Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

21 Սեպտեմբերի Անշպար Խօսք

Սեպտեմբեր 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

– Հարկ է, որ վերջապէս ես հրաժարիմ քու լաւատեսութենէդ:
– Ի՞նչ է լաւատեսութիւնը,- կ’ըսէր Գագամպօ:
–  Ափսո՜ս,- ըսաւ Քանտիտ,- ան զօրավիգ ըլլալու կատաղութիւնն է,
երբ կ’ըսենք, որ ամէն բան լաւ է- երբ լաւ չենք:

ՎՈԼԹԵՐ, «Քանտիտ»

Չեմ համարձակիր ըսել` խօսք Անկախութեան օրուան առիթով:

Պատմական դառն իրականութեան առջեւ ենք, անփառունակ պարտութեան եւ անոր  աւերիչ հետեւանքներուն:

Տեւաբար հողեր կորսնցնելէ ետք հպարտութիւն վերականգնած էինք կորսուած հողերը մասամբ վերադարձնելով, որպէսզի հայրենիք ունենանք, յաղթական բանակ ունեցած էինք, հայրենակերտումի հաւաքական կամք ստեղծած էինք` իմաստաւորելով անկախ ապրելու մեր իրաւունքը եւ օր մըն ալ` միացեալ ըլլալու:

Վերանկախացման յայտարարութենէն 33 տարի ետք ի՞նչ կը ներկայացնեն Հայաստանը, պետութիւնը, հայութիւնը, ներառեալ` սփիւռք(ներ)ը: Պարտուած երկրի մը ղեկավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ խօսիլ անկախութեան մասին, երբ թշնամին սահմանին վրայ է, երբ ան տէր չէ իր սահմաններուն, թշնամիներու տիքթաթներով կ’առաջնորդուի, անկարող է վտանգի ենթակայ հայրենիքի ազգային-պետական հիմնախնդիրներուն շուրջ միասնութիւն ստեղծել:

Երկրի մը անկախութիւնը  թէական կը դառնայ, երբ ան կը պարտուի եւ պարտութիւնը յաղթահարելու համար չի յաջողիր հաւաքական կամք ստեղծել, երբ իրեն կը պակսի ինքզինք քննելու քաջութիւնը, ի հարկին` ինքնաքննադատութեամբ տեսնելու պարտութեան պատճառները, կարենալ զանոնք յաղթահարելու եւ վերականգնելու համար:

Չենք հասկցած, որ ամբոխահաճութեամբ (պոպուլիզմով) առաջնորդուող երկիր մը անպայման կը զարնուի իրականութեան եւ ճշմարտութեան խութին: Ամբոխահաճութիւնը կը բթացնէ ժողովուրդին ողջախոհութիւնը, ան կը դադրի իրատես ըլլալէ, կը խրի եսի, քէնի, նախնական ընչաքաղցութեան մէջ եւ կը ծափահարէ մաղձ ու դատարկաբանութիւն: Մեծեր եւ պզտիկներ կը կորսնցնեն ինքնութեան եւ ազգի գիտակցութիւն, երբ միամտութիւն եւ քէն կը դառնան ընթացիկ քաղաքականութիւն:

Համագումար. հայրենիք, հայրենիքի սահմաններ, իրաւունք, պետութեան ըմբռնում եւ պարտականութիւն կը դադրին գերանձնական առաջնորդող գաղափար ըլլալէ, հայրենատիրութիւնը կը չքանայ, նպատակ կը դառնայ միջոցներ, դիրք եւ շահ ապահովել, անկախութիւնը կ’իմաստազրկուի:

Պատմութեան ներկայի ճակատագրական դարձած պահուն, երբ Հայաստանէն մնացած վերջին բեկորն ալ վտանգուած է եւ կը բզկտուի մեր թշնամիներու անզսպելի դարձած ախորժակով, անկախութեան օրը ոչ թէ տօն պէտք է ըլլայ, այլ հրաւէր` տեսնելու, որ այդ անկախութիւնը եթէ չէ կորսուած անգամ, վտանգուած է, եւ ստանձնելու լինել-չլինելու հաւաքական յանձնառութիւն: Այդ ընելու համար տեսիլք ունեցող եւ զայն հաւաքական կամքի վերածող  հեղինակութիւն (քարիզմ) ունեցող առաջնորդութիւն պէտք է:

Հեղինակութիւնը չ’ինքնաշնորհուիր, թուղթի վրայ գրուելով  եւ ոստիկանական բրտութեամբ չի ստացուիր, այլ գաղափարի ուժով եւ անկէ բխող-ներշնչուող վստահութեամբ:

Այսօր Հայաստան վտանգուած է, ոմանք չեն վարանիր յոռետես նախատեսութիւններ ընելու, որ այս ընթացքով ան կը վերածուի թրքական վիլայեթի…

Չի բաւեր խօսիլ անկախ ապրելու իրաւունքի մասին, այդ ճառ է: Ի՞նչ կ’ընենք այդ իրաւունքը ձեռք բերելու, պահելու եւ ամրապնդելու համար: Մանաւանդ` ի՞նչ չենք ըներ եւ չըրինք:

Պարտութիւն, եսապաշտութիւն, յանձնապաստանութիւն, քէն, քինախնդրութիւն, անոնց հունով բազմացող եւ կրկնուող դատեր ու հալածանքներ` ոչ մէկ ձեւով երաշխիք են անկախութիւն ունենալու եւ պահելու:

Եթէ այս ճշմարտութիւններուն չանդրադառնայ ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, իրատեսութեամբ տէր չըլլայ իր ճակատագրին, յոռեգոյնի առջեւ կը կանգնինք: Այն ատեն ոչ մէկ իմաստ կ’ունենայ փնտռել, թէ ո՛վ իրաւունք ունէր, ո՛վ ճիշդ էր, ո՛վ սխալ:

Պիտի ունենա՞նք ղեկավարութիւն մը, ներսի եւ դուրսի համար, որ ըսէ, թէ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունին: Այդ խօսքը ըսողին լսող ալ պէտք է: Եւ վերջ: Իսկ մենք կը մնանք խրած, ինչպէս կ’ըսուի, ego-ներու մէջ` եսեր բաւարարելու միտող եւ նիւթական եւ փառասիրական չարաշահումներ հետապնդող:

Այս ՄԵՆՔ-ը ի հարկէ իշխանութիւններն են, բայց նաեւ` քննադատելու կարողութենէ պարպուած, յանձնառութենէ պարպուած, հայրենատիրական զգացումը կորսնցուցած եւ ինքզինք անզօրութեան դատապարտած ժողովուրդը, որ խորհրդային օրերէն մնացած եւ նկարագիր դարձած սովորութեամբ կ’ենթարկուի իշխանութեան: Թմբիր, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն` ապաթիա:

Պահ մը խորհեցայ, որ պարտութիւն, հողերու կորուստ, հայրենիքի սահմաններէն ներս եւ դուրս սանձարձակ ելք ու մուտք ընող թշնամին զգաստութեան հրաւէր կ’ըլլան պարտուողական ոգիով գործող իշխանութեան ենթարկուող իրաւ կամ ենթադրեալ մեծամասնութեան համար: Այդպէս չեղաւ եւ այդպէս չէ յուսահատեցնող կացութիւնը: Մի՞թէ պարտութիւն եւ պարտուած վիճակ մեր պատմութեան առանցքին են, որոնց վարժուած ենք, ընդունած ենք, որ այդպէս պէտք է ըլլայ, այդպէս եկած է եւ այդպէս պիտի երթայ, այսինքն դարձած ենք կամազուրկ` ընդունելով, որ մեր պատմութիւնը ուրիշներ պիտի գրեն:

Կայ Հայաստանի ժողովուրդը` ընկճուած, ենթարկուող կամ փախչող:

Բայց կայ նաեւ ազգի երեք քառորդ համրանքը ունեցող աւելի քան տասը միլիոն հայ եւ հայածնունդ հաշուող սոսկ հանդիսատես դարձած եւ ենթարկուող սփիւռքը:

Այդ տասը միլիոնը դեռ մէկ ձայնով չխօսեցաւ եւ չըսաւ, որ ինք ալ տէր է Հայաստանի: Այդ ըմբռնումով չգործեց, գոհացաւ հաճոյանալու ստրկամտութեամբ:

Պէտք է խօսիլ հայրենիքի տէր ըլլալու իրաւունք եւ պարտականութիւն ունեցող տասը միլիոնին, եթէ ան չէ դարձած պարզապէս ենթադրութիւն, վերացականութիւն: Թերեւս վերականգնումը պէտք է սկսիլ նաեւ այս կէտէն, որ հայ-ազրպէյճանական-թրքական սահման չէ, այս ազգի գոյութենական գիտակցութեան սահման է, եթէ տասը միլիոնը սոսկ անդէմ եւ անհոգի թիւ չէ:

Այս գիտակցութիւնը ոչ հանգամանք է, ոչ ճառ, ոչ ջոջական-էսթէպլիշմընթային ինքնահիացում, այլ գաղափարախօսութիւն, զոր տասը միլիոնին սրսկել` ատակ ղեկավարութեան պարտականութիւնն է:

Ի՜նչ բեկում եւ ի՜նչ ընկճուածութիւն… Երազուած անկախութեան տօնը չեմ կրնար, չենք կրնար դիմաւորել ուրախութեամբ, վառ յոյսերով եւ հպարտութեամբ, որպէս ազգերու ընտանիքի լիիրաւ անդամ:

Ինչպէ՞ս, ի՞նչ սրտով երգել, տողանցել եւ արբենալ…

Այդ կրնայ ընել միայն Վոլթերի միամտացած հերոս Քանտիտը.

– Հարկ է, որ վերջապէս ես հրաժարիմ քու լաւատեսութենէդ:

– Ի՞նչ է լաւատեսութիւնը,- կ’ըսէր Գագամպօ:

– Ափսո՜ս,- ըսաւ Քանտիտ, ան զօրավիգ ըլլալու կատաղութիւնն է, երբ կ’ըսենք, որ ամէն բան լաւ է, երբ լաւ չենք:

Մի՞թէ ԺԸ. դարու մեծ գրող եւ իմաստասէր Վոլթերը մարգարէացած էր` երեւակայելով այսօրուան հայերը:

Արդարեւ, որքա՜ն անպատասխանատու եւ տխմար պէտք է ըլլալ, Քանտիտ ըլլալու համար եւ պոռչտալու, որ`  «Ամէն բան լաւ է, երբ լաւ չենք»:

Հայաստանի երեք միլիոնը եւ սփիւռք(ներ)ի տասը միլիոնը:

Ամբոխային տրամաբանութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան վերածող յեղափոխական առաջնորդ կը սպասուի: Բայց մինչեւ ե՞րբ կարելի է սպասել:

Երեք օր ետք անկախութեան տարեդարձ է:

Չեմ համարձակիր ըսել այլ բան…

 

 

 

Նախորդը

Տարեդարձներ Եւ Աւելին – Բ. Հայաստան Աշխարհներ

Յաջորդը

Թուրք Զինուորը Հայաստանի Հողին Վրայ Կը Զբօսնու… Իսկ Մենք Անկախութիւն Կ՛երազենք (21 Սեպտեմբեր 1991)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?