Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանցիի Վրձինով Մուսալեռցի Տիպարը Պարսելոնայի Մէջ. Հարցազրոյց` Արուեստագէտ Եւ Նկարիչ Միքայէլ Յարութիւնեանի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

24-ամեայ երիտասարդ երեւանցի Միքայէլ Յարութիւնեանի գործը արդէն համաշխարհային դիրքերու վրայ է:

«Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից, լուսանկարիչ, այնճարցի Գաբրիէլ Փանոսեանի դիմանկարով «Hey, how are you» գեղանկարը այսօր կարելի է գտնել ոչ թէ ազգային կառոյցի մը յարկին տակ, այլ Եւրոպայի հեռաւոր արեւմուտքը` Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ:

Դիմանկարը այն քիչերէն էր, որ այս պատիւին արժանացաւ:

Ի՞նչ է սակայն այս դիմանկարի պատմութիւնը եւ ինչպէ՞ս հասաւ Պարսելոնա. մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար, «Ազդակ» հետեւեալ զրոյց ունեցաւ նկարի հեղինակ, արուեստագէտ Միքայէլ Յարութիւնեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Կարելի՞ է, որ հակիրճ ձեւով անդրադառնաս անցեալիդ ու արուեստի հանդէպ հետաքրքրութեանդ զարգացման:

ՄԻՔԱՅԷԼ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Ծնած եմ Երեւան, 1997-ին: Տան երեխաները ես ու աւագ եղբայրս էինք: Երկուքս ալ նկարչութեամբ կը զբաղէինք, ինչպէս` բոլոր երեխաները, բայց մենք կը նկարէինք ամբողջ օրը, մեզի համար այդ մէկը աւելին էր, քան` պարզապէս ժամանց մը: Յետոյ երկուքս ալ սկսանք հետեւիլ դաշնամուրի դասերու` մեր մուսալեռցի հարեւան, բարեպաշտ մարդու մը` Սարգիս Քարտիկեանի մօտ: Ես աւելի լաւ կը նուագէի, իսկ եղբայրս աւելի լաւ կը նկարէր: Օր մը, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, որոշեցի, որ այլեւս չեմ ուզեր նուագել, ծնողներուս հետ ունեցայ լուրջ զրոյց մը, որմէ ետք որոշեցի, որ նկարիչ պիտի դառնամ: Այդպէս ալ եղաւ, եղբայրս` Նորայրը, շարունակեց նուագել եւ հետագային դարձաւ երգահան, իսկ ես ձգեցի դաշնամուրի դասերը ու սկսայ նկարչութեան մէջ խորանալ:

Ի սկզբանէ, նախախնամութեամբ, արուեստով լեցուն պէտք էր ըլլար մեր տունը: Անոր համար շատ ուրախ ենք, մեր օրը շատ յագեցած ու հետաքրքրական կ՛անցնի: Երջանկութիւն է, երբ կրնաս նաեւ քու սիրած աշխատանքովդ հոգալ առօրեայ ապրուստդ:

«Ա.».- Ո՞ր արուեստի դպրոցը յաճախած ես: Անձնակա՞ն դասերով, թէ՞ ինքնաշխատութեամբ զարգացուցած ես ձիրքդ:

Մ. Յ.- Անհատական դասեր ստացած եմ Էտուարտ Սասունի մօտ, շուրջ երկու տարի: Ետքը, 2016-ին ընդունուեցայ Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիա եւ 2020-ին գերազանցութեամբ աւարտեցի Արամ Իսաբէկեանի արուեստանոցը եւ աւարտելէս անմիջապէս ետք դարձայ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ:

«Ա.».- Ի՞նչ է քու նկարած այս նկարին պատմութիւնը, ինչպէ՞ս որոշում տուիր եւ ի՞նչն էր, որ քեզի կը վստահեցնէր, թէ ան կրնայ  մրցունակ ըլլալ համաշխարհային գետնի վրայ:

Մ. Յ.- Հակառակ անոր որ մենք մուսալեռցի չենք, բայց մեզ միշտ մեծապէս յուզած եւ ոգեւորած է անոնց քաջութիւնը, որ պատիւ կը բերէ հայ մարդուն:

Տարիներ առաջ ծանօթացանք նկարի հերոսին` Գաբրիէլ Փանոսեանին հետ, որ նոյնպէս մուսալեռցի է:

Որոշած էի մասնակցիլ աշխարհի մէջ ամէնէն նշանաւոր դիմանկարի մրցոյթին, որ կը կոչուի BP Portrait Award: Այս մէկը Լոնտոնի մէջ կը կազմակերպեն National Portrait Gallery-ին եւ British Patrolium-ը:

Սկսայ դիմանկարի կերպար փնտռել եւ շատ արագ անդրադարձայ, որ Գաբրիէլ Փանոսեանը պէտք է նկարել, քանի որ ան իր մէջ կ՛ամբողջացնէր մուսալեռցիներու պատմութիւնը, որով դաստիարակուած ենք: Հրաւիրեցի զինք մեր տունը ու սկսայ նկարել, ամէն ինչ շատ արագ եւ հեզասահ ընթացաւ: Ասիկա դեռ նախքան Պարսելոնայի մրցոյթին մասնակցիլն էր: Հետագային մեծ յաջողութիւն ունեցաւ նկարը Լոնտոնի մէջ, ասիկա նմանօրինակ մեծ մրցոյթի իմ առաջին մասնակցութիւնս էր: Նկարս դատական կազմը  ընտրեց 2538 նկարներէն լաւագոյն 100 դիմանկարներէն մէկը: Այդ բոլորը ներկայացուած էին 84 տարբեր երկիրներէ: Բայց ասիկա այդ նկարին միայն առաջին քայլն էր միջազգային մակարդակի վրայ: Մէկ-երկու տարի անց մասնակցեցայ արդէն Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մէջ ամենայայտնի պատկերաւոր նկարչութեան մրցոյթին, որ կը կոչուի Figurativas – 2021: Այստեղ ալ որոշեցի նոյն այս դիմանկարը ներկայացնել, քանի որ գիտէի, թէ ան ունի մեծ ներուժ եւ տակաւին արժանիօրէն չէ գնահատուած, եւ փաստօրէն ճիշդ զգացած էի:

Մրցոյթը քանի մը փուլերով էր: Նախ լուսանկարներով դատական կազմը պիտի ընտրէր լաւագոյն նկարները, որմէ ետք  բոլոր այդ նկարները պիտի ուղարկուէին Պարսելոնա` յաջորդ փուլին համար:

Առաջին ուրախալի նամակը ստացայ, որուն մէջ կը յայտնէին, թէ իմ նկարս ընտրած են, եւ ես պէտք է հասցնեմ զայն Պարսելոնա: Աւելի ուշ, ստացայ երկրորդ նամակը, որով զիս տեղեկացուցին, որ իմ նկարս յայտնուած է շարքին այն քիչ լաւագոյններուն մէջ, որոնք պիտի ցուցադրուին Պարսելոնայի Ժամանակակից արուեստի եւրոպական թանգարանէն ներս: Այս մէկը վստահաբար մեծ ուրախութիւն էր: Այսպիսով փաստուեցաւ այն, որ իմ նկարս աշխարհի լաւագոյն պատկերաւոր (figurative) դիմանկարներէն մէկն էր: Սա մեծ գնահատական էր, քանի որ այս որոշումը տուաւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն քով քովի եկած յայտնի եւ արհեստավարժ արուեստագէտներէ կազմուած դատական կազմը:

Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին բացումը Պարսելոնայի Ժամանակակից արուեստի եւրոպական թանգարանին մէջ (MEAM of Barcelona): Ցաւօք, հակառակ թանգարանէն եւ մրցոյթի կազմակերպիչներէն ստացած անհատական հրաւէրին, համաճարակի ճգնաժամի պատճառով չկրցայ ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալ ցուցահանդէսի բացումին: Այնուամենայնիւ, ցուցահանդէսը անցաւ հրաշալի մթնոլորտի մէջ: Այս մասին տեղեկացանք մեր հայրենակիցէն, որ կ՛ապրի Պարսելոնայի մէջ եւ կրցած էր  մասնակցիլ բացման արարողութեան:

«Ա.».- Գործի անունը` («Hey, how are you?») եւ պատկերը այնպէս մը եղած են, որ զայն դիտողը կը զգայ, թէ իրապէս Գաբրիէլ Փանոսեան այդ բառերը կ՛արտասանէ դէմքի այս արտայայտութեամբ: Ուրիշ ի՞նչ անուն կրնայիր տալ այս գործին: Կայի՞ն մտքիդ մէջ այլ տարբերակներ:

Մ. Յ.- Այո՛, համաձայն եմ, եւ ես ճիշդ այդ մէկն էր, որ կ՛ուզէի փոխանցել: Գաբրիէլ Փանոսեանը ճանչցող մարդիկ գիտեն, որ ան կենսուրախ մարդ է: Այսպիսով, չէի ուզեր պարզապէս «Portrait of Gabriel» կամ նման բան մը դնել, այլ որոշեցի այսպէս, ճիշդ այս բառերով անոր կենսուրախ մարդկային տեսակը ցոյց տալ: Եւ կը կարծեմ, որ յաջողեցայ: Այսպէս, կարծես նկարին հերոս-կերպարը կը խօսի զինք դիտողին հետ եւ հետաքրքրական կապ մը կը ստեղծուի երկուքին միջեւ:

Սկիզբէն, ստեղծագործական կառուցուածքէն արդէն պարզ էր ինծի համար, որ կերպարս պիտի խօսի զինք դիտողին հետ (այս պարագային հարցում ուղղէ դիտողին), այնպէս` կարծես իր դրական տրամադրութիւնը կը փոխանցէ դիտողին:

«Ա.».- Ցուցահանդէսը Պարսելոնայի մէջ ըլլալով` բնական է, որ օտարերկրացիներ տեսնենք լուսանկարներուն մէջ: Դուն այնտեղ ներկայ չէիր, սակայն նկատի առնելով, որ հերոսդ կենդանի եւ իրական տիպար է, արդեօք գիտե՞ս, թէ անոնք ինչպիսի՛ հարցադրումներ կ՛ընէին այդ դիմանկարին դիմաց կենալով: Ինչպիսի՞ լուրեր առիր: Հետաքրքրական դրուագներ կայի՞ն:

Մ. Յ.- Ափսո՜ս, շատ մանրամասնութիւններ չկրցանք գիտնալ, միայն` որոշ լուսանկարներ եւ կարգ մը տեսերիզներ: Վստահաբար նման պարագաներու անձամբ ներկայ ըլլալու առաւելութիւնը սա է, երբ կրնաս յուզումներ ու դէմքի արտայայտութիւններ որսալ, հետաքրքրական ու տարբեր կարծիքներ լսել, քննարկել, խօսիլ….

Ցաւօք, այս անգամ, որ շատ կարեւոր էր ինծի համար, չկրցայ շատ մանրամասնութիւններ ստանալ, սակայն գիտեմ, թէ հրաշալի ցուցահանդէս մը եղած է` բազմաթիւ հիւրերով ու բարձր մակարդակով կազմակերպուած:

«Ա.».- Մինչեւ օրս քանի՞ գործ ունիս, ինչպիսի՞ արժէքներ կը պատգամես գործերուդ ընդմէջէն եւ ինչո՞վ կը տարբերի այս գործը նախորդ գործերէդ:

Մ. Յ.- Այս տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր նկարներ կրցած եմ նկարել, յստակ թիւը չեմ կրնար նշել, սակայն ըսեմ, որ մօտ 160 նկար ունիմ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` անհատ նմուշահաւաքներու մօտ եւ տարբեր թանգարաններու մէջ: Տասնեակ նկարներ ունիմ` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրուած:

Արժէքները տարբեր են եւ կախեալ են տուեալ նկարի չափերէն ու բարդութենէն: Այս աշխատանքը` Գաբրիէլ Փանոսեանի դիմանկարը, կը կարծեմ, ինչպէս` իւրաքանչիւր նկարս, կը տարբերի իր առանձնայատկութիւններով` սկսած կերպարէն, նկարի հերոսէն մինչեւ նկարը իրականացնելու թեքնիք բաժինը, իրագործումը:  Այս կտաւս կ՛առանձնանայ իր վրձնահարուածներով` յստակ եւ պինդ: Որոշ չափազանցութիւններ ալ կարելի է տեսնել, բայց անոնք ես գիտակցաբար ըրած եմ…

«Ա.».- Հանրութիւնը տեսաւ այս մէկը,  ուրախացաւ ու հպարտացաւ Միքայէլին արդիւնքով ու յաջողութեամբ: Բայց ի՞նչն է, որ հանրութիւնը լուր չունեցաւ Միքայէլի աշխատանքի գործընթացին մասին: Մարդիկ այսօր կը տեսնեն յաջողութիւնդ, բայց անոր հասցնող ճամբան` ոչ: Ի՞նչ կ՛ըսես յաջողութեան ճամբան փնտռողներուն:

Մ. Յ.- Այո՛, ի՛նչ խօսք, ոչ մէկ բան դիւրութեամբ կ՛ըլլայ, ինչպէս եւ` ա՛յս ճանապարհը: Իմ ուղիիս  վրայ շատ մեծ դեր ունին իմ ծնողները: Անոնց ուշադրութեան արդիւնքն էր, որ փոքր տարիքէն ընտրեցինք մեր ճանապարհը թէ՛ ես, եւ թէ՛ եղբայրս, թէեւ Աստուծոյ նախախնամութիւնն ալ կար: Ճիշդ էք` մենք ալ շատ դժուարութիւններէ անցանք ու կը շարունակենք անցնիլ, բայց պէտք է ըլլայ ներշնչող վստահութիւն մը, որ մենք երկար պիտի ընթանանք մեր ընտրած ճանապարհներէն, եւ կայ շատ կարեւոր բան մը, որ այս տարիներուն հասկցայ: Չկայ ու գոյութիւն չունի վերջակէտ մը, որուն նոյնիսկ տանջանքներու գնով հասնինք: Այդ մէկը անվերջանալի ընթացք է, որուն ամէն մէկ վայրկեանէն պիտի փորձենք հաճոյք ստանալ, կամ յաղթահարել դժուարութիւնները, եւ շատ հաճելի է զանոնք յաղթահարելը: Ինչպէս նախապէս ըսած էի, մեր օրը հետաքրքրական ու յագեցած է, եւ այդ պատճառով է, որ մենք երթալով դէպի ապագայ` կը փորձենք վայելել ներկան` այն ճանապարհը, որմէ կ՛ընթանանք ճիշդ հիմա: Յաջողութեան ձգտողներուն այս մէկը կրնամ ըսել. երազանքներու ետեւէ երթալով` չմոռնանք այս վայրկեանը, որովհետեւ ճիշդ այդ ճանապարհն է կեանքը, այլապէս կը հանդիպիս այնպիսի վիճակի մը, երբ մտովի յաճախ վերջակէտի մը կը սպասես, սակայն այնպէս ալ չի հասնիր ան, եւ կեանքդ անցած կ՛ըլլայ: Թերեւս հետագային փոխուին իմ հայեացքները, եւ այդ մէկը բնական է, քանի որ մենք անընդհատ փոփոխման գործընթացի մէջ ենք, բայց առ այժմ այս կրնամ ըսել:

Հայկական շուկայ – 2018,
Սարոյեան – 2021
Արհեստաւորը – 2019
Կոմպոզիտոր Ստեփան Շաքարեանը – 2019

 

 

 

 

 

Նախորդը

Բազմավաստակ Կրթական Մշակ Ասատուր Պօղոսեանն Ալ Միացաւ Անկրկնելի Հալէպի Անմահներու Շարքին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արժանթինի Դեսպանը

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?