ամարանոցներուն վերածելու, մնայուն գլխացաւանքի վերածուած էին:
«Կարմիր Լեռ» կոմիտէն ալ շատ հաւանաբար որոշած էր գիւղի ամէն մէկ տան համար դիմադրել…
Փաստօրէն այդ դիմադրութիւնը, բացի իսրայէլեան ներխուժումով գծուած գօտիէն եւ այսպէս կոչուած արեւելեան շրջաններէն, Լիբանանի մնացեալ մասը իր մարզպանութեան վերածած եւ «տախտակի քաղաքականութեան» ախոյեան ուժին հետ վերաբերելու հարց էր:
Կը յիշեմ իրենց «վարպետներէն» բանագնաց ենթասպաներ ու զինուորներ կու գային հօրս քով այս կամ այն տունը ուզելու: Երբեմն տրուած պատճառաբանութիւնները համոզիչ կը դառնային յետաձգելու պահանջը, սակայն շատ յաճախ հարցը վերջնագիրներու կը հասնէր:
Չեմ մոռնար, երբ օր մը հայրս վերջնագիրով պատուիրակուած ենթասպայ մը ճամբու դրաւ` ըսելով. «Գնա՛, ըսէ՛ վարպետիդ, որ ես ձեր քով կը բանտարկուիմ, բայց այդ տունը չի՛ տրուիր»:
Այդ օրերու Յարաբերականն ալ «տախտակէ քաղաքականութեան» սպասեակներուն հետ վերաբերելու կանոններուն կա՛մ դեռ չէր տիրապետած եւ կա՛մ ալ այդ նրբանցքները խիստ խորթ կը թուէին իրենց: Միայն կը յիշեմ, որ հայրս աճպարարի կերպարով եւ եւրոպական ծածկանունով մարդու մը հետ երբեմն կրնար որոշ հարցերու լուծման ճամբան հարթել:
Այդ թուականներուն նաեւ գիւղի ելեկտրացանցը ծանրաբեռնուած էր` սուրիական բանակի ներկայութիւն, գիւղ ապաստանած Պէյրութէն հայրենակիցներու յաւելում եւ ապօրինի քաշուած թելեր. այս ամբողջը պատճառ կը դառնար, որ թաղամասերու թրանսները երբեմն «պայթէին»… եւ նոր թրանս ճարելը քայքայուած պետութեան ելեկտրականութեան ընկերութենէն տաղտուկ էր:
Կը յիշեմ, կամ փոքր տարիքէս տպաւորուած ըլլալով մինչեւ հիմա ինծի այդպէս կը թուի, որ ամիսներ շարունակ գիշերներու մթութեան մէջ մոմերու եւ կազով լապտերներու լոյսով կ՛անցընէինք:
Այս ընթացքին, օր մը պահակախումբերու ընդհանուր Ճեներալ արագախօս ընկերը իմ ներկայութեանս հօրս պարզեց թուղթ մը` բացատրելով, որ ներկայացուցածը «թիլ քէրուղնէն ցօնկն ի» (ելեկտրացանցի վրայ ուղղակի ապօրինի թել կապողներու ցանկն է): Հայրս հրահանգեց, առանց նախազգուշացնելու, բոլորը կտրել եւ անջատել ցանցէն, տրուած ըլլալով, որ բացատրողական թռուցիկները ապարդիւն եղած էին:
Քանի մը օր ետք գիւղին մէջ ինքզինք իբրեւ «վարժապետ» անցուցած քաղաքավար անձնաւորութիւնը մեր «հիւրասենեակը» մտաւ: Քիչ ժամանակ անց «հիւրասենեակէն» հօրս ձայնը հետզհետէ սկսաւ դղրդալ: Մօտեցայ դրան եւ ականջ դրի: «Վարժապետը» հատիկ-հատիկ «Ճանը՜ս, պարո՛ն Զաւէն, իմ քաշած թելիս համար ես սուրիացիներէն արտօնութիւն առած եմ»: Հայրս աւելի բորբոքած կը բարկանար. «Սուրիացիները ո՞վ են…»:
Մինչեւ հիմա խնդուքս կու գայ հօրս հարցական այս զայրոյթը վերյիշելով, եւ ինծի կը թուի, թէ «վարժապետը» պատրաստ էր հօրս աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն բացատրելու, բայց պապանձեցաւ… ե՛ւ վերցնելով «Գնա՛, ըսէ՛ իրենց, որ ձեր արտօնութեամբ քաշած թելս, կուսակցութիւնը հանեց» ստացականը իբրեւ եզրակացութիւն, գնաց:
Ձմեռուան խիստ ցուրտ օրուան մը առաւօտեան, 2:00-3:00-ի ժամերուն, բոլորս արթնցանք մեր դրան որոտումին զուգահեռ կնոջական պոռչտուքով մը: Մայր մըն էր, եկած էր խնդրելու հերթապահին միջամտութիւնը, որպէսզի իր զաւակը դուրս բերուի կեդրոնական փոսթի (պահակակէտ) «կարգապահական-դաստիարակչական» սենեակէն: Պարզուեցաւ, որ զաւակը նախորդ օրուան իր ինքնաշարժը արագ քշելուն եւ «շաֆըթելուն» համար, արհամարհելէ ետք պահակ տղոց դիտողութիւնները, տարուած էր փոսթ:
Այդ ժամանակ ինքնաշարժը արագ քշելն ու ինքնաշարժով «շաֆըթելը» գիւղի կարգ-կանոնի կոպիտ խախտումներու կարգին կը դասուէին: Կեդրոնական փոսթն ալ կարծէք ռազմական ատեանի գործառոյթը ունէր, որ ընթացիկ հարցեր, կամ Դատականի մօտ անլոյծ մնացած խնդիրներ եւ կոմիտէին փոխանցած առաջադրանքները կը լուծէր ի՛ր ձեւով:
Օր մըն ալ ողորմած եղբայրս` Կարոն, խանդավառուած տուն եկաւ փոքր եղբօրս` Վահագնին Ժամացոյց տանելու (ժամացոյցի աշտարակին հանրային տարածքը), որպէսզի ուրախանայ, մօրս բացատրելով, որ պահակ տղաքը լեցուն կովեր ու այծեր բերած են հոն, եւ պապան ալ հոն է:
Կարծեմ վրանաբնակ պետեւիներ համարձակութիւն ունեցած էին քանի մը անգամ իբրեւ արօտավայր իրենց կովերուն ու այծերուն համար Այնճարի պարտէզները օգտագործելու: Ուստի, կովերն ու այծերը (հարիւրը անցնող) բռնագրաւուելով բերուած էին գիւղ` Ժամացոյցի տարածքին:
Գիշերը, երբ հայրս տուն վերադարձած էր հանգստանալու, յանկարծ դուռը զարնուեցաւ: Ընկեր մը եկած էր հարց տալու, որ եթէ որոշուած է կովերն ու այծերը երկար մեր քով պահել, ի՛նչպէս պէտք է լուծել կթելու եւ կաթը բաժնելու հարցերը:
Հօրս խնդուքը փրթաւ, եւ միասին մեկնեցան այդ ալ կարգի բերելու…
Մօրս բացակայութենէն օգտուելով, «անկախացած», օր մըն ալ Կարոն ուզած էր իր զինական հաւանաբար նոր իւրացուցած մէրիֆէթները ցուցնել ինծի եւ հօրս յատուկ պահարանէն քալաշնիքովը բերելով` զայն քակելու եւ կազմելու գործողութեան ցուցադրութիւնը փորձած: Սակայն կազմութեան վերջին փուլին վերի կափարիչը զէնքին ընդհանուր կմախքին հագցնելու եւ գիծին վրայ ամրացնելու բազմապատկուած փորձերը ձախողած էին: Ուստի, կափարիչը չամրացուած վիճակով Կարոն ստիպուեցաւ զէնքը պահարան վերադարձնել:
