ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը առաջին քայլն է այն դժուար մագլցումին, որ Հայ դատի պահանջատիրական բազմահուն պայքարն է, եւ որ բնականաբար կը պահանջէ` համազգային մասնակցութիւն, սերունդներու ներգրաւուածութիւն, լարուած ուժականութիւն եւ մանաւանդ` պետական մակարդակի քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներ…
Աւելորդ է ըսել սակայն, թէ այս առումով, հպանցիկ հայեացք մը միայն հայաշխարհի պարզած ներկայի կացութեան վրայ պիտի հաստատէ, որ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ Ապրիլ 24-ի 106-րդ տարելիցը կը թեւակոխենք ողբերգականօրէն տխուր պայմաններու մէջ:
Սփիւռքի միջինարեւելեան հայրենամերձ թեւի յուսատու ու կազմակերպ հայագաղութները, յատկապէս` տնտեսական ու այլ առումներով, ենթարկուած են ծանր ճնշումներու, որոնք կը վտանգեն անոնց կազմակերպուածութեան, նաեւ ադ միջավայրերէն արտագաղթի հաւանական հոսք մը կը սպառնայ հայութեան համախումբ կեանքին:
Եւրոպական երկիրներու մէջ թէ ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ մեր նորահաս սերունդները կը շարունակեն «արտագաղթել»` հայ կեանքէ, հայ լեզուէ, ազգային մտածողութենէ: Այս ահազանգը երկար ժամանակէ կը տրուի արդէն: 100-ամեակը պահ մը բարերար ներգործութիւն ունեցաւ, սերունդին յիշեցուց ազգային արմատներն ու ազգին պահանջատիրութիւնը, բայց` այդքան միայն: Ատկէ անդին` ոչ մէկ ջանք, որ այդ սերունդը իր արմատին կապուած մնայ: Երիտասարդներու այն փոքր կորիզը, որ կուսակցութեանց, եկեղեցւոյ կամ մշակութային աշխուժութեանց ճամբով ներգրաւուած է գաղութային գործօններուն, ահա տարիէ մը աւելի այս անիծեալ վարակին ու հաստատուած արգելքներուն պատճառով անշարժութեան մատնուած է եւ զրկուած` համախումբ կեանքի հայաշունչ մթնոլորտէն: Չենք գիտեր, թէ որքա՛ն պիտի տեւէ այս կացութիւնը, ինչպէս նաեւ չենք ալ գիտեր, թէ վարակի չքացումէն եւ կացութեան բնականոնացումէն ետք ինչ վիճակ պիտի պարզէ սփիւռքեան հայօճախներու կեանքը` ընդհանրապէս…
Ինչ կը վերաբերի հայ կեանքի մէջ գործող երեք կուսակցութեանց, որոնք սփիւռքի վերակառուցման կռուանները եւ մեր պահանջատիրութեան մղում տուող շարժիչները կը նկատուին, անոնցմէ մին` առաջատար, միւսներն ալ արժանաւոր դիրքերէ երկար տարիներ աշխատանքի լծուելէ, ցեղասպանուած հայութեան մնացորդացին գաղթական ու անդիմագիծ բազմութիւնը ազգային դիմագիծով պահանջատէր ու կազմակերպ համայնքներու վերածելէ ետք, այսօր յոգնասպառ կը թուին ըլլալ եւ, ներքին վէճերով կլանուած, կարծես այլեւս չունին այն ներուժը` անցեալի արժանաւորութեամբ եւ արդիւնաւորութեամբ կարենալ ընդառաջելու համար ազգին առջեւ ցցուած մեծ մարտահրաւէրներուն:
Իսկ Հայաստանն ալ, առաջին օրերու հպարտառիթ յաղթանակէն ետք, շուրջ երեսնամեակ մը ահա ինքն իր վրայ կը գալարուի հետզհետէ սաստկացող թափով: Ծանր ու անորոշ հետեւանքներով այդ գալարումը անհակակշռելի դարձած է այսօր, յատկապէս` դառնաղէտ պարտութենէն ետք: Երկիր մը, որուն քաղաքացիներէն ստուար մաս մը դաւաճան կը համարէ ուրիշ ստուար մաս մը®
Թերեւս հասկնալի ըլլայ սփիւռքի յոգնածութիւնը: Վերջին հաշուով, ոչինչէն գաղութներ կազմակերպելու եւ զանոնք պահելու էապէս դժուար ու մաշեցնող գործին զուգահեռ, դիւրին չէ տասնամեակներ շարունակ զօրակոչի արթնավիճակի մէջ գտնուիլ` ամէն պատեհ ու անպատեհ առիթի, յաճախ նաեւ` առիթներ ստեղծելով հետամուտ ըլլալ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտուի, ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը այժմէականանայ:
