Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մայիս 28-ով Կերտուած Հայկական Պետականութեան Ամուր Խարիսխը

June 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 մայիս 1918-ին կերտուած հայոց պետականութիւնը մեր ազգը օժտեց ինքնուրոյն զարգանալու, տոկալու, ինքնորոշման իր իրաւունքը ազատօրէն կիրարկելու առաւելութիւններով:

Թէեւ Հայաստան տարիներու ընթացքին դրացի երկիրներու ախորժակներուն բերումով զրկանքներ կրեց ու տարածքներ կորսնցուց, այնուամենայնիւ պահպանեց իր պետական կառոյցը:

Յ. Քաջազնունի իր «Ազգ եւ հայրենիք» կոթողային աշխատանքին մէջ կը պարզէ դրացի մեծ պետութիւններուն հետ համեմատաբար փոքր պետութիւններուն թիւի, ուժի, կարելիութիւններու նուազ ըլլալուն հետեւանքները, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, կը յուշէ, որ ազգին թիւն ու պետութեան աշխարհագրական տարածքը չեն միայն, որոնք կրնան պետութեան հիմքը զօրացնել ու դրացի երկիրներուն հետ մրցունակ դարձնել զինք:

Այս առումով, Հայաստան տարիներ շարունակ տառապած է դրացի երկիրներու ախորժակներուն պատճառով յառաջացած պատերազմներէ, շրջափակումներէ, տնտեսական ճնշումներէ եւ այլն:

Այդուհանդերձ, Հայաստան ունեցած է կարելիութիւններ` զարգանալու, բարգաւաճելու, դիւանագիտական եւ փոխյարաբերական ճկուն քաղաքականութիւն վարելով շարք մը դժուարութիւններու առաջքը առնելու:

Դժբախտաբար, սակայն, փտածութեան, քաղաքական անհանդուրժողութեան, կարծիքներու բախման աստիճանները տարիներու ընթացքին այնքան բարձրացած են, որ յաճախ պատճառ դարձած են Հայաստանի ու հայութեան զարգացման ալիքի տեղատուութեան:

Այս տեղատուութեան պատճառներէն մէկն ալ ազգային պետութիւն հասկացողութեան թիւրըմբռնումը եղած է հաւանաբար: Նորօրեայ քաղաքական գործիչներ ազգայնականութիւնը յաճախ կը շփոթեն ծայրայեղութեան հետ: Իրականութեան մէջ, սակայն, ազգային պետութեան ամրագրումով է, որ կ’ապահովուին ազգին շահերը, ինքնորոշման իրաւունքը, ինքնուրոյն զարգանալու կարելիութիւնները: Փոքր ազգերն ու պետութիւններն անգամ ազգային պետութեան ամրագրումով կրնան լիովին զարգանալ ու իրենց ազդեցիկ լծակները ունենալ նոյնիսկ դրացի մեծ պետութիւններու կողքին` գիտական, քաղաքական, արդիւնաբերական, մշակութային, զինուորական, ստեղծագործական տարբեր ոլորտներու գերզարգացումը ապահովելով` քաղաքակրթութեամբ աւելի բարձր ըլլալով նոյնիսկ տնտեսապէս հզօր դրացիներէ: Այդպիսով կը զարգանայ նաեւ բանակը` իր արհեստագիտական նորութիւններով ու մարդկային եւ ուժային հարստութեամբ:

Այս բոլորը, սակայն, կը պահանջեն` զոհողութիւն, աշխատանք, պետական կառոյցներու գործուն մեքանիզմ եւ քաղաքական ու յարաբերական բազմամակարդակ կարելիութիւններ:

Դժբախտաբար իշխանութիւններ տարիներու ընթացքին առաւելաբար ջանք թափած են պահելու իրենց գոյութիւնը, եւ հակառակ, դրացի երկիրներու հետ համեմատաբար, Հայաստանի ժողովրդավարական մակարդակի բարելաւումին, արհեստագիտական նուաճումներուն,  այդ բարելաւումներն ու նուաճումները չեն օգտագործուած որպէս քաղաքական միջոց ու լծակ` յառաջ տանելու պետութիւնը եւ ազգը, ամրագրելու երկրի ապահովութիւնը, այլ յաճախ ծառայած են նեղ շահերու:

Պետութեան առաւելութիւնները օգտագործելու եւ նեղ շահերէ վեր բարձրանալու պարզ հաշուարկները կրնան դուրս բերել փոքր Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ դիմագրաւած իր դժուարութիւններէն:

Էականը անկեղծ ու ազգային պետութեան կերտման համար ձեռք-ձեռքի տալու պատրաստակամութիւն ունեցող ուժերու հասունացումն ու հրապարակ իջնելն է:

Ժողովուրդը ի վիճակի է այլեւս զանազանելու ամբոխավարը` յանձնառու եւ բանիմաց ղեկավարէն, ազգային շահերէ առաջնորդուողը` հռետորէն ու շահամոլէն:

Հայաստան իր կրած պարտութիւններով եւ կերտած յաղթանակներով տարածաշրջանի ուժերու վերադասաւորման մէջ իր տեղը ամրագրելու լուրջ հրամայականին առջեւ է այսօր:

Նախորդը

Իսրայէլ-Կազա Հակամարտութեան Վերաբերեալ Երիտասարդներու Կարծիքները

Յաջորդը

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ. Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.