Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ. Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Հոկտեմբեր 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Տասնեակ տարիներ Լիբանանի ժողովուրդը ստրկացուցած իշխանութիւնները համայնքային լարուածութիւններ ստեղծելէ անդին իրենց գոյութիւնը պահպանելու ուրիշ ելք չունին: Տնտեսական անկումը վերականգնելը հրաշք կը պահանջէ, իսկ ընկերային ծառայութիւնները երբեք պիտի չգոհացնեն մարդոց կարիքները:

Այո՛, անցնող օրերու քաղաքացիական բախումներէն բոլորն ալ օգտուեցան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ուժ իր դասարանին զանգը հնչեցուց եւ սկսաւ հօտը հաւաքելու աշխատանքներուն: Դէպքերը եւ ոճը համայնքային-կրօնական ուժերու վերջին փամփուշտներն են` իւրաքանչիւրը իր տեսակն ու տեղը պահելու համար, որպէսզի ապահովէ գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու քուէները:

Չէ՜, փողոցը շարժելը եւ տարբեր տրամաչափի կրակոցները պատերազմի ազդանշաններ չեն, այլ` ներքին տեղաշարժի ու հաւաքի շարժառիթ: Այսօր հաստատ բոլորն ալ քաղաքացիական պատերազմի տրամադրուածութիւն չունին, հակառակ անոր որ արտաքին ուժեր երկրի առաւել անկայունութենէն մեծ շահեր կրնան ապահովել` յաւելեալ ճնշումներ բանեցնելով շրջանային ուժերուն վրայ:

Այս կացութեան մէջ միակ վնասը կրողը նորէ՛ն ժողովուրդի այն մեծամասնութիւնն է, որ «խուսափելով պատերազմ»-էն եւ պահելու համար «համայնքային հաւասարակշռուածութիւն»-ը կամայ-ակամայ պիտի վերադառնայ իր համայնքին եւ երբեմն ալ վարպետին: Նշեալ կացութեան մէջ, ան ամէն օր առաւել եւս պիտի կորսնցնէ մարդավայել կեանք ապրելու իրաւունքը:

Սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով, հակադիր բոլոր ուժերն ալ անձայն համաձայնած են փողոցը տաք պահել, որպէսզի քուէատուփերուն գոյները չփոխուին, մինչ առաւել եւս ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ անցնող երկու տարիներու փորձառութիւններէն կարելի չեղաւ ձեւաւորել իսկական ընդդիմութիւն, որուն մեկնակէտը իսկական փոփոխութիւններն են` ժողովուրդի բարօրութիւնն ու ընկերային-տնտեսական պայմաններուն բարելաւումը: Այլընտրանքի բացակայութիւնն ու արեւմտեան դեսպանատուներու շահագործումները առաւել եւս նպաստեցին, որ ժողովուրդը յուսահատ յանձնուի «պապուկ»-ներուն եւ յարմարի վատագոյն կացութիւններուն հետ:

Եւ այսպէս, լիբանանցին օրէ-օր աւելի կը ստրկանայ եւ կը յանձնուի «պատահականութեան»` սպասելով փրկութեան հրաշքին, առանց գիտակցելու, որ իր եւ իր նմաններու ճիգերուն բացակայութեամբ եւ առանց ամուր հաւատքի ու գործի կարելի չէ փոփոխութիւն յառաջացնել:

Լիբանանի այս անկայուն ու տագնապալի պայմաններուն մէջ, լիբանանահայութիւնը մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, համայնքային-կրօնական ըմբռնողութենէն անդին ազգային դիմագիծ եւ պատկանելիութիւն պահպանելու խնդիր ունի: Շատերուն համար այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ գուցէ անհեթեթութիւն ըլլայ ազգայինը, սակայն մեր «աղն ու հացը» ըլլալէ ալ չի կրնար դադրիլ, որովհետեւ մեր ազգը աւելի վատ պայմաններու մէջ եւ նոյնիսկ սովի ու անապահովութեան մէջ ազգային արժէքները չէ անտեսած, չէ մոռցած եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցած է: Ազգայինը պահպանելը նաեւ կ՛ենթադրէ ազգային մտածողութեամբ առաջնորդուիլ եւ ազգային շահերը համահաւասար դիտարկել ընկերային-տնտեսական շահերուն հետ:

Այս իմաստով, լիբանանահայութիւնը նախ եւ առաջ ներքին ճակատը համախմբելու պարտականութիւնը ունի, որպէսզի ազգային ճակատով առաջնորդուի: Իսկ մեր հասարակութիւնը իր ընտրութիւնը պէտք է կատարէ` հեռու մնալով նեղ-անհատական եւ երբեմն ալ ենթակայական ազդակներէն: «Մէկ միլիոն»-ի ցուցակին մէջ անունը գտնուիլ-չգտնուիլը, կամ ալ իրմէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ գտնուող հայորդիին «սնտուկ» առնել-չառնելը պէտք չէ երբեք պատճառ դառնայ, որ իր կողմնորոշումը փոխուի:

