Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, 23 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ «Յիշո՛ւմ ենք, պահանջո՛ւմ ենք, ազատագրելո՛ւ ենք…» խորագիրով ջահերով երթ, որուն մասնակցեցան հազարաւոր արցախցիներ:
Երթը սկսաւ Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան երիտասարդները այրեցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշակները` ի նշան բողոքի եւ ընդդէմ թրքական ցեղապաշտութեան:
Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ օրուան խորհուրդին առնչուող, պայքարը շարունակելու կոչ ուղղող խօսքեր արտասանեցին` Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգեյ Շահվերդեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան: