Տարեդարձներ Եւ Աւելին – Բ. Հայաստան Աշխարհներ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Հայաստան աշխարհ» եզրերուն շուրջ բազմաթիւ երգեր հիւսուած են. բոլոր բանաստեղծներն ու երգիչները ի մտի ունեցած են ՄԷԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, սակայն մեր հայրենիքի այսօրուան` անկախութէնէն 30 տարի ետք պարզուող իրականութեան համաձայն, քաղաքական բեմը կը ցուցահանէ բազմաթիւ աշխարհներ, որոնք իրողապէս կը թուին ըլլալ իրարմէ անջատ, աւելին` նաեւ անհաղորդ, անոնց միջեւ կամուրջներու ստեղծումը, միասնութեան մը հետամտութիւնը վերածուած է «անկարելի առաքելութեան»: Նախորդ սիւնակով...

