Այո՛, բազմաթիւ բացթողումներ եղան, սխալներ արձանագրուեցան: Այո՛, շատեր պէտք չէ առնէին, մինչ շատ փոքր թիւով պէտք ունեցողներ ալ չառին, երբեմն անկազմակերպուածութեան եւ երբեմն ալ ծանրաբեռնուածութեան պատճառով, բայց մեր կառոյցները հիմնուած են կամաւոր աշխատանքի վրայ եւ ունին սահմանափակ կարելիութիւններ: Այսօր պետութիւնը չի կրնար ամբողջովին հսկել ծառայողական աշխատանքներուն, ուստի, դիմացը կարելի չէ ակնկալել, որ նոյն պայմաններուն մէջ մեր կառոյցները հարիւր առ հարիւր ճշգրտութեամբ գործ տանին:

Դիւրին աշխատանք չէ կարիքաւորին ու առաւել կարիքաւորին միջեւ սահմաններ ստեղծելը, եւ տակաւին առաւել դժուար է, երբ հաւաքականութենէն փոքր հատուած մը կ՛ուզէ շահագործել, թուղթերը կեղծել, մէկէ աւելի անգամ օգտուիլ եւ մէկէ աւելի ակումբներէ օժանդակութիւն ստանալ: Վստահաբար արդար ըլլալու համար պէտք է ակնկալութիւն ունենանք, որ գալիքին բացթողումները նուազին, որպէսզի աշխատանքները առաւել եւս իրենց նպատակին ծառայեն, սակայն այս մէկը պատճառ պէտք չէ դառնայ «կեցուածք» որդեգրելու եւ ըսելու, թէ` «այս անգամ սնտուկ չառի, եւ այդ պատճառով գալիք ընտրութիւններուն թող գիտնան, որ ձայն պիտի չտամ»:

Երբ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մեծ մասը ծառայողական աշխատանքներու մեծ թափ տուին ընտրութիւններու ազդանշանէն անմիջապէս ետք, լիբանանահայութիւնը երկու տարիներէ ի վեր կը վայելէ մեր բարերարներուն բարիքները: Ի՞նչ չըրինք: Հաց, սննդեղէն, բանջարեղէն, դեղորայք, հիւանդանոցային ծախսեր, կրթաթոշակ, գրենական պիտոյք, նուէրներ եւ նիւթական գումարներ… Ցաւալին այն է, որ մէկ չառնողը (որ կրնայ արդար ըլլալ կամ ոչ) «մեր աշխարհը» իրար կ՛անցընէ, մինչ դիմացը հազար ծրար ստացողներէն ոչ մէկը երախտագիտութիւնը բարձրաձայն կ՛արտասանէ կամ կը գրէ:

Լիբանանի մէջ նոյն նաւուն վրայ ենք բոլորս: Մենք ուղղութիւնը փոխելու կարելիութիւնը չունինք, երբ այսօր մեծամասնութիւնը իր սենեակը պահելու աշխատանքին լծուած է եւ չէ հետաքրքրուած, թէ նաւը ո՛ր կողմը կ՛երթայ, եւ հոսանքը ուրկէ՛ կու գայ:

Կարեւորը մենք մեր կարելիին սահմաններուն մէջ մեր պատուհանները փակենք,  աղտոտ ջուրը մաքրենք, փեղկերը ամրացնենք եւ ներսը տաքուկ պահենք, որպէսզի միւս սենեակներուն հետ չխառնուինք ու չկորսուինք…

Պահը դժուար է, անկիւնադարձային ու վտանգաւոր, եւ պահանջուածը անձնականէն անդին ազգային միասնական ճակատի որդեգրումն է:

21 հոկտեմբեր 2021

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն «3+3» Ձեւաչափի Գործարկումը Ձախողեցնել» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Ըստ Տմիթրի Փեսքովի. «Վալտայ» Ակումբին Մէջ Փութինի Արտասանած Խօսքը Եւրոպայի Հետ Ռուսիոյ Յարաբերութիւններուն Վրայ Պիտի Չազդէ

RelatedPosts

Մեր Կորուստները
Անդրադարձ

Հայ Լեզուի Պահապանին Կորուստը

Նոյեմբեր 19, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Կրկնակի Սրբադասում Մը

Նոյեմբեր 19, 2025
Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը
Անդրադարձ

Գրախօսական.- Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Նոյեմբեր 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?