Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արկածախնդրութիւնը Արուեստի Զարգացման Գրաւականն Է

Յունիս 5, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Իմ աւանդապա՛շտ ընթերցող, Ռոպերթոն անմիջապէս անցաւ կարկահին դիմաց, իսկ Սիլիան ներսէն նուռի փոխարէն խնձոր մը բերաւ, պարեգօտը հանեց, մէջտեղը դրուած հռոմէական խոյակին վրայ ելաւ ու պտուղը երկարեց ամուսինին` ծիսական երկիւղածութեամբ: Ռոպերթոն, ուսումնասիրելէ ետք Սիլիայի կեցուածքը, չհաւնեցաւ: Հնաոճ ծածկոց մը գտաւ, գետին փռեց ու խնդրեց, որ Սիլիան անոր վրայ սկսի քալել ու, մերկ ըլլալով հանդերձ, ան պէտք է, որ պարզամիտ ու ամչկոտ գեղջկուհիի մը նման նուռը նուիրէ ամուսինին: Ապա պահ մը կեդրոնանալէ ետք սկսաւ ծեփակերտել: Կը կարծէի, որ Երեւանի ու Պէյրութի բնորդուհիներու նման, անշարժ պիտի մնայ Սիլիան: Մինչդեռ Ռոպերթոն, Ռոտենի նման, մերթ ընդ մերթ կը քալեցնէր զայն, կը խօսեցնէր… հարցեր կու տար սիրոյ, երեխաներու, ընտանիքի, յղութեան վերաբերող զգացողութիւններու եւ առհասարակ կեանքի տարբեր երեսներու մասին: Իմ ճանչցած կերպարուեստագէտներուն մէջ այս ոճով կ՛աշխատէին Փոլ Կիրակոսեանն ու Մ. Մազմանեանը: Ես ուղղակի կ՛ըմբոշխնէի Սիլիայի գեղեցկութիւնը, անոր իգական գրաւչութիւնն ու հմայքը: Ի՞նչ մեղքս պահեմ` հնարաւոր չէր զուտ մասնագիտական աչքով դիտել նման հրաշալի էգ մը:

Թէեւ արեւի մեղմ ճառագայթներու տակ հուրհրատող Սիլիայի մարմնէն կենսալից տռփանք կը հոսէր, այնուամենայնիւ, կը մնար իբրեւ պարկեշտութեան ու վեհանձնութեան մարմնացում, որով շռայլօրէն կը դրսեւորուէր յղի կնոջ իւրայատուկ գեղեցկութիւնը: Ահաւասիկ հո՛ս է, որ ի յայտ կու գար իր բնորդուհիի վարպետութիւնն ու տաղանդը:

Երբ տակաւին հայեացքս կը տարուբերէր անոր կուրծքերու ու զիստերու միջեւ, յանկարծ աչքիս զարկաւ անոր մորթի գունային իւրայատուկ յօրինուածքը: Ձեռքի շարժումներով արուեստագէտէն արտօնութիւն ստանալէ ետք, ակնոցս դրի, մօտեցայ Սիլիային ու վերէն վար լաւ մը զննեցի անոր մարմինը ու տեսայ, որ այսպիսի բաց վարդագոյն ու թափանցիկ նրբերանգ դժուար թէ գտնուի բնութեան մէջ: Հիւսիսային իտալուհիները սպիտակամորթ կ՛ըլլան, իսկ հարաւայինները` թուխ: Ինք մէջտեղէն էր` Փատովայէն: Սակայն իր մորթի գոյնը թուխի եւ սպիտակի խառնուրդը չէր, այլ` բոլորվին տարբեր, զոր նկարագրելը թէեւ այնքան ալ դիւրին չէ, սակայն փորձեմ:

Իմ նրբաճաշա՛կ ընթերցող, մեր մեծագոյն աշուղը` Սայաթ Նովան տեղ մը իր սիրուհիին` Աննային այտերու գոյնը կը համեմատէ «գուլգազի» բաց ու թափանցիկ վարդագոյնին հետ, որ չափազանց ուրոյն ու առինքնող նրբերանգ մըն է: Եթէ պատահաբար տեսած ըլլաք «գուլգազի» (մուսալեռցիք քանի մը տեսակ տոհմիկ ճաշեր կը պատրաստեն անկէ եւ «կուլուկուս» կ՛անուանեն զայն) շերտուածքը, այն ատեն միայն կրնաք ըմբռնել, թէ ի՛նչ կիսաթափանց նրբերանգի մը մասին է խօսքը: Սիլիան իրապէս բացառիկ գեղեցկութեամբ օժտուած էր: Երբ ակնարկեցի իր մարմնի գոյնի իւրայատուկ գրաւչութեան ու բացատրութիւններ տուի իր մորթի հազուագիւտ նրբերանգի մասին, ան ուղղակի հրճուեցաւ: Ապա մետաքսէ շալ մը ձգեց ուսին, նստաւ ու ըսաւ.

– Ճիշ՛դ է, որ ես իտալացի եմ, սակայն ճիշդ է նաեւ, որ կովկասեան արիւն կայ մէջս, մեծ մայրս վենետիկցի հայ վաճառականի մը եւ courtesan-ի մը աղջիկը եղած է: Հաւանաբար իրենցմէ ժառանգած եմ այս բոլորը: Դուն առաջինը չես, որ կը նշմարես մաշկիս գրաւչութիւնը. այդ էր պատճառը, որ բեմադրիչներէն շատեր կ՛առաջարկէին մերկ նկարահանել զիս: Սակայն խնդիրը այն է, թէ որքան ալ կատարեգործուած ըլլան հիմակուան լուսանկարչական գործիքները, մարմնիս հմայքը նոյն նրբութեամբ չեն կրնար արտայայտել:

Ռոպերթոն, որ կը հետեւէր մեր խօսակցութեան, միջամտեց.

– Եթէ ես գեղանակարիչ ըլլայի, գուցէ ջրաներկով կը փորձէի ստանալ այդ կիսաթափանց նրբերանգը: Քարի որոշ տեսակներու, ինչպէս` alabaster-ի պարագային, թափանցիկութիւնը հնարաւոր է, սակայն երանգը` ոչ:

Թէ ինչպէս ժամանակը կը սահէր, չզգացինք: Յանկարծ Ռոպերթոն անսպասելիօրէն դադար յայտարարեց: Յոգնած էր: Իր աշխատանքը թաց լաթով մը փաթթեց, դուրս ելանք, պարտէզին մէջէն անցանք ու մտանք ներս, ուր վայելուչ հագուած կին մը սեղանը կը պատրաստէր:

– Ամուսինիս մայրն է, տիկին Ռաֆայէլլան,- ըսաւ Սիլիան ու շարունակեց,- ինքն էր, որ մեզ մղեց ամուսնութեան, որուն համար երկուքս ալ գոհ ենք: Մանաւա՛նդ ինծի համար փրկութիւն եղաւ մայրանալը: Դուն եղբօրս պէս ես, այդ է պատճառը, որ կրնամ մտերմաբար խօսիլ հետդ:

– Այո՛, ես նոր քոյր մը գտած եմ, որուն համար թէ՛ ուրախ եմ, եւ թէ՛ շնորհակալ… Աստուծմէ:

Ըսի, սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, «քոյր» ըսի, սակայն չհաւատացի ես ինծի: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլար, որ այս տեսակ գեղուհիի մը մերկութիւնը դիտելէ ետք շարունակել ընդունիլ զինք իբրեւ քոյր: Այնուամենայնիւ անոր կիրթ վերաբերմունքն ու իմ բարոյական սկզբունքներս կը թելադրէին իրեն նկատմամբ ըլլալ զուսպ ու պարկեշտ:

Ճաշը աղօթքով սկսանք ու վերջացուցինք յղի կնոջ գեղեցկութեան կենացը խմելով: Թարգմանչական դժուարութեան պատճառով, թէեւ մեր զրոյցը դանդաղ կ՛ընթանար, սակայն հարուստ էր ու բովանդակալից: Ռոպերթոն խիստ հետաքրքրուած էր «sfumato»-ով, որ պատճառ եղած էր մեր հանդիպման ու բարեկամութեան: Թէեւ հարցը խիստ մասնագիտական բնոյթ ունէր, սակայն չէի կրնար չպատասխանել: Հետեւաբար հետեւեալ բացատրութիւնը տուի.

– Որքան գիտեմ, Լէոնարտոն ներկերու բարակ շերտերու միջոցով է, որ կը ստանար այդ կախարդական «շուքը»: Ես արագօրէն աջ ձեռքի մատներով շփեցի հրեշտակի դէմքը: Այդ պահուն, թէեւ կեդրոնացումս թոյլ էր ու ժամանակը կարճ, սակայն զգացողութիւնս գերլարուած ու ահազանգային վիճակի մէջ էր: Զգացի, որ յօրինուածքը այնքան մեղմ էր ու ողորկ, կարծէք թէ վրձին չէր դպած անոր: Դարերէն եկող հմայիչ դող մը անցաւ մատներէս ներս ու տարածուեցաւ ողջ էութեանս վրայ: Հասկցայ, որ իսկական արուեստը իր մէջ կը պարունակէ այնպիսի ոգեղէն ուժ, զոր կարելի չէ բացատրել… Հարկաւոր է զգալ ու ապրիլ…

– Արկածախնդրութիւնդ ոչ միայն տեղին է, այլեւ` գնահատելի: Արուեստը առանց արկածախնդրութեան ոչ միայն զարգացում չ՛ապրիր ու չի յառաջդիմեր, այլեւ անոր գոյութիւնն իսկ կը վտանգուի: Ես պիտի փորձեմ օրինաւոր ճանապարհով ուսումնասիրել Տոնաթելլոյի, Մայքըլ Անճելոյի, Պերնինիի կամ Անթոնիօ Գանովայի նման մեծերու քանդակներուն յօրինուածքը, իսկ եթէ չարտօնեն, պիտի դիմեմ նոյն միջոցին, բանտ երթալու գնով: Թէեւ Սիլիան այս հարցին մէջ դէմ է ու չի քաջալերեր զիս, սակայն կ՛ենթադրեմ, որ ներքնապէս համաձայն ըլլալու է, որովհետեւ միշտ կ՛ըսէ, որ` «Նախ խենթութիւնդ սիրած եմ եւ յետոյ սիրահարած…»:

Սիլիան անմիջապէս հակադարձեց.

– Ատիկա ճիշդ է, սակայն եթէ ես ալ իրեն պէս խենթ մը չըլլայի, ո՛չ իր խենթութիւնը պիտի սիրէի եւ ո՛չ ալ պիտի սիրահարէի… իր խելառութեան: Արուեստը թէեւ արկածախնդիր խենթերու պէտք ունի, բայց չափի զգացողութիւնն ալ կարեւոր է ու գուցէ նաեւ` անհրաժեշտ:

Վէճը չխորացնելու համար հարկաւոր էր թեման փոխել.

– Երկուքիդ ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ հաւասարապէս, որովհետեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաջողութիւնը միւսին հպարտութիւնն է, կ՛ենթադրեմ: Ժողովրդական իմաստութիւնը կը յուշէ, որ` «Նմանօրինակ վէճերը ոչ միայն համ ու բոյր, այլ նաեւ աշխուժութիւն կը պարգեւեն ու կ՛իմաստաւորէն զոյգերու առօրեան»: Ես ալ, իմ հերթիս, վիճելի հարց մը ունիմ: Հոս ունիս տղամարդու կերպար մը, որուն առնանդամը այնքան փոքր է, որ երեխայի «բուբուլի» կը նմանի: Նոյնն է պարագան վերածնունդի ռահվիրաներուն: Ինչպէս Մայքլ Անճելոյի «Ադամի» ու «Դաւիթի» վեցէկները, որոնք այնքան ճղճիմ են, որ ճկոյթ մատիս չափ ալ չկան: Գրեթէ նոյն մօտեցումը կայ հին յունական եւ հռոմէական կերպարուեստին մէջ: Արդեօք յոյներունն ու իտալացիներունը այդպէս պզտի՞կ կ՛ըլլայ, թէ՞ յատուկ պատճառ մը գոյութիւն ունի…

Ամուսինները իրարու նայեցան, ժպտացին ու Ռոպերթոն բացատրեց.

– Թէեւ ճիշդ նկատած ես, սակայն ենթադրութիւնդ սխալ է: Աւանդութիւնը հին Յունաստանէն կու գայ, անոնք առնանդամը փոքր կը քանդակէին նախ ցոյց տալու համար կերպարներու սեռային ժուժկալութիւնն ու պարկեշտութիւնը, ապա այդ մէկը կրթուածութեան ու զարգացածութեան նշան կը համարուէր… Այլ ժողովուրդներ գռեհկացնելով` մեծ ու տնկուած կը պատկերէին զանոնք:

– Բայց հելլէներն ու հռոմէացիները տնկուած ու մեծ առնանդամներ շատ քանդակած ու պատկերած են:

– Այո՛, բայց ատիկա աստուածներու ու կիսաստուածներու պարագային է… Ինչպէս` օրինակ, satire-ները:

Սիրելի՛ ընթերցող, այս «երեւոյթը» յաճախ կը զբաղեցնէր միտքս, որովհետեւ ուսանողներէս ոմանք երբեմն նոյն հարցը կու տային: Իսկ ես յստակ պատասխան չունէի…

– Ձեր տուած բացատրութիւնը տրամաբանական է ու համոզիչ: Շնորհակալ եմ: Այս անգամ Սիլիային ուղղուած հարց մը ունիմ:

– Խնդրեմ:

– Այսքան գեղեցիկ ու բարեձեւ ըլլալով` ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ձախողած էք նորաձեւութեան ասպարէզին մէջ:

– Նախ` ոչ թէ ձախողած եմ, այլ` կամովին հրաժարած:

– Որքան գիտեմ, կիներուն համար չափազանց փնտռուած ասպարէզ մըն է fashion-ը: Ինչո՞ւ հրաժարիլ…

– Երեւութապէս այդպէս է. Այո՛: Նախ` մրցակցութեան դիմանալու համար չի բաւեր ըլլալ գեղեցիկ, բարեձեւ եւ համաչափ մարմին ունենալ: Եւ ապա` անոնց փնտռածը սիրուն պուպրիկներ են, ոչ թէ տաղանդաւոր ու անհատականութեան տէր գեղեցկուհիներ:

– Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, չեմ հասկնար:

– Առաջին հերթին արժանապատուութիւնդ կը տրորեն ու խամաճիկի կը վերածեն քեզ: Դուն պարզ դերակատար մըն ես եւ ոչ թէ` ստեղծագործող դերասան: Նկատի՛ առ, որ միլիոնաւոր գեղեցկուհիներ կը մտնեն այս ասպարէզին մէջ, եւ շատ քիչեր միայն կրնան յաջողիլ ու հնարաւորութիւն կ՛ունենան վայելելու իրենց ձեռք բերած համբաւն ու հարստութիւնը: Ու այն ալ` դաժան փորձութիւններէ ու սարսափելի տառապանքներէ ետք միայն:

– Զարմանալի բաներ կ՛ըսէք, տիկի՛ն Սիլիա: Առաջին անգամն է, որ նման ժխտական կարծիք կը լսեմ fashion-ի մասին…

– Այո՛, դուրսէն այդպէս կ՛երեւի:

– Իսկ ներսէ՞ն…

– Է՜, ինչ ըսեմ, դուն քու անձիդ տէրը չես: Ամէն ինչդ հսկուած է: Ուտել-խմելէն մինչեւ սիրոյ ու սեռի փոխյարաբերութիւնները: Ընտանեկան կեանք ըսուածը անհեթեթ` «absurd» հասկացողութիւն է իրենց համար: Իսկ ամէնէն սարսափելին այն է, որ դուն պարտաւոր ես կատարելու վերադասներու սեռային ցանկութիւնները, որոնց բնոյթը, տեսակն ու նո՛յնիսկ քանակը իրենք կ՛որոշեն:

– Այս բոլորը ահաւոր են ու անհաւատալի, գուցէ դառնացա՞ծ էք, ատոր համար կը չափազանցէք: Հաւանաբար մասնակի երեւոյթներ են…

– Բնա՛ւ երբեք, մէկ խօսքով, դուն` դո՛ւն չես: Տիկնիկ մը ես, զոր կարելի է նո՛յնիսկ «նուիրել»… ուրիշներուն:

– Ամէ՞ն տեղ այդպէս է:

– Այլ ընկերութիւններու մասին չեմ կրնար վկայութիւն տալ, սակայն կ՛եթադրեմ, որ միւսներուն քով եւս նմանօրինակ «բարքեր» ըլլալու են: Ես չեմ կրնար խրտուիլակի պէս ապրիլ: Անփոխարինելի է ընտանեկան ջերմութիւնն ու անոր պարգեւած երջանկութիւնը… Ի վերջոյ հոս է, որ սէրը մաքուր է, ու կեանքդ լիարժէք կերպով կ՛իմաստաւորուի…

– Իսկ ձեր ներկայ գործէն գո՞հ էք: Որքան գիտեմ, հոս եւս պէտք է ընդունիք բոլորովին մերկ այնպիսի կեցուածքներ, որոնք կը թելադրեն դասատուները կամ գուցէ երբեմն նաեւ` ուսանողները:

– Հոս երկու գլխաւոր պատասխանատուութիւն կայ: Առաջինը` առողջութեանս ու մարմնիս բարեձեւութեանը հոգ տանիլն է, իսկ երկրորդ` կեցուածք ընդունելու ատեն պէտք է որ համապատասխան արտայայտչականութիւն ունենամ: Հոս քեզի չեն նայիր իբրեւ արուներուն կիրքերը բաւարարող էգի, այլ` իբրեւ գեղեցկութեան մը, որ արժանի է անմահանալու ու նպաստելու արուեստի զարգացման: Ես հպարտ եմ, որ տաղանդաւոր արուեստագէտի մը թէ՛ ներշնչման աղբիւրն եմ, եւ թէ՛ գեղեցկութեան իտէալը:

– Ի հարկէ, այնպէս` ինչպէս Ռենպրանթի Սասկեան, Կոյայի Մախան կամ Տալիի Կալան էին: Անոնք` իբրեւ այդպիսին, անցած են պատմութեան: Վաղը պիտի ըսեն Ռոպերթոյի Սիլիան… Այս օրերուն շատ քիչ են ձեր նման զոյգերը: Հիացած եմ ձեր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտով ու շնորհակալ` այս ասպնջական ընդունելութեան համար:

Սիրելի՛ ընթերցող, յանկարծ յիշեցի, որ քանի մը հին իլիկներ մնացած էին գրպանս: Հանեցի ու դնելէ ետք սեղանին, ըսի.

– Փիւնիկեան իլիկներ են ասոնք, նուազագոյնը երկու հազար տարուան հնութիւն ունին, որովհետեւ իրենց ձեւոյթով կնոջական կուրծքի կը նմանին, կիներէն շատեր ոսկիէ շրջանակի մէջ կ՛անցնեն ու վիզերնէն կը կախեն: Յարգելի՛ տիկին, կը խնդրեմ հատ մը ընտրէք: Կ՛ուզեմ յիշատակ մը ձգել ձեզի` ձեր երկրորդ յղութեան առիթով: Եւ Աստուած տայ, որ աղջիկ ծնի, անոր վիզէն կը կախէք …

Չէին սպասեր նման անակնկալի մը: Ռոպերթոն խոստացաւ, որ շրջանակը ինք կը ձեւաւորէ, ու Սիլիան յիշատակ մը կ՛ունենայ միաժամանակ թէ՛ ինձմէ, եւ թէ՛ իրմէ… Ապա դուրս ելանք փողոց, ուր բաւական քալելէ ու ժամանակ անցընելէ ետք, երեկոյեան երկուքը միասին պանդոկ հասցուցին զիս ու բաժնուեցանք… յուզումով:

* * *

Անցան տարիներ: Օր մըն ալ Երեւանի իմ լաւ ընկերներէս մէկը` Հրանդը, հրաւիրեց զիս «Վահագնի» թաղամասին մէջ գտնուող իր առանձնատունը, ուր ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ ժամանած ու Արցախէն նոր վերադարձած խումբ մը քանդակագործներու, որոնք գործերնին աւարտած` պիտի վերադառնային իրենց երկիրները: Ռոպերթոն հոն էր: Զիրար վերագտած հարազատներու նման ողջագուրուեցանք ու նստանք խնճոյքի: Ամէնէն առաջ բջիջայինի մէջէն ցոյց տուաւ իրենց երկրորդ երեխային` դստեր լուսանկարը, որուն վիզէն կախուած էր «իլիկը» եւ ապա աւելցուց.

– Գիտե՞ս, մեր աղջկան անունը Melo դրինք, այսինքն` Melograno, որ նուռ կը նշանակէ: Միշտ կը յիշենք ձեր «խենթութիւն»-ը ու կը վիճինք… ու կը զարմանանք ձեր համարձակութեան վրայ:

Շրջանցելու համար յուզումս հարց տուի իր տպաւորութիւններուն մասին, ան աչքերուս նայեցաւ, խոր շունչ մը քաշեց ու ըսաւ.

– Դուք` հայերդ, հարուստ ու ինքնատիպ մշակոյթի տէր ազգ էք: Ստեղծել գիտէք, սակայն զարմանալիօրէն ձեր արուեստը պահել եւ տարածել չէք գիտեր: Մտածեցէք, թէ ինչո՛ւ աշխարհը ծանօթ չէ ձեր մշակոյթին…:

Իմ մշակութասէ՛ր ընթերցող, Ռոպերթոն մատը ճիշդ բաց վէրքիս վրայ դրաւ ու… սեղմե՛ց, այդ պատճառով ալ մեկնաբանութիւնը կը վերապահեմ ձեր առողջ դատողութեան ու իրատեսութեան…

Մոնրէալ, մարտ 2021
(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Լուրեր Աշխարհէն. Հնդկաստանի Մէջ. Անիւներով Խաղեր` Խաղավայրերու Մէջ

Յաջորդը

Վա՛րձքդ Կատար, Մա՛մ (Դամբանական)

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?