Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն

Հոկտեմբեր 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Փոլ Անդոնոփուլոս 13 հոկտեմբեր 2021-ին վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ին մէջ (1), ստորեւ` թարգմանութիւնը եւ քանի մը խօսք.

«Ազրպէյճանը Թուրքիոյ եւ սուրիացի վարձկաններու օժանդակութեամբ անվիճելի յաղթողն էր 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին` վերագրաւելով հայկական իշխանութեան տակ գտնուող հողերուն մեծ մասը: Կ՛ակնկալուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը Պաքուի հսկողութեան տակ դառնալով` առեւտուրի եւ փոխադրութեան նոր միջանցքներ պիտի բացուէին, եւ Ազրպէյճանը Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան անփոխարինելի կեդրոն մը պիտի դառնար: Թէեւ կարելիութիւն մը կայ, որ Թուրքիոյ հետ առեւտուրի միջանցք մը բացուի` երկարելով մինչեւ  թրքախօս Կեդրոնական Ասիոյ սիրտը, սակայն Ազրպէյճանի թշնամական եւ կռուազան կեցուածքը նոյնպէս կը նշանակէ, որ Հնդկաստանն ու Իրանը Եւրոպայի հետ տնտեսապէս կապուելու ա՛յլ ընտրանք կը փնտռեն:

1. Հիւսիս-Հարաւ նոր միջանցքը: Յօդուածին նկարը, որուն վրայ հայերէն տեղանուններ եւ բացատրութիւններ աւելցուցի:

«Երկուշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2021-ին ՊիՊիՍի-ի թղթակից մը (Արմէն Շահպազեան*) Իրանի Առեւտուրի զարգացման կազմակերպութեան նախագահ Ալիրիզա Փէյմանփաքէն կը մէջբերէ. «Փոխընտրաբար` (այժմու*) Իրան-Եւրասիա տարանցիկ (transit) անցքը երկու (նոր*) ուղիներ պիտի փոխարինեն ազրպէյճանական ուղին: Առաջինը ամիս մը ետք պիտի բացուի Հայաստանի մէջէն, երբ որ ճամբաներու նորոգութիւնը աւարտի, եւ երկրորդը ծովու ճամբով` նաւեր գնելով եւ վարձելով:

«Փէյմանփաք կ՛ակնարկէր միջազգային Հիւսիս-Հարաւ միջանցքին ՀՀՄ (INSTC), տնտեսական մեծ ծրագիր մը, որ 7200 քմ երկարութիւն ունի, կ՛ենթադրէ երկաթուղիի, ցամաքային եւ ծովային ուղիներ` նպատակ ունենալով նուազեցնել փոխադրութեան տեւողութիւնը եւ ծախսը: Միեւնոյն ատեն պիտի բարելաւէ առեւտուրը Ռուսիոյ, Իրանի, Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի, Հնդկաստանի եւ Եւրոպայի հետ: Այս ուղին, այժմու ուղիին հետ բաղդատելով, ոչ միայն 30 տոկոս աւելի աժան է եւ 40 տոկոս աւելի կարճ, այլ նաեւ կը ծառայէ իբրեւ աշխարհաքաղաքական գործիք` աւելի մեկուսացնելու Ազրպէյճանը, մինչ անոր յարաբերութիւնը Իրանի եւ Հնդկաստանի հետ կը վատթարանայ:

2. Հիւսիս-Հարաւ նախորդ միջանցքը, որ Ազրպէյճանէն կ’անցնէր (Ուիքիփետիա (2)): 3. Ալիրիզա Փէյմանփաքի այս նիւթով հեռատեսիլի ելոյթը:

«Նախորդ ուղին կ՛անցնէր Հնդկաստանէն, Իրանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ռուսիայէն: Պաքուն հսկայական ներդրումներ կատարեց բարելաւելու համար իր ենթակառոյցները` համաձայն ՀՀՄ-ի կարիքներուն, ամբողջացնելով ճամբաներ, երկաթուղիներ, կամուրջներ եւ փապուղիներ: Սակայն, հակառակ իրենց յանձնառութեան ՀՀՄ-ի մէջ բանալի դերակատար ըլլալու, Ազրպէյճանի գաղափարախօսական ուղղութիւնը Իրանի եւ Հնդկաստանի հետ իր յարաբերութիւնները պաղեցուցած է:

«Վերջերս Ազրպէյճան աւելի ու աւելի բացայայտօրէն կը դատապարտէ Հնդկաստանի քաշմիրեան քաղաքականութիւնը` զօրակցելով Փաքիստանին: Պէտք է նշել, որ յունուարին (2021*) Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարները միացեալ յայտարարութեամբ մը աջակցութիւն յայտնեցին իրենցմէ իւրաքանչիւրին յաւակնութիններուն` Լեռնային Ղարաբաղի, Կիպրոսի, արեւելեան Միջերկրականի եւ Քաշմիրի հարցերով: Թէեւ իրենց եռակողմանի յարաբերութիւնները միշտ սերտ եղած են, բայց նաեւ անոնք աւելի կանոնաւոր հերթականութեամբ միացեալ ռազմափորձեր կը կատարեն 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն սկսեալ, ներառեալ`  Իրանի սահմանին մօտ: Այս եռակողմանի դաշինքը աւելի համարձակ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրենց յաղթանակով, եւ կը թուի, թէ այժմ անոնք պատրաստակամ են պատերազմի միջոցով իրենց նպատակներուն հասնելու:

«Պաքուի անտեղի ինքնավստահութիւնը անցեալ տարուան յաղթանակէն զիրենք կը մղէ բացայայտօրէն աւելի հողեր պահանջելու: Անոր պահանջները չեն սահմանափակուիր Հայաստանով, այլ նաեւ` Իրանի հիւսիսարեւմտեան ազերիաբնակ շրջանով: Թէեւ Թեհրան եւ Պաքու աւանդաբար բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցած են, (սակայն Պաքուի*) յաւելեալ հողեր գրաւելու իրենց մարմաջը եւ Ազրպէյճանի իսրայէլեան ռազմամթերքի ցուցադրութիւնը խզած է վստահութիւնը, եւ երկուքին միջեւ պատերազմը չի թուիր, որ հեռու է:

«Հնդկաստանի հակազդեցութիւնը Թուրքիա-Ազրպէյճան-Փաքիստան եռակողմանի օղակին արագ էր, քանի որ Հնդկաստանը նոյնպէս հսկայական շուկայ եւ ներուժ ունեցող զարգացող տնտեսութիւն է: Նոյնիսկ Սէուտական Արաբիոյ նման ծայրայեղ պահպանողական միապետական երկիրները զգալիօրէն կրճատած են իրենց տնտեսական ներդրումները Փաքիստանի արմատական իսլամական կազմակերպութիւններուն եւ յաջողած են հաւասարակշռութեան եզր գտնել Հնդկաստանի հետ: Բացառութեամբ Քաթարի` Պարսից ծոցի արաբական երկրներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն աւանդական տնտեսողները դադարեցուցած են դրամական հոսքերը, քանի որ այժմ առաջնահերթութիւն կու տան զարգացնելու իրենց տնտեսութիւնները եւ արդիականացնելու ենթակառոյցները:

«Այս ձեւով Փաքիստանը աւելի ու աւելի կը նկատուի իբրեւ փորձանք` ահաբեկիչներ արտածելու իր մնայուն կեցուածքին պատճառով, վիճակ մը, որմէ կը փորձեն խզուիլ արաբական պետութիւնները` Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն նման: Քանի որ արաբական երկրները այժմ նուազ կեդրոնացած են ընկալուող համաշխարհային իսլամական խնդիրներուն վրայ, ինչպիսին է Քաշմիրը, զարմանալի չէ, որ Հնդկաստանի հետ առեւտուրը բացառիկ աճ արձանագրած է: Հնդկաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ առեւտուրը 2019-2020 հասած է 33,09 միլիառ տոլարի, մինչ 2019-ին Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ միայն 1,7 միլիառ էր:

«Թուրքիա-Ազրպէյճան-Փաքիստան օղակին աճող թշնամական ընթացքին պատճառով Հնդկաստանը եւ Իրանը յայտարարեցին, որ ՀՀՄ-ը եկող ամիս Ռուսիա հասնելու համար կը սկսի Ազրպէյճանի փոխարէն` Հայաստանէն անցնիլ: Պաքուն կը կարծէր, որ կրնար հաւասարակշռել թշնամական արտաքին քաղաքականութիւնը` միաժամանակ մնալով անփոխարինելի պետութիւն հաղորդակցութեան ծրագիրներուն մէջ: Փոխարէնը, ան աւելի ու աւելի կը մեկուսանայ` բացի Թուրքիայէն եւ Փաքիստանէն ոչ մէկ բարեկամ, այլ միայն ջերմ յարաբերութիւններ` Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հետ:

«Երկուշաբթիի տոլարին դիմաց թրքական լիրային ցարդ մեծագոյն անկումին պատճառով Թուրքիան ծայր աստիճան սահմանափակ կարողութիւն ունի Կովկասի մէջ այլ ռազմաճակատի մը հետ գործ ունենալու, մանաւանդ որ, կարծես, Սուրիոյ հիւսիսը քրտական ժողովուրդային պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ նոր գործողութեան կը պատրաստուի: Փաստօրէն այս կը նշանակէ, որ եթէ Ազրպէյճանը նորէն շրջանին մէջ պատերազմ հրահրէ, ապա դժուար թէ Թուրքիան կարենայ նոյն աջակցութիւնը ցուցաբերել այնպէս, ինչպէս` հայերուն դէմ պատերազմին, յատկապէս եթէ կը պատերազմի Իրանի դէմ:

«Ամէն պարագայի, շրջանին մէջ Ազրպէյճանին կողմէ հրահրուող աճող անկայունութեան պատճառով ան սկսած է վերածուիլ անվստահելի գործընկերոջ այն երկիրներուն համար, որոնք պէտք է վստահին անոր իբրեւ փոխադրական-առեւտրային հանգոյցի: Այսպիսով, Իրանն ու Հնդկաստանը այժմ Հայաստանին կը յենին շրջանային կապի համար, քանի որ անոնք նպատակ ունին մեկուսացնել Ազրպէյճանը նման միջանցքներէ: Եթէ փանթուրքական միջանցքը չիրականանայ, Ազրպէյճանը իր իսկ գործողութիւններով փոխադրամիջոց-առեւտուրի անփոխարինելի հանգոյց ըլլալու իր կարելիութիւնը վերածեց շրջանային ծրագիրներէ մեկուսացման: Այս բոլորը Հայաստանին առաւելութիւն կու տան, քանի որ Իրանի եւ Հնդկաստանի նման շրջանային երկու հսկայ պետութիւնները անոր հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կը մշակեն»:

Փաստօրէն վերջերս Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն Հայաստան այցելեց եւ այս համաձայնութիւնը կնքեց: Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքար յիշեցուց, որ «Նիւ Տելհին ու Երեւանը միջազգային «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրական միջանցքին մասնակից են», որ, ըստ անոր, ունակ է յաղթահարելու երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հաղորդակցային խոչընդոտները (3):

Կը կրկնեմ հեղինակին եզրակացութիւնը. «Այս բոլորը Հայաստանին առաւելութիւն կու տան, քանի որ Իրանի եւ Հնդկաստանի նման շրջանային երկու հսկայ պետութիւնները անոր հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կը մշակեն»: Պէտք է ամէն գնով Հայաստանը նաեւ ա՛լ աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակէ Իրանի եւ Հնդկաստանի, նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հետ, փոխանակ այժմու իշխանութեան անմիտ մարմաջը` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ միջանցքներ բանալու ազգակործան մտադրութենէն:

15 հոկտեմբեր 2021

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

(1)  https://greekcitytimes.com/2021/10/12/iran-and-india-opt-for-armenia/

(2)  https://en.wikipedia.org/wiki/International_North%E2%80%93South_Transport_Corridor

(3) https://www.aztagdaily.com/archives/525766

 

Նախորդը

Ուրուական Քաղաքներ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Լրագրողներու Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը Քննարկեց Համահայկական Խորհրդաժողովի Կազմակերպման Կարելիութիւնը

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?