Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Առաջին Հանրապետութեան Կերտիչներու Անյեղաշրջելի Տեսլականը Իրագործելու Ճանապարհով

Յունիս 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիրը կատարեալ քաոսի և անիշխանութեան մէջ էր… Մի խօսքով, պէտք էր ոչինչից պետութիւն ստեղծել»

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

1918 թուականի մայիսի աւարայրեան գուպարներու արգասիքն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն վերընձիւղման համար չխնայուեցաւ ինքնազոհաբերութիւնը, եւ որուն անզուգական օրինակն ու նախատիպարը հանդիսացան ժողովուրդի առաջնորդ Արամ Մանուկեանն ու անկախութեան կերտիչ իր սերնդակիցները: Ազգային ոգիի ու հայրենատէր հայ ազգի այդ սերուցքն էր, որ անկախութեան երկու տարուան ժամանակահատուածին հեռատեսութիւնը ունեցաւ ընդարձակելու եւ ամրագրելու նորաստեղծ հանրապետութեան բոլոր տարածքներն ու սահմանները` Սիւնիքէն մինչեւ Լոռի, Արցախէն մինչեւ Կարս, Նախիջեւան:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 103-ամեակը կը նշենք, երբ այս օրերուն ՀՀ իշխանութիւններու անկարողութեան, ապիկարութեան, ձեռնածալութեան եւ անձնատուողական վարքագծին պատճառով բռնագրաւուած է ազատագրուած Արցախի տարածքներու ստուար մէկ հատուածը եւ սպառնալիքի տակ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանադռները:

Սիրոյ եւ համերաշխութեան «յեղափոխութեամբ» պետութեան ղեկը ձեռք առած այս վարչախումբը երկու տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդին մէջ սերմանեց ատելավառութիւն, երկպառակութիւն, թշնամութիւն եւ ստոյգ կործանման եզրին հասցուց հայոց պետականութիւնը: Այս խմբաւորումը պետական իր ողջ գործունէութեան ընթացքին ցուցաբերեց քաղաքական ու դիւանագիտական անտակութիւն, որովհետեւ անակարող եղան գործադրելու իրենց իսկ խմբագրած Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգը, որովհետեւ ձախողեցան ձեւաւորել նոյնինքն այդ հայեցակարգի հիմնարար արժէքներու կիզակեդրոնը հանդիսացող Արցախի պաշտպանա-անվտանգային համակարգը:

Պատերազմէն ետք, անցնող ժամանակահատուածին, սեփական իշխանութիւնը վերարտադրելու նպատակով գահամոլութեան տենդով տարուած անոպայ ղեկավարն ու քաղաքականապէս թերաճ իր վարչախումբը պետութիւնը նուաստացուցին եւ ազգը հայրենազրկման ենթարկեցին: Առանց արեան հեղման 2018-ի իշխանափոխութենէն երկու տարի ետք` հեղուեցաւ հազարաւոր հայ զինուորներու արիւնը: Փաշինեան եւ իր խմբակիցները պէտք է ըմբռնեն ու հասկնան, որ թաւշեայ յեղափոխութիւնը ոչ միայն աւարտած է, այլե՛ւ մսխուած է` կորստաբեր քաոսի մէջ տեղադրելով ազգն ու պետութիւնը: Պէ՛տք է գիտակցին, որ կեղծիքներով խորտակած են հանրապետութեան հիմնասիւները ու թիզ առ թիզ կազմաքանդման հունի մէջ դրած են երկրի սահմանները:

Առաջին հանրապետութենէն 100 տարի ետք արցախեան պատերազմի աշխարհաքաղաքական ենթախորքը գրեթէ մնացած է նոյնը: Ինչպէս 1918 թուականին, այսօր նոյնպէս Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական հիմնական ուղղութիւնն է Զանգեզուրի եւ Արցախի տարածքներով միանալ Նախիջեւանին` ճանապարհ հարթելով դէպի Թուրքիա: Աbրպէյճանի նպատակն էր անէացնելով Մեղրիի տարածքը` վերջնականօրէն սահմանային կամուրջ ստեղծել Նախիջեւանի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզին մէջ  հայկական տարածքներ կորզելու ազրպէյճանական ամէնօրեայ ճիգերը կը հետապնդեն այս նպատակը. տկարացնել, արնաքամ ընել եւ հայաթափել Սիւնիքը:

Այսօր, արտաքին և ներքին սպառնալիքներէ մեր պետականութեան կայուն զարգացումը ապահովելու եւ ազգային շահերու պաշտպանուածութիւնը կենսագործելու համար, օրուան հրամայական է ամրագրելու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համակարգը` քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ տեղեկատուական բնագաւառներէն ներս:

ժամանակն է ձեւաւորելու Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու արդիականացման ուղին, ժամանակն է ազգովին ինքնակազմակերպուելու, համահայկական ներուժը վերադասաւորելու, հայ ժողովուրդի ռազմունակութիւնը վերընձիւղելու ու յաղթանակ կերտելու հոգեկերտուածքը վերահաստատելու, որպէսզի վերջնականապէս իրագործենք Ա. հանրապետութեան կերտիչներու անյեղաշրջելի տեսլականը` աշխարհագրականօրէն միաւորուած Հայաստանը:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Սլաքներ. «Եթէ Հասկնաս, Կու Լաս…»

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?