Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մութի Մէջ
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Մութի մէջ մենք ծնանք, մութի մէջ կը մեռնինք, Բայց ինչո՞ւ մենք կ՛ապրինք մութի մէջ, զնտանին: Մոմի տակ դաս սորվիլ, պատերը խարխափել, Կոյրի պէս չտեսնելու վիճակն է մեր անել: Յանցանքը որո՞ւ է` մազութի՞ն, պենզինի՞ն, Պետական գողերո՞ւն, իշթիրաք տուողի՞ն: Մազութը շատ սուղ է, սեւ շուկայ կը ծախուի, Շահաւէտ չէ բնաւ իշթիրաք բաժնողին: Ճիշդ է, որ տարիներ տոլարներ դիզեցիք Ու հիմա...




















