ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Մութի մէջ մենք ծնանք, մութի մէջ կը մեռնինք,
Բայց ինչո՞ւ մենք կ՛ապրինք մութի մէջ, զնտանին:
Մոմի տակ դաս սորվիլ, պատերը խարխափել,
Կոյրի պէս չտեսնելու վիճակն է մեր անել:
Յանցանքը որո՞ւ է` մազութի՞ն, պենզինի՞ն,
Պետական գողերո՞ւն, իշթիրաք տուողի՞ն:
Մազութը շատ սուղ է, սեւ շուկայ կը ծախուի,
Շահաւէտ չէ բնաւ իշթիրաք բաժնողին:
Ճիշդ է, որ տարիներ տոլարներ դիզեցիք
Ու հիմա չէք կրնար շահ չընել ու զոհուիլ:
Միշտ շահիլ օրէնքն է բոլորին անխտիր:
Մազութը սուղ գնել, շահ չընել` պարտադիր
Պատգամը թող ըլլայ համայնքը սիրողին:
Մենք բոլորս կը տեսնենք մութին մէջ գողցողը:
22 օգոստոս 2021
Լիբանան