Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ 24-ը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Եթէ Սփիւռքի Կողմէ Մեր Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Կը Նկատուի Խանգարիչ, Մենք Հպարտ Ենք ու Յանձնառու Այդ Դերը Շարունակելու» Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 27, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատարագը մատուցեց Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ սրբոց նահատակաց Բարեխօսական կարգը` նախագահութեամբ կաթողիկոսին, որ ապա յղեց իր հայրապետական պատգամը:

Վեհափառ հայրապետը առիթը բնութագրեց` ըսելով. «Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ անոնց սրբազան կտակով մեր հաւատքը խորացնելու, մեր կամքը պրկելու եւ մեր յանձնառութիւնը ամրապնդելու օր` ի խնդիր մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման»: Ապա Նորին սրբութիւնը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը բնորոշեց գլխաւոր չորս յատկանիշներով: Ան ըսաւ, որ`

Ա.- Մեր պահանջատիրութիւնը արդար է, որովհետեւ ան հիմնուած է պատմական փաստացի իրողութիւններու վրայ:

Բ.- Մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական է, որովհետեւ ան խարսխուած է միջազգային օրէնքի վրայ, որ յստակօրէն կը հաստատէ ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը իրաւունքները:

Գ.- Մեր պահանջատիրութիւնը սրբազան է, որովհետեւ որեւէ կրօնի համար արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է. հետեւաբար անոր բռնաբարումը մեղանչում է եւ անոր ձեռքբերումը` սրբազան պայքար:

Դ.- Մեր պահանջատիրութիւնը ազգային է, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը ազգ մը ամբողջ բնաջնջելու նպատակով պետական մաշտապով ծրագրուած ու իրագործուած ծրագիր էր»:

Քննադատելով Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, յատկապէս` Կովկասի մէջ, հայրապետը յիշեցուց. «Արցախի պատերազմէն ետք Թուրքիան Կովկասի մէջ իր ռազմաքաղաքական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդած է: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց շրջանի պետութիւնները ցարդ կը մնան լուռ` աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններէն ու իրենց շահերէն մեկնած: Հայաստանի իշխանութեան շրջանակներ, իրենց կարգին, տնտեսական զարգացման հեռանկարէն մղուած, այսպէս կոչուած «ապաշրջափակում» ունենալու յոյսէն քաջալերուած եւ, հաւանաբար, որոշ ուժերէ թելադրուած` ակնարկութիւններ կը կատարեն Թուրքիոյ հետ բնական յարաբերութիւն մշակելու: Թուրքիան յաճախ յիշեցուցած է, որ ինք պատրաստ է Հայաստանին հետ բարի դրացնութիւն ունենալ, սակայն խանգարողը սփիւռքն է: Եթէ սփիւռքի կողմէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը նկատուի խանգարիչ, մենք հպարտ ենք ու յանձնառու` այդ դերը շարունակելու»:

Ապա կաթողիկոսը ըսաւ. «10 հոկտեմբեր 2009 թուականին Անթիլիասի մայրավանքէն սփիւռքի հայութեան հաւաքական «Ոչ»-ին թարգմանը ըլլալով` մերժեցինք այսպէս կոչուած Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ «արձանագրութիւնները»: Սա պահուն, մեր սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն մօտ կանգնած, Անթիլիասի մայրավանքէն կոչ կ’ուղղենք մեր ազգի զաւակներուն` մերժելու որեւէ մտածողութիւն կամ նախաձեռնութիւն, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութիւնը: Չմոռնանք երբեք, որ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գծով որեւէ որոշում կը պատկանի ժողովուրդին. հայ ժողովուրդն է իրաւատէրը իր դատին»:

Խօսելով Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութեան ունեցած ժխտական անդրադարձին մասին` Արամ Ա. շեշտեց. «Այսօր մենք ահաւոր վտանգներով յղի հակասութիւններու մէջ կը գտնուինք: Մէկ կողմէն Արցախի մէջ հող կու տանք, միւս կողմէն` հող կը պահանջենք. մէկ կողմէն Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութիւն մշակելու պատրաստակամութիւն կը յայտնենք, միւս կողմէն` Ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջենք. մէկ կողմէն Արցախի մէջ մեր պատմական ու իրաւական իրաւունքներէն կը զիջինք, միւս կողմէն` թուրքերէն մեր իրաւունքները կը պահանջենք: Մէկ կողմէ Արցախի մէջ մեր հոգեմտաւոր կառոյցները կը յանձնենք թուրքին, միւս կողմէ` Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ մեր բռնաբարուած հոգեմտաւոր կեդրոնները կը պահանջենք: Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ նոյնիսկ Արցախի պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող հակահայ կեցուածքներու ու արարքներու ետին կը գտնուի Թուրքիան. այսպէս` հոգեմտաւոր կառոյցներու քանդում, գերիներու վերադարձի մերժում, հայկական հողերէն ներս թափանցումի փորձեր, որոնք դատապարտելի եւ մերժելի են միջազգային օրէնքին համաձայն: Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Թուրքիոյ տնտեսական ներխուժումը Հայաստանէն ներս ի՜նչ վտանգներու դիմաց կրնայ դնել երկիրը: Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Հայաստանէն ներս Թուրքիոյ ներկայութիւնը ի՜նչ ահաւոր հարուած կրնայ տալ մեր պահանջատիրութեան»:

Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, թէ Թուրքիան ի՛նչ քաղաքականութիւն ալ որ որդեգրէ, մեր իրաւունքներու հետապնդումը նահանջ պիտի չարձանագրէ: Ան ըսաւ. «Պետութիւնը իր ազգին գերագոյն արժէքներուն ու իրաւունքներուն պաշտպանը կոչուած է դառնալու: Դժբախտաբար մենք հող զիջեցանք Արցախի մէջ, սակայն մեր հին թէ նոր նահատակներու արիւնով շաղախուած մեր իրաւունքները չենք զիջիր: Ըլլանք արթուն: Թուրքիան իր փանթուրանիզմի քաղաքականութիւնը, ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ, քաղաքատնտեսական միջոցներով կը շարունակէ արաբական ու իսլամական երկիրներէն ներս եւ ուր որ պարարտ հող գտնէ: Թոյլ պէտք չէ տանք, որ Հայաստանը դառնայ այլապէս պարարտ հող` Կովկասէն ներս Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան եւ, այսպէս, մոռացութեան փոշիին տակ ծածկուին մեր իրաւունքները»:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին` կաթողիկոսը ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան առընթեր, վերջին տարիներուն Թուրքիան բիրտ, յարձակողական եւ միջազգային դիւանագիտական յարաբերութեան ոչ յարիր լեզու ու գործելաոճ որդեգրած է յատկապէս այն երկիրներուն կամ պետական պատասխանատուներուն նկատմամբ, որոնք հայանպաստ արտայայտութիւններ կ՛ունենան: Օրինակները բազմաթիւ են: Թուրքիան նաեւ սպառնական լեզու կը գործածէ այն պետութիւններուն մօտ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կրնան գործնական քայլերու դիմել: Այս երեւոյթին վերջին օրինակն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ուղղած իր զգուշացումը, որ եթէ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածէք, Կովկասէն ներս խաղաղութեան գործընթացքը կրնայ խանգարուիլ եւ նոր տագնապ ստեղծուիլ… Մենք վստահ ենք, որ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներուն ամուր յանձնառութիւնը մարդկային իրաւանց, ինչպէս նաեւ` խորհրդարանին ու ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախագահ Ճօ Պայտըն իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պիտի ունենայ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ոճիրը ցեղասպանութիւն է` միջազգային օրէնքին համաձայն: Այս բոլորին առընթեր, չմոռնանք նաեւ, որ վերջերս Թուրքիոյ մէջ կեդրոն մը հաստատուեցաւ, որուն նպատակն է հակազդել Հայ դատը պաշտպանելու ձգտող աշխատանքներուն»:

Արամ Ա. հայրապետ վերաշեշտեց մեր ժողովուրդին ամուր կառչածութիւնը իր անհերքելի իրաւունքներուն եւ իր պատգամը փակեց հետեւեալ վճռակամութեամբ. «Իր իրաւունքը պահանջող ժողովուրդը Թուրքիոյ ուրացման, ժխտողական, յարձակողապաշտ ու սպառնական կեցուածքներուն ու մօտեցումներուն դիմաց չ’ընկրկիր, չի նահանջեր: Հայ ժողովուրդը իր մարդուժի ու ներուժի ամբողջական լարումով պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը` հաւատարիմ իր սրբացեալ նահատակներու սրբազան կտակին:

«Պիտի յիշենք մեր սրբացեալ նահատակները:
«Պիտի յիշեցնենք մեր սրբացեալ նահատակներու սրբազան կտակը:
«Պիտի պահանջենք, վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ, մեր բռնաբարուած ու անժամանցելի իրաւունքները»:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 24 Ապրիլին Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը

Յաջորդը

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը` «Պահանջատիրական Նոյն Ոգիով. Մենք` Լիբանանահայութիւն» Խորագիրով Ձեռնարկով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?