ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ
Կ՛ուզենք, որ համայն մարդկութիւնը անդրադառնայ, թէ ի՛նչ է կապը ընտանեկան սրբութիւններուն
ներկայիս աշխարհը ցնցող այս սարսափելի համաճարակին միջեւ, որ օրական հազարաւորներու կեանք կը խլէ, բոլոր երկիրներուն տնտեսութիւնը կը կասեցնէ ու ընդհանրապէս աշխատանքը կը դադրեցնէ:
Յստակօրէն կ՛ըսենք, որ համայն աշխարհին, յատկապէս Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէութիւն դաւանած միւս երկիրներուն մէջ մեծ վտանգ կայ, որովհետեւ անոնք ընդունած եւ որդեգրած են ընկերային այնպիսի օրէնքներ, որոնց մէջ ընտանեկան սրբութիւնները նկատի չեն առնուած, այլ զանոնք քանդելու եւ վերացնելու փորձեր կը կատարուին:
Մեր այս խօսքերը հաստատելու համար տանք քանի մը օրինակ, որոնց հանդիպած կ՛ըլլաք ձեր առօրեային ընթացքին, կամ այդ մասին կարդացած կ՛ըլլաք թերթերուն մէջ եւ կամ տեսած` պատկերասփիւռէն: Կ՛ըսուի, որ 15-20 տարեկան տղան ու աղջիկը արդէն իսկ ազատութիւնը կ՛ունենայ իր ուզածը ընելու` առանց ծնողքին արտօնութեան կամ նոյնիսկ տեղեակ ըլլալուն: Կայ աւելին. աւելի փոքր տարիքի պատանիներ զերծ կը մնան իրենց ծնողքին դաստիարակչական խստութենէն, կը մերժեն որ ճնշում բանեցուի իրենց վրայ` սպառնալով այլապէս դիմել ոստիկանութեան եւ բողոքել իրենց ազատութեան արգելք եղող ծնողքին դէմ:
Ահաւասիկ կ՛ապրինք ընտանեկան սրբութիւնը չքացնող աշխարհի մը մէջ, ուր Աստուծոյ բարկութեան պատճառները բազում են: Այդ բարկութեան պատճառով է, որ տեղի ունեցաւ Նոյեան ջրհեղեղը, Սոտոմ-Գոմորի կրակը, Բաբելոնի աշտարակին մէջ լեզուներու խանգարումը, նաեւ` ուղեղներու, գիտակցութեան կրճատումը, ապա` Աթլանթիսի ջրամոյլն ըլլալը` ովկիանոսին տակ: Այս բոլորը մարդկութիւնը պատժելու ձեւեր եղած են սկիզբէն ի վեր:
Իսկ մեր այս օրերուն պէտք է անդրադառնանք, որ նախորդ տարի սկսած եւ հետզհետէ տարածուած ու աղէտաբեր դարձած «Քորոնա»-ն Աստուծոյ բարկութեան հետեւանքն է: Ուստի մարդոցմէ կը պահանջուի դարձի գալ, միայն աղօթել եւ մեղքերու ներում խնդրել, որպէսզի վերանայ այս աղէտը, եւ ոչ թէ` դիմել մարդկային բժշկական միջոցներու եւ դեղերու որոնման:
Կ՛ըսուի, որ մօտաւորապէս 300 տարի առաջ` 1770 թուականին, պատահած է մեծ համաճարակ մը, զոր դիմագրաւելու համար ամբողջ գիւղ մը` համայն բնակչութեամբ, մէկ մարդու պէս գիշեր ցերեկ աղօթած են եւ այդպիսով փրկուած աղէտէն` առանց վնաս կրելու:
Իսկ մեզի աւելի մօտիկ ժամանակներուն` 1917-ին, Մարիամ Աստուածածին երեւցաւ Փորթուգալի մէջ երեք փոքրերու եւ անոնց պատգամեց, որ մարդկութիւնը դառնայ Աստուծոյ, թօթափէ իր մեղքերը, այլապէս Աստուած մեծ պատիժ պիտի տայ մարդոց: Ան խրատեց, որ մարդիկ աղօթեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին համար: Սակայն պատերազմը շարունակուեցաւ, աւելի ուշ Համաշխարհային Բ. պատերազմն ալ սկսաւ, քանդուեցան մեծաթիւ քաղաքներ, արձանագրուեցան միլիոնաւոր մահեր: Աւելի ուշ օրուան պապը խրատեց Ռուսիան, որ դիմէ կառուցողական քայլերու, որոնց իբրեւ արտայայտութիւն` Ռուսիա քանդեց Գերմանիոյ պատը, վերաբացաւ եկեղեցիները, ազատեց կրօնականները հալածանքէ եւ կրկին տիրացաւ իր փառքին, հասաւ իր 700 տարուան երազին` իջնելով Միջերկրական ծով, ստանալէ ետք Մարիամ Աստուածածինի օրհնութիւնը, որուն մէջ նաեւ Հայաստան ունեցաւ իր բաժինը: Անկէ ետք Հայաստան չվախցաւ որեւէ թշնամիէ, յուսադրուեցաւ ունենալու հզօր Հայաստան, իսկ Ռուսիա եւս սարսափ պատճառող սպառնալիքները անտեսեց, կազմակերպեց համաշխարհային մարզական խաղեր, որոնք մեծ յաջողութիւն ունեցան եւ աւարտեցան ապահով կերպով:
Ուրեմն հետեւինք աշխարհի պատմութեան, եւ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց ցեղի եւ կրօնի խտրութեան, թող դիմէ աղօթքի, դիմէ Աստուծոյ իր մեղքերու թողութեան համար` խնդրելով վերացումը «Քորոնա» համաճարակին:
Յ. Գ. Ռուսիոյ եւ Հայաստանի մէջ տարածուած «Քորոնա»-ին պատճառով մեծաթիւ մահեր արձանագրուեցան եւ կը շարունակուին արձանագրուիլ` հակառակ նախապէս Ս. Աստուածածինին տուած օրհնութեան: Ասիկա կը պատահի, որովհետեւ նոր սերունդները ծանօթ չեն անցնող պատերազմներուն ահաւորութեան եւ անոնց կործանարար ըլլալու տարողութեան, ասոր զուգահեռ, կայ այն, որ այսօր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն մէջ եւս փոփոխութիւններ արձանագրուած են, կեանքի նկատմամբ ըմբռնումներն ու համոզումները սկսած են թեքիլ դէպի Արեւմուտք, ուրկէ եկած քարոզչական ալիքները կը կլանեն բոլորը եւ կը մղեն հետեւելու այն սկզբունքին, որ ամէն մարդ պէտք է վայելէ իր ազատութիւնը:
Ուրեմն Հայաստանն ու Արցախը, նաեւ Ռուսիան, եթէ շարունակեն այս նորարարութիւններ կոչուած ալիքին հետեւիլ եւ այս կործանարար մօտեցումները ներառել իրենց կեանքին մէջ, կրնան ենթարկուիլ նոյն այդ պատժամիջոցներուն, որոնք կը գործադրուին «Քորոնա»-ի ճամբով, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հաշուոյն:
Հետեւաբար պէտք է ըլլալ շատ զգուշ եւ արթուն կամքով` փրկելու համար մեր սիրելի հայրենիքը, զոր կ՛ուզենք հզօր տեսնել եւ ոչ թէ` պառակտուած ներքնապէս եւ յօշոտուած արտաքին թշնամիներուն կողմէ: Այս է մեր սրտաբուխ մաղթանքը:
Յ. Ճ.