Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Միայն Անցեալը Չէ, Որ Պիտի Հունաւորէ Ապագան

Սեպտեմբեր 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր 30-ամեայ պատմութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, մեր նորահաստատ հայրենիքը կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը անցեալ տարուան 27 սեպտեմբերին Արցախի վրայ շրթայազերծուած եւ 44 օր ետք պարտուողական հրադադարի մը կնքումին յանգած դառն իրականութեան տակ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումի առաջին տարիները պարուրուեցան արցախեան հերոսամարտի յաղթութեան շղարշով, որ այնուհետեւ յատկանշեցին հայոց պետականութեան ու ազգին երթը, յաղթանակի ու անպարտ զգալու գինովութեան մը մոլար եղանակին մէջ:

Այսպէ՛ս կառուցուեցաւ պետութիւն մը ամբողջ, իսկ վերանկախացման յաղթապանծ նշումները տարիէ տարի աւելի կը տկարացնէին մեր ժողովուրդի զգօնութեան եւ հայրենակերտութեան ժուժկալ նկարագիրը, երբ կը սպասուէր, որ յաղթանակներն ու հողային նուաճումներու ձեռքբերումները սոսկ հայրենասիրական զգացումներ առթելէն անդին, պիտի ամրապնդէին հայոց պետականութեան հիմքերու հաստատման գործընթացը` հողային ամբողջականութեան, հզօր բանակի, պետական լիիրաւ համակարգի, ազգային համախմբումի ու ընկերային բարօր պայմաններու ստեղծումով:

Եւ մինչ ազգովին կ՛ապրէինք մեր իսկ ձեռքով ստեղծած ցնորական աշխարհի մը խաբկանքին մէջ, անդին` մեր երկրի պետական համակարգը նախընտրեց մնալ իր նախկին, խորհրդային տարիներէն ժառանգուած փտածութեան մթնոլորտի ազդեցութեան տակ, ուր ամէն ինչ «տալու եւ ստանալու» անգիր օրէնքին մէջ միաձուլուեցաւ: Միաժամանակ ժողովրդային խաւերը կանուխէն նշմարեցին, որ յետխորհրդային իշխանաւորները չէին ուզեր ընբռնել նոր զարգացող աշխարհակարգի մը յատկանիշները, որոնք կը պահանջէին նախ եւ առաջ հաստատել արդար եւ բոլորին համար հաւասար ընկերային կարգեր, ուր արդարութիւնն ու զարգանալու իրաւունքը պիտի դառնային մեր նորանկախ երկրի անկախութեան ամրապնդման երաշխիքները:

Արդիւնքը եղաւ համատարած արտագաղթը, որուն պատճառով մեր հայրենիքի երիտասարդ եւ կենսունակ ուժերը իրենց ձեռքի ու միտքի ուժը կը շարունակեն մինչեւ այսօր զարգացնել այլ երկիրներու մէջ` հայոց աշխարհը զրկած ըլլալով իր ապագան կերտելու հորիզոններէն:

Ա՛լ չխօսիլ Արցախի հողին վրայ զարգացման եւ վերաբնակեցման թիրախներու ձախողութեան մասին, որոնք առաւելաբար սփիւռքին կողմէ առաջնորդուած յատուկ ծրագիրներով որոշ արդիւնք մը կարողացան ձեռք բերել միայն: Մեր արծուաբոյնի բնակչութեան աճը մնաց երազային, իսկ թիւերը տարիէ տարի նուազում արձանագրեցին:

2018-ի ժողովրդային շարժումը կանուխէն յուսախաբութիւն պատճառեց, պարզապէս որովհետեւ այսօրուան իշխանաւորները, որոնք լայն խաւերու արդար ցասումի զգացումներուն լոզունգային դրօշակիրներու դերը ուզեցին վերցնել, կանուխէն փաստեցին, որ անցնող երեսուն տարիներու համակարգէն սնանած քաղաքական պատեհապաշտներ էին, որոնք «յեղափոխական» պատմուճանը հագած` մինչեւ այսօր կը շարունակեն մսխել հայ ժողովուրդի ազատ եւ արդար երկրի մը մէջ ապրելու երազանքը:

Որքան ալ հայ միտքը փորձէ անցեալ տարուան պարտութեան արդիւնքը վերագրել անցնող երեսուն տարիներու աշխարհաքաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ ընկերային սխալ ընտրանքներուն, մարդկային պատմութիւնը անողոք կը դառնայ պարտութեան մատնուած օրուան քաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ, այնպէս` ինչպէս յաղթանակի ձեռքբերումի մը պարագային, անխուսափելիօրէն օրուան իշխանաւորները պիտի փորձէին դափնիները իրենց գլխուն վրայ տեսնել:

Երեսուն տարի յետոյ Արցախի ազատագրուած հողերու աւելի քան 75% զիջած ըլլալով, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները թափանցած եւ անցակէտեր հաստատած վտանգաւոր իրադրութեան տակ, պարտադրուած թուրքեւհայ նոր խաղաղութեան պայմանագիրի մը ստորագրութեան ճնշումին ներքեւ, թուրքեւազրպէյճանական շարունակական սպառնալիքներով, բայց մանաւանդ հարիւրաւոր հայ գերիներու խնդիրով Հայաստան կը պատրաստուի թեւակոխել իր անկախութեան նոր տասնամեակը ծանրօրէն վիրաւոր վիճակին մէջ:

Անկախութեան թուականի նշումէն հազիւ քանի մը օր ետք, հայ ժողովուրդը պիտի ստիպուի դէմ յանդիման գտնուելու արցախեան պատերազմի թուականի տարելիցին հետ` յարգանքի տուրք մատուցելով Եռաբլուրի վրայ թաղուած զոհերու յիշատակին, անդին` հազարաւոր որդեկորոյս մայրերու ողբը պիտի պատէ հայրենի երկինքը, իսկ սփիւռքի հայութիւնը անգամ մը եւս լուռ արտասուքով պիտի հետեւի սրտաճմլիկ պահերուն:

Հայ ժողովուրդը դիւրաւ կ՛ազդուի պատմական եղելութիւններու հոլովոյթներէն: Յաղթանակի եւ պարտութեան միջեւ իրերայաջորդ փոփոխութիւնները վերջին 100 տարիներու ընթացքին յատկանշեցին մեր ժողովուրդի բարոյահոգեբանական ըմբռնումները, ազգային ողբերգութիւններէն դէպի հերոսական հրճուանքները ճախրելու վերիվայրումներով, միշտ զգացական, այլեւ` հայրենասիրութեան ու անցեալի պատմական ակունքներուն մէջ միայն մեր ապագան փնտռելու ազդեցութեան տակ:

Հարիւր տարի առաջ բովանդակ ժողովուրդի մը ողբերգութենէն դէպի պանծալի յաղթանակ տարած ուղին, անկէ ետք նաեւ մեր արեամբ ձեռք բերուած պետականութեան կորուստին ու հայութեան բեկորներու ցիր ու ցան ըլլալու ահաւոր իրականութիւնը պատմական դաս չդարձան մեր նորանկախ պետականութեան համար: Շարունակեցինք մսխել մեր պատմութեան գանձարանը` մոռնալով, որ պետութիւնները իրենց ուղին կը հունաւորեն` հիմնուած ըլլալով իրատեսութեան վրայ, արդար կարգերու հաստատումով, աշխահաքաղաքական զարգացումներուն մէջ իրապաշտ մօտեցումով, տարածաշրջանային փոխոխութիւնները իրատեսօրէն կանխագուշակելով, երկրի արհեստագիտական եւ ռազմական հզօրացումով, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումով:

Անկախութեան օրը «գունագեղ» տօնակատարութիւններով նշելէն ետք եւ իշխանաւորներուն կողմէ անկախութեան վսեմ գաղափարին միայն լոզունգային գունաւորում տուած տօնախմբութենէն անդին, հայ քաղաքական միտքի պարտականութիւնն է,  արտաքին դաշինքներ ստորագրելու փութկոտութենէն հրաժարելով, նախ եւ առաջ ձեւաւորել նոր տեսակի «դաշինք» մը մեր ժողովուրդին հետ, համաձայնագիր մը, որ խարսխուած պիտի ըլլայ իրատեսական սկզբունքներուն վրայ, ճշմարտութիւնը խօսելու եւ հայութեան աչքերուն մէջ ուղիղ նայելու անկեղծութեամբ, ապագան յստակ տեսնելու եւ ձեւաւորելու քաղաքական պարկեշտութեամբ:

Եթէ հայութիւնը դէպի ապագայ առաջնորդելու իրաւ ուժերու համախմբումը ձախողի, պատմութեան դառնաղէտ կրկնումի մը հաւանականութիւնը հիմնովին պիտի կազմաքանդէ անկախութեան ձեռքբերումին եւ հայոց պետականութեան հիմնաշէնքը:

Ազգային համախմբումը «մուրճի զարկեր»-ով չի յաջողիր: Ներկայ ապառողջ պայմաներուն մէջ մուրճի հարուածները հայ ժողովուրդի պողպատեայ կամքը դարբնելու միջոցներ չեն, այլ` անոր վիրաւոր մարմինին վրայ նոր եւ անբուժելի վէրքեր բանալու չարագործութիւն:

Հայրենի քաղաքական միտքը պարտք ունի պատմական իրապաշտութեամբ արժեւորելու ու հարստացնելու հայ ժողովուրդի 30-ամեայ անկախութեան գանձարանը:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Վտանգուած Անկախութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Շնորհաւորէ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Եւ Ծառայութեան Յաջող Երթ Կը Մաղթէ Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Մինասեանին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?