Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցիին Ցաւը Կարեւո՞ր Է

Մարտ 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Վերջերս համաշխարհային լուրերու կայանները իրենց օրական ծրագիրը տրամադրած են Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբալի դէպքերուն: Այդպիսով կը տարածեն կոչը, որ ուքրանացիներուն տանջանքը դադրեցնելը պէտք է միջազգային  բոլոր կազմակերպութիւններու ու կառավարութիւններու առաջնահերթութիւնը ըլլայ: Լուրերը այնքան մեծ թափով այս կը քարոզեն, որ նոյնիսկ մենք սկսած ենք հաւատալ, թէ այս ամենատխուր ու անկիւնադարձային անարդարութիւնն է, որ աշխարհի վրայ տեղի ունեցած է: Ինչո՞ւ լուրերը երբեք այսքան չէին ազդուած Արցախի ժողովուրդին ցաւերուն նկատմամբ: Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը անկասկած վշտալի է ու հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներուն կեանքը խիստ վտանգի տակ դրած է: Սակայն անթիւ են տասնամեակներէ չարչարուող ազգերը աշխարհի վրայ, իսկ լուրերը անոնց առաւելագոյնը տարին անգամ մը կ՛անդրադառնան. այս օրերուն` երբեք: Երբ լուրերը կ՛որոշեն միայն մէկ ազգի տառապանքի լուրերը աշխարհին ներկայացնել, ուղղակի խեղդած կ՛ըլլան այլ ազգերու շռայլ օգնութեան կանչերը:

Ոճիրներ կը գործուին ամէն տեղ: Սակայն հետզհետէ կը յստականայ, որ լուրերը կը խօսին միայն իրենց երկիրներուն շահերուն համապատասխանող զոհերուն մասին: Յանցանքներուն մեծամասնութիւնը կը մնայ ծածուկ ու անոնց նահատակները` անձայն: Ե՞րբ էր վերջին անգամ, որ միջազգային լուրերէն լսեցինք արցախցիներուն մասին, պաղեստինցիներո՞ւն, սուրիացիներո՞ւն: Ցանկը անվերջ է: Համաշխարհային լուրերու կայաններու այս ընթացքը կ՛ոռոգէ ազգային խտրականութիւնը` բացագանչելով մէկ ազգին «գերազանց արժէքը»` այլ ազգերու հետ բաղդատած: Այս կը հաստատէ այն գաղափարը, որ մէկուն տառապանքը աւելի ցաւալի է, քան` միւսինը, ուստի արժանի է աւելի ուշադրութեան: Սակայն լուրերը կը սխալին: Անարդար է մարդկային վիշտը դասել կամ բաղդատել: Իրականութիւնը այն է, որ տանջուող բոլոր մարդոց արժէքն ու անոնց ցաւին կարեւորութիւնը հաւասար է` անկախ անոնց ազգային պատկանելիութենէն, թիւէն ու քաղաքական միջավայրէն:

Երեւակայեցէք` մէկը մեզի ըսէ, որ արցախցիներուն չարչարանքը նուազ ծանր է, քան` ուքրանացիներունը: Չէի՞նք զայրանար: Եթէ այո՛, ինչո՞ւ կ՛արտօնենք, որ լուրերը այսպիսի սխալ գաղափարներ ամէն օր տարածեն, եւ մենք լռութեամբ ընդունինք: Այսպիսով կ՛արդարացնենք համաշխարհային կայաններուն մշտական որոշումը` չհրապարակելու արցախցիներուն անտանելի պայմաններուն մասին լուրերը: Այս վնասակար մտածելակերպին տեղեակ` ջանանք շեշտել գոյութիւնն ու դժուար պայմանները այն միլիոնաւոր մարդոց, որոնց արցունքները հեռատեսիլներէ չենք տեսներ, եւ որոնց դէմ գործուած աղէտալի արարքները լուրերէն չեն դատապարտուիր:

Հասկնալի է` չենք կրնար միաժամանակ բոլոր ազգերուին վիշտերը մեր ուսերուն վրայ առնել: Սակայն չարտօնենք, որ լուրերու կայանները որոշեն մեր արժէքն ու մեր առաջնահերթութիւնները: Այդ պարագային, օր մըն ալ կը համոզուինք, որ այլ ազգերու խնդիրները աւելի արժանի են մարդկութեան ժամանակին ու կարեկցութեան: Այս մեր բնութեան դէմ է: Մենք մարդ ենք, բայց նաեւ` հայ: Ուստի մեզի տրուած է յատուկ սիրտ ու կարողութիւն` մեր ազգին վէրքերը բուժելու: Այս ազգային սիրոյն շնորհիւ` իւրաքանչիւր տառապող անձ ունի իրմով մտահոգուող սրտեր ու օգնող ձեռքեր: Հետեւաբար, եթէ ոչ մենք, ապա ո՞վ կրնայ մեր ազգը լաւապէս հասկնալ ու անոր կարիքներուն հասնիլ:

Ռուսիոյ ռումբերէն չխուլնանք Ազրպէյճանի կրակոցներուն հանդէպ, որոնք այս իսկ վայրկեանին կ՛ուղղուին դէպի մեր հայրենիքին պահապան կանգնող անմեղ գիւղացիներուն: Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ներկայիս առանց կազի կ՛ապրի Արցախի լեռնային ցուրտ շրջաններուն մէջ: Այս նոյնքան ափսոսալի չէ՞, որքան` երկիրէն փախչող ուքրանացիին լուրը: Ամօ՛թ մեզի, եթէ արցախցիին աղէտներուն լուրերը անտեսենք ու օգնելու չմղուինք: Ամօ՛թ մեզի, եթէ միշտ միջոցներ չփնտռենք արցախցիին կեանքը բարելաւելու: Այդ օրը մենք կը դադրինք հայ ըլլալէ:

 

 

Նախորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 2. Մշակութային Ժառանգութիւնը Եւ Հայ Ժողովուրդը

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?