Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճանաչում, Դատապարտում, Հատուցում». Ջահերով Երթ Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Բարձունք

Ապրիլ 27, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակէն մեկնարկեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:

Հրապարակին վրայ արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ ապրիլ 24-ը սուգի օր չէ այլեւս, այլ արդարութեան կանչ է եւ պահանջատիրութեան ոգի:

«Ապրիլ 24-ով մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ կ՛իջնէ փողոց` աշխարհին յիշեցնելու իրենց պարտքը հայութեան նկատմամբ, աշխարհին յիշեցնելու, որ հայ ժողովուրդը ունի մէկ մեծ դատ, որմէ երբեք պիտի չհրաժարի. յարատեւ պայքար` մինչեւ ամբողջական հայրենիքի կերտումը», ըսաւ ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց, որ քանի մը օր առաջ նշեցինք մեծագոյն ոճրագործ Թալէաթի սպանութեան 100-ամեակը` այդպիսով անգամ մը եւս շեփորելով այն իրողութիւնը, որ երբ աշխարհը թքած ունէր արդարութեան երեսին, երբ աշխարհը կ՛անտեսէր մեր միլիոնաւոր նահատակներուն կանչը, երբ աշխարհը ոճրագործ ցեղախումբի ոճրագործ ղեկավարները չէր կանգնեցներ արդար դատաստանին առջեւ, հայ ժողովուրդը, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշմամբ, վճռեց ի՛նք տալ իր ազգի լաւագոյնը` իբրեւ վրիժառու բազուկներ, որպէսզի մէկ առ մէկ զգետնեն այդ ճիւաղները:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ այլեւս ապրիլ 24-ը լացի ու ողբի օր չէ, վերջին 60-70 տարիներուն անիկա եղաւ մեր ժողովուրդի զարթօնքի նախանշանը. 60-ականներէն ետք յարութիւն առաւ մեր ժողովուրդը եւ իջաւ փողոց Երեւանի ու աշխարհի մէջ` պահանջելով մեր հողերը, ասիկա առաջին ազդանշանն էր, որ մենք նահատակներու յիշատակումէն կ՛անցնինք դէպի պահանջատիրութիւն:

«60-ականներէն ետք, 70-80-ական թուականներուն, ուժային մեր շարժումը, Հայ դատի մեր շարժումը խզեց աշխարհին լռութիւնը, եւ անոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան վրայ, անոր յաջորդեցին Արցախի ազատամարտը եւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Եւ այսօր որքան խորհրդանշական է, որ այդ նահատակ ցեղի անմահ երիտասարդութիւնը հաւաքուած է այստեղ, որպէսզի առաջնորդէ մեզ, որպէսզի անգամ մը եւս մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք մեր նահատակներուն եւ միաժամանակ շեշտենք, որ այլեւս երբեք ցեղասպանութիւն պիտի չտեսնենք, երբեք պիտի չպարտուինք եւ ամէն գնով պիտի աշխատինք, որ վերակերտենք մեր արժանապատուութիւնը եւ վերականգնենք մեր ամբողջական Հայաստանը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Ջահերով երթէն առաջ երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները` «Պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր» վանկարկումներով, ինչպէս նաեւ` «Մա՛հ թուրքերուն» կոչերով:

Անկէ ետք հազարաւոր երիտասարդներ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու դրօշները բարձրացուցած, հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` ամբողջ գիշեր խնկարկելու անմեղ եւ սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցներ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնի աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակին: Անմար կրակին մօտ խոնարհեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշները: Երթի մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Նախորդը

«Յիշո՛ւմ Ենք, Պահանջո՛ւմ Ենք, Ազատագրելո՛ւ Ենք», Ստեփանակերտի Մէջ Ջահերով Երթ

Յաջորդը

Երիտասարդական Հսկում` Պահանջատիրութեան Երթը Շարունակելու Հաստատակամութեամբ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?