ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ուրախութեա՜մբ ծառայեցէք ՏԻՐՈՋ,
Ցնծութեան երգերով եկէք անոր ներկայութեան:
Գոհաբանութեամբ մտէք անոր տաճարը,
Օրհներգութեամբ մտէք անոր շրջափակէն ներս»:
Սաղմոս 100:2-4
Քրիստոնէական կեանքի ողնասիւնը կազմող ծառայութիւնը Աստուծոյ քով հաճելի է: Բայց որքան աւելի հաճելի եւ ընդունելի է Աստուծոյ տան` եկեղեցւոյ ծառայութիւնը: Մեր մեծերը` ծնողք, հոգեւորականներ կամ քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած ուսուցիչներ, մշակներ, եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրեալ սարկաւագներ, իրենց կեանքով, երբեմն նաեւ իրենց քաջալերական խօսքերով ու յորդորներով հրաւիրած են երիտասարդ-երիտասարդուհիներն ու պատանի-պարմանուհիները Աստուծոյ տաճարին ծառայութեան: Ի զուր չէ Դաւիթ մարգարէին գոհաբանական սաղմոսը, որուն մէջ ուրախութեամբ Տիրոջ ծառայելու կոչ կ՛ընէ մարդոց եւ մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն: Այս առումով մեր կեանքին մէջ տիպար ծառայողներ` ըլլան անոնք դպրապետներ կամ սարկաւագներ, կենդանի օրինակ եւ մղիչ ուժ հանդիսացած են եկեղեցւոյ ծառայութեան:
Ահա այս աշխարհէն մեկնած տիպար ծառայողներու փաղանգին եւս միացաւ քառասուն օր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ երկար տարիներու վաստակաշատ դպրապետ Կարպիս Գըվըրեան, որ մանկութենէն Աստուծոյ հանդէպ ունեցած սէրը դրսեւորեց յիսուն տարիներու ծառայութեամբ:
Կարպիս Գըվըրեան ծնած է 1940-ին: Այնթապցի Սարգիս եւ Նեժիպէ Գըվըրեաններու հինգ անդամ հաշուող ընտանիքին երրորդ զաւակն է: Ան նախակրթութիւնը ստանալէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ իբրեւ վարորդ ապահոված է օրապահիկը: 1966-ին ամուսնացած է Շաքէ Սարգիսեանի հետ, եւ բախտաւորուած են հինգ զաւակներով` երկու տղայ եւ երեք աղջիկ:
Այնուհետեւ մեկնարկը կատարուած է պարոն Կարպիսին ծառայական կեանքին` Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ: Երբ սկիզբ առած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ան անվախօրէն եւ առանց բացակայութեան փութացած է եկեղեցի` անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, կեանքի վտանգ, մահուան սպառնալիք: Իր յիսուն տարուան ծառայական կեանքը արդէն բաւարար ապացոյց է Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած անհուն սիրոյն եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած մեծ յարգանքին:
Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեան (այժմ` կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) դպրապետ Կարպիս Գըվըրեանին ուղղած 6 յունուար 1990-ի Գիր օրհնութեան եւ գնահատանքին մէջ այսպէս կը վկայէ. «Ս. Նշան մայր եկեղեցին դարձաւ ձեր ծառայութեան գլխաւոր դաշտը: Դուք կը պատկանիք դպրապետներու այն խումբին, որուն համար հայ եկեղեցին իր շարականով, խունկով ու սաղմոսով ամէնօրեայ ապրում է: Ձեր մնայուն ներկայութիւնը այս եկեղեցիին մէջ` նոյնիսկ ռմբակոծումի ահաւոր օրերուն, ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ձեր ունեցած անքակտելի կապուածութեան»:
Պարոն Կարպիսին կեանքի բնորոշ յատկանիշներն էին` հեզահամբոյր հոգի, ծառայասիրութիւն, ընտանիքին հանդէպ սէր եւ աշխատասիրութիւն:
Իր մեկնումով լիբանանահայ գաղութը առհասարակ եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցին կորսնցուցին վաստակաշատ դպրապետ մը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:


