Յօդուածներ

Շնորհաւորագիր`  «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Շնորհաւորագիր` «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Յարգելի՛ պարոն Գանտահարեան եւ սիրելի՛ «Ազդակ»-ցիներ, Հայաստանի Ազգային արխիւի անունից շնորհաւորում եմ հայ մամուլի երկարակեաց ու հայապահպանութեան գործում մեծ աւանդ ունեցող «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը եւ ձեր` իբրեւ օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի 20-ամեակը: «Ազդակ»-ը` իբրեւ քաղաքական, լրատուական, մշակութային եւ մարզական պարբերական, ներկայացնելով  լիբանանահայութեան առօրեան ու հոգսերը` կարեւոր սկզբնաղբիւր դարձաւ Հայաստան-Լիբանան բազմակողմ յարաբերութիւնների եւ Լիբանանի հայ համայնքը ուսումնասիրողների համար: Օրաթերթի հիմնադիր-խմբագիր Հայկ Պալեանը...

Շնորհաւորագիր`  «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Շնորհաւորագիր` «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կու գայ ջերմօրէն շնորհաւորելու «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: «Ազդակ»-ը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր եղած է ու կը մնայ Լիբանանի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շաղկապը: Այս առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին,...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Ն. Բ. Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 100-ամեակին առիթով նախորդ շաբաթավերջին` 19-20 մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական իւրայատուկ եւ բարձրորակ համերգ մը, որ վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրող տարբեր տագնապներուն պատճառով լիբանանահայութեան ապրած կիսանադամալոյծ կեանքին մէջ ներմուծեց նոր եռանդ, արուեստի յիշատակելի պահեր ապրելու վայելք եւ դրական տրամադրութիւն: Երկու օրերուն ալ ամբողջովին...

Պիոն Միլոյեան. «Մեր Ազգային Պատմութենէն Օգտուելու Համար Պէտք Է Մեր Գրականութիւնը Մեզի Մօտեցնել, Որովհետեւ Ան Ինքնիրմէ Մեզի Պիտի Չմօտենայ»

Պիոն Միլոյեան. «Մեր Ազգային Պատմութենէն Օգտուելու Համար Պէտք Է Մեր Գրականութիւնը Մեզի Մօտեցնել, Որովհետեւ Ան Ինքնիրմէ Մեզի Պիտի Չմօտենայ»

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Ամերիկահայ երիտասարդ Պիոն Միլոյեան ինքնըստինքեան ձեռնարկած է հայանպաստ աշխատանքի մը` իր ներդրումը բերելով թարգմանական ասպարէզի մէջ: Ան վերջերս, համագործակցաբար իր գործընկերոջ, անգլերէնի թարգմանած է Րաֆֆիէն շարք մը ժողովածուներ` զանոնք դնելով հայ եւ ոչ հայ հանրութեան տրամադրութեան տակ: Պիոնի գործին մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Նախ խօսինք ձեր մասին, ուրկէ՞ կու գաք...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Վահանին Վահանը

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Տեղեակ չէի, թէ Վարդան Մամիկոնեանի «Հիմի է՞լ լռենք» երգը ունի նաեւ իր զուգակից` «Վահանի պատասխանը», կամ` «Հիմի է՞լ խօսենք»: Անմեկնելի հմայք մը ունին հին գիրքերէն անոնք, որոնց դիմագիծը թաւալող ժամանակը աղօտած է, դալկացուցած է, էջերը թօշնած են, բայց ներքի՛ն ժամանակը ջինջ ու խօսուն մնացած է: Եւ քանի որ գրկած են հայերէն տառեր, կը դառնան «հաշիշով օծուն ու բալասանով»:...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Կոմիտաս Վարդապետ` «Սեւանայ Մենաստանի Մենակեաց»-ը

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Ստորեւ` Կոմիտասի մասին Սիմոն Վրացեանի յուշերէն հատուածներ. «Եթէ հաճոյ է վեհին ինձ չկորցնել, այլ եւ գտնել, արտասուելով աղերսում եմ` արձակեցէք ինձ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան ուխտից եւ նշանակեցէք Սեւանայ մենաստանի մենակեաց: Քսան տարի կորցրի, գուցէ մնացած տարիներս շահեցնեմ եւ անդորրութեամբ գրի առնեմ ուսումնասիրութիւններիս պտուղները` իբրեւ առաւել կարեւոր ծառայութիւն հայ տառապեալ սուրբ եկեղեցւոյ եւ գիտութեան: Վեհափառութեանդ ծառայ եւ որդի`...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կողմերուն Կոչ Ուղղած Են Իրենց Հովանիին Տակ  Որքան Կարելի Է Շուտ Վերսկսելու Բարձր  Մակարդակի Քաղաքական Երկխօսութիւնը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Վերականգնումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայկական կողմը կը պնդէ Արցախի հարցը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ լուծելուն վրայ, որովհետեւ արցախեան հարցով միջնորդութիւն կատարելու միջազգային լիազօրութիւն ունեցող այդ միակ ձեւաչափի վերականգնումը կը բխի հայկական կողմի շահերէն. 1) Հոլովոյթէն դուրս կը պահէ Թուրքիան եւ կը ջնջէ կամ առնուազն մեծապէս կը նուազեցնէ անոր ազդեցութիւնը: 2) Տագնապին լուծումը Հելսինքեան հռչակագիրի սկզբունքներուն վրայ հիմնելով` կ՛ապահովէ Արցախի ինքնորոշման...

Սուրճ

Սուրճ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ աչքերս կը բանայի եփուող սուրճի հոտին խտղտումէն. պատրաստողը օտար մարդ չէր, հեռաւոր Փարիզի մէջ զարմուհիս էր՝ հօրեղբօրս աղջիկը, որուն առաջին գործը արթննալէն ետք, սուրճը դնելն էր. ճիշդ հօրս պէս: Հայրս սուրճ շատ կը սիրէր, բոլորին նման. եւ կը խմէր ալ րիհա, արաբերէն՝ հոտին վրայ, այսինքն շաքարը հազիւ կայ-չկայի չափով. անշուշտ կային մազպութը, սուքքար զիյատան եւ...

Ո՞վ Աւելի Երկար Կը Դիմանայ

Ո՞վ Աւելի Երկար Կը Դիմանայ

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ  Քեսապցի Մանուկ փոքր հասակէն հօր հետ միասին պարտէզի գործերը առաջ տարած էր: Հօր աշխատանքին հետեւելով սորված էր պարտէզի բոլոր գործերը: Այդ գործերէն մին՝ ծառեր յօտելն էր: Դեկտեմբեր ու Յունուար ամիսներու ընթացքին կը սկսէր դեղձի ծառերը յօտել, ապա խնձորի ծառերուն կարգը կը հասնէր: Մանուկին հայրը իրեն գործեր վստահած էր փոքր տարիքէն. Իր կարողութեան ու հասակին համապատասխան գործեր: Անոր...

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի.  Եթէ Չեն Մարել Կամքն Ու Վճռականութիւնը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Եթէ Չեն Մարել Կամքն Ու Վճռականութիւնը

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը համարւում է կուսակցութեան կարեւորագոյն բարձրագոյն ժողովը, որտեղ ձեւաւորւում է ՀՅԴ ուղենիշն ու կամքը առաջիկայ քառամեակի համար: ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին մասնակցում են կուսակցութեան բոլոր կառոյցների պատգամաւորներն ու ժողովին հրաւիրեալ պատասխանատու եւ փորձառու կուսակցականներ: Ինչպէս գիտենք, ՀՅԴ-ն միակ համահայկական կառոյցն է, որի կազմակերպական ցանցը իր մէջ ընդգրկում է աւելի քան 30 երկրներում առկայ հայկական համայնքներ: Այս առումով, Ընդհանուր...

«Ինչո՞ւ Միշտ Անմեղներն Են Ամէնէն Շատ Տառապողները, Երբ Դուք` Բարձր Իշխաններդ, Ձեր Գահերու Խաղը Կը Խաղաք»

«Ինչո՞ւ Միշտ Անմեղներն Են Ամէնէն Շատ Տառապողները, Երբ Դուք` Բարձր Իշխաններդ, Ձեր Գահերու Խաղը Կը Խաղաք»

ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն մենք եւս ռմբակոծուեցանք Ուքրիանիոյ մէջ ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած անմեղներու տառապանքները ներկայացնող պատկերներով` տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ: Ասոնց շարքին ընկերային ցանցերուն վրայ տեսանք նաեւ Լվովի 13-րդ դարուն կառուցուած հայկական մայր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող խաչելութեան արձանը ապահով պահեստանոց փոխադրելու ջանքերը ցոյց տուող նկար մը... բան մը, որ նորութիւն էր մեզի համար: Այս պատկերները մեզի (ու նաեւ` բոլոր...

ՀՄԸՄ-ական Նուիրեալ Ու Տիպար Դրոն Կը Մնայ Մեզի Հետ (Դրօ Մանտալեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով)

ՀՄԸՄ-ական Նուիրեալ Ու Տիպար Դրոն Կը Մնայ Մեզի Հետ (Դրօ Մանտալեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով)

ԿԱՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Արդէն իսկ տարի մը անցաւ Դրոյի մահուան: Զարմացած չեմ տարի մը անցնելուն. իւրաքանչիւր օր տարուան մը նման երկար էր եւ ծանր` զայն սիրողներուն, անոր մտերիմներուն, հարազատներուն եւ ինծի համար, իրապէս դժուար էր ընդունիլ իրականութիւնը. Կորուստ է բոլորին: Նախ` իր հարազատ ընտանիքի անդամներուն, զորս կը սիրէր ամէն բանէ աւելի, ապա ՀՄԸՄ-ի եւ մասնաւորապէս` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ընտանիքին, որուն ծառայելով...

Արմէնին Յիշատակին

Արմէնը Կեանք Էր… (Արմէն Թագւորեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ  Արմէնը կեանք էր. այսպէս կը վկայեն անոր մօտիկ ընկերները, որոնք նաեւ եղբայր կը կոչեն զինք: «Միուզիք փիփըլ»-ին մաս կազմող Արմէնը այն բարի, աշխատասէր ու ծառայասէր նկարագիրով երիտասարդն էր, որուն նպատակն էր աշխատանքը լաւագոյն ձեւով կատարել: Ի՛նչ ալ ըլլար ստանձնուած աշխատանքը, Արմէնը, անկախ իր աշխատանքը բարձր արհեստավարժութեամբ կատարելէ, բոլորին օգնող ու բոլորին հասնող այն անհատն էր, որուն դիմաց բոլոր...

ՀՄԸՄ-ին Անունը Բարձր Պահած Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին

Պատանի ՀՄԸՄ-ականի Մը «Երազը» (Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին)

ՎԱՐԱՆԴ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ Փոքր տարիքէս կը ճանչնամ եղբ. Յովսէփ Մարգարեանը` ամմօ Զուզը, եւ մենք նոյն շէնքի դրացիներ էինք: Բոլորս`թաղի տղաքը, գիտէինք, որ ան «կարեւոր» ՀՄԸՄ-ական պատասխանատու էր: Տարիքի բերումով, երբ դարձայ պատանի, սկսայ աւելի մօտէն հետեւիլ ֆութպոլի: Շատերու նման` ես ալ դարձայ ՀՄԸՄ-ի թունդ համակիր, մանաւա՛նդ իննսունական թուականներուն, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը Լիբանանի մէջ ապրեցաւ իր փառքի օրերը, նոյնիսկ եթէ երբեք...

Նամակ` Հեռուներէն (Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին)

Նամակ` Հեռուներէն (Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին)

ՀԱՐՀՈՒՐ Երեւի պահապան հրեշտակի մը պէտք ունէինք: Ահա արդէն եղած է մէկ տարի: Մէկ տարի, բայց անժամանակ բացակայութեանդ ցաւը` նոյնը: Հարցումները` անպատասխան: Կրե՛կ, եկար, մեր ընտանիքը ամբողջացուցիր ու յանկարծ գացիր: Կարօտցանք: Կարօտցաւ քեզի Սալբին` կեանքի ընկերդ, կողակիցդ, զաւակիդ մայրը: Քրիստափորը ծնաւ` մեր կատակները իրականութեան վերածելով ապրիլ 1-ին: Տրոփելէ կանուխ դադրած քու սիրտդ այսօր կը բաբախէ որդիիդ մէջ: Կարծես` մխիթարանք մեզի,...