Յամենայն դէպս, հակառակ վերի մատնանշումներուն, սփիւռքը իր բազմաշերտ դրուածքով ու կարողականութեամբ, կը ներկայացնէ ոչ արհամարհելի ուժականութիւն մը, որ արդիւնք է տիտանեան ճիգերու: Բայց ան ինքզինք արժեւորելու համար պէտքը ունի հայրենիքի յենարանին:
Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի համար, որ անմխիթար, ուժաքամ եղածի պատկեր մը ունի: Ան ի վիճակի չէ ո՛չ տարածաշրջանը ապակայունացնող ազդակ դառնալու, ո՛չ ալ ինքզինք պաշտպանելու եւ իր սահմաններուն տիրութիւնը ընելու: Վերանկախացումի երեսուն տարիներու ընթացքին միահեծան իշխանութիւն հաստատուեցաւ, որ դաւով ու խարդաւանանքով անկարելի դարձուց երկրի քաղաքական դաշտի յստակացումը, որ այնքան կարեւոր է ժողովրդավար վարչակարգի կայացման, արդիւնաւորման, ինչպէս նաեւ համակարգը նոր տարրերով թարմացնելու համար: Նոյնիսկ անփառունակ պարտութենէն ետք, փոխանակ նոր դէմքերով թարմացնելու քաղաքական հրապարակը, հոն կը շարունակեն տիրական շրջագայիլ անունները հիներու, ինչպէս նաեւ` անունը պարտութեան խարանով խայտառակուած գործող վարչապետին, որոնց բոլորն ալ քիչ-շատ, այսպէս կամ այնպէս պատասխանատուութեան բաժին ունին այսօրուան տխուր կացութեան համար: Եւ հիմա, մօտալուտ ընտրութիւններու նախաշեմին, առնուազն քսանէ աւելի բազմութիւն մը խայտաբղէտ կուսակցութիւններու մէջտեղ ելած են, որոնք կը յաւակնին առանձինն կամ վիժուածք դաշինքներով մասնակցիլ ընտրութիւններուն` յուսալով, որ կ՛օգտուին քաղաքացիներու շուար վիճակէն եւ Ազգային ժողովի աթոռներուն կը բազմին…
Ահա մեր ներկայ իրավիճակին խտացած պատկերը` սփիւռքէն Հայաստան, չհաշուած տակաւին` խայտառակ պարտութիւնը, ամբողջ սերունդի մը ու հայրենական հողերու ահաւոր կորուստը, ազգովին մեր կրած հոգեբարոյական խորունկ վնասուածքը, իշխանութեանց թափթփածութիւնը, ապաշնորհութիւնը:
Իրավիճակ մը, որ բեմական հռետորաբանութենէ ու ոգեվառ խօսքերէ անդին` անյետաձգելի կը դարձնէ մեր առաջնահերթութեանց վերանայումը, մշակումը ազգային ռազմավարութեան, որուն մարտավարական բովանդակութիւնը ճշդելու նախապայմանը ինքնաճանաչումն է, սեփական տկարութիւններուն դարմանումն է, ունեցած ուժիդ ու կարելիութիւններուդ ճշգրիտ գնահատումն է եւ անշուշտ` թշնամիիդ ճանաչողութիւնը:
Համաթրքութիւնը հասած է մեր դռները, եւ մենք բարեկամ չունինք: Մէկ կողմէ Արեւմուտքն է, որ համաթուրանականութեան գաղափարը եթէ յղացողը չէ, առնուազն զայն քաջալերողն է: Իսկ նորերս ճաշակեցինք նաեւ «բարիքը» ռազմավարական մեր դաշնակիցին…
Այսօրուան մեր պարզած պատկերը կը նմանի յորձանուտ գետի վրայ վտանգուած լաստի, որուն վրայի ուղեւորները փոխանակ իրենց ուժերը միացնելու եւ ապահով ափ հասնելէ ետք յանցաւորներ բացայայտելու եւ հաշիւներ մաքրելու` կ՛անտեսեն վտանգը եւ իրարու դէմ սուր կը ճօճեն… Կ՛անգիտանան, որ լաստը եւ իրենք յանձնուած են յորձանքներու քմայքին:
Հայ կեանքի ներկայ փուլին մեր առաջնահերթութեանց մէջ հիմնականօրէն ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹԸ պէտք է կազմէ համազգային զօրաշարժը` ի գին ամէն ինչի ազգային պետականութեան պահպանումին, անոր վերապրումին, ամրապնդումին ու զարգացումին համար:
Առանց պետականութեան` կարելի չէ իրագործել ազգային ոչ մէկ ծրագիր: Ա՛ն է մեր լինելութեան երաշխիքը: Առանց անոր` ազգը կը դառնայ անկողմնացոյց ու անհեռանկար հաւաքականութիւն մը` աշխարհի հովերուն յանձնուած:
Պատմական պահը եւ իրատեսութիւնը կը թելադրեն համազգային միասնութիւն եւ նորովի նախաձեռնութիւններ` ազգի բարոյականը վերականգնելու եւ այսօրուան իրավիճակը յեղաշրջելու համար:
Չափազանցութի՞ւն կայ արդեօք ներկայացուած պատկերացումներուն մէջ: