Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսաստանի Անդրկովկասեան Արշաւանքը Եւ Դերբենդի Գրաւումը

Պարսկաստանի Մէջ Ապստամբութեանց Ճնշում

Մարտ 23, 2022
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դերբենդ

Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի
Դերակատարութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պարսկաստանի տիրակալ Աղա Մոհամէտ խան Ղաջար 1796 մարտին Մուղանի դաշտին մէջ արքայից արքայ օծուած էր, բայց միաժամանակ կը շարունակէր պահել ցեղապետ խանի իր տիտղոսը:

Աղա Մոհամէտ շահ կը պատրաստուէր կրկին Շուշիի վրայ արշաւելու, երբ լուր հասաւ որ թագաւորութեան արեւելեան երկրամասերուն մէջ ապստամբութիւններ բարձրացած են:

Ապստամբութեանց ճնշումը աւելի առաջնահերթ էր, հետեւաբար արքայից արքան ճամբայ ելաւ դէպի արեւելք:

Նատիր շահի կուրացուած թոռը` Շահրոխ շահ, ժամանակ մը Ահմէտ շահ Տուրանիի ենթարկուած էր, բայց անոր մահէն ետք ինքնիշխան գոյավիճակ հաստատած էր Խորասանի մէջ եւ իրեն միացուցած էր շարք մը ցեղապետեր:

Շահրոխ շահ Մեշհէտը իրեն մայրաքաղաք դարձուցած էր եւ յաւակնութիւն ունէր վերականգնելու Աֆշարներու հարստութիւնը:

Շահրոխ շահի կապուած ցեղապետ Էշագ խան Թորպաթ-է Հէյտարիէ քաղաքը իր տիրապետութեան տակ առաւ եւ Ղաջարներուն դէմ զինուորական գործողութիւններու սկսաւ:

Քիւրտ ցեղապետեր Պոճնորտի եւ Գուչանի մէջ իշխանութիւններ հաստատեցին եւ Էլպուրզէն արեւելք տարածուող գաւառներ իրենց հակակշիռին տակ առին:

Աղա Մոհամէտ շահ քալեց Ասթարապատի վրայ եւ աւերեց քաղաքը: Ապստամբ թուրքմէն ցեղապետերը պատժուեցան եւ անոնցմէ շատեր սուրի քաշուեցան:

Ղաջար արքան այնուհետեւ քալեց Մեշհէտի վրայ: Մեշհէտցիք դիմադրութեան կը պատրաստուէին, բայց յետոյ խոհեմութիւն համարեցին ընդունիլ Աղա Մոհամէտի իշխանութիւնը:

Աղա Մոհամէտ շահ մեշհէտցիներէն պահանջեց պատանդներ տալ իրեն: Մեշհէտցիք ընդառաջեցին: Պատանդները Թեհրան ուղարկուեցան:

Շահրոխ շահ եւ շիի կրօնապետ Միրզա Մեհտի գացին Ղաջար բանակատեղին: Հոն անոնք ջերմօրէն ընդունուեցան Աղա Մոհամէտ շահի եղբօրորդի Հիւսէյն Ղուլի խանի կողմէ:

Աղա Մոհամէտ շահ ութ հազարնոց զօրագունդ մը Սիւլէյման խան Ղաջարի հրամանատարութեան տակ ուղարկեց Մեշհէտ: Յաջորդ օր, 14 մայիս 1796-ին, շահ Աբաս Մեծի օրինակով, Աղա Մոհամէտ շահ իբրեւ ուխտաւոր մտաւ քաղաք եւ շիի ութերորդ իմամ Ռըզայի դամբարանը համբուրեց: Իմամ Ռըզա նահատակուած է 818-ին եւ դամբարանը սրբատեղի է, ուր մեծածաւալ ուխտագնացութիւններ կը կատարուին: Դամբարանին մօտ Գոհարշատ մզկիթն է, որ կառուցուած է Գոհարշատ թագուհիին կողմէ, ԺԵ. դարուն սկիզբը:

Աղա Մոհամէտ շահ գերեզմանէն հանել տուաւ Նատիր շահի աճիւնները եւ զանոնք Քերիմ խան Զանտի դամբարանին մօտ ամփոփել տուաւ: Աղա Մոհամէտ շահ Շահրոխ շահէն պահանջեց Նատիր շահի թաքցուած հարստութիւնները իրեն յանձնել եւ կարեւոր գաղտնիքներ բացայայտել: Շահրոխ շահ մերժեց, եւ Աղա Մոհամէտ շահ հրամայեց իր ներկայութեան խոշտանգել զայն: Այնուհետեւ Շահրոխ շահ ճամբայ հանուեցաւ դէպի Թեհրան, բայց Տամղանի մէջ մահացաւ իր ստացած վէրքերուն պատճառով:

Աղա Մոհամէտ շահ ուզպէքներէն պահանջեց Մերվը իրեն յանձնել եւ Պուխարայի մէջ արգելափակուած պարսիկ գերիները ազատ արձակել: Իսկ աֆղան Տուրանի ցեղէն պահանջեց Պալխ եւ Հերաթ քաղաքները իրեն յանձնել:

***

Աղա Մոհամէտ շահի նուաճումները անհանգստացուցած էին ռուսական իշխանութիւնները: Անոնք էական շահեր ունէին Անդրկովկասի մէջ, որոնք վտանգուած էին:

Հերակլ Բ. թագաւոր եւ Պարսկաստանի ենթակայ խաներ, իւրաքանչիւրը իր շահերէն մեկնելով, կը ձգտէր ազատիլ պարսկական լուծէն: Անոնք ռուսական իշխանութիւններէն խնդրեցին արշաւել Անդրկովկաս, խոստանալով առաւելագոյն չափով օժանդակել ռուսական զօրքերուն:

Երեւանի Մոհամէտ խան պատրաստակամութիւն յայտնեց կամովին անցնիլ ռուսական հովանաւորութեան տակ, եթէ ցարական զօրքերը օգնութեան գան:

Ցարական կառավարութեան որոշումով ռուսական երկու հազար հոգինոց ջոկատ մը 1795 դեկտեմբերին մտաւ Թիֆլիս:

Ռուսական իշխանութիւնները անյապաղ միջոցառումներու ձեռնարկեցին, իրենց հեղինակութիւնը վերականգնելու համար Անդրկովկասի մէջ:

Բոլորը սարսափով կը սպասէին որ Պարսկաստանի գազան տիրակալը շուտով պիտի վերադառնայ:

Ռուսական կառավարութիւնը 19 փետրուար 1796 թուակիր հրովարտակով զօրավար կոմս Վալերիան Ալեքսանդրովիչ Զուբովի հրամայեց Անդրկովկասի քրիստոնեաներուն օգնութեան հասնիլ: Հրովարտակին մէջ կ՛ըսուէր, որ Ռուսաստան զէնք կը բարձրացնէ յանուն ճնշուած ազգերու ազատութեան:

Զօրավար կոմս Վալերիան Զուբով

Զօրավար Վալերիան Զուբով Եկատերինա Բ. կայսրուհիի մերձաւոր կոմս Պլատոն Զուբովի եղբայրն էր: Քաղաքական ազդեցիկ դէմք էր նաեւ անոնց քոյրը` Օլկա Ժերեպցովա:

Եկատերինա Բ. կայսրուհի, նկատի ունենալով ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ աքեպիսկոպոս Արղութեանի մատուցած ծառայութիւնները, ցանկութիւն յայտնեց, որ ան մասնակցի պարսկական արշաւանքին:

Կոմս Պլատոն Զուբով նամակ գրեց Յովսէփ արքեպիսկոպոսին եւ անկէ խնդրեց երթալ Ղզլար եւ տեսնուիլ իր եղբայր Վալերիանի հետ եւ իր խորհուրդներով աջակցիլ անոր:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս 1796 մարտին ժամանեց Ղզլար եւ սիրալիր ընդունելութեան արժանացաւ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս եւ զօրավար Զուբով խորհրդակցեցան նախապատրաստական աշխատանքներու եւ արշաւանքի ուղղութիւններու մանրամասնութիւններու շուրջ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Ղզլարէն գաղտնի նամակներ գրեց հայոց մելիքներուն, աւետելով անոնց ռուսական զօրքերու գալուստը եւ յորդորելով պատրաստուիլ, թէ՛ զէնքով եւ թէ պաշարեղէնով օգնելու համար ռուսերուն:

Նոյն օրերուն կայսրուհիի հրովարտակի բովանդակութեան մտքով շրջաբերական հրաւէր մը հրապարակուեցաւ, որ ուղղուած էր Անդրկովկասի եւ Պարսկաստանի բնակիչներուն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս այդ շրջաբերականին հայերէն թարգմանութիւնը Աստրախանի մէջ քանի մը հազար օրինակով տպել տուաւ եւ տարածեց հայոց մէջ:

Հերակլ Բ. թագաւոր Յովսէփ արքեպիսկոպոսի միջոցով սկսաւ կապ պահպանել ռուսական արքունիքին եւ հրամանատարութեան հետ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս կը գրէ. «Ինչպէս Վալերիան Ալեքսանդրովիչի եղբայրը, այնպէս ալ ան (Հերակլ Բ.) սաստիկ կը ցանկան, որ մենք ուղեկցինք անոր արշաւանքի ժամանակ` մեր ազգի օգուտի եւ յուսադրութեան համար: Մենք չկրցանք մերժել եւ խնայել մեր ուժասպառ մարմինը եւ, ինչպէս կը կարծենք, գուցէ գործը վերջանալու վրայ, Աստուծոյ ողորմութեամբ, կ՛ըլլայ օգնութիւն կամ ապահովութիւն մեր ազգին…: Մարմինով մաշած ըլլալով, ես նիւթապէս ալ կը քանդուիմ, որովհետեւ հինգ հազար ռուբլիի գումար մը բաւական չըլլար իմ այս ճանապարհորդութեան համար: Բայց ի՞նչ ընեմ, երբ կոմսը (Զուբով) հրամայած է եւ այնքան խնդրած, որ ես չկրցայ հրաժարիլ: Աստուծմով յոյս ունիմ, որ այս բանը կը վերջանայ յօգուտ մեր ազգի, իսկ եթէ ես մեռնիմ կամ կենդանի մնամ, միեւնոյն է, ես անհատ մարդ եմ»:

***

Ռուսական բանակի պարսկական արշաւանքը 1796-ին

Ռուսական բանակի հեծելազօրքի, հետեւակազօրքի եւ հրետանային զօրագունդեր, բոլորը միասին 50 հազար զինուոր, կեդրոնացուած էին Ղզլարի մէջ:

Բանակը կ՛առաջնորդէին զօրավարներ իշխան Փաւէլ Ցիցիանով (վրացական ազգանունը` Ցիցիշվիլի), Ալեքսանդր Քորսաքով, պարոն Լեւին Աուկուսթ ֆոն Պեննիկսըն (գերմանացի, որ Հանովըրի բանակէն 1773-ին մտած էր ռուսական բանակ) եւ Տոնի կոզակներու հրամանատար կոմս Մատվէյ Իվանովիչ Փլաթով, որոնք կը գործէին զօրավար Վալերիան Զուբովի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ:

Հեծելազօրքի երկու եւ հետեւակազօրքի երկու ջոկատներ` 12.300 զինուորներով եւ քսանմէկ թնդանօթներով շարժեցան դէպի Դերբենդ:

Ռուսական հրամանատարութիւնը Դերբենդի Շէյխ Ալի խանէն հնազանդութիւն պահանջեց: Շէյխ Ալի, որ Աղա Մոհամէտ շահէն կառավարիչ նշանակուած էր, չպատասխանեց եւ իր տասը հազար զինուորներով սկսաւ պատերազմի պատրաստուիլ:

Ռուսական բանակը 10 մայիս 1796-ին պաշարեց քաղաքը: Թնդանօթաձգութիւնը սկսաւ եւ ռուսեր գրոհի անցան:

Նոյն պահուն Դերբենդի հայ բնակիչները ռուսերուն օգնութեան հասան եւ քաղաքը Զուբովի յանձնեցին: Հայեր նաեւ Շէյխ Ալի խանը բռնեցին եւ ռուսերուն յանձնեցին:

Ռուսեր, 107 զինուոր եւ 11 սպայ զոհ եւ վիրաւոր տալէ ետք, հայերու աջակցութեամբ գրաւեցին Դերբենդը:

***

Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան Աստրախան կը գտնուէր, երբ առաւ Դերբենդի գրաւման լուրը: Այս առիթով ան տօն յայտարարեց քաղաքին մէջ:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս այնուհետեւ ճամբայ ելաւ դէպի Դերբենդ: Ան հասաւ այն ժամանակ, երբ Զուբով քաղաքին մէջ ռուսական իշխանութիւն հաստատած էր եւ կը պատրաստուէր շարժելու դէպի Պաքու եւ Շամախի:

Ռուսական բանակատեղիէն Յովսէփ արքեպիսկոպոս հանդէս եկաւ ոգեշունչ կոչով մը: Ան ցոյց տուաւ, որ հայ ազգը ինչ ակնկալութիւններ պիտի ունենայ ռուսական արշաւանքէն:

Ռուսաստանի հայոց առաջնորդը «Աստուծոյ հարստահարուած ժողովուրդին» ըսաւ, որ ինք սրտով շատ կը ցաւի, տեսնելով հայ ազգը ճնշուած եւ հարստահարուած` անհաւատներու ձեռքով: Թէ՛ ինք, այդ ազգի հովիւներէն մէկը, եւ թէ առհասարակ բոլոր հայերը ոչինչ կրնային ընել այդ դրութենէն ազատելու համար, բայց միայն այն, որ ջերմագին աղօթքներով կը խնդրէին Աստուծմէ ազատութիւն անհաւատներու ձեռքէն:

Յովսէփ արքեպիսկոպոս շարունակեց. «Այժմ, ամենաբարձրեալ Աստուած լսեց ձեր աղօթքները, չմերժեց ձեզի իր բարերար հովանաւորութիւնը, շարժեց ամենաողորմած կայսրուհիին սիրտը` ձեզ կեղեքողներու ձեռքէն ազատելու եւ ձեր արտասուքները ցամքեցնելու համար: Ընդունելով ձեզ իր մայրական հովանիի եւ մականի տակ, ան պիտի պահպանէ ձեզ խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ, ինչպէս որ դուք կ՛ուզէք: Եւ այսպէս, չքացաւ խաւարը, հեռացան կեղեքողները, վերջացան անոնց ուժը եւ բարբարոսական իշխանութիւնը քաջ պայծառափայլ կոմս Վալերիան Զուբովի միջոցով, որ մեր ազգի ճշմարիտ բարերարն է, ինչպէս դուք ասիկա տեսաք իրապէս:

«Ուստի կը շնորհաւորեմ ձեր ազատութիւնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ այս բանը տեղի ունեցաւ առանց արիւնահեղութեան եւ կորուստներու` ձեր կողմէ: Կը յանձնարարեմ առհասարակ բոլոր քաղաքացիներուն եւ գիւղացիներուն, քահանաներուն եւ աշխարհականներուն ըլլալ զգոյշ եւ մոռնալով ձեր կրած բոլոր հարստահարութիւնները, անձնուիրաբար վերաբերիլ կայսերական գահին եւ ձեզ ազատող կոմսի հրամաններուն:

«Քաղաքացինե՛ր, ձեր ջանասիրութիւններով ապացուցէք, որ կրնաք ըլլալ արժանաւոր քաղաքացիներ, թէ կը պարապիք արդար վաստակով եւ երկրագործութեամբ: Իսկ դուք, որ ունիք քաջ եւ պատերազմական ոգի, կրնաք ձեր քաջութեամբ ապացուցել ձեր հաւատարմութիւնը եւ անձնուիրութիւնը եւ այդպէսով արժանանալ կոմսի վստահութեան, որպէսզի ան, գոհ մնալով ձեր վարմունքէն, զեկուցէ այդ մասին նորին կայսերական մեծութեան:

«Եւ այսպէս, դուք, որ ամբողջ հայ ազգին առաջինն էք, որ տեսաք փրկութիւնը եւ կը վայելէք զայն, աշխատեցէք ըլլալ միաբան եւ գործով ապացուցէք ձեր անձնուիրութիւնը հրամանատարին առջեւ եւ ձեր հաւատարմութեան գործերը թող օրինակ ըլլան մեր ազգի այն անդամներուն համար, որոնք կը սպասեն ցանկալի փրկութեան:… Ինչպէս բացուած են Դերբենդի դուռերը, այնպէս ալ թող բացուին ձեր Հայաստանի դուռերը», եզրափակեց Յովսէփ արքեպիսկոպոս:

Ռուս զօրավարներ հայոց առաջնորդին հասկցուցին, որ ինք չափազանց շատ ոգեւորուած է:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Անդրանիկ Պէյրութ` 79-42

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Աղուանից Սարգիս Կաթողիկոսին Հրաժարումը Եւ Իբրեւ Եպիսկոպոս` Գաղթական Արցախցիներու Առաջնորդ Եւ Հաղբատի Վանահայր

Յուլիս 6, 2022
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ահաւոր Սով Ու Ժանտախտ Եւ Արցախցիներու Զանգուածային Գաղթ Դէպի Վրաստան

Յունիս 29, 2022
Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ֆաթհ Ալի Շահին Գահակալութենէն Ետք` Երեւանի Ալի Ղուլի Խանին Չէզոքացումը Եւ Սաֆար Ալի Բէկի Նահատակութիւնը
Պատմական

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ֆաթհ Ալի Շահին Գահակալութենէն Ետք` Երեւանի Ալի Ղուլի Խանին Չէզոքացումը Եւ Սաֆար Ալի Բէկի Նահատակութիւնը

Յունիս 22, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In