Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Վտանգուած Անկախութիւնը

Սեպտեմբեր 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

30 տարի առաջ հայոց անկախ պետականութեան վերընձիւղման ու վերականգնման գործընթացը համատեղ զսպանակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ինքնորոշման հիմնախնդրին հետ:

Միաժամանակ, շնորհիւ անձնուրաց եւ ուխտապահ ազատամարտիկներու, պատմութեան էջերուն վրայ դարբնուեցաւ Արցախի անկախութիւնը:

Այսօր, արցախեան պատերազմէն ետք, կացութիւնն ու պատկերը լրիւ փոխուած են: Խոցուած են հայոց արեւելից սահմանները, կիսախորտակուած վիճակի մէջ է Արցախի միջնաբերդը:

Անկախութիւնը կ՛իմաստազրկուի, երբ օրն ի բուն սպառնալիքի տակ են պետական սահմաններդ, երբ տարածքներու ամբողջականութիւնդ թշնամիի ամէնօրեայ քմահաճոյքին ենթակայ է:

2020 թուականի արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող արարին ի յայտ եկած քաղաքական զարգացումներէն ետք առկայ են բոլոր փաստերը, որ թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը կը նպատակադրէ ի սպառ անէացնել հայրենի մեր զոյգ պետութիւնները: Կը շարունակուի հայատեացութեան քարոզարշաւը ու կասկածէ դուրս է, որ մօտ ապագային կանգ առնէ թուրք-ազրպէյճանական հակահայ գործընթացքը, որ կը միտի կազմաքանդել մեր պետականութիւնը:

Հակամարտութիւնը չէ աւարտած: Զիջումի ու մերձեցման քաղաքականութիւն մշակող ներկայ իշխանութիւնները պէտք է գիտակցին, որ կորստեան մատնուած ճակատամարտէն ետք, վերակազմակերպուելու եւ ապագայ առճակատման պատրաստուելու ժամանակն է:

Ի՞նչ կը զիջինք: Ի՞նչ պատճառով սահմանները կը վերագծուին: Ինչո՞ւ պատմութիւնը կ՛աղաւաղուի: Ինչո՞ւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման դիմաց` «զիջում»-ի գաղափարը կը սերմանուի: Այս հարցումներուն պատասխանը չունին ազգը անձնատուութեան առաջնորդած այսօրուան իշխանութիւնները:

Քանակական վերլուծութիւնը ի՞նչ է կորուստին: Հաշուառա՞ծ են իմքայլականները: Եւ երբ կը խօսինք այդ մասին, նաեւ` բարոյականութեան մասին, որ այսօր եղծուած է իր պարունակէն:

Հայկական հարցի լուծման մէկ բաղադրիչը կազմող Արցախի անկախութեան ճանաչման գործընթացը ծանր հարուած ստացաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու անձնատուողական քաղաքական վարքագծի հետեւանք` 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի կորստաբեր համաձայնագրով:

Հողի եւ աշխարհագրական տարածքի կորուստ ունինք, եւ այս ծանր կորուստին ի տես, առաջին հերթին, այսօրուան ընդդիմութեան դրօշակիրը հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ է եւ Հայ դատի աշխարհասփիւռ իր յանձնախումբերով կը շարունակէ ոգորումները` ի խնդիր Արցախի ազգային իքնորոշման:

Այսօր, վերանկախացման այս յոբելեանին, կ՛արժէ յիշել առաջին հանրապետութեան կերտիչ, Բաշ Ապարանի յաղթական ճակատամարտի հրամանատար Դրոյի պատգամը. «Քանի մեր հողերը բռնագրաւուած են, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի իր պայքարը, եւ Դաշնակցութեան զաւակները` իբրեւ հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակներ, պիտի շարունակեն այդ պայքարը, արիւնով կ՛ըլնի, գրիչով կ՛ըլնի, պայքարով կ՛ըլնի, մինչեւ Հայը հաւաքուի իր բոյնին մէջ, Հայը Հային կառավարի, ո՛չ անգլիացին, ո՛չ ամերիկացին, ո՛չ ռուսը, ո՛չ Թուրքը, հայը լինի իր երկրին մէջ տէրը, հայը լինի իր ազատութեան տէրը»:

Անկախութիւնը վերաիմաստաւորելու համար համախմբուելու եւ` մեր ուրոյն ուժականութեան ապաւինելու ժամանակն է եւ մէկընդմիշտ համոզուելու որ Հայաստանի պետականապահպանութեան հիմնադրոյթները կ՛ամրագրուին միայն ու միայն անկոտրում պայքարի ու կամքի վճռակամութեան ոգիով:

Եթէ կ՛ուզենք 30 տարի առաջ կերտուած յաղթանակը դարձնել յարատեւ, միասնաբար դաս քաղենք դառն փորձութենէն եւ դիմենք կազմակերպուած պայքարի:

 

Նախորդը

Շարունակել Անդեդե՛ւ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Միայն Անցեալը Չէ, Որ Պիտի Հունաւորէ Ապագան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?