Շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի մարմինը ուղղուեցաւ Պիքֆայա` Եղեռնի Նահատակաց յուշարձան` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն եւ ծաղկեպսակ զետեղելու մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը մարմնաւորող յուշարձանին առջեւ:
Ժողովուրդի մը վերականգնումը խորհրդանշող այս յուշարձանին դիմաց կը կանգնինք ամէն տարի` մեր մէջ վառ պահելով ազգային-պահանջատիրական ոգին` վերանորոգելով մեր ուխտն ու յանձնառութիւնը` պաշտպանելու մեր դատը, որ ո՛չ միայն հայութեան կ՛առնչուի, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻ ՄԱՐՄԻՆ