Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հալէպ-Երեւան Թռիչքին Վերականգնումը Խթան` Արդիւնաբերութեան Աշխուժացման

September 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան Սուրիա յարաբերութիւնները պատմական են: Ինչպէս Հայաստանի ճգնաժամերուն Սուրիան օժանդակած է Հայաստանին, փոխադարձաբար ալ Հայաստան իր քաղաքական դիրքորոշումներով տեւաբար նեցուկ կանգնած է Սուրիոյ, յատկապէս Սուրիոյ` պատերազմի տարիներուն դատապարտելով ահաբեկչական ներխուժումները Սուրիա, քաղաքական հարթակներու վրայ պաշտպանելով Սուրիոյ ժողովուրդին իրաւունքները եւ մարդասիրական խումբեր առաքելով Սուրիա` ականազերծման եւ բժշկական այլազան ծառայութիւններու համար:

Հայաստանն ու Սուրիան ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական յարաբերութիւններ ունեցած են տարիներ շարունակ: Երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը սատարած է այդ յարաբերութիւններու զարգացման:

Հայաստանի վերանկախութենէն ետք, 1992- 2010 Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ստորագրուած են առեւտրատնտեսական, կրթական, արհեստագիտական, արդիւնաբերական, մշակութային գործակցութեան շարք մը համաձայնագրեր: «Օդային հաղորդակցութեան մասին» համաձայնագիրը ստորագրուած է 30 ապրիլ 1995-ին, Դամասկոս:

Նախքան Սուրիոյ պատերազմը,` Հալէպի շարք մը շուկաներ կը հիւրընկալէին հայաստանցի առեւտրականներ, հայաստանեան արտադրութիւններ եւս կ՛երեւէին սուրիական շուկաներու մէջ: Երկու երկիրներուն մէջ ալ սուրիական եւ հայաստանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէսներ յաճախ կը կազմակերպուէին:

Տնտեսական այս յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասան պատերազմի տարիներուն, երբ սուրիական օդանաւային ընկերութիւններու արտաքին թռիչքները նուազեցան, իսկ Հայաստան – Սուրիա ցամաքային կապը խզուեցաւ: Թէեւ Հայաստան – Սուրիա տնտեսական գործակցութեան խորհուրդ մը կը գործէր, ու որոշ սուրիահայեր պատերազմի տարիներուն Երեւանի մէջ հիմնեցին գործարաններ, այդուամենայնիւ, երթեւեկութեան եւ ապահովական դժուարութիւնները արգելք կը հանդիսանային տնտեսական հարթ գործակցութեան:

Դամասկոս-Երեւան թռիչքը կը բանէր պատերազմի տարիներուն, սակայն ՀալէպԵրեւան թռիչքին վերականգնումը շարք մը առաւելութիւններ պիտի ունենայ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու գործակցութեան աշխուժացման իմաստով:

Հալէպ-Երեւան թռիչքը սուրիական արտադրութիւնները հասանելի կրնայ դարձնել ոչ միայն հայաստանեան շուկաներ, այլեւ ԵՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութեան) անդամ երկիրներու եւ նոյնիսկ անոնց ճամբով եւրոպական շուկաներ:

Հալէպը Սուրիոյ առեւտրատնտեսական կեդրոնն է, նախապէս երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական գործունէութիւնները կը ծաւալէին Հալէպի օդակայանին միջոցով: Ուստի օդային ապրանքափոխանակման աշխուժացման համար Հալէպի միջազգային օդակայանին բանեցումը դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութեան աշխուժացման վրայ, յատկապէս երբ այս իմաստով նոր պայմաններու լոյսին տակ համաձայնութիւններ կը ստորագրուին, եւ Սուրիոյ առեւտրատնտեսական  մարզին մէջ նոր օրէնքներ կը սահմանուին` դիւրացնելու ներկայ պայմաններուն մէջ արդիւնաբերական աշխատանքն ու առեւտուրը: Այս իմաստով կարեւոր է նաեւ Հալէպի արդիւնաբերական կեանքի աշխուժացման նպաստող ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի հայթայթումը, ինչպէս նաեւ` արդիւնաբերողներու համար քաջալերական պայմաններու ստեղծումը:

Հայաստան իր կարգին կրնայ իր արտադրութիւնները հասցնել Սուրիա` յատկապէս օգտուելով Հայաստան հաստատուած մեծաթիւ սուրիահայերու ներկայութենէն եւ Սուրիա-Հայաստան տնտեսական գործակցութեան խորհուրդի գործակցութենէն:

Օդային այս հաղորդակցութիւնը կրնայ նոր աւիշ ներարկել Երեւանին եւ Հալէպին` նկատի ունենալով երկու երկիրներու դիմագրաւած տնտեսական եւ ապահովական դժուարութիւնները:

 

Նախորդը

Կեդրոնականցին Չի Հասկնար, Թէ Ինչո՛ւ Հիմնադրամը Սփիւռքի Մէջ Ալ Պարգեւավճարներ Չի Բաժներ

Յաջորդը

Ոգեշնչող Վերադարձ Դպրոց

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայ Դաստիարակին Կոչումը Երէկ Եւ Այսօր (Ուսուցչաց Տօն)

March 9, 2026
Նամականի
Անդրադարձ

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

March 9, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (4)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.