Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

June 2, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուցած հրաժարականին հիմնաւորման հետեւեալ բաժինը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ բերել` այնտեղ ընդգծուած պատճառներուն էութիւնը փորձել հասկնալու համար.

«Այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը: Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած չըլլայ, որ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»:

Արտակարգ ընտրութիւններու նախօրէին կայացած այս որոշումը պարզ է, որ կը կապուի նոր համաձայնագիրի ստորագրութեան հետ: Նոր համաձայնագիր, գուցէ եռակողմ, որ պիտի առաջնորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման: Այստեղ պահ մը փորձենք կեդրոնանալ գործընթացներուն վրայ:

Սահմանային դէպքերը, ազրպէյճանական ներխուժումները, հայ զինուորներու գերեվարումները` բոլորը կը մեկնաբանուին իբրեւ ճնշամիջոց անմիջապէս անցնելու սահմանային համաձայնութիւններու: Այդ սահմանային համաձայնութիւնները կ՛առաջնորդեն նաեւ երկկողմանի առումով ինքնիշխանութեանց եւ մանաւանդ տարածքային ամբողջականութեանց փոխադարձ ճանաչումներու: Յիշենք անպայման, որ նման պահանջ, աւելի ճիշդը` նախապայման կ՛արծարծէր նաեւ Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման կամ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար:

Տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի այս պահանջը ուղղակի առաջադրուած է Պաքուի կողմէ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը բառացիօրէն կը յայտարարէր իր պատկերացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման առումով:

Ըստ Պայրամովի, Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը պայմանաւորուած է «ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքով»: Ազրպէյճանի այսօրուան սահմաններու ճանաչումը արդէն ազրպէյճանական տարբերակով կը լուծէ նաեւ արցախեան հակամարտութիւնը:

Խնդիրը սերտօրէն առնչուած է նաեւ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին` տարածաշրջանի ճանապարհային եւ ենթակառուցուածքային ապաշրջափակման հետ:

Առ այս պահը պարզ չէ, որ սահմանազատման-սահմանագծման համար ի՞նչ քարտէս է, որ իբրեւ հիմք պիտի ծառայէ: Դիտորդական եւ միջնորդական առաքելութիւն ներառելու համար Երեւանը կ՛արծարծէ ԵԱՀԿ-ի ներգրաւուածութիւնը, մինչ Պաքուն կ՛առաջադրէ Երեւան-Պաքու-Մոսկուա եռակողմ ձեւաչափը` գործընթացը նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութեան առնչելու նպատակով: Այսինքն. սահմանազատում-սահմանագծում-ապաշրջափակում:

Հասկնալի է յաղթած կողմի շտապողականութիւնը այս հարցին մէջ: Հայկական կողմը հերթական անգամ յանձնուողական դիրքի մէջ յայտնուած է: Թրքական նախապայմաններէն առաջ հայկական կողմին կը պարտադրուի ընդունիլ ազրպէյճանական նախապայմանները: Ապաշրջափակումը սակայն միայն Ազրպէյճանին չի վերաբերիր. հերթը շուտով կու գայ թրքական նախապայմաններուն:

Այս բոլորը կը թուի, որ ներառուած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի հրաժարականի պատճառներուն մէջ: Այնտեղ կը խօսուի երկրի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետական շահերու վտանգուած ըլլալուն մասին: Աւելի ճիշդը` արդէն հարուածուած ըլլալուն մասին: Հետեւաբար նաեւ հակապետական ընթացքի մասին:

Հրաժարականը հերթական ահազանգն է: Յունիս 20-ը առիթ` հակապետական ընթացքը կասեցնելու:

«Ա.»

Նախորդը

Շեշտելով Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Անհրաժեշտութիւնը` «Հակառակ Անոր Որ Զինադադարը Համաշխարհային Առումով Կը Պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիքներ Կան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Լրտեսական Գայթակղութիւն Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ. Մաքրոն Եւ Մերքել Դատապարտած Են Միացեալ Նահանգները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.