Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանեան Օրագիր

March 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հետաքրքրական դէպքեր եւ հանդիպումներ… պատկերներ, որոնք կը դրոշմուին մեր մտքին մէջ` ի յայտ բերելով կեանքի շատ պարզ, բայց եւ այնպէս դիպուկ երեւոյթներ:

Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբն էր: Առաւօտ կանուխ կը քալէի Երեւանի լայն պողոտաներէն մէկուն վրայ` օգտուելով  աշնանային հաճելի եղանակէն: Յանկարծ ետեւէս մեղմ ձայնով մէկը կ՛ըսէ` «Կը ներէք»: Կարծելով, թէ անցորդ մըն է, որ կ’աճապարէ, անմիջապէս ծայր անցայ: Պատանի մըն էր… Սրճագոյն մազերով, մեղրագոյն աչքերով, հին, ժանգոտած հեծիկի մը վրայ նստած: Հեծիկին առջեւի սակառին մէջ կային  քանի մը վարդեր, որոնցմէ մաս մը թոշմած էր, հաւանաբար հովին պատճառով: Ամչնալով` անգամ մը եւս կրկնեց` «Կը ներէք» եւ շարունակելով` ըսաւ. «Հայկոյին գերեզմանը այս պանթէոնո՞ւմ է»: Տաղանդաւոր երաժիշտ, երգահան եւ կատարող Հայկոն մահացած էր միայն օրեր առաջ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Քանի մը երկվայրկեան տեւեց,  մինչեւ ընկալեմ, որ այդ 12-13 տարեկան պատանին երեքշաբթի առաւօտ կանուխ, հեծիկով, թեթեւ վերարկու մը ուսերուն նետած,  քանի մը վարդ գնած`  կ՛ուղղուէր  յարգանքի  իր վերջին տուրքը մատուցելու երիտասարդ ու վաղամեռիկ արուեստագէտին: Չէի գիտեր` ո՛ւր կը գտնուէր Հայկոյին պանթէոնը… Փորձեցի հեռախօսիս միջոցով  գերեզմանին վայրը գտնել, եւ հասկցանք, որ քաղաքին միւս կողմն էր: Հեծիկով հոն հասնիլը բաւական  յոգնեցուցիչ պիտի ըլլար այդ անմեղ ու պարզունակ պատանիին համար, իսկ վարդերը ճամբուն ընթացքին քիչ մը եւս պիտի թառամէին… Բայց պատանին ժամանակ չկորսնցուց… Հասցէն դեռ ամբողջովին չկարդացած` արդէն կ՛ուղղուէր ճիշդ ուղղութեամբ:

Նոյեմբեր:

Երեկոյեան ժամը վեց:

Երեւան այցելող բարեկամներէս մէկուն կեցութեան վերջին օրն էր եւ, ամէն օր յետաձգելով իր վերջին գնումները, գրեթէ հասած էր մեկնումի ժամը: Պէտք էր Վերնիսաժ հանդիպէինք, բայց արդէն երեկոյ էր, շուկան փակելու ժամը, ինչպէս շատեր նախազգուշացուցած էին մեզ: Հակառակ անոր` ուղղուեցանք Երեւանի նշանաւոր շուկան, որ ընդհանրապէս լեցուն կ՛ըլլայ վաճառորդներով,  որոնք միշտ պատրաստ են մանրամասն բացատրութիւններ տալու իրենց վաճառքի դրած իրերուն մասին, անշուշտ` գերարժեւորելով զանոնք: Անդին`  զբօսաշրջիկներ, մոռնալով իրենց ապրած երկրին անտրամաբանական սղութիւնը, կը փորձեն անտեղի սակարկութիւններով, նուազագոյն սակերով գնումներ կատարել:

Ժամը վեցէն ետք, Վերնիսաժը տարբեր բան է, մէկ այլ փորձառութիւն… Օրուան վերջը դէմքերը յոգնած են արդէն, ոտքերը` սպառած: Վաճառողները  հատիկ-հատիկ կը հաւաքեն իրենց իրերը` փոքր տուփիկներու, տոպրակներու եւ պայուսակներու մէջ զետեղելով: Ոմանք օրուան հաշիւները կ’ընեն, մինչ ուրիշներ վերջին ճիգ մը կը թափեն մեզի նման ուշի մնացած յաճախորդները համոզելու եւ շիւղ մը աւելի ծախելու: Անդին ուրիշներ` նստած, երեկոյեան սուրճը կամ թէյը կը խմեն ու կը կատակեն` միաժամանակ իրարու պատմելով իրենց օրուան «արկածախնդրութիւնները», միեւնոյն ատեն ալ աւլելով աշնան տերեւները: Տոպրակներով, պայուսակներով, պարկերը լեցուն կը վերադառնան տուն, իրենց ընտանիքներուն: Հայրեր, մայրեր, ծերունիներ, պատանիներ, քաղաքէն եւ երբեմն նոյնիսկ հեռաւոր գիւղերէն եկած… Արհեստաւորներ, արուեստագէտներ…

Տարբեր է Վերնիսաժը երեկոյեան ժամը 6-ին:

Թատրոն, թատերասրահ, թատրերգութիւն…

Դեկտեմբեր էր արդէն: «Քորոնա»-ին պատճառով գրեթէ երկու տարի է` ներկայ չենք եղած որեւէ թատերական ներկայացումի: Հայաստան հասանք եւ առաջին առիթով տոմսեր գնեցինք Համազգայինի թատերախումբի «Եւ նորից գարուն» ներկայացումին: Տոմսին վրայ նշուած էր «Ներկայացումը 9-ից  99 տարեկան հանդիսատեսի համար»: Անհամբեր էինք… Թատերասրահի մուտքին կային մօտ 20-25 պատանիներ: Ինծի ընկերակցողին ըսի` «Բաւական աղմկոտ սրահ մը պիտի ըլլայ»: Գրաւեցինք մեր տեղերը: Ինչպէս կ՛ակնկալէինք,  աղմուկը կը տիրէր սրահին մէջ: Յանկարծ զանգը հնչեց… մէկ, երկու, երեք… Լոյսերը մարեցան, ու վարագոյրը բացուեցաւ: 2,5 ժամ տեւողութեամբ  ներկայացում` միայն տասը վայրկեան ընդմիջումով: Բացառիկ խաղարկութիւն, բնագիր եւ բեմայարդարում: Իսկ սրահին մէջ` բացարձակ լռութիւն, ոչ մէկ ձայն, ոչ իսկ շշուկ մը: Բոլորը լուռ կը հետեւէին հաճելի, այժմէական եւ երբեմն նոյնիսկ քիչ մը ծանր ու խորունկ նիւթին:

Վերջ ներկայացումին:

Երկա՜ր յոտնկայս ծափահարութիւններ:

Գոյնզգոյն ծաղկեփունջերու տարափ մը:

Վարագոյրը կը փակուի:

Ոգեւորուած, կ՛իջնենք սրահի աստիճաններէն` զրուցելով ներկայացման մասին, քննարկելով նիւթն ու խաղարկութիւնը: Յանկարծ նոյն այդ պատանիները, փոքր խմբակներու բաժնուած, նոյնպէս կարծիքներ կը փոխանակէին, կը վերլուծէին եւ կը կապկէին թատրերգութեան այս կամ այն տեսարանը:

Վերարկու, գլխարկ, ձեռնոց… Դուրս ելանք թատերասրահէն, արդէն կը ձիւնէր: Հոն, ցուրտին, ծնողներ կը սպասէին իրենց զաւակները: Հովը արդէն դաժան կերպով կը հասնէր մեր ոսկորներուն: Մեզի հետ քալելով, իրենց ծնողքին ձեռքը բռնած, պատանիներուն մեծ մասը հասաւ մօտիկ կանգառը` սպասելով հանրաշարժին, որ զիրենք  պիտի տանէր տուն: Մինչ ուրիշներ շարունակեցին քալել դէպի ուրիշ կանգառ, քիչ մը աւելի հեռու: Ձիւնը կը ծածկէր քաղաքը` խեղդելով նաեւ պատանիներուն ձայնը, որոնք նոյն խորհրդաւոր լռութեամբ կը մեկնէին դէպի իրենց տուները:

Յունուար:

Նոր տարուան ու Կաղանդի մթնոլորտն ու խանդավառութիւնը նոյնքան չէին տիրեր քաղաքին մէջ, որքան` ուրիշ տարիներ, բոլորիս ծանօթ պատճառներով: Բայց Երեւանը  կ՛եռար տակաւին. Մաշտոց, Սարեան, Թումանեան, Ամիրեան, Տէրեան… Քաղաքին ամենածանօթ փողոցները լեցուն էին անցորդներով մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Երեւան այցելողին  համար ամէնէն հաճելի զբաղումներէն մէկն է ճեմել քաղաքին մէջ, լայն պողոտաներու լայն մայթերուն վրայ, ծառերուն շուքին տակ, ուր կրնաս հանդիպիլ բարեկամներու եւ ծանօթներու, որոնց երկար ատենէ  չես հանդիպած, եւ որոնք եկած են հայրենիքին կարօտէն մղուած` աշխարհի տարբեր ծագերէ: Յաճախ ճամբուդ վրայ կրնաս տեսնել գրագէտի մը, գիտնականի մը եւ կամ քաղաքական դէմքի մը բնակած մէկ տունը, որուն վրայ զետեղուած ցուցանակ մը քեզի կը տեղեկացնէ, թէ` «Այստեղ ապրած է…» այս կամ այն անձնաւորութիւնը: Քիչ մը անդին, անշուք անկիւն մը, արձանի մը տակ` նոր զետեղուած ծաղիկներ, այդ անձին ծննդեան տարեդարձին եւ կամ մահուան տարելիցին առթիւ: Եւ այսպէս, ամէն օր տարբեր ճամբայէ մը քալելով` կը վայելես փոքր քաղաքի մը հսկայ հարստութիւնը` իր պատմութեամբ, կառոյցներով, թանգարաններով եւ արձաններով: Իսկ մեր այս հոգեկան վայելքը կը հասնի իր գագաթնակէտին, երբ օրուան վերջը ոտքերդ քեզ կամայ թէ ակամայ կ՛ուղղեն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ… Հոն պարիսպի նման շրջանակ կազմած այդ  հսկայ  կառոյցները, գոյնզգոյն  ցայտող ջուրերը, հաճելի երաժշտութիւնը կը կախարդեն աչքերդ ու ականջներդ` քեզ փոխադրելով դէպի երազային, բայց նաեւ հզօր ու ամուր աշխարհ մը:

Երեւոյթները, որոնց ականատես կը դառնանք Երեւանի մէջ, կարելի է սեպել շատ սովորական, ընթացիկ անցուդարձներ` ի տարբերութիւն իրենց զգացական բովանդակութեան` «մերը» ըլլալուն… Լիբանանի եւ այժմ աշխարհի լարուած վիճակը ու ամէնօրեայ տագնապալի առօրեան մեզի ստիպած են մոռնալ անմիջական կեանքի պարզ երեւոյթներու գեղեցկութիւնն ու վայելքը:

 

 

 

Նախորդը

Անթալիայէն Արցախ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Առցանց Դասախօսութիւններ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.