ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Հայաստանի շարժապատկերի աշխատաւորներու («Կինեմատոգրաֆիստներ») միութիւնը գաղտնի քուէարկութեամբ միաձայնութեամբ որոշած է «Օսկար» մրցանակի համար Հայաստանը ներկայացնել Արման Նշանեանի «Սողոմոնի երգերը» (Songs of Solomon, 2020, 103 վ) ժապաւէնով: Անձնական նամակակցութեան ճամբով տեղեկացայ, որ ժապաւէնը եղած է քուէարկութեան դրուած միակ թեկնածուն: Այս ցաւոտ իրավիճակը սպասելի էր: Անցեալ տարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծրագիրէն զեղչուած էր փառատօնը իմաստաւորող առանցքային «Հայկական համայնապատկեր» դասը, որովհետեւ դիմումներ չկային, ցուցադրուած էր քանատահայ Ատոմ Էկոյեանի «Պատուոյ հիւրը» (1): Հայաստանեան շարժապատկերի ներկայացուցած տխուր պատկերին բազմիցս անդրադարձած եմ: Ներկայ ժապաւէնը անհատական ձեռնարկն է քալիֆորնիաբնակ գործարարներ Կարօ եւ Սիլվիա Գաւուգճեան ամոլին: Սիլվիա հեղինակն է պատմութեան, իսկ ամուսինը ստանձնած է ամբողջ ֆինանսաւորումը: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ սերտօրէն գործակցած է մշակոյթի նախարարութեան եւ Ազգային կինօ-կենտրոնի հետ, բայց չի մանրամասներ: Աշխատանքները տեւած են չորս տարի: Առաջին ցուցադրութիւնը ծրագրուած էր կատարել 24 ապրիլ 2019-ին, Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած բազմաթիւ այլ ձեռնարկներու շարքին, բայց անորոշ ժամանակով յետաձգուած էր:
Արտադրիչը տեսակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ յետաձգման պատճառը համավարակն էր: Ժապաւէնը բեմադրիչի առաջնեկն է: Արման Նշանեան, որ միաժամանակ վերցուցած է խղճամիտ, ազնիւ թուրք սպայ Օսմանի դերը, նաեւ օփերային երգիչ է:
Դերեր յանձնուած են շարք մը հայ «աստղերու», ինչպէս` Նարինէ Գրիգորեան (Կոմիտասի մօր ուրուն), փայլուն տղայ Սօս Ջանիբէկեան (արուեստագէտ Սարգիս Պալեան) «Կեանք եւ կռիւ» ժապաւէնի հերոս Տիգրան Սամուէլ Թադեւոսեան (չափահաս Կոմիտաս), Արտաշէս Ալեքսանեան (շնական թուրք գնդապետ), գեղադէմ Շաքէ Թուխմանեան (կոյր տատիկ) եւ այլք:
Համացանցի վրայ հասանելի է միայն ծանուցողական երիզը (trailer): Ժապաւէնը դիտած եմ արտադրիչի յատուկ թոյլտուութեամբ: Շնորհակալութիւն:
Դիպաշար.- Խնդրեմ` հասկցէ՛ք.- Դարեր շարունակ հայեր եւ թուրքեր կողք կողքի ապրած են խաղաղ եւ համերաշխ: Ապա յանկարծ կը ծագի ատելութիւն: Տեղի կ՛ունենան Սասունի ապստամբութիւնը, համիտեան կոտորածները եւ ցարական միջամտութիւն` Օսմանեան կայսրութեան ներքին հարցերուն (ժապաւէնը չի յստակացներ պատմական դէպքերու պատճառական յաջորդականութիւնը: Արեւմտեան գաղութարար պետութիւններ չեն յիշուիր):
Սողոմոն մօտ 12 տարեկան է, երբ Դերձակեան վարդապետ Քութինայի պազարին մէջ կը լսէ անոր ինքնամոռաց երգեցողութիւնը եւ անմիջապէս զինք կը տանի եկեղեցի: Քահանան նախ դժկամ եւ թերահաւատ է, բայց շուտով կը համոզուի:
Ի դէպ, փոքրիկն Սողոմոն կ՛երգէ ոչ թէ ծխական քահանայի սորվեցուցած «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն, որ գրեթէ վստահաբար պիտի ունենար թրքական «շարխի»-ներու պաճուճուած ոճը, այլ տասնամեակներ ետք ի՛ր ձեւաւորած մաքրազտուած «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն (մարգարէական ներշնչո՞ւմ, թէ՞բեմադրական անփութութիւն): Վարդապետը եւ փոքրիկն Սողոմոն սայլակի մը վրայ ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Էջմիածին (շուրջ 1800 քմ հեռու): Պատանին դէմքը շրջած է ետ, դէպի երջանիկ մանկութիւն: Յուզական տեսարանը յիշել կու տայ Թումանեանի Գիգորը:
