Կիրակի, 25 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց:
Ձեռնարկին ներկայ էին շրջանի երեք յարանուանութեանց, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Սարդարապատ» կոմիտէի, շրջանի ուղեկից միութիւններու, Մարաշի հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութեանց անդամներ ու ՀՄԸՄ-ական արի-արենուշներ եւ երէց-պարմանուհիներ:
Ծաղկեպսակը զետեղեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Սարդարապատ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Պալապանեան եւ խաչքարի բարերար Սարգիս Պուտաքեան:
Տէրունական աղօթքով եւ Սարդարապատ յաղթերգով աւարտեցաւ հաւաքը: