«Գէորգ Հաճեան»
Փողոցի Եւ Յուշաքարի Բացում
Այնճարի զաւակ, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան առաջին տարելիցին առիթով Այնճարի մէջ կազմակերպուեցան տարբեր ձեռնարկներ եւ կատարուեցան նախաձեռնութիւններ:
Արդարեւ, շաբաթ 16 հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ յուշաքարի զետեղում ու «Գէորգ Հաճեան» անունով փողոցի բացում:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, 16 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն սկիզբ առաւ քայլարշաւ մը` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբին, որուն կը հետեւէին ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտները , ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի եւ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամները: Քայլարշաւին կը մասնակցէին` Պեքաայի հայութեան հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Փուչիկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները , Այնճարի քաղաքապետը, գիւղի հոգեւոր հայրերը, պատկան մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչները, նահատակ Գէորգ Հաճեանի հարազատները եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հասնելով «Գէորգ Հաճեան» փողոցի մուտքին` տեղի ունեցաւ ցուցանակի բացում նահատակին հարազատներուն կողմէ, ուրկէ ներկաները ուղղուեցան Գէորգ Հաճեանի պապենական բնակարանը, ուր ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի նախագահ Խաժակ Այնթապեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ նահատակին արժանիքները` իբրեւ ազգային, յեղափոխական եւ կոմիտասեան երգերու վարպետի, իբրեւ հայրենասէրի, նուիրեալ դաշնակցականի ու անձնուրաց ազատամարտիկի:
Ապա ան հրաւիրեց նահատակին մայրը` կատարելու յուշաքարին բացումը, որմէ ետք Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Վարուժան արք. Հերկելեանն ու գիւղի հոգեւոր հայրերը կատարեցին յուշաքարի օրհնութիւնը: Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի» երգով :
Գէորգ Հաճեանի Յիշատակին
Հոգեհանգիստ Եւ Ձեռնարկ
Կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ արցախեան ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի եւ 44-օրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներուն:
Հոգեհանգիստէն ետք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած նահատակ Գէորգ Հաճեանի եւ քառասունչորսօրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներուն:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Վարուժան արք. Հերկելեան, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանն ու դեսպանատան ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն անդամներ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, Գէորգ Հաճեանի հարազատներն ու բազմութիւն մը:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անդամ Ալին Քենտիրճեանը, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել նահատակ Գէորգ Հաճեանի եւ արցախեան բոլոր նահատակներուն յիշատակը. ապա ըսաւ. «Ով կամաւոր է գրւում, այն օրից հերոս է նա, Իր ազգի ազնիւ կռւում ամենամեծ յոյսն է նա…». այս երգը, ո՜վ գիտէ, քանի՛ անգամ հնչած է Գէորգ Հաճեանի շրթերէն… հայրենասիրական, ազգային, կոմիտասեան ու հոգեւոր երգերու վարպետ, որ տարիներ իր անզուգական ձայնով բարձր պահեց հայու պատիւը աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ, դաստիարակեց ու խրախուսեց սերունդներ` սկսած Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն հասնելով մինչեւ արցախեան բանակի զինուորներուն, այս եւ նման երգերով ան սփոփեց նահատակ հերոսներու մայրերուն վիշտը… ու թերեւս այս երգին կամ հայրենասիրական ուրիշ երգի մը բառերը շրթերին, տարի մը առաջ, Վարակնաթաղի բարձունքը ազատագրելու ընթացքին ինքն ալ միացաւ արցախեան նահատակներու փաղանգին»:
Ա. Քենտիրճեան դիտել տուաւ, որ այս ձեռնարկով ՀՅԴ Այնճարի ընտանիքն ու ժողովուրդը նահատակ Հաճեանի հարազատներուն ցաւակցութիւններ յայտնելէ առաջ, զօրակցութիւն կը յայտնեն Արցախի ժողովուրդին` խոստանալով ամէն գնով մասնակից դառնալ անոր հզօրացման ու բարգաւաճման եւ այդպէս մխիթարել հարազատներուն վիշտը եւ այդպէս յաւերժացնել Գէորգ Հաճեանին յիշատակը:
Ապա տեսերիզով ցուցադրուեցաւ նահատակ ընկերոջ կենսագրականը` պատրաստուած ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին կողմէ:

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Կարօ Փիլաւճեան, որ դիտել տուաւ, թէ բաւական դժուար է բառերով արտայայտել Գ. Հաճեանի կորուստով կուտակուած ցասումը. «Երգդ ու ձայնդ աւելի ուժեղ էին, քան` թնդանօթներու թնդիւնները, ապառաժներ փշրող ձայնդ, քամին գերազանցող ձայնդ մնաց հայոց լեռներուն մէջ: Մնաց հոն` տէր կանգնելու կորուստեալ հողին, ամբողջ մշակոյթ մը, ազգի մը ցասումը երգով արտայայտուած մնաց մեր լեռներուն մէջ` իբրեւ լեռների քայլերգ, մնաց մեր լեռներում` իբրեւ ռազմական տհոլ մուսալեռեան»:
Ան դիտել տուաւ, որ Գէորգ Հաճեանի սրբանուէր արեան հետքերով բազում պատանիներ ու երիտասարդներ պիտի ուղղորդուին դէպի բարձունքը յաղթանակի, «ուր պիտի դիմաւորէ զիրենք ձայնդ կոմիտասեան` իբրեւ ռահվիրայ գալիք յաղթանակներու»:
Այնուհետեւ նահատակ Գէորգ Հաճեանի եղբայրը` Վրէժ Հաճեան մեկնաբանեց Կոմիտասի «Կռունկ» երգը, իսկ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Մարիա Աբէլեան` «Հայ զինուոր» եւ «Զինուորի մօր երգը»:
Օրուան պատգամաբերը` Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ, որ Գէորգ Հաճեան կամաւոր եւ գիտակից որոշումով նուիրուեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին, որովհետեւ երբ հայրենիքը վտանգուած է, երբ Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրական դատը մտած է մարտական հունի մէջ, Գէորգ Հաճեանները չեն վարանիր ու իրենց խօսքը գործի կը վերածեն:
«Գէորգ Հաճեան իր խօսքով, աշխատանքով, գործով եւ երգերով կը դաստիարակէր, ան իր զմայլելի երգեցողութեամբ ոչ միայն հայ կոմիտասեան երաժշտութեան հազուագիւտ գեղեցկութիւնը կը հրամցնէր, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգին կը փառաբանէր, Հայ դատի աշխատանքներուն ժողովրդականացման կը սատարէր, Դաշնակցութեան յեղափոխականութեան վկայագրումը կ՛ահազանգէր», շեշտեց բանախօսը:
Տ. Ճինպաշեան հաստատեց, որ այսօր, աւելի քան երբեք Հայաստանի ժողովուրդին համար անհրաժեշտ են Գէորգ Հաճեանին նման նուիրեալները, երբ պատերազմին յաջորդած տեղատուութեան ու ընկճուած պայմաններուն մէջ անթեղուած է պահանջատիրութեան կրակը, երբ արդարութեան որոնումը փոխարինուած է անորոշ խաղաղութեան փնտռտուքով: «Գէորգ Հաճեանի ձայնը պիտի շարունակէ թնդալ` արթնցնելու համար թմրած գիտակցութիւնը հայրենի մեր ժողովուրդին: Ան պիտի շարունակէ երգել հայ մարդոց գիտակցութեան մէջ արթուն պահելու համար ոգին ու հայրենիքին բոլոր միջոցներով, անմնացորդ ծառայելու հրամայականը»:
Իր խօսքը շարունակելով` Ճինպաշեան ըսաւ. «Ուշ-ուշ կու գան, բայց նահատակները կու գան ու կը դառնան հայուն հարստութիւնը ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան, այլ բովանդակ հայ ազգին. ու ինչպէս Դաշնակցութեան բիւրաւոր նահատակներուն խօսքը, ու մանաւանդ` գործը, դաստիարակեցին յաջորդող սերունդները, մեր նոր նահատակներուն խօսքն ու գործը եւս պիտի դաստիարակեն նորահաս սերունդները, ազատութեան ու անկախութեան համար յարատեւ պայքարի ուղին շարունակեն դառնալ լուսաւոր փարոսներ»:
Իր խօսքը աւարտելով` պատգամաբերը շեշտեց, որ Գէորգ Հաճեան հիմա միացաւ Դաշնակցութեան բիւր հերոսներու փաղանգին եւ անդենականէն կը շարունակէ երգել ու պայքարի պատմութիւնը պատգամել:
Ապա ներկաները լսեցին վկայութիւն մը Գէորգ Հաճեանի ընկերներէն Զաքար Քէշիշեանի կողմէ, ապա ՀՅԴ Լիբանանի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին անոր պատանեկան կեանքէն դրուագ մը, ինչպէս նաեւ երգեցին «Տլէ եաման» եւ «Հայրենեաց սիրոյ համար» երգերը:

Ապա ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անդամ Վանիկ Աբէլեան կարդաց վկայութիւնները ազատամարտիկ Հաճեանի ընկերներէն Էտուարտ Թովմասեանին, Րաֆֆի Ասատուրեանին եւ Հրայր Պարսումեանին կողմէ, որոնք պատերազմի օրերուն իրեն հետ միասնաբար կռուած էին յանուն հայրենիքի փրկութեան:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ նահատակ Գէորգ Հաճեանի հերոսածին մայրը, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն ձեռամբ:
Ձեռնարկի աւարտին Վարուժան արք. Հերկելեան եւս վկայեց Գէորգին մասին, ու ձեռնարկը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:
Ձեռնարկէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, ուր Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, դեսպանատան ներկայացուցիչները եւ հիւպատոսը միասնաբար ծաղկեպսակ մը զետեղեցին մուսալեռցի նահատակներուն յուշարձանին դիմաց:
Աւարտին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ` ի յիշատակ ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանին:
Փա՛ռք ու պատիւ անոր անմար յիշատակին:
ՀՄԸՄ-ի Խմբապետներու Աստիճանատուուչութիւն Եւ
Պասքեթպոլի Մրցում` Ի Յիշատակ Գէորգ Հաճեանի
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ պասքեթպոլի յանձնախումբին, ներկայութեամբ Այնճարի հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ Շրջանային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ուրբաթ, 15 հոկտեմբեր 2021-ին Այնճարի ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ խմբապետներու աստիճանատուուչութիւն եւ պասքեթպոլի մրցում` նուիրուած Արցախի պատերազմի նահատակ, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Հաճեանի յիշատակին:
Այս առիթով խօսք առաւ ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի ատենապետ Խաժակ Հերկելեան, որ անդրադարձաւ նահատակ Գէորգ Հաճեանի հայրենի հողին վրայ կատարած սխրագործութեան, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ այսօր խումբ մը սկաուտներ վերանորոգեցին իրենց երդումը եւ ստացան խմբապետի աստիճաններ. «Անոնք խոստացան իրենց երդումին տէրը ըլլալ, լաւապէս ծառայել ազգին ու հարենիքին եւ ՀՄԸՄ-ի ճամբով դաստիարակել նոր սերունդներ »:
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց նահատակ Գէորգ Հաճեանի եղբայրը` Վրէժ Հաճեանը, եւ անոր յանձնեց վահանակի խորհրդանիշով յուշանուէր մը :
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»-ով:


















