Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմավաստակ Կրթական Մշակ Ասատուր Պօղոսեանն Ալ Միացաւ Անկրկնելի Հալէպի Անմահներու Շարքին

Հոկտեմբեր 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Այսօր, երբ հայաշխարհի տարբեր անկիւններէ կը հասնին կրթական օճախներու կրակները մարելու բօթերը, հեռաւոր Ֆրեզնոյի հողին կը յանձնուի անզուգական կրթական մշակ մը, որ սերունդներու դաստիարակութեան վսեմ գործին առընթեր, դերակատար եղած է մաշտոցեան ամրոցներ հիմնելու աշխատանքին, արեւելքի ջերմ գաղութներուն մէջ:

Ասատուր Պօղոսեան ծնած էր 1938-ին, Գամիշլի, ծնողքը` Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդէն, սասունցիներ` Պօղոս եւԿարինէ, կ՛ունենան երեք զաւակներ` Սիրանուշ, Ասատուր ու Խաթուն:

Նախակրթութիւնը Գամիշլիի ազգային  վարժարանին մէջ ստանալէ ետք կը յաճախէ Հալէպի Քարեն Եփփէ ազգային Ճեմարան, որուն վեցերորդ հունձքին մէջն է, 1958-ին:

Ուսումնատենչ Ասատուր Ֆրանսական պաքալորէային տիրանալու համար տարի մը կը հաստատուի Դամասկոս,1959-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր կը սկսի կրթական ասպարէզը տեղւոյն Ազգ. Եփրատ վարժարանին մէջ, նոյն տարին կը կատարէ իր գաղափարական երդումը, որուն հաւատարիմ զինուորը կը մնայ մինչեւ իր վերջին շունչը:

1961-ին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելով` կը նախաձեռնէ վարժարանի միջնակարգ բաժնի հաստատման եւ արտօնագիրի ձեռքբերման:

Ասատուր Պօղոսեան1967 -ին  ընտանիք կը կազմէ Զուարթ Գէորգեանին հետ, կ՛ունենան երեք զաւակներ` Կարինէ, Արամ ու Վան:

Համալսարանական ուսման նպատակով 1972-ին կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կը հետեւի Ֆրանսական գրականութեան` միաժամանակ երկու տարի պաշտօնավարելով պետական վարժարաններուն մէջ:

Ուսանող, ուսուցիչ եւ երեք զաւակներու ընտանիքի հայր` համալսարանական ուսման տարիներուն միշտ առաջին հանդիսացած է: Վկայուելով 1977-ին` դասախօսի պաշտօնի  կոչուած է համալսարանին մէջ:

1974 -1978  տարիներուն կը ստանձնէ Հալէպի Ազգ. Սահակեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Ապա նման պաշտօնով կը հրաւիրուի Քուէյթի Ազգային վարժարան 1978-1983 տարիներուն, երկրորդ փուլով  մը` 2001 -2004 միջոցին  ալ կը կատարէ նոյն առաքելութիւնը: Իր ջանքերով դպրոցը կ՛օժտուի երկրորդական բաժինով:

Հալէպի մէջ միջանկեալ 1983-1987 տարիներուն կը վարէ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժինի տնօրէնութիւնը:

Աշխատասէր մարդու նկարագիրով օժտուած Ասատուր Պօղոսեան, իր ընտանիքին բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու նպատակով, արմատներուն կառչած մնալով` իր հանգիստի եւ արձակուրդի օրերուն կը մեկնէր ծննդավայրը` հոն վար ու ցանքի աշխատանքները հետապնդելու համար: Հալէպի մէջ նաեւ իր կողակիցին` Զուարթին կ՛օժանդակէր, Նոր Գիւղի հայաշատ շրջանին մէջ տնային դերձակութեան յատուկ մանրավաճառութեամբ, կարճ ժամանակաշրջան մը բաւարար էր, որ տեղւոյն բնակիչներու մօտ շահէր մեծ ժողովրդականութիւն` իր ծառայասէր եւ համեստ նկարագիրով:

Որպէս գաղափարի զինուոր` իր ծառայութիւնը սկսած է Գամիշլիէն, ապա` Հալէպի մէջ պատկան մարմինի անդամ:

1976-ին, երբ ծնունդ առաւ «Քրիստափոր» ուսանողական միութիւնը, անոր առաջին ներկայացուցիչն էր` իր կողքին որպէս գործակից ունենալով Հայաստանի «Ազգային հերոս» ընկ. տոքթ. Հրայր Յովակիմեանը եւ լուսահոգի ընկերներ` Գէորգ Ճանեցեանն ու Վահէ Պօղոսեանը: Երկսեռացումի ջատագովը ըլլալով` իգական սեռի յատուկ գաղափարական դաստիարակութեան ծրագիր մշակած է: Յատկանշուած էր ուղղամիտ, իր տեսակէտերը անվախօրէն արտայայտողի կեցուածքներով, որուն պատճառով դառն բաժակ ալ ճաշակած է:

Հայ դատի յանձնախումբին անդամակցելով` իր շրջանը յատկանշուած էր արաբերէն լեզուով հրատարակութիւններու առատութեամբ, որոնց  պատրաստութեան յարաբերական աշխատանքներուն դերակատար եղած էր ան:

Բերիոյ հայոց թեմի գործունէութեան իր մասնակցութիւնը բերած է որպէս Ուսումնական խորհուրդի անդամ, նաեւ` Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետի պաշտօնով, 1999 -2001 երկամեակին:

Իր միութենական ծառայութեան բնագաւառը եղած է Համազգայինը, նախ Հալէպի ՀԵՄ-ի տեղական մասնաճիւղի մէջ, ապա Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետութիւնը վարելէ ետք, մաս կազմած է նաեւ Կեդրոնական վարչութեան:

Ասատուր Պօղոսեանին անունը դրոշմուած պիտի մնայ Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի պատմութեան մէջ: Որպէս Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետ, հաւատալով կազմակերպութեան կրթական առաքելութեան, նաեւ` որպէս բազմամեայ կրթական մշակ, ան տեսլականը ունեցաւ, որ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարանի, արիւն եւ շունչ տուողը հայագիտական  պատրաստութիւն ունեցող ուսուցիչն է, ուստի իր գործընկերներուն, յատկապէս Քնարիկ Գասպարեանին հետ նախաձեռնեցին հիմնադրութեան այս հիմնարկին` տեղական ուժերով անձնակազմ յառաջացնելով, նաեւ կապեր հաստատեցին  նորանկախ հայրենիքի մտաւորականութեան հետ` դասախօսներ հրաւիրելով:

Այսօր, քառորդ դար ետք, իր մահուան ժամանակաշրջանին, երբ Դիմատետրի վրայ կը դիտեմ հիմնարկին վերամուտի բացման առաջին զանգի արարողութիւնը, կարծես հոգեհանգիստ մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ իր անմեռ յիշատակին:

Իր զաւակներուն միանալու նպատակով, գաղթի ցուպը ձեռին 2010- ին հասաւ Միացեալ Նահանգներ, արդէն կը տառապէր սրտի անհանգստութենէ, վիրաբուժութեան ենթարկուած էր 1993-ին, ապա` 2001-ին:

Այստեղ ալ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կարճ միջոց մը ծառայեց տեղւոյն Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութեան մէջ` որպէս հաշուապահ:

Ասատուր Պօղոսեան իւրայատուկ մոլի ընթերցող մըն էր, իր կարդացած գիրքերու լուսանցքներուն մէջ սովորաբար կը նոթագրէր իր տպաւորութիւններն ու վերլուծումները:

Մահէն շաբաթներ առաջ մեկնեցաւ հայրենիք, հինգ օրեր միայն վայելելէ ետք հարազատներու ջերմութիւնը առողջութիւնը վատթարացաւ, ապա վերադարձաւ Ֆրեզնօ, ուր փակեց աչքերը Թարգմանչաց տօնի նախօրէին, 8 հոկտեմբեր 2021-ին:

Մահուան գոյժի առիթով Դիմատետրի վրայ գրուած մեկնաբանութիւնները, յատկապէս` իր պաշտօնակիցներու եւ աշակերտներու կողմէ, կը հաստատեն ազնիւ, առաքինի, քաղաքավար եւ արդարամիտ մարդու նկարագիրը:

Դժբախտաբար ան չիմացաւ նոյն օրերուն իր  կրտսեր որդւոյն` Վանին, Գիւմրիի մէջ առաջին անգամ  կատարած ստամոքսային վիրահատումը Laparoscopic partial gastrectomy դրութեամբ, որուն կազմածները հայրենի հիւանդանոցին նուիրած էր նոյնինքն տոքթ. Վան Պօղոսեանը:

Հաւատալով գրաւոր խօսքի անմահութեան, սիրելի ընկ. Ասատո՛ւր, ներէ համեստութիւնդ վիրաւորելուս` այսքան մանրամասն գրելով երկրային աշխարհին վրայ անցած ուղիիդ եւ արժանիքներուդ մասին, ունիմ այն համոզումը, որ ընթերցողները քեզի պիտի ընծայեն յետմահու «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի զինուորի շքանշանը, որուն արժանի ես անկասկած:

Այսօր, երբ Ֆրեզնոյի «Մասիս Արարատ» հայկական գերեզմանատունը պիտի ըլլայ կեանքիդ վերջին կայանը, բախտաւորութիւն ունիս հովանաւորութիւնը վայելելու հայ ժողովուրդի երկու հսկաներու` Սողոմոն Թեհլիրեանին եւ Ուիլիըմ Սարոյեանին, գաղափարի մարտիկի ու գրականութեան ռահվիրայի, որոնց գծած ուղին ընտրած էիր որպէս կեանքիդ առօրեան:

Ժընեւ          

 

Նախորդը

Վազգէն Էթիեմեզեանին (Մահուան 25-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Երեւանցիի Վրձինով Մուսալեռցի Տիպարը Պարսելոնայի Մէջ. Հարցազրոյց` Արուեստագէտ Եւ Նկարիչ Միքայէլ Յարութիւնեանի Հետ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?