Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմսեր. Գրաւոր` Ո՛չ, Բերանացի` Վստա՛հ

Յունիս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ըրածին-խօսածին հետ «քալող»-ները կրկին ու կրկին անգամ հաւաստիք կու տան, որ Ազրպէյճանի հետ ստորագրուելիք նոր համաձայնութիւնը «ամբողջովին համապատասխան է Հայաստանի շահերուն»:

Թէեւ ոչ պաշտօնական, բայց արդէն բացայայտ տեղեկութիւն կայ, որ բանակցութեան դրուած նախագիծին հիմամբ, Ազրպէյճան Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի ունենայ քանի մը «կղզեակ», որոնք խորհրդային տարիներուն, Արցախի նման, նուէր տրուած էին իրեն: (Լեզուները չեն չորնար, երբ կ՛ըսեն, որ անոնք ազերիական հող էին, հոն ազերիներ բնակած են. իսկ մենք գիտենք, որ Պաքուն եւ Սումկայիթը հայկական քաղաքներ չէին, հայեր հոն արշաւած էին եւ ազերիները զանոնք ջարդելով ու գաղթի հանելով` սխալներ սրբագրեցին…):

Հարցը հիմա այն չէ, թէ նման կարգադրութիւն արդեօք ո՞ր Հայաստանի շահերուն համապատասխան է (մի՛ հաւատաք, երբ չար լեզուները կ՛ըսեն, որ Փաշինեան արդէն Հայաստանը կը նկատէ Ազրպէյճանի մէկ մասնիկը, ուրեմն, տեղ մը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շահերը կը նոյնանան): Հարցը հոն է, որ եթէ ԳՐԱՒՈՐ համաձայնութեան մէջ նման վճռորոշ հաստատում պիտի չըլլայ, ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ ԲԵՐԱՆԱՑԻ համաձայնութիւն չկայ արդէն (իսկ եթէ գրաւորին մէջ ալ ըլլայ, մեզի կը մնայ… վարժուիլ): Արցախէն խլուած տարածքներ ԲԵՐԱՆԱՑԻ համաձայնութեամբ նուէր չտրուեցա՞ն, մինչդեռ 9 նոյեմբերին ստորագրուածը տարբեր բան կ՛ըսէր: Իսկ Սիւնի՞քը…

***

Կար ժամանակ, երբ փաշինեանական (եւ լեւոնական) քարոզչութիւնը կը տարածէր այն «գիւտը», որ Արցախը Ազրպէյճանին զիջելով` Հայաստան հանգիստ պիտի ապրի ու բարգաւաճի: Հիմա, երբ Արցախի մեծագոյն մասը «տուած ենք», մնացեալն ալ սահմանին վրայ դէտերու հաստատման երկնատո՜ւր մտայղացքով կը պատրաստուինք վերջնականապէս կորսնցնելու, կը տեսնենք, որ «Հայաստանը հանգիստ պիտի ապրի»-ի մարգարէութիւնը «չէ քալած»: Ուրեմն պէտք է նոր «գիւտեր» կատարել: «Սեւ լիճին 30 առ հարիւրին համար պատերազմ ընել կ՛արժէ՞» տիտանեան մտածողութեան զուգահեռ, արձակուած են շշուկներ, որ` «եթէ Սիւնիքը տանք, Հայաստանը հանգիստ պիտի ապրի եւ բարգաւաճի, ճամբաները կը բանանք եւ առեւտուր կ՛ընենք»:

… Երբ Փաշինեան իշխանութեան հասաւ, յայտարարեց, որ ինք որեւէ գաղափարաբանութիւն չունի, իզմ-երու չի հաւատար: Մարդուկը հոն ալ ստած է: Անոր իզմ-ը` «տանք, որ մնացեալը հանգիստ ապրի»-իզմն է եղեր: Մի՛ քննադատէք Աստուածորդւոյն նորագոյն նմանակը: Ան մաքրակրօն քրիստոնեայ մը ըլլալով (քանի մը առիթով Աստուածաշունչէն մէջբերումներ ըրաւ, կը յիշէ՞ք), լիովին հաւատարիմ է` «Եթէ մէկը վերարկուդ խլէ, տուր նաեւ շապիկդ» պատգամին: Իր` «Մենք հպարտ ենք մեր պարտութեամբ»-ը արդէն փայլատակող պատգամ է ամբողջ հայութեան համար եւ 100 առ հարիւրով կ՛երաշխաւորէ մեր շահերը:

***

21 յունիսին Արտաւազդը ի վերջոյ դուրս պիտի գայ (եղեր) Մասիսի անդունդներէն` տեսնելու, թէ աւերակներու վրայ թագաւորելը ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ (եղեր):

1 յունիս 2021

Նախորդը

Ազգային Հերոս Նիկոլ Դումանի Կեանքն ու Գործը

Յաջորդը

«Շուշին Քաղաքակրթական Խաչմերուկի Հանգամանք Վաստակած Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Մանուկեան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?