Տոքթ. Վահէ Սիսեռեանի Յիշատակին

Տոքթ. Վահէ Սիսեռեանի Յիշատակին

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ Ասկէ քառասուն օրեր առաջ Սիսեռեան գերդաստանը կորսնցուց իր հաւատաւոր եւ արժանաւոր հիմնասիւներէն մէկը: Վահէն փոքր տարիքէն եղած էր ուշագրաւ մանուկ մը` զատորոշուելով իր տարիքի մանուկներէն իր տոկուն վճռակամութեամբ եւ հաստատամտութեամբ: Այո՛, վճռակամ էր ու հաստատամիտ: Դեռ մանկապարտէզի օրերէն ան բեմին վրայ քաջաբար արտասանած էր հետեւեալ ոտանաւորը` ոտքը գետին զարնելով. Երբ որ մեծնամ, աղբարիկ, Պիտի ըլլամ մեծ բժիշկ: Այո՛,...

Դիւանագէտ Դերասաննե՞ր, Թէ՞ Դերասան Դիւանագէտներ

Դիւանագէտ Դերասաննե՞ր, Թէ՞ Դերասան Դիւանագէտներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Ռուս-ուքրանական տագնապի առաջին իսկ օրերէն սկսաւ խօսուիլ եւ գրուիլ Ուքրանիոյ նախագահին մասին, որ կատակերգակ (ըստ ոմանց` խեղկատակ) դերասան մը եղած է: Այս առիթով նոյնպէս հրապարակուեցան անունները յայտնի դերասաններու, որոնք փորձած են քաղաքական ասպարէզի մէջ դերակատար ըլլալ (առիւծի բաժինը անշուշտ` Միացեալ Նահանգներուն)` թէ ո՞ր ասպարէզին մէջ անոնք աւելի յաջող եղած են, ժամանակը ցոյց տուած է: Ն. Ռոնալտ Ռիկըն...

«Անհնար Է Ոչնչացնել Շուշիի Հայկական Ոգին, Այն Վերածնուել Է 1992 Թուականի Մայիսին Եւ Կը Վերածնուի Կրկին». Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

«Անհնար Է Ոչնչացնել Շուշիի Հայկական Ոգին, Այն Վերածնուել Է 1992 Թուականի Մայիսին Եւ Կը Վերածնուի Կրկին». Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետեւեալ յայտարարութիւն հրապարակեց` Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերու 102-րդ տարելիցի առիթով. Այսօր մենք գլուխ ենք խոնարհում Շուշի քաղաքի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերի անմեղ զոհերի յիշատակի առջեւ: Ջարդերն իրականացուել են նորաստեղծ ազրպէյճանական դեմոկրատական հանրապետութեան իշխանութիւնների կողմից 102 տարի առաջ` 1920-ի մարտի 22-26-ը: Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներով դրդուած այդ հրէշաւոր յանցագործութեան զոհը դարձան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնցից շատերը դաժանաբար...

Հաղորդագրութիւն.  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

Հաղորդագրութիւն. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

Սփիւռքահայ այլ համայնք մը վտանգուած է այսօր: Այս անգամ Ուքրանիոյ հայ համայնքն է: Ուքրանիոյ պատերազմը արտակարգ աղէտի պատճառ դարձած է, եւ շտապ օգնութիւնը անհրաժեշտ է այս պատերազմէն տուժած հայերուն համար: Ուքրանիայէն ստուար թիւով անհատներ եւ ընտանիքներ ապահով ապաստանարան կը փնտռեն սահմանամերձ երկիրներու մէջ, ինչպէս`  Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` Եւրոպայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան եւ Պուլկարիոյ ծառայութեան դաշտի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Սուրիա  Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի վարչութեան հրաւէրով 10 մարտին  Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկ, շրջեցաւ դասարանները, զրուցեց ուսանողութեան հետ, ապա մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Շրջանային վարչութեան, հիմնարկի վարչութեան, դասախօսական կազմին եւ տնօրէնութեան հետ: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տարուած անձնուէր աշխատանքը եւ...

Page 353 of 1112 1 … 352 353 354 … 1,112

Արխիւներ