Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքապետները Չեղեալ Կը Յայտարարեն Ազրպէյճանի Յորդորով Հրապարակուած Ստայօդ Հռչակագիրները

Հոկտեմբեր 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր»

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չի գիտեր, որ միշտ կարելի չէ ուզածդ ստանալ` կաշառելով քաղաքական գործիչներ եւ վճարելով անոնց: Սահման մը կայ, որմէ անդին չես կրնար դրամով բան մը գնել: Երբեմն ճշմարտութիւնը աւելի մեծ արժէք է:

Ըստ երեւոյթին, Ազրպէյճանի ղեկավարները այս կարեւոր դասը չեն սորված: Անոնք տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած են` վճարելով լոպիիստական ընկերութիւններուն եւ քաղաքական կաշառուած գործիչներուն:

Նման անօգուտ գործունէութեան օրինակ է Ազրպէյճանական մոլուցքը` փորձելու շահարկել 1992-ի արցախեան պատերազմի ժամանակ Խոջալուի մէջ քանի մը հարիւր ազրպէյճանցիներու սպանութեան վիճայարոյց միջադէպը: Այս մասին կան տարբեր վարկածներ, թէ իսկապէս ի՛նչ տեղի ունեցած է Խոջալուի մէջ: Այսուամենայնիւ, Ազրպէյճան մեծ ջանքեր գործադրած է աշխարհին յերիւրանքով համոզելու համար, որ հայերը «ցեղասպանութիւն» իրականացուցած են Խոջալուի մէջ…

Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ազրպէյճանական սովորական մօտեցումը այն է`  կաշառել քաղաքական գործիչները` Խոջալուի սպանութիւններու տարելիցին նուիրուած հռչակագիրներ հրապարակելու համար: Ազրպէյճանի առաջին նախագահ Այազ Մութալիպով 1992-ին  չեխ լրագրող Տանա Մազալովայի հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ իր ազրպէյճանցի քաղաքական հակառակորդները այս միջադէպը օգտագործած են զինք իշխանութենէն հեռացնելու համար: Ան նաեւ ըսած է, որ հայ զինեալներ Խոջալուի  ազրպէյճանական բնակչութիւնը յորդորած են, որ վերջիններս փախուստի դիմեն բաց ձգուած ճամբով, սակայն Ազրպէյճանի Ազգային ճակատը խոչընդոտած է անոնց ելքը քաղաքէն:

Ազրպէյճան յաջողած է նաւթի տոլարներով հասնիլ հոն, որ Միացեալ Նահանգներու 23 նահանգները Խոջալուի մահերը ոգեկոչեն իբրեւ «կոտորած»: Հակառակ Ազրպէյճանի  լոպիիստական յամառ ջանքերուն` այս նահանգներէն ոչ մէկը ընդունած է Ազրպէյճանի ենթադրեալ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` նկարագրելու համար այդ քանի մը հարիւր ազրպէյճանցիներու մահը Խոջալուի մէջ: Ազրպէյճան նաեւ իր լեցուն գրպանները օգտագործած է այս սպանութիւններուն  ճանաչումը  ստանալու համար  ութ  երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ, ինչպէս` Ազրպէյճանի (բնականաբար), Փերուի, Փանամայի, Հոնտուրասի, Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինայի, Սլովենիոյ, Ճիպութիի եւ Փարակուէյի: Աւելի՛ն հետեւեալ եօթը երկիրներու` Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Մեքսիքայի, Քոլումպիոյ, Չեխիոյ, Սուտանի եւ Կուաթեմալայի խորհրդարաններու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերը ոգեկոչած են Խոջալուի սպանութիւնները:

Ազրպէյճան օգտագործած է յիշատակի այս բանաձեւերը, որպէսզի վնասէ Հայաստանի հեղինակութեան եւ հակազդէ աւելի քան 30 երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու 49 նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Թէեւ երբեմն դրամը կրնայ օգնել` ստանալու համար ձեր ուզածը, սակայն ուրիշ ատեն դրամը կրնայ խայտառակել ձեզ, ինչպէս որ պատահեցաւ յատկապէս անոնց, որոնք աւելի կանուխ ոգեկոչած ըլլալով Խոջալուի յիշատակը` այժմ կը հերքեն զայն եւ ներողութիւն կը խնդրեն ու չեղեալ կը համարեն իրենց ճանաչումը հասկնալէ ետք, որ իրենք խաբուած են:

Թատ Կլորիա

Ինչ որ տեղի ունեցաւ Սան Տիեկոյի` Քալիֆորնիոյ երկրորդ մեծ քաղաքին մէջ, այս ըսուածին նորագոյն խայտառակ օրինակն էր: 14 հոկտեմբերին ազրպէյճանական լրատուական միջոցները եւ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղաեւ պարծենալով յայտարարեցին, որ Սան Տիեկոյի քաղաքապետ Թատ Կլորիա հռչակագիր  հրապարակած է` 18 հոկտեմբեր 2021-ը սահմանելով իբրեւ «Ազրպէյճանի անկախութեան վերականգնման օր»:

Հռչակագրին մէջ ստայօդ կը պնդուէր, որ` «Ազրպէյճան միջազգայնօրէն կը նկատուի յաջողակ օրինակ մահմետականներու, քրիստոնեաներու եւ հրեաներու խաղաղ ու ներդաշնակ համակեցութեան համար»: Գլխաւոր հիւպատոս Աղաեւ այս առիթով բոլորին յիշեցուց, որ 2021-ին «կ՛ամբողջանայ Պաքու-Սան Տիեկօ համագործակցութեան տասնամեակը»: Աղայեւ նաեւ նշեց, որ` «1991-էն ի վեր ազրպէյճանցիները առաջին անգամ այս տարեթիւը պիտի նշեն իբրեւ յաղթանակած ժողովուրդ, որ վերականգնած է իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Սակայն գլխաւոր հիւպատոսին ոգեւորութիւնը տեւեց միայն մէկ օր: Հոկտեմբեր 15-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը տարածեց մամլոյ հաղորդագրութիւն` կոչ ընելով Սան Տիեկոյի քաղաքապետին` չեղեալ համարել իր հռչակագիրը, որ «կ՛արդարացնէ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները»: Նոյն օրը, Սան Տիեկոյի քաղաքապետը չեղեալ յայտարարեց նախապէս ընդունած ազրպէյճանամէտ իր հռչակագիրը: Քաղաքապետը գրեց. «Ցաւով կը նշեմ, որ այս հռչակագիրին հրապարակումը սխալմունք է, եւ պէտք է որ անիկա աւելի մանրակրկիտ քննուէր անձնակազմին կողմէ, քանի որ հոն հաշուի չեն առնուիր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, պատմութիւնը եւ ընթացիկ իրադարձութիւնները»: Աւելի կարեւորը անոր յայտարարածն է. «Թէեւ նախկին վարչակազմերու կողմէ Սան Տիեկօ քաղաքը հռչակագիրներ հրապարակած է  Ազրպէյճանի անկախութեան օրուան եւ նմանատիպ առիթներով, սակայն, իմ գրասենեակը, այս պահէն ետք բաւարարութիւն պիտի չտայ այդ խնդրանքներուն: Այս նպատակով ալ ես չեղեալ կը համարեմ այս հռչակագիրը, իսկ Սան Տիեկօ քաղաքը 18 հոկտեմբերին պիտի մերժէ ճանչնալ զայն: Կը խնդրեմ` ընդունեցէք իմ խորին ափսոսանքը այս սխալին համար, միաժամանակ ընդունեցէք գնահատանքս` իմ ուշադրութիւնը այս հարցի վրայ հրաւիրելու համար»:

Ասիկա «Պաքու-Սան Տիեկօ համագործակցութեան» աւարտն է: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը մուկի մը պէս լուռ էր այն պահէն սկսեալ, երբ քաղաքապետը չեղեալ յայտարարեց իր իսկ հռչակագիրը: Գլխաւոր  հիւպատոսը  ոչինչ ըսաւ…

Մարթին Ուոլշ

Չեղեալ յայտարարուած ազրպէյճանամէտ հռչակագիրներու շղթան Սան Տիեկոյով վերջ չի գտներ: 26 փետրուար 2021-ին Պոսթոնի քաղաքապետ Մարթին Ուոլշ հռչակագիր հրապարակեց «Խոջալուի օրը» նշելու մասին: Այսուամենայնիւ, 10 մարտ 2021-ին քաղաքապետը փոխեց իր կարծիքը եւ գրեց.  «Ես կ՛ուզէի ներողութիւն խնդրել ամերիկահայ համայնքէն… Ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներու հետ մեր ունեցած զրոյցներէն ետք մենք կը հասկնանք, որ այս հռչակագիրը վիրաւորական եղած է ձեզմէ շատերուն համար… Ես որոշած եմ չեղեալ յայտարարել այս հռչակագիրը»: Քաղաքապետ Ուոլշ, որ այժմ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախարար է, բարձր գնահատական տուած է տեղւոյն հայ համայնքին եւ անդրադարձած` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման: Այն, ինչ որ սկսաւ իբրեւ ազրպէյճանական քարոզչական ջանք, աւարտեցաւ իբրեւ Հայաստանի եւ հայերու հանրային կապերու մեծ յաղթանակ:

Նոյն բեմագրութիւնը կրկնուեցաւ Մէյն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետ Քեթլին Սնայտըր ի սկզբանէ հռչակագիր հրապարակած էր 17 փետրուար 2021-ին` ի յիշատակ «Խոջալուի յիշատակի օրուան»: Այսուամենայնիւ, 1 ապրիլ 2021-ին քաղաքապետը գրեց. «Ես որոշեցի չեղեալ յայտարարել քաղաքապետին հռչակագիրը» եւ աւելցուց. «Անգամ մը եւս ներողութիւն կը խնդրեմ այն ցաւերուն եւ վիրաւորանքին համար, զորս պատճառած է այս հռչակագիրին հրապարակումը…»:

Փաթրիք Ֆիւրի

Նմանապէս, Քալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը յայտարարութիւն տարածած է 15 հոկտեմբեր 2021-ին` «Ազրպէյճանի օրը» նշելու մասին: Անիկա Սան Տիեկոյի հռչակագիրին ճշգրիտ պատճէնն է: Նոյն օրը, աւելի ուշ, Թորընս քաղաքի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրի յայտարարեց, որ քաղաքը` «Սխալմամբ  հռչակագիր մը հրապարակած է: Նախապէս քաղաքային իշխանութիւններ Թորընս քաղաքի մէջ յայտարարած էին Ազրպէյճանի ազգային օրը` հռչակագիրը ուժի մէջ մտնելու օրը: Համապատասխան տարածաշրջանի մէջ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, քաղաքը յարգանքով խնդրած է Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն` հռչակագիրը ջնջել լրատուական բոլոր միջոցներէն»: Այսուամենայնիւ, Սան Տիեկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները տակաւին գլխաւոր հիւպատոս Աղայեւի դիմատետրեան էջի մէջ են:

Ասիկա նաեւ օրինակ մըն է Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ի գործ դրած քարոզչական անյաջող ջանքերուն: Քալիֆորնիոյ հայերուն բախտը բերած է, որ Ազրպէյճան Լոս Անճելըս ուղարկած է նմանօրինակ ապիկար գլխաւոր հիւպատոս մը: Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, եթէ շուտով զայն յետս կոչեն Պաքու:

Բազմաթիւ այլ օրինակներ կան ազրպէյճանական քարոզչութեան անյաջող փորձերուն մասին: 25 փետրուար 2021-ին Մինեսոթայի նահանգապետ Թիմ Ուալս հռչակագիր հրապարակեց «Ազրպէյճանի օրուան» կապակցութեամբ, սակայն մերժեց անոր մէջ ներառել «Խոջալու»-ի յղումը:   Այսուհանդերձ, ազրպէյճանական լրատուական միջոցներ կեղծ տեղեկութիւններ տարածեցին այն մասին, որ իբր  թէ  նահանգապետը ստորագրած է «Խոջալուի ցեղասպանութեան» յիշատակի հռչակագիր մը:

Փոխանակ չեղեալ յայտարարելու Ազրպէյճանի լոպիիստներու յորդորով հրապարակուած յերիւրածոյ հռչակագիրները` ամերիկահայ համայնքը պէտք է կանխարգելիչ քայլերու դիմէ, որպէսզի ազրպէյճանամէտ կեղծ հռչակագիրները նախ եւ առաջ երբեք լոյս չտեսնեն:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 23 Հոկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Ապրիլը Քու Արդար Իրաւունքդ Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?