Երկուքս ալ սարսափած կը սպասէինք, որ հօրս անդրադառնալուն` մեզի ի՛նչ պիտի վիճակուէր…
Քանի մը օր ետք եղելութիւնը պարզուած էր:
Կարոն շատ արագ խոստովանեցաւ: Բայց, ի զարմանք երկուքիս, հայրս միայն դիտողութեամբ մը բաւարարուեցաւ` զգուշացնելով, որ անգամ մըն ալ առանց իրեն զէնքը չձեռնենք…
Առանձնացուց մեզ հիւրասենեակ եւ զէնքը դնելով սեղանին, սկսաւ քակել զայն` բացատրելով, թէ զէնքը ի՛նչպէս կ՛աշխատի, եւ ի՛նչ է իւրաքանչիւր բաղադրամասի դերը:
Զէնքը կազմելէ եւ մեր հետաքրքրութիւնը բաւարարուած գտնելէն ետք աւելցուց. «Ասկէ աւելի կարեւորը` զէնքին արժէքն է, բարի՛ արժէքը, եւ այդ արժէքը կ՛աւելնայ, եթէ զէնքդ քու անձդ, ընտանիքդ, տունդ պաշտպանելէ զատ` պաշտպանէ բոլորին ընտանիքներն ու տուները. պաշտպանէ հայրենիքդ… ուրիշ բան մըն ալ` զէնքը միշտ դրօշակին տակ պէտք է մնայ եւ անոր տակ պէտք է գործէ: Ատ զէնքը, որ դրօշակ չունի կամ իր դրօշակէն վեր կը բարձրանայ, գողի, աւազակի եւ ոճրագործի զէնքն է, չար զէնք է…»:
Իր նահատակութենէն ետք, ժամանակի արագ հոսանքին ես բազմիցս վերապրեցայ (եւ կը վերապրիմ) այդ խորհրդաւոր պահը, եւ իր փոխանցած խօսքերը հետզհետէ ծանրացան, եւ ինծի համար հասկնալի դարձաւ անոնց իմաստը:
Այո՛, ես հասկցայ, որ հօրս կռնակէն` քունքէն հարուածած դաւադիր զէնքը Հայաստանի ազատագրութեան դատի դրօշակէն վեր բարձրացած, դրօշակ կորսնցուցած կամ սկիզբէն իսկ դրօշակ չունեցող զէնքն էր…
Հայ դատի զինեալ պայքարի ընթացքը թակարդելու իր ճիգին մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան իր յաճախորդութեամբ եւ անոր հետ առեւտուրի իր հռչակով գինովցած հիւանդ խմբակը սկսած էր համարձակ դառնալ նաեւ Այնճարի մէջ` պաշտօնաթերթով փրոփականտ տանելու, նամակ-ազդարարագիրներ ցրուելու եւ մահուան սպառնալիքներ «կարդալու» պատերու վրայ:
Այդպիսի բովանդակութեամբ պահարաններէն մէկը գիշեր մը հօրեղբայրս մեր շէնքի մուտքին գտած եւ բերած էր հօրս յանձնելու:
Կը յիշեմ, որ հայրս բացաւ պահարանը եւ պահ մը լուռ ընթերցելէ ետք, ջղային ժպիտով մը դարձեալ փակեց: Քիչ ժամանակ չանցած, կոմիտէութենէն որոշ ընկերներ մեր «հիւրասենեակն» էին հաւաքուած: Իրենք ալ ստացած էին պահարաններ…
Տարիներ ետք, երբ տան մէջ պահուած հօրս արխիւները կը պրպտէի, գտայ այդ պահարաններէն քանի մը հատը: Անոնցմէ մէկը կը պահանջէր հերթապահէն, Այնճարի երեք վարժարաններուն մէջ աշակերտութեան բաժնել տալ սովետական Հայաստանի քայլերգին կրկնօրինակուած տրցակները եւ այլեւս Այնճարի մէջ հնչեցնել այդ քայլերգը` փոխան «Յառա՛ջ, նահատակ»-ի…
Չեմ գիտեր, թէ հօրս ջղային ժպիտը ուղղակի այս պահանջին հակազդեցութի՞ւնն էր…
Չարաբաստիկ տարուան յունուարին, երբ արեւմտեան Պէյրութի մէջ Կեդրոնական կոմիտէի եւ պատասխանատու ընկերներ` Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան կը սպաննուէին, իսկ Յակոբ Պարսումեան կ՛առեւանգուէր, հայրս` ռատիոյով այս առթիւ Կեդրոնական կոմիտէի հաղորդագրութեան ունկնդրութեան ընթացքին, ակռաները սեղմած` ըսաւ. «Այլեւս չհակադարձելու որոշում պահելը միա՛յն տկար ըլլալու իմաստ կրնայ ունենալ…»:
Այսպէս ճանչցած եմ ես հօրս դաշնակցականի կերպարը: Կարգ-կանոնի վերաբերեալ խստակրօն, գաղափարական հաւատարմութեան մէջ ժայռացած եւ նուիրումի մէջ` խիզախ:
Կերպարի այս խիստ գիծերուն մէջ պահած էր մշակութային սիրտ մը, զոր ճանչցայ աւելի ուշ իր ալպոմներէն, ասմունքի ձայնագրութիւններէն եւ այլոց վկայութիւններէն:
Անշուշտ անջնջելի է յիշողութենէս Մուշեղ Գալշոյեանի «Մարութայ սարի ամպերը» գիրքին կարգ մը պատմուածներու հատուածներէն իր ընթերցանութիւնը մեզի, յատկապէս` մօրս, Կարոյին եւ ինծի համար (Մարոն եւ Վահագնը աւելի փոքր էին տակաւին): Անջնջելի յուշեր են նաեւ Կաղանդի ընտանեկան քանի մը խրախճանքի ընթացքին իր «ելոյթները»…
Դժբախտաբար ես չեմ տեսած զինք թատերական բեմի վրայ տարբեր տիպարներու իր խաղարկումներով կամ ասմունքներով…
Սակայն վերոնշեալները իմանալով եւ թերթելով` համոզուած եմ, որ իր թրաքթորով հողերը հերկելու սկսելէն առաջ իսկ եւ զուգընթաց, մշակութային հարուստ հետաքրքրութիւններով ակօսած է իր սիրտը եւ այդ ակօսներէն մին` հաստա՛տ Պարոյր Սեւակի գրական փիլիսոփայութիւնն է… այս հաստատումիս երբեք չի դաւաճաներ իր ապրած կեանքին քննութիւնը:
Սիրելի՛ հայր,
Նահատակութենէդ անցած են 35 տարիներ` մռա՜յլ եւ բի՛րտ բացակայութեամբդ…
Բոլորս քեզ կարօտցած ենք շա՜տ…
Կարոն բոլորէն թաքուն անհանգստացաւ կորուստէդ.
Կարոն չդիմացաւ կարօտիդ եւ գնաց ետեւէդ` քեզ փնտռելու եւ անպայմա՛ն գտնելու, ինչպէս հոս կ՛ընէր, բայց վստահ եղաւ, որ պիտի չգտնէ:
Հաւանաբար իր կարօտին սահմանը` ապրած տարիքիդ սահմանէն անդին «մնա՛ք բարով» պիտի պոռթկար նոյնպէ՛ս թաքո՜ւն` բոլորիս քունին մէջ:
Հապա ինչո՞ւ, ինչո՛ւ իր վերջին տարեդարձներուն ինծի ըսած պիտի ըլլար «պապային տարիքը հասայ եւ քիչ մըն ալ անցած եմ արդէն…»:
35 տարիներ անցած են` տարի մըն ալ գումարած. իսկ մռա՜յլ ու բի՛րտ բացակայութիւնը` կրկնապատկուած…
Գլխատեցին մեզմէ մեր հայրը: Զրկեցին մեզ հայրութենէ, բայց նահատակուած հօրս եւ իր ընկերներուն արեամբ` Դրօշակը, Քայլերգն ու Զէնքը հայրացած կը մնան…