Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 3, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայաստանի Անկախութեան
103-
Ամեակի Նշում

Սուրիա

 Դամասկոս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 28 մայիսին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակը:

Վարչութեան բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Գաթըգլեանը, որ յայտնեց, թէ սոյն հանդիսութիւնը տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ` մեր ուխտը նորոգելու օր, շարունակելու երթը անկախութեան խորհուրդով, յանուն Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու հզօրացման եւ բարգաւաճման:

Օրուան խորհուրդին մասին խօսեցաւ Սոնա Անտրեան-Քիւրտեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութեան կերտման նախորդող քաղաքական պայմանները ու պատմական իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ հայ ժողովուրդի զաւակներուն արեան գնով եւ զոհողութեամբ կերտուեցաւ Ա. հանրապետութիւնը: Ան անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի դերակատարութեան անկախութեան կերտման մէջ` շեշտելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր ազգային ազատագրական գաղափարախօսութեամբ, ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայ ժողովուրդի փրկութեան եւ բարօրութեան  եւ տէր կանգնեցաւ անտէր ու անհայրենիք ժողովուրդին: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքով, արեան գնով եւ միահամուռ պայքարով նուաճուած անկախութիւնը պէտք է պահպանել ամէն գնով եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութեամբ շարունակել երթը` յանուն մեր պահանջատիրութեան արդար Դատի յաղթանակին, միացեալ, անկախ Հայաստանի տեսլականով: Բանախօսը խրախուսեց երիտասարդութիւնը համախմբուելու ազգային կառոյցներու շուրջ եւ տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներուն: Հանդիսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան առցանց ուղիղ սփռումով միանալու Լիբանանի մէջ կատարուող տօնակատարութեան եւ ազգային յեղափոխական երգերու փառատօնին:

Հասիչէ

Կիրակի, 30 մայիս 2021-ին Հասիչէի հայութիւնը խմբուեցաւ ազգային մեր կեանքի կարեւորագոյն պատմական նուաճումին` Հայաստանի անկախ պետականութեան կերտման 103-ամեակը յիշատակելու:

Արտասանուեցան մայիսեան խորհուրդը վեր առնող խօսքեր, հնչեցին ազգային երգեր:

Հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն, յատկապէս ջուրի տագնապին, Հասիչէի բուռ մը հայութիւնը յատուկ արարողութեամբ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հերոսներուն ու հաւատքը արտայայտեց 1918-ի քաղաքական եւ ապահովական ծանր պայմաններուն մէջ անկախութեան կերտիչներուն բացած պայծառ ճանապարհին:

Հալէպ

 

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-ամեակին առիթով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առաջնորդը հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց 30 մայիսին Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին: Ան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, ուր սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով` Գառնիկ քհնյ. Չափանեանի կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւ:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան կարեւոր փուլերուն` նշելով, որ 28 մայիս 1918 թուականը յաղթանակի ցնծալի տօն է մեզի համար, որովհետեւ, որպէս ճակատագրական փուլ` ստրկութենէն դուրս գալով, մեր հայրենիքը ազատագրուեցաւ շնորհիւ մեր քաջարի հերոսներուն հայրենիքին նկատմամբ ունեցած գերագոյն սիրոյն եւ զոհողութեան:

Սրբազանը վեր առաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն պայքարունակ ոգին, որ ծնունդ կ՛առնէ հայրենի հողին վրայ ազատ ապրելու տենչէն ու կամքէն:

Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մեր նահատակ հերոսներու հոգիներուն համար:

Քանատա

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղին, 28 մայիսին թորոնթոհայութիւնը առցանց նշեց Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 103-րդ տարեդարձները:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Սեւան Հաճիարթինեանը, որ պատիւ համարեց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը տօնել Հայաստանի անկախութեան առընթեր` շեշտելով, որ մեծ եւ գերգնահատելի 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը մեծ է ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ` 103 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի խօսքը արտասանեց տոքթ. Խաժակ Գուլաճեանը: Ան յայտնեց, որ 103 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը ոչ տօնական եւ կամ յաղթական տրամադրութեամբ` աւելցնելով, որ 103 տարիներ առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը բախտորոշ վիճակի մէջ է այսօր: Ազատագրուած Արցախը գերի է թշնամիին` անձնատուական վատ համաձայնագիրի մը պատճառով: Սիւնիքը նոյն ճակատագրին ենթարկուելու ընթացքին մէջ է: Արամ Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան հիմնած պետականութիւնը վտանգուած է եւ օրըստօրէ գահավիժումի ընթացքի մէջ է, այնքան ատեն որ հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող այս իշխանութիւնները չեն հեռացած քաղաքական բեմէն: Գուլաճեան հաստատեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան խորհրդանշական դէմք եւ դաշնակցական մեծ ղեկավար Արամ Մանուկեանը եւ այդ ղեկավարներու սերունդը ոչ միայն ի մի բերին ամբողջ ժողովուրդը եւ կազմակերպեցին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը, այլեւ անկոտրում հաւատքով վերականգնեցին հայոց կորսուած պետականութիւնը եւ երկու տարիներու ընթացքին յաջողեցան հաստատել պետական կառոյցները, պետական համալսարանը, սկիզբ դրին ժողովրդավար երկիր հիմնելու նախաքայլերուն, կիներու իրաւունքներուն: Ամբողջական պետական հոգածութեան արժանացուցին 400 հազար գաղթականներուն եւ որբերուն խնամատարութիւնը, յաջողցուցին Հայաստանի հայացումի քաղաքականութիւնը եւ հանրապետութեան ապահովեցին միջազգային ճանաչում: Մէկ խօսքով, այդ սերունդը Հայաստանը հանեց սովի, համաճարակի ու քաոսի իրավիճակէն եւ հայութեան շնորհեց երազային անկախ հանրապետութիւնը: Գուլաճեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ ըրաւ ապաշնորհ ներկայ իշխանութիւնը անցնող 3 տարիներու ընթացքին, եթէ ոչ` երկիրը դրաւ սովի եւ քաոսի մէջ, համավարակը ձգեց անսանձելի, կոտրեց եւ վերացուց հայրենասիրական ամէն սրբութիւն, երկրպագեցաւ թշնամիին առջեւ, յանձնեց իր հողերը, անպաշտպան ձգեց մնացեալ հողերը, որոնք ներկայիս կը ներխուժուին թշնամիին կողմէ, անտէր ձգեց պատերազմէն տուժած ընտանիքները, կամաւորներն ու զինուորները եւ անտեսեց ռազմագերիները: Միասնականութիւն կերտելու փոխարէն` բաժանարար գիծեր գծեց կողմերու միջեւ եւ մշակեց ապազգային դասալիք հետեւորդներու փաղանգ մը, որ չի գիտակցիր, թէ առանց համախմբումի` պիտի ոչնչացուի: Գուլաճեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կերտեց մայիս 28-ը եւ այդ մայիս 28-ով, ունեցած մեր այսօրուան հայրենիքին հանդէպ ունինք կարեւոր եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն` համազգային միասնականութեամբ եւ համատեղ ջանքերով ձեւաւորելու նոր որակի իշխանութիւն, լուծելու երկրի առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները, կասեցնելու պետականութեան փլուզումը եւ կերտելու Հայաստանի երաշխաւորուած ապագան: Յաղթանակ տարած հայ ժողովուրդը, մայիս 28 կերտած հայ ժողովուրդը կրնայ այսօր իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարել իր ուժերով, իր միասնականութեամբ, իր յարատեւ պայքարի ոգիով:

***

Յունաստան

Պաշտօնական Այցելութիւն Աթէնքի Քաղաքապետին

18 մայիսին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի եւ ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոյանիսի:

Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Աթէնքի քաղաքապետի իր պաշտօնը, որ Յունաստանի համար բաւական մեծ պատասխանատուութիւն ենթադրող պետական պաշտօններէն մէկն է, եւ յաջողութիւն մաղթեց Աթէնքի  զարգացման համար իր կատարած բոլոր ծրագիրներուն:

Քաղաքապետը իր կարգին յատուկ կերպով նշեց Յունաստանի հայկական համայնքին գործունէութիւնն ու կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու յունահայ համայնքին թէ՛ կարիքներուն եւ թէ՛ փափաքներուն:

Սոյն այցելութեան առթիւ սրբազանը քաղաքապետին յանձնեց հայկական խաչքարի մանրաքանդակ մը:

Աթէնքի Օմոնիա Կեդրոնական Հրապարակը Լուսազարդուեցաւ Հայկական Գոյներով

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 103-րդ տարեդարձին առիթով,  28 մայիսին, Աթէնքի կեդրոնական Օմոնիա հրապարակի տպաւորիչ շատրուանը եւ ջրաւազանը լուսազարդուեցան հայկական եռագոյնի կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն գոյներով, որպէս յարգանքի տուրք  Հայաստանի անկախութեան փառապանծ հռչակումին:

Աննախընթաց այս լուսաւորումը կարելի եղաւ իրագործել Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոյանիսի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի գործակցութեամբ: Քաղաքապետը անմիջապէս ընդառաջեց Հայ դատի յանձնախումբի փափաքին` յարգելով հայ ժողովուրդի մեծ յաղթանակի խորհուրդը:

Մեծ թիւով անձեր այցելեցին հրապարակ եւ ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակեցին Աթէնքի ամէնէն բանուկ մասերէն այդ վայրին գունագեղ լուսազարդումը:

Միացեալ Նահանգներ

 Հոգեգալստեան Տօնին Առիթով` Եպիսկոպոսական Պատարագ Ու Ուրարի Տուչութիւն

23 մայիսին, Հոգեգալուստեան տօնին առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մատուցեց Ս. պատարագ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազանը իր քարոզին մէջ վեր առաւ օրուան խորհուրդը` շեշտելով, որ ուրախութեան եւ միաժամանակ յաղթանակի տօն է, որովհետեւ մենք, մարմին ունենալով հանդերձ, մեր հոգին է, որ գերադաս եւ առաջնակարգ կը դարձնենք, որովհետեւ գիտենք, որ հոգին է մնայունը, իսկ մարմինը` ժամանակաւոր:

Պատարագին ընթացքին առաջնորդը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիրներ` Արշէն Աւանէսեանին, Խաչիկ Յովասափեանին, Գէորգ Մաճարեանին, Կարօ Նալճեանին ու Սարօ եւ Շանթ Սանտալճեաններուն:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ շքանշանի օրհնութիւն: Սրբազան հայրը նախ օրհնեց ՀՄԸՄ-ի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանները, ապա իր ձեռամբ զանոնք անցուց լանջին այն ՀՄԸՄ-ական պարման-պարմանուհիներուն, որոնք դաստիարակչական յատուկ ծրագիր մը բոլորած էին:

Յայտնենք, որ առաջնորդին տնօրինումով նոյն օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Համազգայինի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Իրան

Հայկական Վանքերու Լուսանկարներու Առցանց Ցուցահանդէսի Բացում

25 մայիսին Իրանի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Ապպաս Խաթեմի կողմէ լուսանկարուած Ս. Թադէոս, Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Աստուածածին «Ծոր-Ծոր» վանքերու լուսանկարներու առցանց ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան ելոյթ ունենալով մատնանշեց, որ սոյն ծրագիրի հեղինակները եկեղեցիները կը համարեն իրանցիներու եւ հայերու ընդհանուր ժառանգութիւնը, աւելցնելով, որ այս մտածողութիւն, կը բխի երկու քաղաքակրթութիւններու միասնական արժէքներէն, եւ այդ առումով իրանցի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը ջանք չեն խնայեր պահպանելու այդ ճարտարապետական կոթողները: Ան հաստատեց, որ Իրանը հանդիսացած է հայ-իրանական հարուստ մշակոյթներու արտացոլման ռահվիրայ, նաեւ իրանցիները եւ հայերը կրօնական, ընկերային եւ պատմական ծիրերէն ներս ունեցած են սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ:

Ռ. Բեգլարեան շարունակելով իր խօսքը` հաստատեց, որ մարդկային արժէքներու առկայութիւնը երկու ժողովուրդներու կեանքին մէջ երկարամեայ յարաբերութիւններու երաշխիք է:

 

 

 

 

Նախորդը

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին… Ինչպիսի՞ն Էք Դուք

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Առաջին Հանրապետութեան Կերտիչներու Անյեղաշրջելի Տեսլականը Իրագործելու Ճանապարհով

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?