Վա՛րձքդ Կատար, Մա՛մ (Դամբանական)
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Երկար տատամսեցայ, մտածեցի, բայց ի վերջոյ որոշեցի բաժանումի այս պահուն քանի մը մտածումներ կիսել ձեզի հետ: Մայրը սրբութիւն է, անտարակոյս, մեր բոլորին համար: Ան մեր գոյութեան իմաստն է եւ մեր կեանքը իմաստաւորող անփոխարինելի արժէքը, որովհետեւ մայրը ինքը անփոխարինելի է աշխարհի վրայ: Բայց կ՛արտօնեմ ես ինծի ամենայն խղճով ու նաե՛ւ համոզումով իրաւունք տալու եւ հաստատելու, որ մայրս մայրութեան արժէքին...


















