Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Շուշի»-ն Կրկին Զարդարեց Հալէպահայութեան Բեմը
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, երեք յաջորդական ելոյթներով հանդէս եկաւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թերզեանի:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք արաբերէն լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Ղազարեան, որ նկատել տուաւ, թէ պարը արտայայտութեան անկաշկանդ ձեւ մըն է, որուն ընդմէջէն կ՛արտայայտուին մարդու ամէնէն թաքուն զգացումները:
Հայերէնով բացման խօսքը արտասանեց Սարին Պօղոսեան, որ յայտնեց, թէ պարը այն արուեստն է, որուն միջոցով կարելի է տեսնել զայն ներկայացնող ազգին բնորոշող գիծերը, հոգեկան աշխարհը, քաղաքակրթութեան աստիճանը, բնութեան եւ կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը: Անդրադառնալով հայկական պարի պատմութեան` Պօղոսեան տեղեկացուց, որ հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնն ու իշխանութիւնը կորսնցուցած օրերուն հայ արուեստին, մանաւանդ պարարուեստին շնորհիւ պահպանած է իր դիմագիծը:
Օրուան հանդիսավար Մարիա Աղպապեան հայկական պարարուեստին արժէքն ու իւրայատկութիւնը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց «Շուշի» պարախումբը, որուն մաս կը կազմէին երեք խումբեր` Ա. խումբ` սկսնակներ, Բ. խումբ` կրտսերներ եւ Գ. խումբ` պատանիներ: Յայտնենք, որ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը պար սորվելու դպրոց մըն է, որ ունի կարգեր, եւ զայն աւարտողը ապագային մաս կրնայ կազմել Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբին:
Յայտագիրին առաջին բաժինով ներկայացուեցան` «Արարատ», «Արտաշատ», «Հերոս տղերք», «Հիփ հոփ», «Յաղթանակդ, Հալէ՛պ», «Մոկաց հարսներ», «Թուիսթ ըկէյն» պարերը, իսկ երկրորդ բաժինով` «Հորովել», «Հնդկական պար», «Տալունէ», «Մանկապարտէզ, մնաս բարով», «Արցախ», նաեւ` ազգագրական պարերու շարան մը:
Աւարտին վարչութեան անունով խօսք առաւ Գէորգ Աղպապեան, որ յայտնեց, թէ «Շուշի» մանկապատանեկան պարարուեստի դպրոցին նպատակը միայն ձեռնարկներ կազմակերպել չէ եղած, այլ մեր մատղաշ սերունդին մօտ ընդհանրապէս պարարուեստի եւ յատկապէս հայկականի հանդէպ սէր արթնցնել, ձիրքեր քաջալերել եւ հետեւողական փորձերով կատարելագործել եղած է:
Վարչութեան ատենապետ Մարալ Տիքպիքեան խորհրդանշական յուշանուէրով մը գնահատեց պարուսոյց Վրէժ Թերզեանը:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, որ հաստատեց, թէ փոքրիկները եթէ չըլլան մեր կեանքին մէջ, արեւը, յոյսը, հաւատքը եւ տեսիլքը պիտի բացակային մեր կեանքէն, աւելցնելով, որ բեմը կեանք է, իսկ մեր կեանքը ամայութիւն է, եթէ չզարդարուի մատղաշ սերունդով: Բեմը կը ծաղկի մեր մշակութային ձեռնարկներով` շնորհիւ մեր ազգային, մշակութային կազմակերպութիւններուն, եւ առանց անոնց` մեր կեանքը անապատ եւ անիմաստ է: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ տնտեսական դժուարութիւններուն եւ համաճարակին` հալէպահայութիւնը անգամ մը եւս կու գայ ողջ հայութեան վերազարթօնքի պատգամ ուղղելու, շեշտելու, որ կա՛նք, պիտի մնանք, եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` մեր երթը պիտի շարունակենք:
Միացեալ Նահանգներ
Հոգեհանգիստ` ՀՕՄ-ի Ննջեցեալ Անդամներու Եւ Բարերարներու Յիշատակին
28 փետրուարին թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով, յաւարտ ս. պատարագի, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Հայ օգնութեան միութեան ննջեցեալ անդամներուն եւ բարերարներուն հոգիներու յիշատակին:
Հոգեհանգիստ կարդացուեցաւ նաեւ տեղւոյն ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութենէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներու հոգիներուն համար:
Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատարագին նախագահեց սրբազան հայրը, որ իր քարոզին մէջ վեր առաւ ՀՕՄ-ի պատմական առաքելութիւնը` շեշտելով, որ ՀՕՄ-ը կանացի այն բանակն է, որ իր ուժով, մտածումով ու ծառայութեամբ եզակի տեղ կը գրաւէ մեր ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ աւելի քան դար մը իր ազգօգուտ եւ հայրենանուէր գործունէութեամբ ՀՕՄ-ը ինքզինք իրագործեց, պատիւ շահեցաւ, վաստակ ձեռք բերաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններէն մինչեւ միջինարեւելեան գաղութներ ու Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք` իբրեւ համաժողովրդական միացեալ ձեռք մը, որ թէ՛ կը գուրգուրայ որբին ու անտէրին, թէ՛ կը նուիրէ զրկուածին, վիրաւորին ու աղէտեալին, թէ՛ միջոցներ կը տրամադրէ կարիքաւոր աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը եւ դառնան ազգին ու հայրենիքին պիտանի մարդեր:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, եկեղեցական թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր օրհնուեցաւ մատաղը:
Հայ Դատի «Շրջանային Դեսպան» Նախաձեռնութիւնը
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է «Շրջանային դեսպան» նորարար ծրագիրին` նպատակ ունենալով հայութեան քաղաքական ձայնը աւելի ազդու դարձնել Արեւմտեան Ամերիկայի քոնկրեսական բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ, Հայ դատին զօրակցող դեսպան մը նշանակելու միջոցով:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան շրջանի հայերուն եւ հայութեան բարեկամներուն կոչ ուղղեց այս ծրագիրին միջոցով Հայ դատին գործնականապէս զօրավիգ կանգնելու, որ` այցելեն կայքը եւ արձանագրուին նկատի առնուելու համար շրջանային դեսպանի պաշտօնին:
Մեծն Բրիտանիա
Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Քննարկումին Բրիտանացիներուն Ներկայացուեցաւ Գերիներու Հարցը
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 8 մարտին յատուկ զեկուցումով հանդէս եկաւ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած քննարկման ընթացքին` ներկայացնելով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներուն` զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիներու վերադարձին հրատապութեան հարցը:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճան Կելեկըր, խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները ներկայացնող Հայաստանի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Թիմ Լովթոն եւ ուրիշներ:
Արման Թաթոյեան նշեց, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստականօրէն կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը` հայ հասարակութեան եւ յատկապէս գերիներու ընտանիքներուն հոգեկան տառապանքներ պատճառելու եւ երկրին մէջ լարուածութիւն յառաջացնելու նպատակով: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտի միջազգային այն կանոնները, որոնք կը պահանջեն գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը ու անվտանգ վերադարձը: Ան շեշտեց, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ գերիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է զանոնք իբրեւ «ահաբեկիչներ» ներկայացնելը, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի շարունակուող զինուած հակամարտութեան:
Թաթոյեան նաեւ ներկայացուց տեղեկութիւններ պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կատարուած պատերազմական ու մարդկութեան դէմ յանցանքներու (գլխատումներ, խոշտանգումներ, մարմիններու անարգանք եւ այլն) մասին:
Անդրադառնալով Հայաստանի սահմաններուն վերաբերող գործընթացին` Արման Թաթոյեան ներկայացուց իր նոր հայեցակարգը, որուն համաձայն, Սիւնիքի մէջ մարդոց անվտանգութեան երաշխաւորման նպատակով պէտք է ստեղծուի ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի: Ան ներկայացուց յստակ ապացոյցներ եւ փաստեր, որոնց վրայ հիմնուած է այս նոր մօտեցումը: Ան բացատրեց, որ սահմաններու հետ կապուած գործընթացը խախտուած է, ինչպէս նաեւ լրջօրէն վտանգուած են Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքները, խաթարուած է անոնց բնականոն կեանքը եւ կը շարունակէ անհանգստութիւն պատճառել գիւղերու բնակիչներուն:
Վենետիկ
Ուխտադրութիւն Եւ Ձեռնադրութիւն
26 փետրուարին Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազարու մայրավանքի երեք նորընծաներ` Կորիւն Ճենանեան, Մաշտոց Օհանեան եւ Յովհաննէս Մանուկեան, պատարագի ընթացքին իրենց ժամանակաւոր ուխտադրութիւնը կատարեցին ի դէմս միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի:
28 փետրուարին մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Լեւոն արք. Զէքիեանի, տեղի ունեցաւ Կորիւն Ճենանեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը եւ Առաքել Քալանթարեանի` կիսասարկաւագութեան տուչութիւնը:
Լեւոն արք. Զէքիեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ սարկաւագութիւնը քրիստոսադիր կարգ մը չէ, այլ հաստատուած է առաքեալներուն կողմէ, որպէսզի խօսքին ծառայութեան հետամուտ ըլլանք եւ նիւթական ծառայութիւններով աւելի չզբաղինք:
Յիշատակելով նախասարկաւագ եւ նախավկայ Ս. Ստեփանոսը, Լեւոն արք. Զէքիեան խօսքը ուղղելով Կորիւն Ճենանեանին եւ Առաքել Քալանթարեանին` բացատրեց, որ աստիճանի բարձրացումը կը նշանակէ յաւելեալ պատասխանատուութիւն, եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ շնորհքը չպակսի անոնց վրայէն:
Յունաստան
ՀԿ Խաչի «Թագուհի Փաշայեան» Մրցանակ
Հայ կապոյտ խաչը, ի յիշատակ բարերար Թագուհի Փաշայեանի, որպէս յարգանքի տուրք, հաստատած է մրցանակ մը, որ հայկական վարժարաններ յաճախած եւ պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն բարձրագոյն նիշով յաջողութիւն արձանագրած ուսանողին կը տրուի:
Ամէն տարի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի մասին մամլոյ յայտարարութեամբ կը տեղեկացուի հասարակութիւնը, որպէսզի հետաքրքրուողները ՀԿ Խաչի գրասենեակ փոխանցեն Յունաստանի համալսարաններու իրենց մուտքի քննութեանց նիշերը:
Շրջանային վարչութիւնը քննելէ ետք ստացուած դիմումները, կը հաստատէ համալսարան մուտքի բարձրագոյն նիշը ապահոված ուսանողը:
2020-2021 տարեշրջանին համար ՀԿ Խաչի «Թագուհի-Փաշայեան» մրցանակին արժանացաւ Ալեքս Չիլինկիրեանը:
Սպանիա
Քարոլինա Վանոյեան «Կոլտըն Թելընց Աֆ Մատրիտ 2021» Երաժշտական Մրցոյթի Դափնեկիր
Ամէն տարի Սպանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ «Կոլտըն թելընց աֆ Մատրիտ» միջազգային երաժշտական մրցոյթը: Այս տարի «Կոլտըն թելընց աֆ Մատրիտ 2021» մրցոյթին 11 երկիրներէ 1200 մասնակիցներ դատակազմին ներկայացուցած են իրենց երաժշտական ծրագիրը: Համավարակով պայմանաւորուած` մրցոյթը տեղի ունեցած է առցանց: Մասնակիցներուն աշխատանքները դատակազմի անդամները դիտարկած են տասը օր շարունակ: Վերջնական արդիւնքով Ուքրանիայէն հայ ջութակահար Քարոլինա Վանոյեանը դարձած է երկրորդ աստիճանի դափնեկիր:
Քանատա
Քանատայի Խորհրդարանի Անդամ Ֆայսալ Խուրի Ոգեկոչեց Սումկայիթի Ջարդերը
Քանատայի խորհրդարանի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրի խորհրդարանի 10 մարտի նիստի րնթացքին ելոյթ ունենալով` ոգեկոչեց Սումկայիթի հայոց ջարդը` հաստատելով, որ այդ յանցագործութիւնը կազմակերպուած էր ազրպէյճանական ազգայնամոլներու կողմէ: Ան կոչ ուղղեց Քանատայի կառավարութեան` զօրավիգ կանգնելու Հայաստանին եւ աջակցելու հայ ժողովուրդին: