Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգայինի Գրասենեակը Լեռնիկ Յովհաննիսեանին Հետ Քննարկած Է Արցախի Կրթական Եւ Մշակութային Կեանքին Վերաբերող Հարցեր
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի հիւրն էր Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
Հանդիպման ներկայ էին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը, Համազգայինի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Կարօ Պայթարեանը:
Հանդիպման ժամանակ քննարկումներ կատարուած են Արցախի կրթական մշակութային կեանքին վերաբերող շարք մը հարցերուն, առկայ մարտահրաւէրներուն, ապագայի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի գրասենեակներու եւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան ծրագիրներուն շուրջ:
Ստեփանակերտի Մէջ Կազմակերպուեցաւ «Հաւատք Դէպի Լուսաւոր Ապագայ» Ցուցահանդէսը
Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնի սաներուն` 44-օրեայ պատերազմէն ետք իրականացուած աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ պատերազմի զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով:
Ցուցահանդէսը կը կրէր «Հաւատք դէպի լուսաւոր ապագայ» խորագիրը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոն»-ի խորհուրդի նախագահ Լիւդմիլա Բարսեղեանը:
«Պատերազմէն ետք մենք կ՛աշխատինք աւելի մեծ եռանդով, որպէսզի հոգեկան ծանր վիճակէ հանենք ինչպէս երեխաները, նոյնպէս ալ` մանկավարժական աշխատակազմը: Ցուցահանդէսին խորագիրը պատահական չենք ընտրած, որովհետեւ մեր հաւատքը ուժեղ է եւ վսեմ: Մենք կը հաւատանք լուսաւոր ապագային: Ցուցահանդէսին ներկայացուցած ենք 575 նոր աշխատանք, որմէ 238-ը պատանի նկարիչներու, իսկ 337-ը ձեռքի աշխատանքներ են: Մեր սաները այստեղ անվճար հիմունքներով կը ստանան իրենց ապագայ մասնագիտութեան հիմքերը: Մեր պատանի նկարիչներուն աշխատանքները հասած են մինչեւ Գերմանիա, Չեխիա, Յունաստան, Սպանիա, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Լ. Բարսեղեան:
Մանապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի «Պատանի նկարիչ» խմբակի խմբավար Զարինէ Պապայեանի խօսքով, պատերազմէն ետք երեխաներու հոգեբանութիւնը փոխուեցաւ, եւ անոնց աշխատանքներուն մեծամասնութիւնը «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» նիւթին շուրջ է:
«Երեխաները իրենց աշխատանքներով եւս մէկ անգամ կը փաստեն, որ խաղաղութիւն կ՛ուզեն: Անոնք հիմնականօրէն կ՛օգտագործեն վառ գոյներ` կարմիր, դեղին, նարնջագոյն», նշեց ան:
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Միքայէլ Հայրիեանը` իբրեւ կեդրոն յաճախող երեխայի ծնող, շնորհակալութիւն յայտնեց Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի տնօրէնութեան եւ բոլոր աշխատակիցներուն` սաներուն հանդէպ հոգատար եւ ջերմ վերաբերմունքին համար:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Քրիստինէ Յարութիւնեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը եւ քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը, Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր եկեղեցւոյ քահանայ Ներսէս Ասրեանը, արուեստի ներկայացուցիչներ եւ ցուցահանդէսին ներկայացուող աշխատանքներուն հեղինակները:
Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Աւազանկարչութեան Կեդրոնին Բացման Արարողութիւնը
Ստեփանակերտի «Փոլ Էլիւարի տուն»` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Sand Planet» աւազանկարչութեան կեդրոնին:
Կեդրոնի հիմնադիր Յասմիկ Արզանեան լրագրողներու հետ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ աւազի աշխատանքով բուժումը երեխաներու ներաշխարհի արտայայտութեան միջոց է, որուն ընդմէջէն երեխան կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը, կը զօրացնէ անհատականացման գործընթացը, կը դառնայ ստեղծագործ, կը զարգացնէ տարածական, թուաբանական մտածողութիւնը, կը վերացնէ վախը եւ բացասական յոյզերը:
«Յետպատերազմական Արցախի մէջ մեր երեխաները այսպիսի կեդրոնի կարիքը ունին, որովհետեւ պատերազմի ընթացքին տեսած եմ իմ եւ այլ երեխաներու հոգեյուզական վիճակի փոփոխութիւնները. անոնց մօտ նկատելի էր կոշտ հակադարձութիւն, անքնութիւն եւ այլ անհանգիստ վիճակներ: Ծանօթացայ տարբեր ընկերային ծրագիրներու եւ նախընտրեցի արուեստով բուժումը, որովհետեւ բազմաճիւղ է, ուստի որոշեցի սկզբնական շրջանին Արցախ բերել աւազի աշխատանքով բուժումը: Այս գաղափարը ե՛ւ նորարար էր, ե՛ւ Արցախի երեխաներուն համար շատ անհրաժեշտ, որովհետեւ աւազի աշխատանքով բուժման միջոցով կրնանք դրականօրէն ներազդել երեխաներու յուզական աշխարհին վրայ: Դասընթացքները պիտի ըլլան անհատական եւ խմբային: Ի սկզբանէ ծրագիրը նախատեսուած էր երեխաներու համար, սակայն մեծահասակները եւ յղիները նոյնպէս կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու դասընթացքներուն», ըսաւ Հ. Արզանեան:
Ըստ անոր, իր «Sand Planet» զարգացման եւ արուեստի ճամբով բուժման կեդրոնի գաղափարը «Ընկերային ձեռնարկատիրական կրթութիւնը Արցախի մէջ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ ֆինանսաւորում ստացած է ամերիկահայ գործարար Արմէն Արսլանեանէն, որուն շնորհիւ ալ աւազանկարչութեան սեղաններ ձեռք բերուած են կեդրոնին համար: Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան ողջունելի համարեց այսպիսի կեդրոնի մը բացումը` յոյս յայտնելով, որ անիկա Արցախի երեխաներուն համար կ՛ըլլայ ամէն լաւագոյնի սկիզբը:
«Այսօր մենք տեսանք, որ Արցախը միայն բառերու երկիր չէ: Արցախը արարելու, ստեղծագործելու, ապրելու եւ յարատեւելու երկիր է: Թող խաղաղութիւն տիրէ մեր հայրենիքին, թող մեր երեխաները այլեւս երբեք պատերազմ չտեսնեն», շեշտեց նախարարը:
Գրողներու Միութեան Տան Մէջ Նշուեցաւ Բանաստեղծութեան Միջազգային Օրը
Գրողներու միութեան տան մէջ նշուեցան Բանաստեղծութեան միջազգային օրը եւ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Գրողներու միութեան նախագահ էդուարդ Միլիտոնեան նշեց, որ մեծ ուրախութեամբ ամէն տարի կը նշեն Բանաստեղծութեան միջազգային օրը, որովհետեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն խոր մարդկային կամուրջը բանաստեղծութիւնն է:
«Նշեմ, որ այս տարի Բանաստեղծութեան օրը նուիրուած է մեր հանճարեղ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին, որ իր ստեղծագործութիւններով մնայուն կերպով կապուած է համաշխարհային գրականութեան հետ: Երբ կը կարդանք անոր գիրքերը, կը զգանք, որ բանաստեղծը իր հոգիով տեղափոխուած է աշխարհի տարբեր վայրեր, եւ աշխարհը գեղեցկութեամբ ու սիրով ներգրաւուած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ», նշեց Միլիտոնեան:
Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Աւետ Պօղոսեան ընդգծեց, որ վերջին երկու տարիներուն շատ մեծ փոփոխութիւններ իրականացուցած են իրենց նիւթական ծախսերուն մէջ, եւ գրեթէ բոլոր ծախսերը նուազած են: «Այս ծրագիրը, որ մենք կ՛իրականացնենք Գրողներու միութեան հետ, այն հազուադէպ ծրագիրներէն մէկն է, որուն պիւտճէն մենք աւելցուցած ենք», նշեց Պօղոսեան:
Այս տարուան Բանաստեղծութեան միջազգային օրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին, իսկ ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու եւ Հայաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները կարդացին Չարենցի ստեղծագործութիւնները տարբեր լեզուներով:
Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Օրը` Արցախի Մէջ
Ստեփանակերտի «Փոլ Էլիւարի տուն»` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կեդրոն-հիմնադրամը եւ Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնը մարտ 20-ին` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջազգային օրը, կազմակերպած են ֆրանսական եւ հայկական ազգային պատկերներով ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս, ֆրանսական եւ հայկական երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ` նորաձեւութեան ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած են նաեւ Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի վարչութեան անդամները: Ֆրանսախօսութեան երկիրներու օրուան նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան կեդրոնին նուիրած է կարի մեքենայ` մաղթելով նոր ստեղծագործական ձեռքբերումներ:
Հադրութի ՄՊՍԿ տնօրէն Իրա Թամրազեան շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին եւ «Թեւանիկ» խումբին` կեդրոնին աջակցութեան համար: Ան յիշեցուցած է, որ ՀՕՄ-ի նուիրած կարի մեքենայ մը մնացած է Հադրութի մէջ, եւ վստահեցուցած է, որ նուիրուած սարքաւորման շնորհիւ իրենց սաները կը համալրեն կորսուած հաւաքածոները:
Artbox-ը Սկսաւ Իրագործել 29 Ստեղծարար Նախագիծներ
Creative Armenia-ն ուրախութեամբ կը ներկայացնէ 29 ստեղծարար նախագիծներ, որոնք կը մասնակցին Artbox ստեղծարար ծրագրին, իսկ վերջինս համապարփակ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ յաջողութեան ներուժ ունեցող ստեղծարար նախագիծներուն: Նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի Եւրոմիութեան գործարարական նախաձեռնութեան «Նորարարական զբօսաշրջութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացում Հայաստանի համար» ծրագրին հետ համագործակցութեամբ:
12 շաբթուան ընթացքին ընտրուած խումբերը, որոնք կը ներկայացնեն ժամանակակից նախագիծներ` թատրոնի, երաժշտութեան, մշակութային զբօսաշրջութեան, ձեւաւորումի եւ այլ ոլորտներու մէջ, սերտօրէն կ՛աշխատին յայտնի մասնագէտներու եւ մշակութային գործիչներու հետ` զարգացնելու համապարփակ փաթեթ իրենց նախագիծներուն շուրջ: Այնուհետեւ իրենք կը հրաւիրեն իրենց նախագիծները ներկայացնելու ներդրողներուն, դրամաշնորհ տրամադրողներուն եւ հովանաւորներուն:
«Մենք հիացած ենք Artbox-ի մասնակիցներուն առաջին ալիքի խորութեամբ եւ շրջանակով: Անհամբեր կը սպասենք աջակցելու արուեստի աշխարհին մէջ աննախադէպ այս ծրագրին միջոցով», ըսաւ Creative Armenia-ի հիմնադիր տնօրէն Կարին Յովհաննէսեանը:
«Մեր նախագիծը կը խթանէ նորարարութեան եւ ստեղծարարութեան մշակոյթը Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ, եւ մենք ուրախ ենք աջակցելով Artbox-ի օգնութեամբ ընտրուած ստեղծարար նախագիծներուն, կեանքի կոչելու իրենց արուեստի նախագիծները եւ ստեղծագործ գաղափարները», նշեց Վիլհելմ Հիւկոն` «Նորարարական զբօսաշրջութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացում Հայաստանի համար» ծրագրի ղեկավարը:
Հաղորդենք, որ «Նորարարական զբօսաշրջութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացում Հայաստանի համար» ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ: