ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Անհուն ուրախութիւն պատեց զիս, ինչպիսին էր բոլոր հայերուն համար` սփիւռք եւ Հայաստան, երբ իմացայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որ իրագործած էր Օսմանեան կայսրութիւնը:
Երբ աշխարհի ամենահզօր երկրի նախագահը կ՛ընդունի որ քսաներորդ դարու առաջին մարդկային մեծ ոճրագործութիւնը, որուն զոհ դարձան մէկ ու կէս միլիոն անզէն ու անմեղ հայեր, ցեղասպանութիւն էր. վստահաբար պատմական պահ մը կ՛ապրինք:
Եթէ ներկայ ըլլայի այդտեղ, անվերապահօրէն պիտի կանգնէի եւ բացագանչէի ամենաբարձր ձայնովս ու ձեռքերս վեր պարզած.
– Կեցցէ՜ք, մեծարգո՛յ նախագահ, հիանալի բան կատարեցիք: Դուք կերտեցիք մարդկային պանծալի կեցուածք մը, որ պիտի գրուի ոսկեայ տառերով` ի փառս ձեզի եւ ձեր երկրին:
Մի՛ հարցնէք ինծի` ի՞նչ է յաջորդը: Իրագործեցինք մեծ նպատակ մը, եւ շնորհակալ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին եւ անոր կազմակերպութիւններուն, իրենց կատարած գործին համար, նոյն Հայ դատի յանձնախումբին, Հայաստանին եւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն կը պատկանի յաջորդ քայլերու նախաձեռնումը:
Անձնապէս պիտի շարունակեմ գրել` պահանջելով մեր իրաւունքները, որոնք հաստատագրուած են ՄԱԿ-ի կանոնակարգերով: Լոյս ընծայեցի գիրքս` Կանգառներ եւ կեցուածքներ», 2015 թուականին, որ կը ներփակէ ընդհանուր արաբական եւ մասնաւորաբար քուէյթեան մամուլին մէջ հրատարակած յօդուածներս, եւ որոնք հայ ժողովուրդի խնդիրներուն շուրջ են, հանրայնացնելով ճշմարտութիւնը հայութեան պահանջներուն եւ տեղ հասցնելով անոնց մանրամասնութիւնները բոլոր անոնց, որոնք անիրազեկ են: Ինծի համար մեծագոյն ընտրանք էր գրիչս ծառայեցնել ժողովուրդիս տառապանքը ներկայացնելու, իր բոլոր կողմերով, մասնաւորաբար` Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ժամանակի ընթացքին հայ ժողովուրդը կը քաղէ իր զոհողութիւններուն եւ անոնց զուգահեռ ընթացող պայքարին արդիւնքը, որ մղուած է Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր ժառանգորդ Թուրքիոյ կողմէ իր դէմ կատարուած ոճրագործութիւններուն ճանաչման ու դատապարտման եւ իրաւունքներու տիրացման: Ամէն հայ երկրագունդի վրայ կը հաստատագրէ տեւաբար հաւատքը իր Դատի արդարութեան հանդէպ, եւ մենք այժմ կը թեւակոխենք նոր փուլ մը եւ պէտք է առաւելագոյնը շահագործենք զայն: Պիտի շարունակենք պայքարը մինչեւ վերջին շունչը մեր կեանքին եւ պիտի կտակենք մեր զաւակներուն ու թոռներուն մեր պահանջատիրութիւնը առաջ տանելու առաքելութիւնը` վասն մեր իրաւունքներու տիրացման ու նպատակներու իրացման: Եթէ այդ չկատարուեցաւ մօտ ապագային, ապա նոր հարիւրամեակին ալ պիտի մնանք հաւատարիմ մեր նախահայրերուն, որոնք դարձան սպանդի, դաւադրութեան զոհ եւ ենթարկուեցան անթիւ ասպատակութիւններու, մահուան ու աներեւակայելի չարչարանքներու :
Պիտի շարունակենք պահանջել քաղաքակիրթ աշխարհէն աջակցութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով` ընդունիլ տալու անոր գործած ցեղասպանութիւնը ու ներողութիւն եւ հատուցումներ կատարելու Հայաստանին ու հայութեան: Որքան ալ այս համարուի պատրանք, թող համարուի, սակայն ժամանակի ընթացքին պիտի վերածուի իրականութեան, քանի հայ ժողովուրդը կանգուն է ու մաքառող:
Հայ ժողովուրդը անառարկելի իրաւունքն ունի հատուցում ստանալու մէկ դար առաջ իր դէմ գործուած ոճրագործութեան ու կրած վնասներուն եւ բռնագրաւուած հողերուն ու ինչքերուն համար, եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը անսակարկելի իրաւունքն ունին պահանջելու այդ հատուցումը, մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր գերակշռող մասը, ինչպէս նաեւ իր հայրենքի մեծ մասը Արեւմտահայաստանի մէջ:
Մենք պատրաստակամ ենք արձագանգելու բոլոր այն հաշտեցման հրաւէրներուն, որոնք կու գան նոյնինքն թուրքերէն կամ ուրիշ կողմերէն եւ միշտ ձեռք երկարած ենք բոլոր անոնց, որոնք համակուած են խաղաղութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ վերականգնումի կամքով:
106 տարի անցած է հայերու բնաջնջման ոճիրէն, եւ ազատ աշխարհը` իբրեւ վկայ, կը պահանջէ թուրքերէն ու Թուրքիայէն, որպէսզի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ իրագործեցին իրենց նախնիները հայ ժողովուրդին հանդէպ, անոր պատմական հողին վրայ (ներկայի արեւելեան Թուրքիա): Այդ հողին վրայ հայ ժողովուրդը գոյացած ու ապրած էր հազարաւոր տարիներ, նախքան` սելճուք-թուրքերու յայտնուիլը: Օսմանցի թուրքերը փորձեցին իրագործել իրենց նախահայրերուն փափաքը, որ հայ ժողովուրդի վերջնական բնաջնջումն էր, քանի հայ ժողովուրդը իր պատմական հողերով կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան սահմաններուն վրայ եւ կը համարուէր աշխարհագրական պատնէշ փանթուրքական ծրագիրին դէմ, որով Թուրքիան կ՛ուզէր միանալ բոլոր արեւելեան ու մինչեւ Չինաստան (ներառեալ` կասպից ծով) հասնող թրքալեզու ու թրքարմատ ժողովուրդներուն հետ, նկատի առած, որ նոյն Թուրքիան կորսնցուցած էր դէպի արեւմուտք ծաւալելու հնարաւորութիւնը:
Քաղաքակիրթ աշխարհը յաճախ զարմանք կ՛ապրի Հայոց ցեղասպանութեան` թուրքերու ուրացումն ի տես, որ պատահեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, եւ որ սկիզբ առաւ 1915-ին, եւ հակառակ այն իրականութեան, որ 32 երկիր արդէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, տակաւին երբեմն աշխարհը կը հարցնէ այդ ուրացումի պատճառներուն մասին: Քաղաքակիրթ աշխարհը հաւանաբար յոգնած է ու մտահոգ Թուրքիոյ ուրացումով եւ այդ ոճրագործութեան կրկնութեան հաւանականութեամբ, այն արդէն ձանձրացած կ՛երեւի ոճրագործի ամենաթողութենէն նոյնպէս, մինչեւ ե՞րբ պիտի ծածկուին արեւի պէս ճշմարտութիւնը եւ երկնային ու երկրային անվիճելի իրողութիւնները, եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի ուշանայ քաղաքակիրթ մարդկութեան արդարագործումը, ժամանակը չէ՞ մարդկային խղճի լիակատար արթնացման:
Անհրաժեշտ է խորին շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգնեու խիզախ ու վեհանձն նախագահին խօսքով ու գործնապէս: Անձնամբ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ներկայացուցչական ու ծերակուտական պալատներուն, որոնք նախօրօք պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, 2019-ին: Շնորհակալութիւն` Հայ դատի գրասենեակներուն` Լոս Անճըլսի, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն` այս փառահեղ իրագործման համար, անոնք կրցան ամերիկեան հանրային կարծիքին հասկցնել Հայ դատի իրաւական պարունակութիւնը, հետեւաբար մեր կողքին կանգնեցուցին զայն, անոնց ջանքերով պաշտօնապէս ու անդարձօրէն հաստատուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ամենայն յաջողութիւն կը մաղթեմ իրենց եւ կը ցանկամ, որ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:
Եւ այս պարունակով կու գան թրքական վերջերս անպատեհ յայտարութիւնները, որոնք կը խօսին Թուրքիոյ պատրաստակամութեան մասին` քայլեր կատարելու Հայաստանի հետ բարի դրացիական խոչընդոտները վերացնելու եւ հայ ժողովուրդի հետ առկայ խնդիրները լուծելու համար:
Անկասկած լաւ կրնան համարուիլ այսպիսի յայտարարութիւններ, եւ հայերն ալ նոյնպէս կրնան ողջունել զանոնք, բայց ի՞նչ գինով: Հոս կը կայանայ խնդրին էութիւնը, աւելի արդար ու ճիշդ չէ՞ արդեօք նախ Թուրքիան ճանչնայ իր նախահայրերուն կատարած ոճիրը Ա. Համաշխահային Ա. պատերազմին եւ ներողութիւն խնդրէ` վերակագնելով հայ մարդուն արժանապատուութիւնը եւ վերադարձնելով մեր պատմական հողերն ու ազգային եւ հայրենական հարստութիւնը, սկսեալ Արարատ լեռէն:
Քուէյթ
Թարգմանուած` արաբերէնէ
Լոյս տեսած «Նահար» օրաթերթին մէջ
10 մայիս, 2021