Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակել Անդեդե՛ւ

September 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Պիտի շարունակենք մեր երթը:

Հեռո՛ւ մեզմէ ամէն դեդեւում, վարանում ամէն:

Պիտի շարունակենք բոլոր ճակատներուն վրայ ուժերով բոլոր:

Այլընտրանք չունինք:

Մեր գլխէն անցածը մեզ աւելի վհատ ու ձեռնպահ պիտի չդարձնէ, այլ` աւելի փորձառու եւ իմաստուն:

Այո՛, ազգային գաղափարաբանութիւնը պիտի ըլլայ  մեզ առաջնորդող լուսաւոր աստղը, որքան ալ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքը` մեր կիզակէտը, թուի «անհաս երազ», որքան ալ ամբողջական հայութիւն ամբողջական Հայաստանի մէջ` մեր կեանքի գոյապատճառը` մեր գոյութեան ալֆան եւ օմեկան, թուի երեւակայածին:

Հեշտ պիտի չըլլայ մեր ճանապարհը: Խոչընդոտներ ու խոչընդոտողներ պիտի չպակսին, ինչպէս չեն պակսած մինչեւ հիմա:

Բայց չունինք այլընտրանք:

Պիտի շարունակենք պայքարիլ` կանգուն պահելու համար մեր ազգային կառոյցները հայրենի հողին վրայ ու մանաւանդ հայրենի հողէն դուրս, ուր մեզի կը պակսի այդ հողին կենարար աւիշը, ուր այդ աւիշը ստիպուած ենք փոխարինել հոգեկա՛ն սնուցմամբ, ոգեկա՛ն ներուժով:

Պիտի պահենք մեր պետականութիւնը, որքան ալ զայն քանդել ուզեն ներսէն թէ դուրսէն:

Պիտի պահենք մեր եկեղեցին, որուն գմբէթին վերեւ կախուած է Լուսաւորչի անմար կանթեղը, որքան ալ զայն մարել ուզեն ներսէն թէ դուրսէն:

Պիտի պահենք, արդիականացնենք ու մանաւանդ բազմացնենք հայ դպրոցը, որ հիմքն իսկ է մեր գոյութեան:

Պիտի պահենք, զարգացնենք ու նոյնպէս բազմապատկենք մեր կեդրոնները, այն փոքրիկ Հայաստանները, որոնք անշեղ ճանապարհն են դէպի մեծ Հայաստանը:

Պիտի պահենք ու բարելաւենք մեր մամուլը, որուն էջերէն ու ալիքներէն ամէնօրեայ սնունդ պիտի ստանան մեր զանգուածները` մեծերն ու փոքրերը:

Պիտի պահենք, պահպանենք, հարստացնենք մեր մշակոյթը` անո՛վ հարստանալով առաջին հերթին մենք իսկ, անով հարստացնելով նաեւ պէսպիսուն աշխարհը վաղուան մարդկութեան:

Եւ պիտի պահենք, պահպանենք ու հարստացնենք մեր ոսկեղենիկ լեզուն` անո՛վ ապրելով նախ մենք, ապա անո՛վ ապրեցնելով մեր գալիք սերունդները: Պիտի շարունակենք խօսիլ, կարդալ ու գրել հայերէն` անընդհատ պահանջելով, որ նոյնը ընեն եւ մեր զաւակները, մեր թոռներն ու ծոռները: Եւ պիտի տեւաբար յիշեցնենք, որ հայ ընտանիք կազմեն անոնք:

Այո՛, այլընտրանք չունինք:

Այդ գալիք սերունդները… ինչե՜ր ունինք ընելիք անոնց համար:

Պիտի գիտնանք տէր կանգնիլ անոնց, պիտի գիտնանք ազգային հպարտութիւն ներշնչել անոնց, պիտի գիտնանք գնահատել անոնց արժանիքներն ու ձիրքերը, մշակե՛լ զանոնք, ծանօթացնել, մինչեւ աստղերը հասցնել մեր արժանաւորները` մարզիկ ըլլան թէ երաժիշտ, գիտնական ըլլան թէ հնարիչ:

Եւ պիտի գիտնանք լաւ ճանչնալ ու կշռել եւ մե՛ր ուժերը, լաւ տնտեսել զանոնք, լաւ ամրակայել զանոնք, մանաւանդ լաւ համախմբել զանոնք` մատները վերածելով բռունցքի: Երբեք պիտի չհրաժարինք պահանջելէ, որ միշտ միացեալ ուժերով դիմագրաւենք մեր գալիքը:

Տակաւին, պիտի սորվինք լաւ գիտնալ մեր միջոցները, նոյնպէս` լաւ տնտեսել, ամրապնդել ու հզօրացնել զանոնք, օժտել ներկայ աշխարհին համապատասխան, եթէ ոչ աւելի՛ ալ բարձր որակով ու մակարդակով, օժտուիլ լաւագոյն զէնքերով` մտաւորական, տնտեսական թէ ռազմական ճակատներուն վրայ ապահովելու համար մեր անվտանգ ներկայութիւնը:

Այո՛, շատ աշխատանք կայ կատարուելիք, շատ զոհողութիւններ կան յանձն առնուելիք, շատ նուիրում կայ ցուցաբերուելիք` ժողովներէն, գիտաժողովներէն, հանգանակութիւններէն, կառուցումներէն, Հայ դատի հետապնդումներէն մինչեւ նոր մարտահրաւէրները, կազմակերպչական, հոգեկան թէ ֆիզիքական ճակատներուն վրայ` սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախի առումով, համասփիւռքեա՛ն առումով, հայրենի իւրաքանչիւր բնակավայրի առումով, համահայրենակա՛ն առումով, այլեւ` համահայկակա՛ն առումով:

Եւ չունինք այլընտրանք:

Չունինք այլընտրանք, որպէսզի չկորսնցնենք մեր հաւատքը ապագայ արդար ընկերութեան մը նկատմամբ` սկսելով մեր հայրենիքէն, եւ ապագայ համերաշխ ու համագործակցող մարդկութեան մը, մարդկութիւն, որուն իւրաքանչիւր մասնիկը հաւասարէ հաւասար վայելէ այս մոլորակին վրայ ապրելու իր բոլոր իրաւունքները, միասնաբար դիմագրաւելու համար հասարակաց մարտահրաւէրները եւ ողջունելու համար բանաստեղծին երազած վարդահեղեղ արշալոյսը:

Մենք ա՛յս ենք: Ե՛նք, այլապէս չե՛նք:

Իսկապէ՛ս չունինք այլընտրանք:

Անդեդե՛ւ շարունակենք պիտի:

«Դրօշակ», սեպտեմբեր 2021

 

Նախորդը

Ոգեշնչող Վերադարձ Դպրոց

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Վտանգուած Անկախութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.