Սողոմոն ապա հսկայ ոստումով մը կը յայտնուի Պոլսոյ շքեղ սրահներէն մէկուն բեմին վրայ` որպէս խմբավար (2): Կեդրոնական օթեակին մէջ կը տեսնուի Թալէաթը յիշեցնող թունոտ նայուածքով բարձրաստիճան թուրք սպայ մը (3): Կոմիտաս կը դիտէ դատարկ սրահը եւ կ՛անհետանայ: Ենթադրաբար կը ձերբակալուի:
Երաժիշտ Կոմիտաս առհասարակ բացակայ է: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ այդ դիտաւորեալ է, որովհետեւ ինք չէ ուզած Կոմիտասի իր պատկերացումը պարտադրել հանդիսատեսին: Նոյն սկզբունքը չէ կիրարկուած այլ բներգներու պարագային, ընդհակառակն: Գրեթէ բացակայ է նաեւ Կոմիտասի երաժշտութիւնը: Մենք կը լսենք (այլեւս ամէնուր պարտադիր դարձած «Գարուն ա ձիւն ա արել»-ը եւ 1-2 այլ ծանօթ մեղեդիներ, բայց` միայն այդքան:
Բացակայ են նաեւ երիտթուրքերը: Մենք կը տեսնենք մէկ համագումար, ուր ներկաները սուլթան Համիտի հանդէպ նախապէս պատրաստուած հաւատարմութեան շրջաբերական գիր մը կը ստորագրեն: Միակ առարկողը տեղւոյն վրայ խեղդամահ կ՛ըլլայ: Նման երդման արարողութիւն երիտթրքական չէր կրնար ըլլալ (անոնց 1911-ի համագումարը ունէր բոլորովին այլ բնոյթ): Ուրեմն կոտորածներու միակ պատասխանատուն (Օսմանի նկարագրութեամբ) «խելագարած» սուլթա՞նն էր: Ի դէպ, որեւէ ակնարկութիւն չկայ նաեւ (երիտթուրքերու կազմակերպած) Ատանայի կոտորածին, թէեւ այդ կ՛իյնայ ժապաւէնի ընդգրկած 1881-1915 ժամանակաշրջանին մէջ:
Օսման այդտեղ կը ստանայ անհատական քիչ քողարկուած ազդարարութիւն` հեռու մնալու հայերէ:
Ինչպէս ժապաւէնի բեմագիրը բազմաթիւ առիթներով յայտնած է, ժապաւէնի իսկական բներգը վերականգնելն է խախտուած հայ-թուրք բարեկամութիւնը, մանաւանդ որ այժմ Թուրքիոյ բնակչութեան ոչ արհամարհելի մէկ մասի երակներուն մէջ կը հոսի հայկական արիւն:
Ժապաւէնը պատումն է Օսմանի կնոջ Սեւիլի, որ Կոմիտասի մանկութեան ընկերուհին էր: Սեւիլ ընկերուհին էր նաեւ գեղանկարիչ Սարգիս Պալեանի կնոջ` Սոնայի (ա՛յ քեզ բան): Սոնա, Սեւիլ եւ Սողոմոն անբաժանելի եռեակ էին: Մանկութեան տրուած խոստումը կը յարգուի մինչեւ դառն աւարտ: Սոնա գաղտագողի կը ծննդաբերէ Օսման-Սոնա ամոլի տան մէջ ճիշդ այն պահուն, երբ խոշտանգուած Սարգիս Պալեան հոգին կ՛աւանդէ կախաղանի վրայ (4): Օսման կը սպաննուի, երբ կը փորձէր փրկել Սոնան եւ նորածինը:
Սեւիլ իր հրկիզուած տան բոցերէն կը փրկէ եւ հարազատ մօր նման կը խնամէ նորածին Սեդրակը (5,6): Վայելուչ երիտասարդը կը տեսնենք համերգի սրահին մէջ:
Ազգագրական.- Ինչպէս երեք մանուկներու լեռնային տեսարանը կը թելադրէ, նկարահանումները կատարուած են գլխաւորաբար Արցախի մէջ, մասամբ նաեւ` Հայաստանի ու Վրաստանի: Այդ ակնյայտ է անոնց համար, որոնք որոշ չափով ծանօթ են շրջանին: Որպէս Քութինայի ծխական եկեղեցի` կը տեսնենք Ծիծեռնավանքի հինաւուրց պազիլիքը (Քաշաթաղ, Ե. դար, այժմ` անձնական արիւն, ցաւ, յուշ): Որպէս Քութինայի բնակարաններ` կը տեսնեք Կովկասը յատկանշող փայտաշէն երկյարկանի ճարտարապետութիւն, որուն մենք կը հանդիպինք Գիւմրիի, Շուշիի, հին Երեւանի, Թիֆլիսի ինչպէս եւ… բազմաթիւ հայկական ժապաւէններու մէջ: Մենք չենք տեսներ որեւէ ժողովրդական աւանդոյթ: Քութինայի պազարը, ուր Պալեան ականաւոր ընտանիքի զաւակ Սարգիս ունի բացօթեայ համեստ կրպակ-աշխատանոց մը (!!), բեմայարդարումն ու հագուկապը, ցաւօք, «հոլիվուտեան» են: Պալեան յախճապակիէ անօթները կը զարդարէ թրքական նախշերով եւ այդ թուրք սպային կը ներկայացնէ որպէս թրքականէ գերակայ հայկակա՛ն զարդարուեստ (զարմանալիօրէն այլապէս արուեստասէր ու ուսեալ թուրք գնդապետը եւ իր զինուորները չեն անդրադառնար…): Թուրք ասկեարներու խնամքով յարդարուած մասերը կախուած են մինչեւ անոնց ուսերը: Բոլորը (հայ թէ թուրք) կը խօսին մաքուր արեւելահայերէն, որ իր առոգանութեամբ եւ հնչիւնով յստակօրէն զատորոշ է արեւմտահայերէն բոլոր բարբառներէն: Այլ խօսքով, ձայնային խորապատկերը հարազատ չէ:
Գեղարուեստական.- Ժապաւէնին մօտեցումը պարզունակ է, ուղղուած` պարզամիտ հանդիսատեսի մօտ աներկբայ զգացումներ յառաջացնելու: Որբ մանուկ Սողոմոնին միակ հոգատարը չքաւոր եւ… կոյր տատիկն է (Աստուա՛ծ իմ, ինչո՞ւ կուրացնել հէգ յոգնատանջ տատիկը): Անուշադիր հանդիսատեսներու սիրոյն` կոյր տատիկի ուրուականատիպ անդրշիրիմեան դէմքը կը լեցնէ ամբողջ պաստառը… Տեսարաններուն մէջ ոչինչ կայ երկբայական, ոչինչ կարիք ունի մեկնաբանութեան կամ վերծանման: Երեք մանուկները հրեշտակներ են, ջարդարար ամբոխը եւ ասկերները` գազաններ:
Թուրք գնդապետը դիւրին ճանաչելի շնական կարծրատիպ է: Թուրք սպաները կը կրեն ոչ թէ սուրեր (պատերազմիկի պատիւ), այլ` կեռ դաշոյններ (ոճիրի գործիք): Շնական գնդապետը իր դաշոյնը կը խրէ Սօսիի արգանդին: Դաշնամուրի ստեղներուն վրայ (բարձր մշակոյթ) կը տեսնենք թուրք սպայի կոշտ թաթերը (գազան): Համերգի սրահին մէջ թաց աչքերով ժպտացող Սեւիլի կողքի դատարկ աթոռին վրայ կը տեսնենք Սոնայի թաշկինակը (hառաչանք): Կախաղան բարձրացուած երեք հայերու մահապարտի սպիտակ զգեստները արիւնաթաթախ են…
Աւարտական տեսարանը, որպէս գաղափար, կրկնութիւնն է Փարաճանովի «Մոռացուած նախնիներու ստուերները» (կամ` «Հրեղէն ձիեր» 95 վ, 1964) դասական երկ դարձած ժապաւէնի աւարտին, ուր հերոսը կը մահանայ` միանալով սիրած աղջկան ուրուին: Նոյն աւարտը մենք տեսանք անգամ մը եւս Լիլի Թոմասեանի «Կոմիտաս` Աստուծոյ պարգեւը» թատրերգութեան մէջ (որմէ ետք համավարակը, ի ցաւ բոլորիս, փակեց «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին դռները): Իսկ որպէս գեղարուեստական խորապատկեր` կը կրկնէ Թարքովսքիի «Իվանի մանկութիւնը» (1962, 95 վ): Այո՛, երկուքն ալ` մշուշոտ սառն անտառներու մէջ (7):
Ժապաւէնին մէջ հազիւ երեք ելոյթ ունեցող (միշտ բարձրադիր պատուանդան բեմի վրայ) Կոմիտասի կերպարը մռայլ կուռք մըն է, լուռ, խորհրդաւոր եւ անթափանցելի: Մինչդեռ ժամանակակիցներու վկայութիւնները (ի հարկէ` նախքան հոգեկան խանգարում) բոլորովին ա՛յլ պատկեր կը գծեն: Այս համահունչ է այն համատարած մտայնութեան, որ Կոմիտաս անհասանելի, անքննարկելի մեծութիւն մըն է, որուն հարկ է միայն երկրպագել եւ խնկարկել: Դիք առհասարակ հեռու կը մնան մահկանացուներէ:
Ցաւոտ մակաբերում մը եւս.- Ժապաւէնը ճանաչողական բնոյթ չունի, հանդիսատեսը չի ծանօթանար Կոմիտասի գործին եւ անձին:
Ունի քարոզչական բնոյթ, կը ջատագովէ ազգերու եւ ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութիւն: Այդ ի հարկէ ցանկալի եւ անհրաժեշտ է: Ժապաւէնին թելադրած անցեալի խաղաղ գոյակցութիւնը, սակայն, մեղմ ասած ճշգրիտ չէ: Այո՛, երբ հաստատուեցաւ օսմանեան պետութիւնը, դադրեցան Կեդրոնական Ասիոյ թրքական ցեղերու ասպատակութիւնները, որոնք, սկսած հոներէն, տեւած էին մօտ հազարամեակ մը (8): Օսմանեան պետութեան հիմնադիր Օսման Ա. եւ Կոստանդնուպոլիսը գրաւող Մեհմետ Բ. հեռատես տիրակալներ էին: Երկիր մը կարելի է շահաւէտ կերպով ասպատակել ՄԷԿ անգամ, իսկ, այդ երկրի տիրակալը դառնալով, կարելի է կթել երկար ժամանակ: Այդ իմաստով Օսման հեռատես էր: Այո՛, տիրեց խաղաղութիւն եւ գոյակցութիւն, բայց` ոչ հաւասարներու միջեւ: Թուրքը իշխող զինուորական էր, իսկ հայը` հեզ ռայա, կթան կով: Իշխանաւորները եղած են պատերազմիկ տոհմեր, որոնք ունին զինուորական ուժ, բայց` ոչ տնտեսական կարողութիւն(9): Վիեննայի անկիւնադարձային պարտութենէն ետք դադրեցաւ արտաքին աւարը, եւ պետութիւնը «ստիպուեցաւ» թալանել ի՛ր հպատակները: Թուրք եւ սիւննի տարրերը դարձան մակաբոյծ: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ (10):
Ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը ի հարկէ ցանկալի է: Բայց այդ պէտք չէ հիմնուի «անցուկը մոռցուկ է» սկզբունքին վրայ: Սպանդի եւ տեղահանութեան հետեւանքները մենք կը շարունակենք կրել ե՛ւ սփիւռքի ե՛ւ տանջահար Հայաստանի մէջ, մինչդեռ Էրտողան կը յաւակնի թրքական տնտեսութիւնը վերածել աշխարհի 10-րդ խոշորագոյնին: Չխօսինք ծաւալապաշտ արկածախնդրութիւններու եւ մեր դրան առաջ տեղի ունեցող ռազմափորձերուն մասին:
26 փետրուար 2021
————————————-
(1).- «Ոսկէ ծիրան եւ խոր տապկուած նապաստակի ականջներ», «Ազդակ», 14 դեկ. 2020:
(2).- «Գուսան»-ի անձնակազմը 250-300 էր, մինչդեռ բեմի վրայ տեսանք շուրջ 30 հոգինոց համեստ երգչախումբ մը:
(3).- Թալէաթ զինուորական չէր: Ան եւ շարք մը այլ երիտթուրքեր յոտնկայս երկար ծափահարած են: Կոմիտաս մեծ ծառայութիւն մատուցած է նաեւ թրքական երաժշտութեան: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ: Թերեւս այդ պատճառով է, որ Կոմիտաս չէ սպաննուած:
(4).- Սարգիս Պալեան քաղաքական մեղադրանքով շրջան մը աքսորուած է: Մեծատուն Պալեան ընտանիքի ոեւէ անդամ չէ սպաննուած:
(5).- Սիլվա Սեւիլ, Սոնա, Սեդրակ… զուգադիպութի՞ւն:
(6).- Նման դէպքեր պատահած են, բայց անոնք կը մնան բացառութիւններ, հայերու համար անձնազոհութիւնը օրինաչափ չէր, օրինաչափ էր անոնց ունեցուածքի եւ զաւակներու բռնագրաւումը:
(7).- Փարաճանով եւ Թարքովսքի շատ մտերիմ եղած են: Հարկ չկայ մանրամասնելու:
(8).- Նոյնինքն Վարդան Մամիկոնեան Պարսկական կայսրութեան բանակին մէջ պատերազմած է արեւելքէն խուժող ցեղերու դէմ:
(9).- Ներառեալ` հայ նախարարական տուները:
(10).- Տես «Թրքական ազգայնականութեան մանիֆեսթոն «Քաղաքական երեք համակարգեր», «Ազդակ» բացառիկ, Նոր տարի 2015 եւ «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտ Բ.էն մինչեւ Էրտողան», «Ազդակ» բացառիկ, ապրիլ 2015: