Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ուրուական քաղաք կամ լքուած քաղաք կ՛անուանուին այն նախկին բնակավայրերը, ուր ժամանակին ապրած եւ այժմ լքած բնակիչներու շէնքերը, ենթակառոյցները եւ այլ մնացորդացներ տակաւին տեսանելի են: Անշուշտ ամբողջովին լքուած քաղաքներ կը զարմացնեն եւ կը սարսափեցնեն հաւասարապէս: Հակառակ ատոր, սակայն, որոշ ուրուական քաղաքներ, յատկապէս անոնք, որոնք կը պահպանեն ժամանակաշրջանին բնորոշ ճարտարապետութիւնը, դարձած են զբօսաշրջային վայրեր:
Ն.
ԱՆԻ
Հայաստանի սահմանին, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գտնուող բռնագրաւուած Անին կառուցուած է Ախուրեան գետի աջ ափին, եռանկիւնաձեւ սարահարթի վրայ: Անիի մասին առաջին յիշատակումները կու գան Ե. դարէն: Անի քաղաքին ծանր վնասներ պատճառած էին Լենկթիմուրի արշաւանքները: Ս. Փրկիչ եկեղեցին (որ Համաշխարհային յուշարձաններու հիմնադրամին մաս կը կազմէ) կառուցուած է Ժ.-ԺԱ. դարերուն, Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ: Եկեղեցին յաճախ կը նշուի որպէս Հայաստանի մէջ եկեղեցական ճարտարապետութեան ծագման յատկապէս ուշագրաւ օրինակ: Բագրատունեաց թագաւորութեան աւարտին, երբ եկեղեցին ալ լքուեցաւ, սկսաւ անոր քանդումը: 1930-ին կայծակը հարուածեց եկեղեցւոյ` կառոյցին կէսը քանդելով: 2016 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային ժառանգութեան խորհուրդը միջնադարեան Հայաստանի Անի մայրաքաղաքը ընդգրկեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկ:
ՓՐԻՓԵԱԹ (Ուքրանիա)
Քաղաքը ունէր 50 հազար բնակիչ: Բոլորը տարհանուեցան, երբ 1986 ի ապրիլին մօտակայ Չեռնոպիլի հիւլէական կայանին մէկ մասը պայթեցաւ: Հիւսիսային Ուքրանիոյ այս քաղաքը, հաւանաբար, աշխարհի ամէնէն յայտնի ուրուական քաղաքն է:
ԹԵՐԼԻՆԿՈՒԱ (Թեքսաս)
Երբ հանք պեղող «Չիսոս» ընկերութիւնը 1800 թուականներուն հիմնադրուեցաւ այստեղ, աշխատաւորներն ու անոնց ընտանիքները արագօրէն հաստատուեցան Թերլինկուա: Բնակչութիւնը շուրջ երեք հազար էր 1903 թուականին, բայց այժմ գրեթէ ոչ ոք մնացած է: Եկեղեցիները եւ շինութիւնները լքուած են: Զբօսաշրջիկներ պարբերաբար կ՛այցելեն, յատկապէս` տեսնելու աւանը շրջապատող Պիկ Պենտ հանրային պարտէզները:
ՔԱԼԻՔՕ (Քալիֆորնիա)
Թերլինկուայի այս դատարկ քաղաքը ծնունդ առաւ հանքագործական ընկերութեան հետ, 1881 թուականին: Երբ յայտնաբերուեցաւ արծաթը, քաղաքը ծաղկեցաւ ու դարձաւ արծաթի աւելի քան 500 հանքերու եւ երեք հազար բնակիչներու կեցավայր, բայց երբ հանքերը սպառեցան, եւ արծաթի գինը նուազեցաւ, մարդիկ հեռացան: 1986 թուականին քաղաքը (ուր կը գործէին` պանդոկներ, հանրախանութներ, գիշերային զբօսավայրեր եւ ճաշարաններ, նոյնպէս` թերթ ու դպրոց), դատարկ էր: Բայց «Վալտեր Նոթ» ընկերութիւնը գնեց աւանը եւ վերականգնեց զայն: Այսօր Քալիքօ արձանագրուած է որպէս պատմական յուշարձան, որ բաց է հանրութեան համար եւ նոյնիսկ կը ներկայացնէ Հին Արեւմուտքի (Old West) թանգարանը:
ՔԱՅԱՔԷՕՅ (Թուրքիա)
Բլուրի մը լանջին վրայ գտնուող Քայաքէօյի աւերակները կառուցուած են յունական ոճով` այնտեղ ապրող յոյները տեղաւորելու համար: Ժամանակին յայտնի` Լեւիսի անունով, լքուած Քայաքէօյ ունէր շուրջ 10 հազար բնակիչ` Անատոլուի իսլամներ եւ յոյն ուղղափառներ: 14 դարուն կառուցուած եւ ծաղկուն կեանք ունեցող գիւղը բռնի տարհանուեցաւ 1922 թուականի թուրք-յունական պատերազմի աւարտին, երբ Թուրքիոյ մէջ բնակող 2 միլիոն յոյները ստիպուած եղան լքել այդ երկիրը: Քարաքէօյ գրեթէ ոչնչացաւ երբ իսլամներ եւ քրիստոնեաներ փոխանակուեցան Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւր երկիր իբր թէ կարողանայ ունենալ մէկ հիմնական կրօն եւ ազգային միատարրութիւն: Գիւղէն այժմ կը մնան միայն քարեղէն կառոյցները: 2014 թուականին այս գիւղին մէջ նկարահանուած է Ռասըլ Քրովի «The Water Diviner» շարժապատկերը:
ՎԱՐՈՇԱ (Կիպրոս)
Կիպրոս կղզիի հիւսիս արեւելեան շրջանին մէջ, Միջերկրական ծովու ափին, Վարոշան` Ֆամակուսթայի մէկ մասը, բնակեցուած չէ 1974 թուականէն ի վեր, երբ թրքական բանակը ներխուժեց այս շրջանը եւ բռնագրաւեց: Մինչ անիկա համարժէք էր իտալական Սեհք Թերին, որ կը գրաւէր մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ դէպի իր բարձրայարկ շէնքերը, պանդոկները, ճաշարանները, գիշերային զբօսավայրերը եւ լողափները: Աշխարահռչակ դերասաններ Ռիչըրտ Պըրթըն եւ Էլիզապէթ Թէյլըր այստեղ կը հանգստանային: Բայց հիմա մի՛ մտածէք Վարոշա այցելելու մասին. թրքական կառավարութիւնը արգիլած է:
ԱԼ-ՈՒԼԱ (Սէուտական Արաբիա)
13-րդ դարուն կառուցուած եւ 30 հազար քառ. քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող Ալ-Ուլա քաղաքը, որ կը գտնուի Մեքքայէն 725 քմ դէպի հիւսիս, դատարկուեցաւ 1980 թուականի ընթացքին, երբ բնակիչներուն մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ մօտակայ աւելի նոր քաղաքի մը մէջ: Շրջան մը Ալ-Ուլան մայրաքաղաքն էր լիհիանիտներուն: Այժմ լքուած քաղաքը Սէուտական Արաբիոյ հնագիտական ամէնէն մեծ քաղաքն է:
ՔԱՆԿՊԱՇԻ (Չինաստան)
Չինական ամէնէն մեծ ուրուական քաղաքը կը գտնուի Օրտոս շրջանին մէջ, ուր յայտնաբերուած է ածուխի հարուստ հանքավայր: Քանկպաշի քաղաքին մէջ կան հազարաւոր տուներ, անհրաժեշտ ենթակառոյցներ` օդակայան, հանրային պարտէզներ, թատերասրահներ, փողոցներուն մէջ քանդակներ եւ թանգարան: Շինարարութիւնը սկսած է 2001 թուականին: Բնակչութեան թիւը հասած է մէկ միլիոնի: Այդուհանդերձ, ներկայիս այնտեղ կ’ապրի նախատեսուած բնակչութեան միայն 2 առ հարիւրը: Չինաստանը համաշխարհային առաջատարն է, երբ խօսքը կը վերաբերի կառուցուող շէնքերու թիւին: Ամէն տարի այնտեղ կը կառուցուին նոր քաղաքներ, սակայն, հակառակ բնակչութեան բարձր խտութեան, այդ շէնքերէն շատերը դատարկ կը մնան: Հաւանական պատճառներէն մէկը անշարժ գոյքի չափազանց բարձր գիներն են: Ըստ այլ տեսութեան մը, պատճառը ապահովագրութիւնն է` պատերազմի պարագային: Եթէ խիտ բնակեցուած չինական քաղաքները օդէն յարձակման ենթարկուին, վերակառուցումը մեծ գումար կ՛արժէ: Շատ աւելի աժան եւ դիւրին է բնակչութիւնը նոր քաղաքներու մէջ տեղաւորելը:
ՌԻՈԼԻԹ (Նեւատա)
Ոմանք կը պնդեն, որ ժամանակին այս քաղաքին մէջ հազարաւոր մարդիկ կը բնակէին:
Հանքարդիւնաբերութեան այս հին քաղաքը 1900-ականներու սկիզբին բանուկ վայր էր հանքագործներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար, սակայն 1920-ականներուն հոն ոչ ոք կը բնակէր: Այդուհանդերձ, Չարլզ Շուափ մեծ գումարներու ներդրում ըրաւ ոսկի գտնելու յոյսով: Հիմնուեցան` դպրոց, հիւանդանոց, խանութներ, պանդոկներ եւ նոյնիսկ` սակարան ու սիմֆոնիք նուագախումբ:
ՄԱՆՏՈՒ (Հնդկաստան)
Հնդկաստանի Մուղալ կայսրութեան (հին շրջանի աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ կայսրութիւնը) ժամանակաշրջանէն եկող այս քաղաքը վերջին 400 տարիներուն ընթացքին չէ ծաղկած: Քաղաքը հիմնադրուած է 1526 թուականին: Այս քաղաքին մէջ կայ Հնդկաստանի ամէնէն հին մարմարեայ շէնքը:
ՀԱՇԻՄԱ ԿՂԶԻ (Ճափոն)
Հաշիմա կղզին ժամանակին յայտնի էր իր ջուրին տակ գտնուող ածուխի հանքերով, որոնք սկսան գործել 1881-ին: Կղզիին բնակչութիւնը գագաթնակէտին հասաւ 1959-ին` աւելի քան 5000 բնակիչով (հանքավայրի աշխատողներ եւ անոնց ընտանիքներ): Բայց երբ 1974-ին հանքերը սկսան դատարկուիլ, բնակչութեան մեծ մասը հեռացաւ: Երբեմնի ծաղկող կղզին այժմ ամբողջովին լքուած է: Տեսարժան վայրերը կը գրաւեն զբօսաշրջիկներ, որոնք կ՛այցելեն լքուած տուները, խանութներն ու փողոցները:
ՌՈՍ ԿՂԶԻ (Հնդկաստան)
Բուսականութիւնը գրեթէ ծածկած է մնացած կառոյցները կղզիին, որ ժամանակին կը կոչուէր «Արեւելքի Փարիզ»:Կղզին իր ծաղկման շրջանին բնակավայրն էր բրիտանական պետական պաշտօնեաներու, հոն նոյնպէս կար 1857 թուականի հնդկական ապստամբութենէն ետք ստեղծուած բանտը: 1941-ի երկրաշարժէն ետք ճափոնցիները ներխուժեցին: Ապա բրիտանացիներու եւ ճափոնցիներու միջեւ վէճ ծագեցաւ կղզիի պատկանելիութեան հարցով: 1979 թուականին կղզին տրուեցաւ Հնդկաստանի ծովուժին: Այժմ զբօսաշրջային խումբեր գրեթէ ամէն օր կղզի կ՛այցելեն:
ՔՐԱՔՕ (Իտալիա)
Բլուրի լանջին գտնուող այս ուրուական քաղաքը հիմնադրուած է 8-րդ դարուն եւ նստած է գետնէն 400 մեթր բարձր ժայռին վրայ: Քաղաքը դատարկուեցաւ տարատեսակ բնական աղէտներու պատճառով: 1963 թուականի սահանքէն ետք շատեր տարհանուեցան: 1972 թուականին ջրհեղեղը պայմանները աւելի անորոշ դարձուց, իսկ 1980 թուականն երկրաշարժին պատճառով քաղաքը ամբողջութեամբ լքուեցաւ:
Կղպուած դարպասով պատ մը կը շրջապատէ քաղաքը: Այցելուները նախապէս պէտք է արձանագրուին: Հրաշքով անվնաս մնացած Մարիամ Աստուածածինի արձանի շնորհիւ` քաղաքին մէջ ամբողջ տարին կը կայանան զանազան կրօնական փառատօներ: Եւ հակառակ այն հանգամանքին, որ այդ տարածքը ժամային ռումբ է, քաղաքը գործածուած է քանի մը շարժապատկերներու համար, որոնց շարքին «Passion of the Christ»-ը: