Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեր Վարձքը Կատա՛ր (Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խումբի Լիբանան Այցելութեան Առիթով)

March 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հաւաքական կեանքին մէջ կարգ մը նախաձեռնութիւններ իրենց բովանդակութեամբ եւ էութեամբ արժէքային նոր հասկացողութիւն մը կը ստեղծեն ու կը դառնան դաստիարակիչ եւ պատգամող գործօն:

Բարեսիրական ամէն ծրագիր ողջունելի եւ գնահատելի է անտարակո՛յս, սակայն պէտք է ըլլալ արդար եւ նման ծրագիրներ գնահատել նաեւ իրենց մատուցման ձեւին, աշխատանքի եւ գործնականացման ընթացքին առումով: Այլ խօսքով, միայն նիւթականը չէ, որ կարեւոր կը նկատուի այս պարագային, այլ նաեւ` ծրագիրին մէջ ներդրուած մարդկային ճիգը, խանդավառութիւնը, անշահախնդիր մօտեցումը, եւ աւելի՛ն` նոյն այդ ծրագիրը նախաձեռնողներուն ապրած գոհունակութիւնը:

Անցնող շաբթուան ընթացքին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խումբի Լիբանան այցելութիւնը այսպիսի խորհրդածութիւններու հորիզոն մը կը բանայ մեր բոլորին դիմաց: Խումբ մը նուիրեալ բժիշկներ, որոնք այլապէս տարիներէ ի վեր կը կազմակերպեն գործուղումներ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ, ահաւասիկ այցելեցին Լիբանան եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ առհասարակ ԼՕԽ-ի կառոյցին ճամբով բժշկական ծառայութիւներ մատուցեցին մեծ թիւով հայորդիներու, միաժամանակ պատկառելի քանակութեամբ դեղորայք եւ բժշկական կազմածներ տրամադրեցին ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ լիբանանահայ կառոյցներու ու հաստատութիւններու:  Այս առաքելութեան գործնականացման կողքին անոնք մօտէն առնչուեցան լիբանանահայ համայնքին հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցան կրօնական եւ հասարակական պատասխանատուներու հետ:

Լիբանանի ապրած այսօրուան դժնդակ պայմաններուն եւ իրավիճակներուն մէջ, բժիշկներու այս խումբին այցելութիւնը ոգեշնչող ու գօտեպնդող երեւոյթ է անկասկած: Անցնող երկու տարիներուն լիբանանահայութիւնը դարձաւ հայաշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը, եւ կազմակերպուած նուիրահաւաքներն ու տրամադրուած օժանդակութիւնները ունեցան անշրջանցելի դերակատարութիւն անոր դիմագրաւած բազում մարտահրաւէրներու շրջանցման ու յաղթահարման հոլովոյթին մէջ:

Պերճ Աբգարեանի գլխաւորած բժշկական խումբի այս իւրայատուկ գործուղումը Լիբանան, նոր խայծ մը հանդիսացաւ համայնքի վերականգնումի եւ վերաշխուժացման համար ի գործ դրուած հաւաքական ճիգերուն եւ անգամ մը եւս յուշեց բոլորին, որ լիբանանահայութեան կենսունակութիւնը եւ գոյատեւման երթը կարելի է երաշխաւորել նման հաւաքական ճիգերու համադրուած ներդրումով:

Այս առիթով նաեւ ակներեւ էր խումբին անդամներուն խանդավառութիւնը իրենց առաքելութեան գործադրութեան ընթացքին, երբ անոնք իբրեւ բժշկական մարզի մասնագէտներ հիացմունքով արտայայտուեցան նաեւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի` այս ծրագիրի գործնականացման համար կատարած կազմակերպչական լուրջ աշխատանքին եւ ընդհանրապէս գաղութի բարեսիրական հաստատութիւններուն ծաւալած գործունէութեան մասին:

Այս վկայութիւնը եւ հանգամանքը ինքնին նաեւ պէտք է դարձնել ուշադրութեան առանցք, երբ մանաւանդ այս օրերուն տեղի եւ անտեղի, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, մարդիկ կը փորձեն նսեմացմել հարուստ կենսափորձ նուաճած համայնքի կառոյցներուն դերն ու նշանակութիւնը եւ անբացատրելի փութկոտութեամբ ու շուտիկութեամբ կարեւոր կը նկատեն անհատական հաշուենկատ «բարեսիրական նախաձեռնութիւներ», որոնք ի գործ կը դրուին ժամանակի մը նեղ սահմաններուն մէջ եւ կը հետապնդեն պարզապէս անհատական նպատակ: Այդ նախաձեռնութիւնները կ՛անհետանան անհատականացուած ծրագիրի աւարտով: Այս անբացատրելի երեւոյթին սխալ ընկալումը ժողովուրդին կողմէ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ համայնքային կազմակերպ կեանքի առողջ հունաւորման: Անշուշտ այստեղ խօսքը փոքր խումբի մը մօտ տիրող մտայնութեան եւ դիտաւորեալ ապերախտութեան մասին է: Եւ շատ ալ մտահոգուելու պատճառ չկայ, որովհետեւ մեր հասարակութիւնը իր ստուար զանգուածով արժանավայել կերպով գնահատած է ու կը շարունակէ գնահատել համայնքային կառոյցներու կուռ կազմակերպուածութիւնը, անոնց առաքելութիւնը, որովհետեւ այդ բոլոր կառոյցները կը նկատէ իրը եւ ունի այն խոր հասկացողութիւնը, որ անոնք իրենց ծառայութիւնները կը շարունակեն նոյն ժողովուրդին անվերապահ եւ անշահախնդիր նեցուկով եւ փոխադարձաբար այդ օժանդակութիւններն ու բարեսիրութիւնները կը տրամադրուին նոյնինքն ժողովուրդին:

Ֆրեզնոյի  բժշկական առաքելութեան խումբը, իր ստացած հարուստ տպաւորութիւններով եւ ապրած խանդավառութեամբ, վստահ ենք, որ մնայուն կերպով պիտի կենսաւորէ այս այցելութիւնը ու զայն դարձնէ կարեւոր սկիզբ յառաջիկային նոր ծրագիրներու գործնականացման:

Մինչ այդ` ցտեսութիւն:

 

 

Նախորդը

Ծառայասէր Եւ Քաջասիրտ Դպրապետը (Կարպիս Գըվըրեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.