Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Զինուորը Հայաստանի Հողին Վրայ Կը Զբօսնու… Իսկ Մենք Անկախութիւն Կ՛երազենք (21 Սեպտեմբեր 1991)

Սեպտեմբեր 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հրապարակագիրի կեանքին մէջ հազուադէպ են այն պահերը, որ գրիչը կամ ստեղնաշարը սա պէս «սառած» մնայ, չենթարկուի, անյարմար մթնոլորտ ստեղծելով տուեալ ժամուն, երբ գրողը կը պատրաստուի իր մտածումները սպիտակ թուղթին թէ գունաւոր պաստառին յանձնել:

Աւելի՛ն. քիչ կը պատահի, որ գրողը վերադառնայ իր մօտիկ անցեալի արխիւին կամ յօդուածներու թղթածրարին, երբ նիւթ մը կ՛երեւեփի, կը ճարճատի իր մտքին մէջ: Ան այս ձեւով կը փորձէ վերյիշել տուեալ նիւթին մասին իր արտայայտած կարգ մը մտածումները, որոնց կրկին անդրադառնալը հրամայական պահանջէ մը աւելին կը թուի ըլլալ:

Սակայն, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի անկախութեան թեմային, հարկ է նշել, որ այնքան շատ ու բազմաբնոյթ գրութիւններ պահուած են, թուղթին յանձնուած, որ գրողը ա՛լ կը տատամսի գրիչը շարժելու, եթէ երբեք իր մտքի պաստառին վրայ չեն տողանցեր նորովի ըմբռնումներ, քննական հայեացքներ եւ նպատակասլաց խօսքեր:

Թէեւ այս բոլորի մղիչ ուժը Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը տօնելու ներքին հրճուանքն ու հպարտութեան զգացողութիւնը կ՛ըլլար, այդուհանդերձ, գրողը միշտ կը զգուշանար ոլորապտոյտ արտայայտութիւններէ եւ սպառած միտքեր յայտնելէ:

Ու ահա՛, վերջին մէկ տարուան (2020թ.) ընթացքին հայութեան, Հայաստանի ու Արցախի կեանքին մէջ կը ստեղծուէր այնպիսի ահաւոր կացութիւն մը, որուն դէմ յանդիման, մշտահոս թանաքն անգամ «պիտի ցամքէր» ու մարդու միտքը` այլայլէր:

Արդ,

Չէի պատկերացներ, բնաւ, որ օր մը, իբրեւ դարաւոր ազգ ու պետութիւն, մեր կարգին պիտի ունենայինք անհեթեթի թատրոն մը, որուն մաս կազմելու առընթեր, նաեւ անոր դերակատարները պիտի ըլլայինք, անշուշտ, ցոյց տալով մեր երբեմնի շէն տրամադրութիւնն ու ողբերգական ճակատագիրը:

Խօսքը կը վերաբերի հաւաքական կեանքի տրամադրութեան եւ ճակատագիրին:

Աւելի՛ն. մտքովս իսկ չէր անցներ, որ նման թատրերգութիւն վաղուց կը կրէր իր անունը, տեսակը, ձեւն ու թիրախը: Փաստօրէն, չէ պատահած, որ թատրոնի անունը այնքան սերտօրէն առնչութիւն ունենայ հազարամեայ ազգի մը կեանքին, նկարագիրին ու պահուածքին, եւ ըստ էութեան բնորոշէ, հաստատագրէ, նաեւ անոր ապագան:

Թատրերգութեան անո՞ւնը` «Իր տիրոջմէն փախչող անկախութիւնը»: Անիկա չունի ժանր կամ ժամանակի հասկացութիւն, սահմանափակում, այլ կը թեւածէ դարէ-դար ու կը պահէ իր թարմութիւնն ու հնչեղութիւնը, դժբախտաբար:

Ըլլալով անհեթեթի թատրոն, եւ ի զարմանս մեզի ու մարդկութեան, անիկա պահած է իր իմաստաբանական եւ կառուցուածքային բովանդակութիւնը, կշիռը, թելադրանքն ու պատգամը, նոյնիսկ 21-րդ դարուս, երբ գիտութեան նուաճումները ակնթարթային են այլեւս, իսկ մարդկային հրէշաբանութիւնը (յափշտակելու եւ բնաջինջ ընելու բնազդը) գրեթէ անսանձելի է եւ տիրական:

Ինչեւէ:

Մեր սերունդը բարեբախտութիւնը ունի (եղեր), որ իր սեփական աչքերով ու մտքի պայծառութեամբ տեսած է Հայաստանի վերանկախացումը, պետականութեան հաստատումն ու հայոց բանակի կազմաւորումը: Յայտնենք, որ «եղեր» եզրը իր մէջ ո՛չ հեգնանք եւ ոչ ալ վատաբանութիւն կ՛ընդգրկէ, այլ` սերունդի մը հաւաքական ցաւին ընդհանուր պատկերացումն է: Փաստօրէն, այս սերունդը տեսնելէ ու ապրելէ ետք Արցախի ազատագրական պայքարի դիւցազնավէպը, նաեւ իր աչքերով վկայակոչեց Շուշիի յանձնումը եւ հայոց պարտութիւնը:

Պատումի սկիզբ.

Այո՛, 30 տարի առաջ աշխարհաքաղաքական նորովի դասաւորում մը (Խորհրդային միութեան փլուզում) ինքզինք կը պարտադրէր` առիթ տալով բազում ժողովուրդներու վերանուաճելու ազատութիւնն ու ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը:

Հայ ազգը անոնց շարքին էր, որ, ի գին մեծ զոհողութեան ու կամքի հզօրութեան, կրցաւ իր այնքան երազած անկախութեան հիմերը հաստատել եւ լծուիլ հայկական պետութեան վերակառուցման աշխատանքին:

Եւ ահա, 23 օգոստոս 1990-ին Հայաստան իր անկախութիւնը կը հռչակէր:

Հայութիւնը, շնորհիւ իր համազգային կեցուածքին, կամքին եւ քաղաքական բարձր գիտակցութեան, օրին կրցաւ շրջանցել ահաւոր դժուարութիւնները, վերցնել նետուած ձեռնոցը եւ նետուիլ պետականաշինութեան սուրբ աշխատանքին:

Ճիշդ է, որ արծուեբոյն Արցախը, իր կարգին, նետուած էր գոյապայքարի դաշտ եւ յանձն առած էր զոհութեան ամենաբարձր նշաձողը, այդուամենայնիւ, միասնակամ հայութիւնը վճռած էր մաքառիլ եւ ազատագրել իր հայրենիքը:

Յաջորդ տարուան 21 սեպտեմբերին հայ ժողովուրդը կը քուէարկէր յանուն անկախութեան եւ ազատ ապրելու երազի իրականացման:

Փաստօրէն, Արցախի ազատագրումով եւ Հայաստանի պետութեան հիմերու առաւել ամրապնդումով հայ ժողովուրդին դիմագիծը կը յստականար, ինքնութիւնը կը բիւրեղանար, տեսակը կ՛արժեւորուէր, բայց մանաւանդ` քաղաքակիրթ աշխարհի քարտէսին վրայ իր ներկայութիւնը կը պարտադրէր:

Այո՛, ինքզինք կը պարտադրէր, որովհետեւ հայոց դարաւոր թշնամին` թուրքն ու թրքութիւնը, օրն ի բուն կ՛աշխատէր իր լրումին հասցնել հայոց բնաջնջումի թաքուն թէ բացայայտ ծրագիրը:

Ամբողջ 30 տարի, Հայաստանի անկախութիւնը ուժի եւ ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ ամբողջ հայութեան եւ դարձաւ այն կիզակէտ-հաւաքավայրը, որով պիտի կարենայինք առաւել գօտեպնդուիլ, լիցքաւորուիլ եւ հպարտութեամբ նայիլ դէպի փառաւոր ապագայ:

Իրօք, այս տարիներուն հայութեան սիրտն ու միտքը, գրիչն ու վրձինը միայն Հայաստանի հզօրացումը երգեցին, որպէսզի ազգը կարենայ ինքզինք շնչաւորել եւ նուաճել ապագայ դարերու հրամայականները:

Ու տակաւին մեր մտքին մէջ թարմ է հայ հրապարակագիրին, բանաստեղծին, արուեստագէտին, ակադեմականին, լեզուաբանին ու հայագէտին գրեթէ ամէնօրեայ ստեղծագործական ճիգն ու հրճուանքը, ներքին ուրախութիւնն ու հպարտանքը` ի տես Արցախի ու Հայաստանի յաղթերգին:

Յաղթերգ, որ իր մէջ նաեւ կը պարփակէր տխուր մեղեդիներ ու շատ անգամ ապաշնորհ երեւոյթներ: Եւ, ցաւ ի սիրտ, ժամանակի ընթացքին արեամբ գրուած եւ անգին զոհողութեամբ նուաճուած յաղթերգը կը սկսէր տակաւ նսեմանալ, պղծուիլ, աղաւաղուիլ, որովհետեւ փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը իրենց թաթերը եւ ստորնաքարշ իշխանութիւնը կը հաստատէին հայոց պետութեան ղեկը ստանձնած քաղաքական այրերուն վրայ:

Այո՛, 30 տարիներու ընթացքին անկախութենէն զատ ամէն ինչի մասին կը խօսուէր ժողովուրդին հետ: Մեր հայրենիքը արիւնահոսութեան մէջ կը տառապէր, հակառակ կարգ մը բարեյաջող աշխատանքներու եւ քաջալեր յաւակնութեան: Մէկ կողմէ կը փորձէինք պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, միւս կողմէ արժոյթի կը վերածուէր հայրենի հողը: Մէկ կողմէ փորձ կը կատարէինք յաղթանակ ապահովել միջազգային քաղաքական հարթակներու վրայ, միւս կողմ տգիտաբար կ՛անտեսէինք թշնամի ուժերու տակաւ հզօրացումն ու բացայայտ հայատեացութիւնը:  Հողն ու պետականութիւնը պահելու եւ պաշտպանելու մեր միտումները հեղ մը կը խանդավառէր մեզ, կը զուարճացնէր, սակայն, առանց հաշուարկելու, որ զայն կրնանք կորսնցնել օր մը, եթէ երբեք ընդարմացած պահենք մեր քաղաքական միտքն ու հոտառութիւնը: Իրերայաջորդ ընդդիմադիր ուժեր կը բարբաջէին` տուրք տալով իրենց փառասիրութեան եւ խաղքութեան, իսկ իշխանական վերնախաւը` կառչած իր աթոռին ու փտած վարքագծին, հոս-հոն յիմար յորդորներու տարափ կը տեղացնէր, դասեր կը փոխանցէր, առանց իմանալու, որ հզօր պետականութիւն ունենալու համար, հարկ է ունենալ հանճարեղ քաղաքական մտածողութիւն, կամք, պայծառ միտք ու պետականութիւն հասկացութեան շատ խոր ըմբռնում:

Ու կը պատահէր անխուսափելին, որովհետեւ իրերայաջորդ իշխանական թէ պետական վարքագծեր, այսպէս ըսած, ազգը կ՛առաջնորդէին դէպի քաոս եւ ներկայ ժամանակներու պատահածին: Այլ խօսքով` դէպի ինքնակործանում, մասնատում, պառակտում, խուճապային մթնոլորտի ստեղծում, անտարբերութիւն եւ առօրեայ կեանքի մէջ` հեղհեղուկ վիճակներու սրացում:

Արդ, «գունագեղ» հարցադրումներ իրենք զիրենք կը պարտադրեն. Հայաստանը դէպի ո՞ւր, հայոց պետականութեան ճակատագիրը ինչպիսի՞ վիճակ պիտի պարզէ, հայոց բանակը մինչեւ ե՞րբ պիտի վարկաբեկուի, ազգային արժանապատուութիւնը որքա՞ն պիտի խոցուի, հինգ հազար նահատակ տղոց արեան կանչը ինչո՞ւ մոռացութեան կը տրուի,  թուրքին առջեւ ծնրադրելու քաղաքական այրերու այս ողբերգութիւնը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ, հայու քաղաքական միտքը ե՞րբ պիտի սթափի, ոտքի կանգնի` վերատիրանալու հայրենի հողին ու ազատ ապրելու երազին:

Ոչ ոք պիտի ուզէր հայոց անկախութեան տարեդարձը սուգի արարողութեան վերածել, աւելի՛ն. ոչ ոք պիտի ուզէր հիասթափութեան յանձնուիլ, ողբալ կամ եղերամայրերու վերածուիլ, այդուհանդերձ, ամօթ է, հազար ամօթի խարան մեր ճակտին, եթէ երբեք ընդունինք քաղաքականօրէն պարտուած ու անձնատուութեամբ հայրենի հող զիջած իշխանաւորներու, այսպէս ըսած, կոչերը` «Երեւանի սրտին գունագեղ եւ մասշտապային տօնակատարութիւն կատարելու», երբ հայ գերիներ կը տուայտին թշնամի բանտերու մէջ, երբ անհետ կորսուածներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք, երբ զազիր թուրք-ազերին կ՛ուզէ յափշտակել Սեւանն ու Երեւանը, երբ Նժդեհի Սիւնիքը օրհաս կ՛ապրի, երբ հայութեան լինելութիւնը` պազարի է հանուած դաշնակից թէ բարեկամ ուժերու կողմէ, երբ քաղաքակիրթ աշխարհը ժպտախառն կը հետեւի մեզի եւ բարոյախօսութեան դասեր կը ջամբէ:

Արդար է հարցադրել, թէ արդեօք իբրեւ ազգ մենք կ՛ուզե՞նք անկախ ապրիլ…

 

 

 

Նախորդը

21 Սեպտեմբերի Անշպար Խօսք

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Խմբապետական Վարժանիստ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?